Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Աշուն. Ինչո՞ւ Այս Շրջանին Մենք Շատ Սարդեր Կը Տեսնենք

October 14, 2023
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Կը պատահի, որ մենք աշնան աւելի մեծ թիւով փոքրիկ սարդերու հանդիպինք մեր շուրջը, նոյնիսկ` մեր տան մէջ: Ասիկա բնական երեւոյթ մըն է:

Ասիկա լուր մըն է, որ անշուշտ շատ պիտի չուրախացնէ սարդերէն վախցող անձերը, սակայն այս եղանակին աւելի հաւանական է, որ մենք սարդերու հանդիպինք մեր տան մէջ: Սեպտեմբեր եւ հոկտեմբեր ամսուն է, որ սարդերը իրենց թաքստոցէն դուրս կ՛ելլեն` հետախուզելու իրենց շրջավայրը: Սակայն ինչո՞ւ:

Աշնան սկիզբը յատուկ ժամանակաշրջան մըն է սարդերուն համար: Անոնք շատ աշխոյժ կ՛ըլլան ամբողջ ամառը սնանելով անցընելէ ետք: Այս ձեւով, արու սարդերը կը շրջին տան մէջ` փնտռելով էգ սարդերը` վերարտադրուելու համար: Ընդհանրապէս այս անասունները շատ խորհրդապահ են եւ առանց նկատուելու կ՛անցնին: Սակայն այս պարագային, որովհետեւ անոնք շատ կը շրջին, մենք անոնց աւելի յաճախ կը հանդիպինք:

Սակայն ասիկա ըսել չէ, որ մենք անոնցմէ վախնանք: Մեր տուներուն մէջ գոյութիւն ունեցող սարդերը վնասակար չեն: Մենք պէտք է պարզապէս սորվինք ապրիլ անոնց հետ, նոյնիսկ եթէ սկիզբը անոնք շատ գեղեցիկ չեն թուիր:

Սարդի մը խածուածքը հազուադէպ է, որովհետեւ ընդհանրապէս սարդերը մարդոց չեն մօտենար: Անոնք մեզմէ կը վախնան: Նոյնիսկ երբ մենք կը քնանանք, անոնք մեզմէ հեռու կը մնան: Իսկ եթէ պատահի, որ սարդ մը խածնէ, այդ խածուածքը վտանգաւոր չէ:

* * *

Եթէ պատահի, որ սարդ մը տեսնես սենեակիդ կամ տանդ մէջ եւ չես ուզեր անոր հետ նոյն վայրին մէջ ըլլալ, զայն մի՛ սատկեցներ: Մեր տան մէջ ապրող հասարակ սարդերը միջատ ոչնչացնող շատ ազդու միջոց մըն են: Անոնք միջատները ուտելով` մեր տուները կը ձերբազատեն կարգ մը վնասակար տարրերէ:

Հետեւաբար զայն սատկեցնելու փոխարէն` փորձէ զայն բռնել եւ տունէն դուրս արձակել: Բռնելու համար կրնաս պարզապէս գործածել թուղթ մը եւ անօթ մը: Անօթին բաց կողմը սարդին վրայ դիր եւ  ապա անոր տակը թուղթը անցուր: Ապա սարդը տար տունէն դուրս եւ զայն արձակէ. ան դարձեալ տունդ չի վերադառնար:

Մրցանիշ

Աշխարհի Ամէնէն Մեծ Դդումը

Քալիֆորնիոյ մէջ մէկ թոնէն աւելի ծանր կշռող դդում մը կոտրած է աշխարհի ամէնէն մեծ դդումի մրցանիշը եւ անոր տիրոջ կարելիութիւնը տուած է ստանալու 30 հազար տոլար վարձատրութիւն:

Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ Հաֆ Մուն Պէյի դդումի փառատօնին ընթացքին այս հսկայական նմուշը դրուած է կշիռքին վրայ` արձանագրելով 1247 քիլոկրամ: Այս առիթով նարնջագոյն շապիկ մը հագուած Թրավիս Ճինկըր, որուն կը պատկանի այս դդումը, ուրախութենէն ձեռքերը երկինք կը բարձրացնէ` իբրեւ յաղթանակի նշան, մինչ բարձրախօսներ կը սփռէին «Ուի ար տը չամփիոնզ» (Մենք եւ յաղթականները) նշանաւոր երգը:

Այս մրցումը տեղի կ՛ունենայ 50 տարիներէ ի վեր, եւ անոր կը մասնակցին հսկայական դդումներ մշակող եւ ամբողջ Հիւսիսային Ամերիկայէն եկած երկրագործներ: Աշխարհի նախկին մրցանիշը արձանագրուած էր Իտալիոյ մէջ, 2021 թուականին, 1226 քիլոկրամ կշռող դդումով մը:

11 Հոկտեմբեր`
Աղջիկներու Միջազգային Օր

Գիտէի՞ր, թէ 11 հոկտեմբերը հռչակուած է Աղջիկներու միջազգային օր: Այս հռչակումը կատարուած է 2012-ին, Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան` ՄԱԿ-ի կողմէ: Որոշուած է այս օրը հաստատել, որովհետեւ աշխարհի շուրջ փոքրիկ աղջիկներ իրենց յատուկ հարցերուն առջեւ կը գտնուին:

Գիտէի՞ր, թէ 6 աղջիկներէն 1 աղջիկ դպրոց չ՛երթար: Պատճառները բազմաթիւ են, կա՛մ անոնց ընտանիքները շատ աղքատ են զանոնք դպրոց ղրկելու համար, կա՛մ անոնց երկրին պատասխանատուները որոշած են, որ աղջիկները ուսումի պէտք չունին:

Ասոր կողքին, 5 աղջիկներէ 1 աղջիկ ստիպողաբար կ՛ամուսնանայ չափահաս անձի մը հետ, 18 տարեկան ըլլալէ առաջ: Մինչ ուրիշ աղջիկներ ստրկութեան կ՛ենթարկուին, կը զրկուին խնամքներէ…

Աշխարհի մէջ գոյութիւն ունին 1 միլիառ փոքրիկ աղջիկներ, եւ անոնց կեանքի պայմանները շատ տարբեր են` ըստ իրենց ապրած երկրին: 21-րդ դարուն անոնք տակաւին զոհ կը դառնան բազմապիսի խտրականութիւններու:

Անհաւատալի, Բայց Իրաւ

– Մեր մարմնին ընդհանուր ծանրութեան մօտաւորապէս կէսը մկաններուն ծանրութիւնն է:

– Amazon.com սկզբնական օրերուն կը կոչուէր…. «CAOABRA»:

– Ըստ ուսումնասիրութեան մը, պանիրը աւելի շատ կրնայ թուիլ, երբ ան դանակով մը ուտուի, քան` պատարաքաղով:

– Լուսինին վրայ ձգուած ամերիկեան դրօշակները ժամանակին ընթացքին արեւուն ազդեցութեան տակ իրենց գոյները կորսնցուցած են:

– Նիւ Եորքի մէջ 100 տարիներ առաջ արդէն ելեկտրական ինքնաշարժներ կը շրջէին:

– Կարմիր երեսով քափոսին կապիկները զիրար կը բարեւեն իրենց մատը դիմացինին քիթին մէջ դնելով:

– Գիտնականները գտած են, որ իսկապէս կարելի է, որ մէկուն ոտքերը պաղին, երբ ան ջղային ըլլայ:

– Կարգ մը տնային մրջիւններ թարմ հնդկաընկոյզի հոտ կը սփռեն, երբ ճզմուին: Սակայն անշուշտ ասիկա պատճառ մը չէ, որ մենք մեր առջեւ ելած մրջիւնները ճզմենք…

– Կարգ մը վայրի ելակներ կրնան դեղին ըլլալ:

– Կարգ մը կանաչ օձեր կապոյտ կը դառնան, երբ սատկին:

– Կարգ մը գորտեր խեչափառ կ՛ուտեն:

– Մարդ արարածը կրնայ խնդալ` խօսիլ կարենալէ առաջ:

– Աշխարհի վրայ ամէնէն փայլուն կենդանի էակը փոլլիա քոնտենսաթա անունով ափրիկեան պտուղ մըն է:

– Մեր ուղեղը մեր մարմնին ուժանիւթէն 20 առ հարիւրը կը գործածէ, բայց կը կշռէ մեր ընդհանուր մարմնին ծանրութեան 2 առ հարիւրը:

– Չին աստղաբան մը հնարած է երկրաշարժները զգացող գործիք մը քե 132 թուականին:

– Աշխարհի ջուրին միայն 1 առ հարիւրը մարդուն կողմէ գործածուելու պիտանի է:

– Հրատի լուսիններէն մէկը սկսած է կոտրտուիլ:

– Ըստ ուսումնասիրութեան մը, եթէ ուտելու ժամանակ ռոք երաժշտութիւն մտիկ ընես, կերած ուտելիքդ քեզի աւելի կծու կը թուի:

– Չինաստանի մէջ կարելի է ապսպրել չորցած խոզի միսի եւ ջրախոտի համով տոնաթներ:

– Գորտերու մրցումի մը ընթացքին Սանթճի անունով գորտ մը ամէնէն երկար ոստումի մրցանիշ արձանագրեց` ցատկելով 10,2 մեթր:

– Մանուկները աւելի արագ կ՛աճին գարնան:

Ժամանց

Կրնա՞ս օգնել այս տղուն` գտնելու համար
իր կատուին հասցնող ճամբան:

Կրնա՞ս գտնել 2 պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող
10 տարբերութիւնները:

Կրնա՞ս գտնել պատկերին մէջ պահուած առարկաները:

Կրնա՞ս գտնել տախտակին մէջ պահուած թիւերը:

Նախորդը

Յայտարարութիւններ (13 Հոկտեմբեր 2023)

Յաջորդը

Պարոն Մարգար Շարապխանեանը` Անզուգական Տնօրէնն Ու Մենտորը

RelatedPosts

Սպասելով Ս. Ծնունդը…
Մանկապատանեկան

Սպասելով Ս. Ծնունդը…

January 3, 2026
Նուէրներու Ցանկդ Պատրա՞ստ Է
Մանկապատանեկան

Նուէրներու Ցանկդ Պատրա՞ստ Է

December 27, 2025
Կաղանդի Մթնոլորտ.  Ո՞վ Է «Ընկոյզկոտրիչը»  (Տը Նաթքրաքըր)
Մանկապատանեկան

Կաղանդի Մթնոլորտ. Ո՞վ Է «Ընկոյզկոտրիչը» (Տը Նաթքրաքըր)

December 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.