Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

20 Նոյեմբեր` Մանուկներու Իրաւունքներու Միջազգային Օր. Մանուկներու Իրաւունքները Յարգելը Անհրաժեշտ Է

Դեկտեմբեր 2, 2023
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

1989 թուականին Մանուկներու իրաւունքներու յատկացուած միջազգային համաժողովին նշուեցաւ 54 յօդուածներ, որոնք կը հաստատեն այդ իրաւունքներուն տարբեր կէտերը, եւ թէ ինչպէս պետութիւնները պէտք է աշխատին զանոնք ապահովելու համար: Սակայն գիտէի՞ր, թէ այդ հռչակագիրը ստորագրուեցաւ աշխարհի 197 պետութիւններուն կողմէ` բացի Միացեալ Նահանգներէն:

Երկիր մը, որ իր մանուկներուն հոգ չի տանիր, վտանգի կրնայ ենթարկուիլ, որովհետեւ ան ապագային պիտի չունենայ չափահասներ, որոնք ուսանելով եւ առողջ կեանք մը ապրելով` պիտի կարենան երկրին օգնել զարգանալու համար:

Որո՞նք Են Գլխաւոր 6 Իրաւունքները

– Գոյութիւն ունենալու իրաւունքը: Աշխարհի շուրջ աւելի քան 230 միլիոն մանուկներ ինքնութիւն չունին: Այսինքն, երբ անոնք ծնած են, անոնց ծնողները այդ ծնունդը չեն արձանագրած: Անոնք ո՛չ մէկ երկրի կը պատկանին եւ ո՛չ մէկ պաշտօնական թուղթեր ունին, հետեւաբար ո՛չ մէկ գոյութիւն` ընկերութեան մէջ:

– Խաղալու իրաւունքը: Խաղալը կ՛օգնէ մեծնալու, մարզանք ընելու, երեւակայութիւնը աշխատցնելու, ինչպէս նաեւ` վատ վարքագիծերէ հեռու մնալու: Սակայն, մանուկները իրաւունք ունին նաեւ հանգիստ ընելու կամ մշակութային գործունէութիւններու մասնակցելու:

– Ուտելու իրաւունքը: Աշխարհի մէջ 3 մանուկի վրայ մէկ մանուկ լաւ չ՛աճիր, որովհետեւ ան լաւ սնունդ չի ստանար: Այս է պարագան այն մանուկներուն, որոնք բաւարար ուտելիք չունին, կամ անոնք, որոնք սննդարար ուտելիքներ չեն ուտեր եւ շատ ծանր կը կշռեն: Յաճախ անոնք մաս կը կազմեն աղքատ ընտանիքներու: Բազմաթիւ երկիրներու մէջ չիփսի տոպրակ մը շատ աւելի աժան է, քան` բանջարեղէնները:

– Օճառի եւ ակռայի խոզանակի մը իրաւունքը: Աշխարհի շուրջ բազմաթիւ մանուկներ իրենց տան մէջ բաղնիք չունին եւ նոյնիսկ` մաքրուելու ո՛չ մէկ պարագայ: Աւելի քան 2 միլիառ անձ տակաւին մինչեւ այսօր ունի ո՛չ մաքուր ջուր իր տրամադրութեան տակ, ո՛չ ալ մաքուր բաղնիք: Մանուկները առաջին զոհերը կը դառնան այն ժողովուրդներուն, որոնք իրենց պէտքերը տուներէն դուրս կը հոգան:

– Թիրախ չդառնալու իրաւունքը: 2018 թուականին 29 միլիոն երեխաներ ծնած են պատերազմ ապրող շրջաններու մէջ: Անոնք անմիջական վտանգի մէջ կը գտնուին կռիւներուն պատճառով. սակայն անոնք կրնան, փոքր տարիքէն նոյնիսկ, տարուիլ իբրեւ մանուկ-զինուորներ:

– Չամուսնանալու իրաւունքը: Աշխարհի շուրջ 765 միլիոն աղջիկներ եւ մանչեր ամուսնացած են չափահաս տարիքի, պաշտօնապէս 18 տարեկան հասնելէ առաջ: Մանուկները պաշտպանող «Սէյվ տը չիլտրըն» կազմակերպութիւնը կը հաստատէ, որ աշխարհի շուրջ 15 տարեկանէն փոքր աղջիկ մը պարտադրաբար կ՛ամուսնացնեն ամէն 7 երկվայրկեանը անգամ մը: Երբ այդ աղջիկները ամուսնանան, անոնք յաճախ այլեւս դպրոց երթալու իրաւունքը չեն ունենար, անոնք կը ստիպուին տան գործերով զբաղելու: Անոնք կրնան շատ փոքր տարիքին երեխաներ ունենալ, բան մը, որ անոնց առողջութիւնը կրնայ վտանգի տակ դնել: Ճիշդ է, որ այս կանուխ տարիքի ամուսնութիւնները յաճախ աղջիկներու պարագային է, սակայն կան նաեւ 115 միլիոն մանչեր, որոնք կը գտնուին նոյն ստիպողական ամուսնութեան վիճակին մէջ, յատկապէս` Ափրիկէի հարաւը, Հարաւային Ամերիկայի, Քարայիպեան կղզիներու, հարաւային եւ արեւելեան Ասիոյ եւ Խաղաղական ովկիանոսի պետութիւններուն մէջ:

Հետաքրքրական

Քաղաք Մը, Որ Կը Քաջալերէ
Բնակիչներուն «Բարե՛ւ» Ըսել

Լուլէա Շուէտի հիւսիսը գտնուող քաղաք մըն է: Ձմեռը հոն օդը շատ ցուրտ կ՛ըլլայ, եւ արեւը օրական միայն քանի մը ժամ կը փայլի: Բնակիչները քիչ մը ինքնամփոփ կեանք մը կ՛ապրին:

Մթնոլորտը աւելի ջերմ դարձնելու համար քաղաքը կը մղէ իւրաքանչիւր անձի աւելի շատ «բարեւ» ըսել: Ըստ քաղաքապետարանին, այս փոքրիկ վարքը մեծապէս օգտակար պիտի ըլլայ բոլորին: Անիկա պիտի օգնէ առանձին մնացած անձերուն` աւելի ապահով զգալու, թաղերուն մէջ վէճերէն խուսափելու…

«Բարեւ» ըսել եւ ժպտիլ ամէնէն պարզ ձեւերէն մէկն է հաճելի եւ ազնիւ ըլլալու: Մարդիկը խանդավառելու համար քաղաքապետարանը «Սակ հէյ» վերնագիրով ծանուցում մը սփռած է 1 ամսուան ընթացքին` դպրոցներուն, փոխադրակառքերուն եւ փողոցներուն մէջ: «Սակ հէյ» շուէտերէն կը նշանակէ «Բարե՛ւ ըսէք»:

Գիտէի՞ր, թէ ազնուութիւնը որակաւոր գիծ մըն է: Ան անհրաժեշտ է մեր շուրջիններուն հետ լաւ ապրելու համար: Ան կրնայ բազմաթիւ ձեւեր ստանալ: Օրինակի համար` ըլլալ հաճելի, սիրուն, յարգանքով, ժպտիլ, ըսել` «բարե՛ւ», «շնորհակալութիւն», «մնաք բարով»… մեղմօրէն խօսիլ, ետեւէն եկող անձի մը համար դուռը բաց բռնել…

Ազնիւ ըլլալ` կը նշանակէ նաեւ` շուրջիններուն հետ վատ չվարուիլ, չհայհոյել, անոնց վրայ չխնդալ, հետերնին չկռուիլ…

Ուրիշներուն օգնելը նաեւ ազնուութեան նշան մըն է, նախընտրաբար` խնդրանքը արտայայտուելէն առաջ, տարիքոտ անձի մը գնումները շալկել, օգնել ընկերոջ մը, որ դժուարութիւններ ունի իր դասերուն մէջ, սեղանը շտկել…

Ուշադիր ըլլալ: Ըլլալ բարեսիրտ, հոգալ շուրջինները, ուրախ դարձնել: Անոնց ժամանակ տալ, մտիկ ընել` զանոնք հասկնալու համար, գիտնալու անոնց զգացածը, գիտնալու համար` ե՛րբ զանոնք մխիթարել, կամ թէ ինչպէ՛ս անոնց հաճոյք պատճառել: Օրինակի համար` զբօսանքին խաղալ ընկերոջ մը հետ, որպէսզի ան մինակ չզգայ, գնահատանք արտայայտել, անակնկալ մը պատրաստել…

Առանց մոռնալու, թէ ազնուութիւնը նաեւ գիտնալ մեր շուրջիններուն հասնիլ, կարիքները հոգալ, ապրանքներ տալ, կամ պարզապէս փոխ տալ, երբ այդ անձը բանի մը պէտք ունենայ…

Իսկ ազնիւ ըլլալը կրնայ նշանակել նաեւ` ըլլալ հանդարտ, խօսք մտիկ ընել եւ չարաճճիութիւններ չընել:

Ներկե՛նք

Պահուած Պատկերը

Տուփիկները ներկէ՛ ըստ ցուցմունքներուն` յայտնաբերելու համար պահուած պատկերը.

– Կարմիր – Դ (5,8-10), Ե (2-7), Զ (1-7, 13), Է (1-7), Ը (1 – 7), Թ (1-7, 9), Ժ (1-7), Ի (1-7), Լ (1-7), Խ ( 1-7), Ծ  (1- 7), Կ (1-7), Հ (2-7, 12), Ձ (5-8), Ղ (10):

– Սրճագոյն – Գ (9-11), Դ (12), Ե (9,14),  Զ (10 -14), Է (10-11, 13-16), Ը (9,11, 13-17), Թ (10,12 – 19), Ժ (9,10, 12, 14-20), Ի (10,12 -19), Լ (10, 13-18), Խ (9,11-17), Ծ (9,11, 14-16), Կ (10, 12-14), Հ (11, 13-14), Ձ (9-12), Ղ (11):

– Մորթի գոյն – Ե (8), Զ (8), Է (8), Ը (8), Թ (8), Ժ (8), Ի (8), Լ (8), Խ (8), Ծ (8), Կ (8), Հ (8):

– Կապոյտ – Զ (9, 11), Լ (12), Կ (11), Հ (9):

– Մանիշակագոյն – Զ (12), Թ (11), Ժ (13), Հ (9), Կ (9):

– Նարնջագոյն – Դ (9), Է (12), Ժ (11), Խ (10), Ղ (9):

– Դեղին – Դ (11), Ը (10), Ի (11), Լ (9), Ծ (12):

Ժամանց

Կրնա՞ս գտնել 2 պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող
10 տարբերութիւնները:
Կրնա՞ս գտնել գանձին հասցնող ճամբան:
Կրնա՞ս գտնել պատկերին մէջ պահուած առարկաները:
Կրնա՞ս զետեղել թիւերը տախտակին մէջ
իրենց համապատասխանող տեղերը:

 

 

Նախորդը

«Ազդակ»-Ի 61-րդ Առցանց Լսարան. «Մինչեւ Հիմա Չեն Մշակուած Պետութիւն-Եկեղեցի Յարաբերութիւնները Կանոնակարգող Օրէնքները», Աբէլ Քհնյ. Մանուկեան

Յաջորդը

Լեւոն Յակոբի Թորոսեան. Երախտաւոր Ու Բազմաշնորհ Արուեստա-Մտաւորականին Հետքերով

RelatedPosts

Այժմէական.  Աշխարհի Ամէնէն Բարձր Կամուրջը
Մանկապատանեկան

Այժմէական. Աշխարհի Ամէնէն Բարձր Կամուրջը

Հոկտեմբեր 18, 2025
Արհեստական Բանականութիւնը Կրնա՞յ Խօսիլ
Մանկապատանեկան

Արհեստական Բանականութիւնը Կրնա՞յ Խօսիլ

Հոկտեմբեր 11, 2025
Կրակներու Խաղեր Աշունը Տօնելու Համար
Մանկապատանեկան

Կրակներու Խաղեր Աշունը Տօնելու Համար

Հոկտեմբեր 4, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?