Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տակաւին Աշուն Է. Մոնարք` Թագաւորական Թիթեռնիկը

Նոյեմբեր 11, 2023
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ 

Գիտէի՞ր, թէ մոնարք թիթեռնիկը մեծ ճամբորդ մըն է: Անոր նոյնիսկ տրուած է մարաթոն մարզիկի տիտղոսը: Ամէն աշնան մոնարք թիթեռնիկները կը հաւաքուին եւ կը կազմեն հսկայական խումբեր` սկսելու իրենց երկար գաղթը:

Իրենց այս գաղթը կը սկսի Քանատայէն կամ Միացեալ Նահանգներէն: Անոնք կ՛ուղղուին դէպի հարաւ, դէպի մեքսիքական Սիէրրա Նեւատա, որ ձմեռնային աւելի մեղմ կլիմայ մը ունեցող լեռնաշղթայ մըն է: Դէպի հարաւ այս ճամբորդութիւնը կը տեւէ մէկէն երկու ամիս եւ ունի 4000-5000 քմ հեռաւորութիւն: Մոնարք թիթեռնիկներուն այս գաղթը միջատներու աշխարհի ամէնէն երկար գաղթերէն մէկն է:

* * *

Սակայն գիտէի՞ր, թէ այս թիթեռնիկները կորսուելու վտանգի մէջ կը գտնուին: Մեքսիքայի անտառները, ուր այս թիթեռնիկները կ՛անցընեն իրենց ձմեռը, անհետանալու հոլովոյթին մէջ է: Ասոր կողքին, կլիմայական անկանոնութիւններն ալ մեծ ազդեցութիւն կը գործեն այս գաղթերուն վրայ, մինչ այդ գաղթի ճամբուն վրայ գտնուող տեղական բոյսերու եւ տարբեր միջատներու տեսակներ կ՛անհետանան նաեւ:

Գիտէի՞ր, Թէ…

– Մեքսիքայի շոճիի անտառներուն մէջ 14 տարբեր գաղութներ միասին կը համախմբեն միլիոնաւոր մոնարք թիթեռնիկներ:

– Չափահաս մոնարք թիթեռնիկները կ՛ապրին 2 – 6 շաբաթ` բացի գաղթող սերունդէն: Անոնք կ՛ապրին մինչեւ 7 ամիս, ձմեռ եւ աշուն:

– Մոնարք թիթեռնիկին գիտական անունը Տանաոս Փելեքսիփուս է: Ան կը կշռէ նուազ քան 0,5 կրամ, իսկ բաց թեւերուն լայնքը 7 – 10 սմ է:

Կաղանդը Կը Մօտենայ…

Ճիշդ է, որ Կաղանդին տակաւին մօտաւորապէս 2 ամիս կայ, սակայն աշխարհի շուրջ առեւտրական կեդրոններ, յատուկ վայրեր եւ հաստատութիւններ կը սկսին արդէն Կաղանդի պատրաստութիւններուն: Այս ձեւով է, որ արդէն նոյեմբեր ամսուն Կաղանդի ծառեր կը սկսին յայտնուիլ կարգ մը վայրերու մէջ:

Ասոնց կողքին, կը գտնուի նաեւ Լոնտոնի Սենթ Փանքրաս շոգեկառքի մեծ կայարանը: Ամէն տարի տարբեր, իւրայատուկ Կաղանդի ծառ մը տօնական մթնոլորտ մը կը ստեղծէ  կայարանին մէջ 2 ամիսներու ընթացքին: Իսկ այս տարուան կայարանին Կաղանդի ծառը ճամբորդները պիտի հրաւիրէ գրականութեան եւ գիրքերու աշխարհին մէջ պտոյտի մը:

* * *

Սենթ Փանքրասի այս տարուան Կաղանդի ծառը, պարզ տօնական ծառէ մը աւելի, 12 մեթր բարձրութեամբ «հրաւէր» մըն է մտնելու գրականութեան սքանչելի աշխարհին մէջ: Անիկա կը նմանի գլանաձեւ հսկայական գրադարանի մը` ոլորուն աստիճաններով հասնելու համար մինչեւ անոր գագաթը:

Գրադարանը կազմուած է 270 դարակներով եւ օժտուած է ձեռքով ներկուած աւելի քան 3800 գիրքերով. այդ գիրքերու շարքին են դասական գրականութեան բազմաթիւ գիրքեր, ինչպէս` Չարլզ Տիքընզի «Քրիսմըս Քարոլ», կամ Սի Էս Լուիսի «Տը լայըն, տը ուիչ, էնտ տը ուաարտրոպ»-ը:

Ծառին հիմքը կազմուած է ութ փոքրիկ անկիւններէ, ուր մեծ եւ փոքր այցելուները կրնան նստիլ եւ «մխրճուիլ» Կաղանդի մթնոլորտին մէջ ո՛չ միայն ֆիզիքապէս, այլ` ունկնդրելով տարբեր պատմութիւններէ կարճ արձանագրութիւններ: Իւրաքանչիւր անկիւն օժտուած է ընկալուչներով, որոնց ընմէջէն կարելի է ունկնդրել 60 տարբեր գիրքերէ 5 վայրկեան տեւող ձայնային արձանագրութիւն մը:

Այս ձեւով Սենթ Փանքրասի Կաղանդի ծառը, պարզ տօնական մթնոլորտ ստեղծելու կողքին, կը դառնայ հանգիստի եւ ձրի ժամանցի վայր մը` ընտանիքներու եւ կայարանէն օգտուող ճամբորդներուն համար: Գրականութեան տօնակատարութիւն մը ըլլալու կողքին, այս Կաղանդի ծառը նաեւ կը քաջալերէ դադար մը առնել մեծ եւ փոքրիկ պաստառներէն եւ կապը  վերանորոգել գիրք կարդալու հաճոյքին հետ:

Աշխարհի Ամէնէն Լաւ Ուսուցիչը…
Ուսուցչուհի Մըն Է

Տասը տարիներ առաջ «Վարքի ֆաունտէյշըն» հաստատութիւնը հիմնեց «Տը կլոպըլ թիչըր փրայզ» վարձատրութիւնը, «Վարքի ֆաունտէյշըն»-ի նախագահ Սանի Վարքի, որուն երկու ծնողները ուսուցիչներ էին, նշմարելով, որ բազմաթիւ երկիրներու մէջ ուսուցիչներու կարգավիճակը նուաճումներ արձանագրած է, ուզեց հիմնել այս հիմնարկը` ուսուցիչներու պատկերը աւելի փայլուն դարձնելու նպատակով:

Աշխարհի ամէնէն լաւ ուսուցիչը նշանակելով եւ զայն 1 միլիոն տոլարով վարձատրելով` «Կլոպըլ թիչըր փրայզ» հիմնարկը կ՛ուզէ նշել դաստիարակներու կարեւորութիւնը. ուսուցիչներու ճիգերը պէտք է արժեւորուին, ճանչցուին եւ տօնուին:

Բոլորս գիտենք, թէ որքա՛ն կարեւոր է ուսուցիչին դերը սերունդներուն ուսում եւ գիտութիւն ջամբելու գործին մէջ, պայքարելու համար աղքատութեան, նախապաշարումներուն դէմ եւ բախումներու պարագային:

2023-ի աշխարհի ամէնէն լաւ ուսուցիչին տիտղոսին արժանացաւ Սիսթըր Զեֆ: Ան Փաքիստանցի ուսուցչուհի մըն է, որ հիմնած է իր անձնական դպրոցը իր տան բակին մէջ, աղքատ մանուկներու համար, երբ ան տակաւին 13 տարեկան էր:

Ան օրական 8 ժամ կ՛աշխատէր, որպէսզի կարենայ իր դպրոցը հիմնելու համար դրամ հաւաքել: Ապա ան աշակերտներուն կը դասաւանդէր չորս ժամ, իսկ գիշերը կ՛անցընէր իր անձնական ուսման համար աշխատելով:

26 տարիներ ետք անոր համեստ դպրոցը վերածուած է նոր շէնքի մը, ուր ձրիօրէն դասաւանդութեան կը հետեւին աւելի քան 200 աղքատ մանուկներ:

Ժամանց

Կրնա՞ս գտնել կաղիներուն հասցնող ճամբան:

Կրնա՞ս գտնել 2 պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող 10 տարբերութիւնները:

Կրնա՞ս գտնել պատկերին մէջ պահուած առարկաները:

Կրնա՞ս 9 թիւերը զետեղել տախտակին մէջ իրենց համապատասխանող տեղերը:

Նախորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոսը Հանդիպեցաւ Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու Տան Նախագահին

Յաջորդը

Համաշխարհային Հոգեւոր Գրականութեան Գոհարներէն «Հաւատով Խոստովանիմ» Աղօթքը` Թարգմանուած 50 Լեզուներու

RelatedPosts

Այժմէական.  Աշխարհի Ամէնէն Բարձր Կամուրջը
Մանկապատանեկան

Այժմէական. Աշխարհի Ամէնէն Բարձր Կամուրջը

Հոկտեմբեր 18, 2025
Արհեստական Բանականութիւնը Կրնա՞յ Խօսիլ
Մանկապատանեկան

Արհեստական Բանականութիւնը Կրնա՞յ Խօսիլ

Հոկտեմբեր 11, 2025
Կրակներու Խաղեր Աշունը Տօնելու Համար
Մանկապատանեկան

Կրակներու Խաղեր Աշունը Տօնելու Համար

Հոկտեմբեր 4, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?