Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ո՞ր Թուականէն Ի Վեր Գոյութիւն Ունի Պարպի Պուպրիկը

September 16, 2023
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ 

Այս ամառ աշխարհի տարածքին շարժապատկերի պաստառները վարդագոյնով ծածկուեցաւ, երբ Պարպիի շարժապատկերը ցուցադրուեցաւ: Ո՛չ միայն շարժապատկերին մէջ, այլ նաեւ հանդիսատեսներու բազմութիւնները ներկայացած էին ցուցադրութեան վարդագոյն հագուած:

Սակայն գիտէի՞ր, թէ շարժապատկերի հերոսուհին` Պարպի պուպրիկը, ո՛չ միայն քու մամայիդ խաղընկերուհին կրնար եղած ըլլալ, այլ նաեւ` մեծ մամայիդ սերունդին, երբ անոնք փոքրիկ էին:

* * *

Պարպի պուպրիկը ծնած է 9 մարտ 1959-ին, Միացեալ Նահանգներու մէջ: Զայն ստեղծած է Ռութ Հենտլըր, խաղալիքներու ամերիկեան հաստատութեան` «Մաթել»-ի հիմնադիրներէն մէկուն կինը: Հետեւաբար Պարպի աւելի քան 60 տարեկան է:

Սակայն ինչպէ՞ս ան տակաւին հաճելի կը թուի այսքան տարիներ ետք, նախ եւ առաջ Պարպի չի ծերանար, ապա ան գիտցած է միշտ յարմարիլ անցնող ժամանակներուն եւ նորոյթին` թոփ-մոտել, օդանաւի մէջ աշխատող հիւրընկալ անձնակազմի անդամ, աստղանաւորդ, մրցումի ինքնաշարժի վարորդ, անասնաբուժ, ոստիկանուհի, համակարգիչի մասնագէտ, նոյնիսկ` նախագահութեան թեկնածու…

Պարպի ունեցած է աւելի քան 150 արհեստի տեսակներ, որոնք քայլ պահած են ընկերութեան մէջ կնոջ յառաջդիմութեան հետ:

* * *

Սակայն Պարպի միշտ միայն գնահատանքներ չէ ստացած: Ան առարկայ եղած է նաեւ սաստիկ քննադատութիւններու:

Այդ քննադատութիւնները ուղղուած էին յատկապէս իր կերպարանքին դէմ, որ իրականութենէն շատ տարբեր էր: Անոր մէջքը շատ բարակ էր, ոտքերը անբնականօրէն երկար, կոնքը շատ նեղ… Կարգ մը քննադատներ կը համարեն, որ այս չափերը կրնան մղել փոքրիկ աղջիկները չուտելու եւ անորեքսիայէ տառապելու` անոր նմանելու համար:

Արդեօ՞ք այս պատճառով է, որ պուպրիկին վաճառքը կը նուազի քանի մը տարիներէ ի վեր: Կրնայ ըլլալ… 2016-ի սկիզբը «Մաթել» ընկերութիւնը կ՛որոշէ շուկայ իջեցնել Պարպիի նոր հաւաքածոյ մը, որուն պուպրիկները աւելի կը նմանին իսկական կիներու` հասակաւոր, կարճ, քիչ մը լեցուն… Այս պուպրիկները աւելի ճշգրիտ պատկեր մը կու տան աշխարհի մէջ կնոջ գեղեցկութեան, որուն մէջ իւրաքանչիւր փոքրիկ աղջիկ պէտք է կարենայ ինքզինք գտնել: Այս ձեւով է, որ տարիներու ընթացքին Պարպի պուպրիկը աստղ մը դարձած է, ի պատիւ անոր` նոյնիսկ թանգարաններ անոր մասին ցուցադրութիւններ կը կազմակերպեն:

Մեր Ոտքերով
Բոյսեր Տնկենք

Վազելը շատ օգտակար է մեր առողջութեան համար: Սակայն անիկա կրնայ օգտակար ըլլալ նաեւ մեր մոլորակին… շնորհիւ Քիքի Կրամաթոփուլոսի գիւտին: Այս անգլիացի տիզայնըրը հնարած է ներբան մը, որ կարելի է հագնիլ կօշիկին վրայէն:

Շնորհիւ անոր սրածայր ցպիկներուն` այս ներբանը ճամբուն վրայ կը հաւաքէ բոյսերու հունտեր, հետը կը փոխադրէ եւ զանոնք աւելի հեռուն կը ձգէ, վազողին ճամբուն վրայ: Այս փոքր ճանկերը կօշիկին կարելիութիւնը կու տան «կապկելու» էփիզոչորիի սկզբունքը, երբ բոյսերու հունտերը կը սփռուին բնութեան մէջ` կառչելով անասուններուն մազերուն կամ թռչուններուն փետուրներուն:

Այժմ փորձեր կը կատարուին այս ներբանին վրայ Անգլիոյ մէջ` տեսնելու համար, թէ անիկա ազդո՞ւ է, եւ թէ կարելի պիտի ըլլա՞յ վազքի կօշիկները այս ներբանով սարքաւորել:

Պրազիլի Մէջ

Պըրկըր Քինկի
Վարդագոյն Համպըրկըրը

Ինչպէս տեսանք, վարդագոյն գոյնը այս ամրան գլխաւոր գոյնն էր: Նոյնիսկ Պըրկըր Քինկ նորոյթին հետեւեցաւ` ի պատիւ Պարպի պուպրիկին:

Անշուշտ առաջին հերթին վարդագոյնը յայտնուեցաւ ճաշացուցակին վրայ Պրազիլի մէջ Պըրկըր Քինկի տարբեր մասնաճիւղեր իրենց յաճախորդներուն առաջարկեցին Պարպիի պատկերով տուփի մը մէջ հրամցուած վարդագոյն թացանով (որուն պատրաստութիւնը գաղտնի պահուեցաւ) համպըրկըր մը, Պարպիի  պատկերով փոքրիկ տուփիկ մը տապկուած գետնախնձոր, ելակի համով միլք-շէյք մը եւ վարդագոյն տոնաթ մը:

Սակայն այս վարդագոյնը միայն ուտելիքին մէջ չէր. կարգ մը մասնաճիւղեր իրենց ճաշարանին նաեւ պատերը ներկեցին վարդագոյն:

Ժամանց

Կրնա՞ս գտնել 2 պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող 7 տարբերութիւնները:

Կրնա՞ս գտնել դղեակին հասցնող ճամբան:

Կրնա՞ս գտնել պատկերին մէջ պահուած առարկաները:

Կրնա՞ս գտնել տախտակին մէջ պահուած թիւերը:

 

 

 

Նախորդը

Յայտարարութիւններ (15 Սեպտեմբեր 2023)

Յաջորդը

Համակարգումի Պակասը Եւ Անտեղի Մրցակցութիւններ

RelatedPosts

Փոքեմոնը 30 Տարեկան Է
Մանկապատանեկան

Փոքեմոնը 30 Տարեկան Է

September 26, 2026
500 Տարուան Պահուած Գետնախնձորներ
Մանկապատանեկան

500 Տարուան Պահուած Գետնախնձորներ

September 12, 2026
Իւսէյն Պոլթէն Աւելի Արագ Մարդու Մեքենան
Մանկապատանեկան

Իւսէյն Պոլթէն Աւելի Արագ Մարդու Մեքենան

September 5, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.