Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փաք-Մեն` Վիտէօ-Խաղերու Առաջին Հերոսը

September 9, 2023
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Ժամանակի ընթացքին վիտէօ-խաղերը մեծ տեղ սկսած են գրաւել մեր ամէնօրեայ կեանքին մէջ: Սկզբնական շրջանի շատ պարզունակ կերպարներն ու խաղերը կամաց-կամաց աւելի զարգացան, եւ այժմ մենք տեսակաւոր ընտրութիւններու առջեւ կը գտնուինք:

Սակայն գիտէի՞ր, թէ այս բազմաթիւ հերոսներէն ամէնէն առաջինը եղած է Փաք-Մենը: Ան եղած է ամբողջ սերունդի մը հերոսը:

* * *

Այս կլոր եւ դեղին կերպարը կը յայտնուի 1980-ին, առաջին հերթին` Ճափոնի մէջ, եւ ապա ան կը հասնի Միացեալ Նահանգներ: Այդ ժամանակաշրջանին մարդիկ տակաւին չէին կրնար շատ խրթին կերպարներ գծել համակարգիչին վրայ:

Փաք-Մեն բանտարկուած է լաբիւրինթոսի մը մէջ: Անոր նպատակն է ուտել իր ճամբուն վրայ գտնուող բոլոր ճերմակ գնդիկները:

Սակայն ուշադրութիւն պէտք է ընել ոգիներուն. անոնք յատկապէս պէտք չէ դպնան Փաք-Մենին, այլապէս ան կը կորսնցնէ: Այդ «Էակները» ոչնչացնելու համար Փաք-Մենը կրնայ կլլել յատուկ գնդիկներ, որոնք զայն ոգիներուն կողմէ անտեսանելի կը դարձնեն: Հետեւաբար ան կրնայ դիւրութեամբ «ուտել» իր թշնամիները:

* * *

Առաւելագոյն չափով թիւեր հաւաքելու համար Փաք-Մեն կրնայ իր ճամբուն վրայ պտուղներ հաւաքել: Որքան խաղի իր մակարդակը բարձր ըլլայ, այդքան այդ ուտելիքները կարեւոր կ՛ըլլան. Օրինակի համար, առաջին մակարդակին, ան կրնայ գտնել կեռասներ, որոնք իրեն պիտի ապահովեն 100 կէտ: Ելակ, նարինջ, խնձոր, սեխ… իւրաքանչիւր մակարդակի տարբեր պտուղներու տեսակներ կ՛աւելնան: Իսկ 13-րդ մակարդակէն ետք այլեւս պտուղներ պէտք չէ հաւաքել, այլ` բանալիներ: Իւրաքանչիւր հաւաքուած բանալի 5000 կէտ կ՛աւելցնէ:

* * *

Լաբիւրինթոսին մէջ գոյութիւն ունին 4 ոգիներ: Անոնցմէ իւրաքանչիւրը ունի իրեն յատուկ բնաւորութիւն: Կարմիր ոգին Պլինքին է, իսկ անոր ծածկանունը «Շատոու» է, «շուք»: Ան դեղին հերոսին կը հետեւի անոր շուքին պէս եւ չի վարանիր ուղղակիօրէն վրան յարձակելու:

Փինքին, վարդագոյն ոգին է, եւ` խաղին միակ իգական կերպարը: Ան ամէնէն խելացի կերպարն է, որովհետեւ կը փորձէ նախատեսել այն վայրերը, ուր Փաք-Մեն կրնայ ուղղուիլ եւ ան ամէն ինչ կ՛ընէ դեղին հերոսը բերելու լաբիւրինթոսին մէկ անկիւնը, ուրկէ ան չի կրնար խուսափիլ:

* * *

Կապոյտ ոգին կը կոչուի Ինքի, ան ամէնէն սպառնալի կերպարը չէ: Խաղցողները անոր «Պաշֆուլ»` «ամչկոտ» կ՛անուանեն:

Երբեմն իր թիրախէն հակառակ ուղղութեամբ կ՛երթայ, կարծէք` անկէ կը վախնայ:

Չորրորդ Քլայտն է, ան նարնջագոյն է: Ան իր ուզած տեղը կ՛երթայ… երբեմն դէպի Փաք-Մեն, եւ յաջորդ վայրկեան, յանկարծ հակառակ ուղղութեամբ: Պատահականութիւնն է, որ զինք կ՛ուղղէ:

* * *

Այս յատկապէս 1980-ական թուականներու գլխաւոր հերոսը 2010 թուականներուն կը վերադառնայ պատկերասփիւռի պաստառներուն վրայ: Այս դեղին գունդը կը վերածուի իսկական հերոսի մը. աչքեր, քիթ, բերան, ձեռքեր, ոտքեր` փոքրիկներուն աւելի համակրելի դառնալու համար: Շարժուն պատկերներուն մէջ անոր լաբիւրինթոսը դարձած է դպրոց, ուր ան ընկերներու կը ծանօթանայ` Սփայրըլ եւ Սինլինտրիա: Եւ երբ դպրոցին վրայ ոգիներ կը յարձակին, ան առանց վարանելու` կ՛ուղղուի բոլորը պաշտպանելու:

Իսկ Անջրպետին Մէջ Աստղանաւորդները
Ի՞նչ Կը Խաղան…

Նոյնիսկ երկրագունդէն 400 քմ հեռու գտնուող Անջրպետի միջազգային կայանին մէջ գտնուող աստղանաւորդները զբաղելու քիչ մը ժամանակ ունին:

Ճիշդ էր, որ անոնք ամբողջ շաբաթը շատ կ՛աշխատին, սակայն շաբաթավերջերուն անոնք հանգստանալու քիչ մը ժամանակ ունին: Անոնցմէ մէկը նկարած է անոնց ժամանցները:

Երբ անոնք կը խաղան, պէտք է միշտ նկատի առնեն ձգողական ուժի չգոյութիւնը, որովհետեւ այդ ուժի չգոյութեան պատճառով առարկաները օդին մէջ կախուած կը մնան: Հետեւաբար աստղանաւորդները հնարած են նետերու խաղ մը, որուն ընթացքին անոնք կը գործածեն փինկ-փոնկի գնդակ մը, որ պէտք է անցնի 2 տարբեր չափի օղակներէ:

Անոնք արդէն ղրկած էին արձանագրութիւններ, ուր կարելի էր անոնց կոլֆ խաղալը տեսնել: Սակայն այս խաղերը միայն պարզ ժամանց մը չեն: Անոնք նոյն ատեն փորձառութիւններ են, որոնց նպատակն էր հաճելի կերպով բացատրել բնագիտութեան օրէնքները:

Գիտէի՞ր, Թէ

Անջրպետը կը սկսի երկրագունդի մակերեսէն 100 քմ բարձրութենէն:

Անգլիացի աստղագէտ Ֆրետ Հոյլ նշած է, որ կարելի է անջրպետ հասնիլ ինքնաշարժը մէկ ժամ ուղիղ գիծով քշելով դէպի երկինք

12 աստղանաւորդներ քալած են լուսինին վրայ: Ո՛չ մէկը հոն վերադարձած է 1972 թուականէն ի վեր, երբ վերջին անգամ Եուճին Սըրնան կանգնած է անոր մակերեսին վրայ:

Արուսեակը մեր արեգակնային դրութեան 8 մոլորակներէն ամէնէն տաքն է:

Հրատ մոլորակին վրայ գտնուող Օլիմփուս Մոնս հրաբուխը 2,5 անգամ աւելի բարձր է, քան երկրագունդի ամէնէն բարձր գագաթը` Էվերեսթ:

Գիտէի՞ր, թէ Ուիլիըմ Հերշըլ, որ 1781-ին բացայայտեց Ուրանոս մոլորակի գոյութիւնը, յօրինող էր աստղագէտ դառնալէ առաջ:

Անջրպետին մէջ ձայն չկայ, որովհետեւ հոն ոչինչ գոյութիւն ունի. հետեւաբար բան մը չկայ, որուն ընդմէջէն ձայնը կրնայ սփռուիլ:

Անջրպետին մէջ ծնած առաջին անասունները ճափոնական լորի ճուտիկներ էին: Անոնք հաւկիթէն դուրս եկան 22 մարտ 1990-ին:

Ժամանց

Կրնա՞ս գտնել 2 պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող 12 տարբերութիւնները:

Կրնա՞ս գտնել լաբիւրինթոսի ելքին հասցնող ճամբան:

Կրնա՞ս գտնել պատկերին մէջ պահուած առարկաները:

Կրնա՞ս գտնել տախտակին մէջ պահուած թիւերը:

Նախորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

Յաջորդը

Լիբանան

RelatedPosts

Ո՞ւր Կը Գտնուի Կրինլենտը
Մանկապատանեկան

Ո՞ւր Կը Գտնուի Կրինլենտը

January 31, 2026
Ինչո՞ւ Գոյութիւն Ունին Ժամի Տարբերութիւնները Երկիր Մոլորակին Վրայ
Մանկապատանեկան

Ինչո՞ւ Գոյութիւն Ունին Ժամի Տարբերութիւնները Երկիր Մոլորակին Վրայ

January 24, 2026
Հետախուզենք Քիրիպաս Արշիպեղագոսը
Մանկապատանեկան

Հետախուզենք Քիրիպաս Արշիպեղագոսը

January 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.