Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ա՜յ, Կը Խայթէ՛

Յուլիս 22, 2023
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Ամէն տարի հարցը նոյնն է: Ամրան սկիզբը մժեղները կը յայտնուին, եւ անոնք ամբողջ ամառը կ՛անցընեն մեզ խայթելով: Անոնք մեր վրայ կը յարձակին պարտէզին մէջ, ճամբան, պատշգամին վրայ… եւ նոյնիսկ` մինչեւ մեր սենեակին մէջ:

* * *

Ի՞նչ գիտենք մժեղներուն մասին

1.- Միայն էգ մժեղները կը խայթեն

Արու մժեղները կը սնանին ծաղիկներուն վրայէն անոնց նեկտարը ծծելով: Սակայն մժեղներու տեսակներուն մեծ մասին էգերու սննդականոնը կազմուած է արիւնէ: Անոնք կը խայթեն անասունները (կով, հաւ, շուն, կատու…) եւ, կարգ մը պարագաներու, մարդիկը: Այս արիւնը անոնց ուժ կու տայ` իրենց հաւկիթները ածելու:

2.- Անոնք կը խայթեն իրենց ծծոցով

Էգ մժեղներուն ծծոցը մորթը կը ծակէ: Անիկա կազմուած է 2 մասերէ. մէկ մասը արիւնը կը ծծէ, մինչ միւս մասը լորձունք կը ներարկէ: Այս հեղուկը մորթը կը թմրեցնէ եւ այս ձեւով արգելք կ՛ըլլայ, որ արիւնը թանձրանայ:

3.- Անոնք կը խայթեն յատկապէս ոտքի կոճին բաժինը

Այն մժեղներու տեսակները, որոնք մարդիկը կը խայթեն, անոնց կը գրաւեն մարդոց հոտերը, ինչպէս, օրինակի համար, ոտքերու հոտերը: Էգ մժեղները այդ հոտերը կը շնչեն իրենց անթեններուն շնորհիւ: Բայց եթէ մենք կօշիկներ հագուած ըլլանք, հետեւաբար անոնք կը խայթեն մեր ոտքերուն կոճը:

4.- Անոնց լորձունքը քերել կու տայ

Էգ մժեղներուն լորձունքը առաջին հերթին թմրեցուցիչ յատկութիւն ունի, սակայն անիկա շուտով նեղացուցիչ կը դառնայ: Ան է, որ մանր ուռեցք մը կը յառաջացնէ եւ մենք կը քերուինք: Ասիկա քանի մը օր ետք կ՛անհետանայ:

5.- Կարելի է մժեղի խայթոցներէն պաշտպանուիլ

Մեր շրջաններուն մէջ ընդհանրապէս մժեղներու խայթոցը ծանր չէ: Սակայն կարգ մը մժեղներու խայթոցը կրնայ հիւանդութիւններ յառաջացնել. հակառակ ասոր, կարելի չէ բոլոր մժեղները դեղերով փճացնել: Բարեբախտաբար կարելի է անոնց խայթոցներէն խուսափիլ երկար թեւերով հագուստներ եւ տաբատներ հագուելով, անկողինին շուրջ մժեղի յատուկ ցանց մը դնելով, կամ մժեղները հեռացնող յատուկ նիւթեր քսելով մեր մորթին վրայ:

Աշխարհի Ամէնէն Գեղեցիկ
Կակղամորթը

Գիտէի՞ր, թէ 3 տարիներէ ի վեր այս ծովային էակները լուսարձակի տակ դնելու համար գերմանական տարրալուծարան մը կը կազմակերպէ մրցում մը` նշանակելու համար տարուան ամէնէն գեղեցիկ կակղամորթը:

Այս տարի այդ տիտղոսին արժանացաւ քոնչոլեփոս քոնչոլեփաս ծովու խխունջը: Այս ծովու խխունջը կ՛ապրի Չիլի, Խաղաղական ովկիանոսի ջուրերուն մէջ. ան ճանչցուած է նաեւ լոքօ անունով: Ան այս տարի առիթը պիտի ունենայ շատ մանրակրկիտ ձեւով ուսումնասիրուելու:

* * *

Կակղամորթը անասուն մըն է, որուն մարմինը թոյլ է, ինչպէս` խխունջը, ընգղան, ձկնականջը… Կան կակղամորթի աւելի քան 100 հազար տեսակներ: Սակայն մենք տակաւին շատ բաներ չենք գիտեր անոնց մասին: Գիտնականները զանոնք քիչ ուսումնասիրած են` կեդրոնանալով ուրիշ կենդանի էակներու վրայ:

Նոր Մրցանիշ Մը`
Աշխարհի Վրայ Ամէնէն Տաք Օրը

Մինչեւ այս ամառ ամբողջ աշխարհին մէջ ամէնէն տաք օրուան մրցանիշը 16.92 աստիճան էր, 17 աստիճանէն քիչ մը պակաս: Այս ջերմաստիճանը արձանագրուած էր 14 օգոստոս 2016-ին եւ 24 յուլիս 2022-ին:

Դժբախտաբար այս տարի այս մրցանիշը բազմաթիւ անգամներ նորոգուեցաւ յուլիս ամսուն սկիզբէն, երբ երկրագունդը արձանագրեց միջին հաշուով 17 աստիճանէն աւելի բարձր աստիճաններ:

Երկրագունդին տաքնալուն գլխաւոր պատճառներէն մէկն է մարդոց գործունէութեան հետեւանքով (փոխադրութեան միջոցներ, գործարաններ…) մթնոլորտին մէջ արձակուած կազը:

Կը Ձիւնէ Հարաւային Ափրիկէի Մէջ

Օդերեւութաբանական յատուկ լուրեր չկան Ճոհանըսպուրկի մէջ` Հարաւային Ափրիկէի ամէնէն մեծ քաղաքներէն մէկը: Այս վերջին օրերուն հոն օդը շատ ցուրտ էր:

Ասիկա բնական է, որովհետեւ Հարաւային Ափրիկէ կը գտնուի Հարաւային կիսագունդին մէջ: Այսինքն հոն եղանակները շրջուած են: Երբ հիւսիսային կիսագունդի երկիրներուն մէջ ամառ է, հոն այս շրջանին ձմեռ է:

Մինչ հիւսիսային կիսագունդին երկիրները շատ տաք ամառ մը կ՛ապրին, շաբթուան սկիզբը Ճոհանըսպուրկի մէջ ձիւնած է: Ասիկա հազուադէպ երեւոյթ մըն է: Վերջին անգամ այդ շրջանին մէջ ձիւնած էր 11 տարի առաջ:

Մտածենք

Ձկնորսութեան Մրցում

Հինգ ընկերներ կ՛որոշեն ձկնորսութեան մրցում մը կատարել` պարզելու համար, թէ ո՛վ ամէնէն մեծ ձուկը պիտի որսայ:

Փորձէ գտնել յաղթողին անունը` վարի բացատրութիւններուն հետեւելով:

1.- Ո՛չ Պետիկը, ո՛չ ալ Վաչէն ամէնէն պզտիկ ձուկը որսացին:
2.- Յովիկը ո՛չ ամէնէն պզտիկ, ո՛չ ալ ամէնէն մեծ ձուկը որսաց:
3.- Կարինէին ձուկը 4 սմ աւելի երկար էր, քան` Սարինին ձուկը:
4.- Պետիկը ամէնէն մեծ ձուկը չորսաց:
5.- Յովիկին ձուկը Կարինէին ձուկէն աւելի մեծ էր, եւ աւելի պզտիկ, քան` Պետիկին ձուկը:

Ժամանց

Կրնա՞ս գտնել 2 պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող 12 տարբերութիւնները:

Կրնա՞ս գտնել ծովուն յատակը հասցնող ճամբան:

Կրնա՞ս գտնել պատկերին մէջ պահուած առարկաները:
Կրնա՞ս գտնել տախտակին մէջ թիւերուն համապատասխանող տեղերը:

 

 

Նախորդը

Յայտարարութիւններ ( 21 Յուլիս 2023)

Յաջորդը

Հաւատացեալ Եւ Բարեսէր Բարեկամուհիիս` Ռոզիկ Սրապեանի Յիշատակին

RelatedPosts

Վերամուտ.  Ինչի՞ Կը Ծառայէ Դպրոցը
Մանկապատանեկան

Վերամուտ. Ինչի՞ Կը Ծառայէ Դպրոցը

Սեպտեմբեր 23, 2023
Ո՞ր Թուականէն Ի Վեր Գոյութիւն Ունի Պարպի Պուպրիկը
Մանկապատանեկան

Ո՞ր Թուականէն Ի Վեր Գոյութիւն Ունի Պարպի Պուպրիկը

Սեպտեմբեր 16, 2023
Փաք-Մեն` Վիտէօ-Խաղերու Առաջին Հերոսը
Մանկապատանեկան

Փաք-Մեն` Վիտէօ-Խաղերու Առաջին Հերոսը

Սեպտեմբեր 9, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In