Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փուչիկներու Ցուցահանդէս

Նոյեմբեր 18, 2023
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ 

«Պալուն միւզիում» անգլերէն արտայայտութիւն մըն է, որ կը նշանակէ «փուչիկներու թանգարան»: Այս անունը տրուած է ուռեցուած արուեստի գործերու շրջուն ցուցահանդէսի մը: Այս ցուցահանդէսը գոյութիւն ունի 2020 թուականէն ի վեր:

«Պալուն միւզիում»¬ը ուղղուած է թէ՛ մանուկներուն, թէ՛ ալ չափահասներուն: Ցուցահանդէսը այցելողները կը հետեւին սկիզբէն ճշդուած մէկուկէս ժամուան շրջագայութեան` ծանօթանալու համար մօտաւորապէս տասնհինգ գործերու: Ուռեցուած առարկաներ, լոյսի խաղեր, երբեմն` վիտէօ կամ երաժշտութիւն… Իւրաքանչիւր բաժին ունի իրեն յատուկ մթնոլորտը եւ իւրայատուկ փորձառութիւն մը կ՛առաջարկէ: Ցուցահանդէսը այցելուները կը հրաւիրէ «ընկղմելու» փորձերուն մէջ. անոնք կը քաջալերուին անոնց մէջ քալելու, կորսուելու, փուչիկներուն դպնալու…

* * *

Փուչիկները ստեղծուած են տարբեր երկիրներէ եկած արուեստագէտներոու կողմէ: Նուազ ապականութիւն պատճառելու համար անոնք կերպընկալէ չեն շինուած, այլ` ձգախէժէ, որ բնական նիւթ մըն է:

Ցուցահանդէսը քանի մը ամսուան համար կը հաստատուի քաղաքի մը մէջ: Մինչեւ հիմա ան շրջած է յատկապէս Եւրոպայի մէջ: Այժմ ան կը գտնուի Նափոլիի մէջ, Իտալիա, մինչեւ 7 դեկտեմբեր, ապա ան անմիջապէս պիտի փոխադրուի Լոնտոն, Անգլիոյ մայրաքաղաքը:

* * *

Ցուցահանդէսին մէջ կարելի է հանդիպիլ տարօրինակ էակներու, ինչպէս, օրինակի համար, Ճինճոները, որոնք տարօրինակ, գունաւոր, միայն աչքեր ունեցող կերպարներ են: Այցելողները կրնան անոնց հետ խաղալ եւ նոյնիսկ իրաւունք ունին զանոնք հրելու: Մինչ ուրիշ հսկայ փուչիկներ կը վերածուին երաժշտութիւն նուագող կերպարներու:

Ուրիշ անկիւնի մը մէջ կարելի է այցելել ուռեցուած իկլուներու փոքրիկ գիւղ մը: Իսկ քիչ անդին այցելուները կրնան բռնել կամ հրել հելիոմով ուռեցուած մեծ գունդ մը, որ սրահին մէջ շրջելով` իր շարժումներուն հետքերը պատերուն վրայ կը գծուին: Եւ վերջապէս, իրենց այցելութիւնը խանդավառ կերպով փակելու համար այցելուները կը հրաւիրուին սուզուելու փուչիկներով լեցուն լողաւազանի մը մէջ:

Ձախող Գիւտերու Թանգարանը

«Միուզիոմ օֆ Ֆէյլիուր», կամ «Ձախողութիւններու թանգարան»-ը իր դռները բացաւ Ուաշինկթընի մէջ, Միացեալ Նահանգներ: Ինչպէս անոր անունը կը նշէ, հոն ցուցադրուած են աշխարհի չորս կողմերէն հաւաքուած աւելի քան 150 ձախող գիւտեր:

Օրինակի համար, հոն մենք կրնանք տեսնել կատուներու յատուկ, ձուկի համով ջուր, ձիթաիւղի համով սուրճ, կիներու յատուկ մելանով մատիտներ, նոյնիսկ` նախագահ Թրամփին կողմէ շուկայ իջեցուած սթէյք միսեր…

Թանգարանին նպատակն է մտածել տալ ձախողութեան գաղափարին վրայ. անկէ հեռացնել ժխտական յատկութիւնը եւ ամօթի զգացումը, զայն ընդունիլ եւ հասկնալ, որ ան շատ կարեւոր տարր մըն է հետագային նորութիւններ ստեղծելու եւ լուծումներ գտնելու համար:

Ձախողութիւն մը փորձառութիւն մըն է, որ մեզ կը մղէ աւելի լաւը ընելու: Ան կեանքի բնական հանգրուաններէն է եւ մեզի շատ բաներ կը սորվեցնէ:

Հետաքրքրական

 100.000 Տոլարնոց Թղթադրամ

100 հազար տոլար արժող թղթադրամը գոյութիւն ունեցած է: Ան տոլարի ամէնէն մեծ թղթադրամն էր, սակայն այդ թղթադրամները տպուած են միայն քանի մը շաբթուան ընթացքին, 1934-ի վերջաւորութեան:

Անոնք գործածուած են միայն դրամատուներուն եւ Դաշնակցային գանձապետարանի տարբեր մասնաճիւղերուն միջեւ եւ բնաւ շուկայ չեն իջեցուած ժողովուրդին տրամադրութեան տակ դնելու համար: 1960-ական թուականներու վերջաւորութեան անոնք սկսած են հազուագիւտ դառնալ, սակայն` իրենց արժէքը տակաւին պահելով:

Այս թղթադրամին վրայի ամերիկացի նախագահին պատկերը Միացեալ Նահանգներու քսանութերորդ նախագահ Վուտրօ Ուիլսընին դէմքն է. ան ԱՄՆ նախագահը եղած է 1913-1921:

Ժամանց

Կրնա՞ս գտնել ելքի ճամբան:
Կրնա՞ս գտնել 2 պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող 10 տարբերութիւնները:
Կրնա՞ս գտնել պատկերին մէջ պահուած առարկաները:
Կրնա՞ս զետեղել թիւերը տախտակին մէջ իրենց համապատասխանող տեղերը:
Նախորդը

Յայտարարութիւններ (17 Նոյեմբեր 2023)

Յաջորդը

Տեսութիւն. Ո՞ւր Է Հայաստանի Եւ Հայութեան Տեղը Այժմու Եւ Վաղուան Աշխարհաքաղաքականութեան Մէջ – Ա.

RelatedPosts

Մելպուռնի Մէջ.  Ծառերն Ալ Ե-Նամակի Հասցէ Ունին
Մանկապատանեկան

Մելպուռնի Մէջ. Ծառերն Ալ Ե-Նամակի Հասցէ Ունին

Նոյեմբեր 25, 2023
Տակաւին Աշուն Է.  Մոնարք` Թագաւորական Թիթեռնիկը
Մանկապատանեկան

Տակաւին Աշուն Է. Մոնարք` Թագաւորական Թիթեռնիկը

Նոյեմբեր 11, 2023
Կեանքի Աղբի՞ւր Երկնաքարի Մը Վրայ
Մանկապատանեկան

Կեանքի Աղբի՞ւր Երկնաքարի Մը Վրայ

Նոյեմբեր 4, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In