Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ինչո՞ւ Օդը Աւելի Պաղ Է Լերան Վրայ, Նոյնիսկ Երբ Արեւոտ Է

Հոկտեմբեր 21, 2023
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Ճիշդ է, որ այս եղանակին օդը սկսաւ փոխուիլ եւ ընդհանրապէս նուազ տակ կ՛ընէ, սակայն որեւէ եղանակի, երբ մենք լեռ բարձրանանք, օդը միշտ աւելի պաղ կ՛ըլլայ, քան երբ քաղաքը կը գտնուինք, հակառակ անոր որ մենք արեւուն աւելի մօտ կ՛ըլլանք:

* * *

Ընդհանրապէս օդը աւելի պաղ կ՛ըլլայ լերան գագաթը, քան հովիտին մէջ կամ ծովեզերքը: Գոյութիւն ունին նոյնիսկ լեռներ, որոնց գագաթը միշտ ձիւնով ծածկուած կ՛ըլլայ: Այս պարագային արեւուն հեռաւորութիւնը դեր չի խաղար: Արեւը կը գտնուի երկրագունդէն մօտաւորապէս 150 միլիոն քմ հեռու: Այդ քանի մը հազարաւոր մեթրերը տարբերութիւն մը չեն յառաջացներ օդի փոփոխութեան մէջ, նոյնիսկ երբ դուն կը գտնուիս Էվերեսթի վրայ, աշխարհի ամէնէն բարձր լերան գագաթը:

Այս երեւոյթը կը բացատրուի օդի ճնշումին ազդեցութեամբ, այսինքն` այն ուժը, որ օդը ի գործ կը դնէ մակերեսի մը վրայ: 0 (զերօ) բարձրութեան վրայ, այսինքն` ծովու միջին մակարդակին վրայ, իւրաքանչիւր քառակուսի մեթր «ճնշուած է» 10 թոն օդի սիւնով մը: Այս թիւը միջին հաշիւ մըն է: Ան կը փոխուի ըստ խոնաւութեան, ջերմաստիճանին, հովերուն…

Բարձրութեան վրայ նուազ օդ կայ: Հետեւաբար ճնշումը կը նուազի:

Օդը կազմող կազի մասնիկները աւելի տեղ ունին: Անոնք կ՛ընդլայնին, ուժանիւթ կը կորսնցնեն եւ կը պաղին: Ասոր կողքին, որովհետեւ անոնց թիւը աւելի նուազ կ՛ըլլայ բարձրութեան վրայ, օդի մասնիկները իրարմէ կը հեռանան եւ նուազ շարժուն կը դառնան, իսկ մենք գիտենք, թէ երբ անոնք շատ շարժին, մեր զգացած օդը աւելի տաք կ՛ըլլայ: Որովհետեւ անոնք աստիճանաբար կը փոխանցեն իրենց շարժումը, հետեւաբար` տաքութիւնը, մեր մարմնին: Այս պատճառով ալ, որովհետեւ այդ մասնիկները նուազ կը շարժին, մենք նուազ տաք կը զգանք:

Անշուշտ ուրիշ կարգաւորումներ նաեւ ունին իրենց ազդեցութիւնը այս երեւոյթին վրայ, ինչպէս` օդին խոնաւութիւնը, ամպերու ներկայութիւնը, անձրեւը, ձիւնը, բուսականութիւնը, հողին տեսակը… սակայն առանց այս պայմանները հաշուի առնելու, մենք 1 աստիճան տաքութիւն կը կորսնցնենք, երբ կը բարձրանանք 100-150 մեթր:

Ասոր պատճառով է, որ նոյնիսկ ամառը, երբ դուն շատ բարձր լեռներու վրայ ելլես, երբեմն պէտք կ՛ունենաս հետդ աւելորդ երկար թեւով շապիկ մը առնելու:

Մտածենք

 Գրադարանին Մէջ

Ընթերցանութիւնը սիրող հինգ ընկերներ յաճախ գիրքեր փոխ կ՛առնեն դպրոցի գրադարանէն: Այս շաբաթ անոնցմէ իւրաքանչիւրը տարբեր տեսակի գիրք մը փոխ առաւ, սակայն որովհետեւ անոնք զբաղած էին, անոնցմէ իւրաքանչիւրը իր ընթերցանութիւնը սկսաւ շաբթուան մէջ տարբեր օր մը:

Վարի տեղեկութիւններուն հիման վրայ կրնա՞ս գիտնալ, թէ անոնցմէ իւրաքանչիւրը ի՞նչ գիրք փոխ առաւ եւ ո՞ր օրը ան սկսաւ իր ընթերցանութեան:

* * *

1.- Այն անձը, որ ոստիկանական պատմութիւնը առաւ, չկրցաւ սպասել եւ իր ընթերցանութեան սկսաւ շաբթուան առաջին օրը:

2.- Վաչէն իր ընթերցանութեան սկսաւ Ալինէն մէկ օր առաջ, սակայն Պարոյրէն մէկ օր ետք:

3.- Կենսագրութիւնները սիրող անձը իր ընթերցանութեան սկսաւ երեւակայական վէպերը սիրող անձէն մէկ օր ետք:

4.- Պատմական նիւթով գիրքը առնող անձը իր ընթերցանութեան սկսաւ երեքշաբթի:

5.- Ալինը իր ընթերցանութեան ո՛չ շաբթուան առաջին օրը, ո՛չ ալ շաբթուան վերջին օրը սկսաւ:

6.- Թալինը ո՛չ ոստիկանական պատմութիւն, ո՛չ կենսագրական, ո՛չ ալ երեւակայական գիրք առաւ:

7.- Հուրիկը սկսաւ իր գիրքը կարդալ հինգշաբթի օրը. անոր գիրքը երեւակայական ոճով գիրք մը չէր:

Անհաւատալի, Բայց Իրաւ

– Մեզի ծանօթ ամէնէն հին նաւերէն մաս մը բոյսերէ շինուած են:

– Շերեփագորտերը կրնան ուղղահայեաց կերպով թռչիլ վեր-վար եւ օդին մէջ սաւառնիլ ուղղաթիռի մը նման:

– Երկրագունդի վրայ գտնուող ադամանդներէն բաժիններ անջրպետէն ինկած են:

– Բոյսերը իրարու հետ կը հաղորդակցին ստորերկրեայ սունկերու դրութեան մը միջոցով:

– Գիտէի՞ր, թէ կարելի է ջուրին մէջ հոքի խաղալ: Ասոր համար դուն պէտք պիտի ունենաս 0,3 մեթր երկայն ցուպի մը, 1,4 քիլօ կշռող հոքիի սկաւառակի մը եւ անշուշտ սուզուելու պիտոյքի:

– Մարդկութեան միայն 10 առ հարիւրը ձախլիկ է:

– Իւրաքանչիւր անձ ունի իրեն յատուկ մարմնի հոտը, ինչպէս ունի իրեն յատուկ մատներու հետք:

– Կայծակը գրեթէ բնաւ հիւսիսային կամ հարաւային բեւեռներուն վրայ չի պատահիր:

– Անձրեւի կաթիլները փենքէյքսի նման ձեւ ունին:

– Գիտնականները կ՛ըսեն, թէ մեր աղիքները ունին իրենց «ուղեղ»-ները:

– Մրջիւնները իրարու դեղ կու տան, երբ անոնք հիւանդ ըլլան:

– Նէանտերթալի մարդիկը իրենց ակռաները կը մաքրէին ճիւղերով եւ խոտերու տափակ ծայրերով:

– Ըստ ուսումնասիրութեան մը, այն պզտիկները, որոնց ընտանիքին մէջ ամանները ձեռքով կը լուացուին, նուազ էլըրճիներ կ՛ունենան, քան այն պզտիկները, որոնց ընտանիքները աման լուալու մեքենայ կը գործածեն:

– Գայլերու ձագուկները իրենց ծնունդին ո՛չ կրնան լսել, ո՛չ ալ կրնան տեսնել:

– Երկրագունդի վրայ գոյութիւն ունին մօտաւորապէս 3 թրիլիոն (3 + 12 զերօ) ծառեր:

– Գոյութիւն ունի հազուագիւտ բոյս մը, որ կ՛աճի այն հողերուն վրայ, ուր ադամանդ գոյութիւն ունի:

– Սրճագոյն չղջիկը կրնայ մինչեւ 1000 մժեղ ուտել մէկ ժամուան մէջ:

– Կարգ մը մսակեր բոյսեր կրնան թռչուններ ուտել:

– Գիտնականները գտած են փրոթէինի տեսակ մը, որ կրնայ արգելք ըլլալ պաղպաղակին` տաք օդին շուտ հալելէ:

– Մոնոփոլիի խաղը սկզբնական շրջանին «հողատէրին խաղը» կոչուած էր:

Ժամանց

Կրնա՞ս գտնել 2 պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող
10 տարբերութիւնները:

Կրնա՞ս գտնել կողովին հասցնող ճամբան:

Կրնա՞ս գտնել պատկերին մէջ պահուած առարկաները:

Կրնա՞ս գտնել տախտակին մէջ պահուած թիւերը:

 

 

 

 

Նախորդը

Յատու Ձեռնարկով Նշուեցաւ Էնսինոյի Ս. Նահատակաց Եկեղեցւոյ 60-Ամեակը. «Կիլիկեա Ասպետ» Շքանշանի Յանձնում Տիար Ծերոն Թիթիզեանի

Յաջորդը

Սիրուն Սիսեռեան-Հաճէթեանի Գիրքերու Ներկայացում Թորոնթոյի Մէջ

RelatedPosts

Արհեստական Բանականութիւնը Կրնա՞յ Խօսիլ
Մանկապատանեկան

Արհեստական Բանականութիւնը Կրնա՞յ Խօսիլ

Հոկտեմբեր 11, 2025
Կրակներու Խաղեր Աշունը Տօնելու Համար
Մանկապատանեկան

Կրակներու Խաղեր Աշունը Տօնելու Համար

Հոկտեմբեր 4, 2025
Կրթութիւն Ստանալու Իրաւունքը
Մանկապատանեկան

Կրթութիւն Ստանալու Իրաւունքը

Սեպտեմբեր 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?