Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ճափոնի Արտասովոր Սովորութիւններէն Մէկը

Օգոստոս 26, 2023
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Առաջին անգամ Ճափոն այցելող զբօսաշրջիկ մը պիտի հանդիպի արտասովոր տեսարանի մը. ապրանք գնելու մեքենաները (վենտինկ մաշին) ամէն տեղ են, փողոցներուն երկայնքին, կայարաններուն մէջ, շէնքերուն մէջ… ընդամէնը` աւելի քան 5 միլիոն գնումի մեքենաներ, որոնցմէ 3 միլիոնը յատկացուած է տարբեր տեսակի ապրանքներու, իսկ մնացածը` դրամ կամ տոմսակ հայթայթող մեքենաներ: Այդ մեքենաներէն 6-էն 5-ը կը ծախեն ըմպելիներ:

Այս մեքենաները ո՛չ միայն խանութներուն մէջ զետեղուած են, այլ նաեւ` դպրոցներուն մէջ, ճաշարաններու կամ եկեղեցիներու մուտքին… եւ հակառակ անոր որ անոնք բացօթեայ զետեղուած են, այս մեքենաներուն վնաս չեն հասցուիր, եւ  գողութիւններ գոյութիւն չունին: Ճափոնցիները շատ յարգանքով կը վարուին:

* * *

Յաճախ այս մեքենաները կը ծախեն պաղ ըմպելիներ (կապոյտ գոյն) եւ տաք ըմպելիներ (կարմիր գոյն): Ձախին կանաչ թէյ, կեդրոնը եգիպտացորենի ապուր, իսկ աջին` միսօ ապուր… Նոյն մեքենայէն կարելի է գնել թէ՛ պաղ, թէ՛ տաք ըմպելի շնորհիւ յատուկ ուժանիւթ խնայող եւ վերամշակող արհեստագիտութեան մը:

Այս գնումի մեքենաներէն կարելի է գնել նաեւ ագարակէն եկած թարմ ապրանքներ, ինչպէս` հաւկիթ, բանջարեղէն եւ պտուղ: Սակայն այս մեքենաները զետեղուած են մեծ քաղաքներէն դուրս: Այս ապրանքներուն կողքին, գնումի մեքենաները տեսակաւոր ապրանքներ կ՛առաջարկեն յաճախորդներուն: Սովորական գիրքերու, պաթըրիներու եւ հովանոցներու կողքին, կարելի է գտնել նաեւ ընտանի անասուններու յատուկ հագուստներ, ճաշի պատրաստ թացաններ, եւ մետաղեայ տուփի մէջ հաց: Եւ անշուշտ այս բոլոր գնումի մեքենաներուն քով միշտ գոյութիւն ունին անխուսափելի աղբամանները:

Իսկ գիտէի՞ր նաեւ, թէ գոյութիւն ունին աղէտներու յատուկ հազարաւոր մեքենաներ որոնք ծրագրուած են աղէտի պարագային, ինչպէս` երկրաշարժ կամ ցունամի, ձրի ըմպելիներ բաժնելու: Անոնք օժտուած են յատուկ պաթըրիներով կամ ճէնէրէյթըրներով, որոնք կրնան բանիլ, երբ ելեկտրական հարցեր գոյութիւն ունենան:

62 Հոթ–Տոկ` 10 Վայրկեանի Մէջ

Միացեալ Նահանգներու մէջ գոյութիւն ունին ուտելիքի վերաբերեալ բազմաթիւ տարօրինակ մրցումներ: Ասոնց կարգին հոթ-տոկ ուտելու մրցումը:

Այս մրցումը տեղի կ՛ունենայ ամէն տարի. մասնակիցները առաւելագոյն թիւով հոթ-տոկի սանտուիչներ պէտք է ուտեն 10 վայրկեանի մէջ:

16-րդ անգամն է, որ այս տիտղոսին կ՛արժանանայ ամերիկացի Ճոյի Չեսթնորթ: 10 վայրկեանի մէջ ան կրցած է ուտել 62 հոտ-տոկ: Սակայն անոր մրցանիշը 10 վայրկեանի մէջ 76 հոթ-տոկ է: Ան կրնայ նաեւ ուտել 141 խաշուած հաւկիթ 8 վայրկեանի մէջ, կամ նոյնիսկ 103 համպըրկըր` դարձեալ 8 վայրկեանի մէջ… Այս պատճառով է, որ անուանուած է «ճոզ»` ծնօտներ:

Սակայն նման մրցումներու մասնակցելու համար ան ունի իր հնարքները` իր ստամոքսը պատրաստելու համար: Անշուշտ նման բան մը պէտք չէ փորձել տունը կատարել:

Գիտէի՞ր, Թէ

– Սարկասօ ծովը միակ ծովն է, որ ծովափ չունի: Այս ծովը կը գտնուի Ատլանտեան ովկիանոսին մէջ, ունի մօտաւորապէս 1000 քմ լայնք եւ 3200 քմ երկայնք, եւ ան շրջապատուած է ովկիանոսի հոսանքներով: Ան նշանաւոր է Սարկասում կոչուած ջրախոտով մը, եւ` օձաձուկերով, որոնք կը ցատկեն անոր ջուրերուն մէջ եւ հետագային հազարաւոր քիլոմեթրեր կը կտրեն` հոն վերադառնալու եւ իրենց հաւկիթները ածելու:

– Տը Սփրուս Կուսը եղած է աշխարհի ամէնէն մեծ օդանաւը: Աւելի քան 64 մեթր երկարութիւն ունեցող այս օդանաւին թեւերուն բացուածքը մօտաւորապէս 100 մեթր է: Ան միայն մէկ անգամ թռիչք կատարեց, 1947 թուականին: Ան շինուած էր զինուորներ եւ զէնքեր փոխադրելու Բ. Համաշխարհային պատերազմին ընթացքին: Սակայն երբ ան վերջապէս պատրաստ եղաւ իր պաշտօնը կատարելու, պատերազմը աւարտած էր: Այժմ անիկա ցուցադրուած է Միացեալ Նահանգներու Օրեկոնի Էվըրկրին աւիէյշըն էնտ սփէյս մուզիոմ թանգարանին մէջ:

– Մարդ արարածը երկրագունդի վրայ արձանագրուած 1,3 միլիոն կենդանի էակներէն մէկն է: Ամէն տարի մօտաւորապէս 15 հազար նոր տեսակներ կը գտնուին: Ոչ մէկը գիտէ, թէ որքա՛ն տարօրինակ եւ սքանչելի էակներ գոյութիւն ունին մեր մոլորակին վրայ եւ կը սպասեն, որ մենք իրենց ծանօթանանք:

– Արեւը մեզի ամէնէն մօտ աստղն է, ան կը գտնուի երկրագունդէն 149.597.893 քմ հեռու: Արեւուն լոյսը մեզի կը հասնի 8 վայրկեան եւ 17 երկվայրկեանէն:

– Երբ Աղեքսանդրիոյ փարոսը շինուեցաւ ՔԱ 280 թուականին, իր մօտաւորապէս 120 մեթր բարձրութեամբ ան աշխարհի ամէնէն բարձր շինութիւններէն մէկն էր: Ան Հին աշխարհի 7 հրաշալիքներէն մէկն էր: Սակայն այժմ ան բաւական փոքր պիտի թուի մեր երկնաքերներուն բաղդատմամբ, եւ յատկապէս աշխարհի ամէնէն բարձր շինութեան` Պուրժ Խալիֆայի 829.8 մեթր բարձրութեան համեմատ:

– Հարաւային Ամերիկայի էնքա ժողովուրդը ոսկին եւ արծաթը կը գործածէր շատ գեղեցիկ առարկաներ շինելու համար, բայց բնաւ` իբրեւ դրամ: Անոնք հազուագիւտ քաղաքակրթութիւններէն մէկն էին, որոնք կրցած էին աշխատիլ առանց դրամ գործածելու:

Ժամանց

Կրնա՞ս գտնել 2 պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող 12 տարբերութիւնները:

Կրնա՞ս գտնել ելքի ճամբան:

Կրնա՞ս գտնել պատկերին մէջ պահուած առարկաները:

Նախորդը

Յայտարարութիւններ (25 Օգոստոս 2023)

Յաջորդը

«Կոմիտաս Քառեակ»-ին Ելոյթին Առիթով Միացեալ Հաղորդագրութիւն

RelatedPosts

Ի՞նչ Է Ալկորիթմը
Մանկապատանեկան

Ի՞նչ Է Ալկորիթմը

Մայիս 10, 2025
Եութուպը (YouTube) 20 Տարեկան Է
Մանկապատանեկան

Եութուպը (YouTube) 20 Տարեկան Է

Մայիս 3, 2025
Ձեռային Աշխատանք.  Զատկուան Պատրաստութիւններ
Մանկապատանեկան

Ձեռային Աշխատանք. Զատկուան Պատրաստութիւններ

Ապրիլ 12, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?