Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կեանքի Աղբի՞ւր Երկնաքարի Մը Վրայ

Նոյեմբեր 4, 2023
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Կիրակի, 24 սեպտեմբերի կէսօրէ ետք սեւ անջրպետամեքենայ մը իջաւ Միացեալ Նահանգներու Եութայի անապատին զինուորական շրջանի մը մէջ: Անոր վերադարձը սպասուած էր, եւ ամէն ինչ բնականօրէն ընթացաւ: Երկրագունդէն 100 հազար քմ բարձրութեան վրայէն ան դէպի երկիր ուղարկուեցաւ ՆԱՍԱ-ի ուրիշ անջրպետանաւերէն` Օզիրիս-Ռեքսի կողմէ: Այս անջրպետանաւը անջրպետին մէջ կը շրջի 7 տարիներէ ի վեր:

Ապա անջրպետամեքենան անցաւ մթնոլորտին ընդմէջէն` յառաջանալով աւելի քան ժամական 44 հազար քմ արագութեամբ, եւ աւելի քան 2700 աստիճան ջերմաստիճանով մը: Վերջապէս, երկու անկարգելներ բացուեցան եւ դանդաղեցուցին անոր էջքը մինչեւ գետին:

* * *

Գետին հասնելէ անմիջապէս ետք, ՆԱՍԱ-էն խմբակ մը, յատուկ ձեռնոցներ եւ դիմակներ հագած, ստուգեց, թէ մեքենան լաւ պայմաններու մէջ կը գտնուէր, եւ զայն ցանցի մը մէջ դրաւ: Ապա այդ ցանցը օդը բարձրացուեցաւ ուղղաթիռի մը միջոցով եւ տարուեցաւ դէպի «Ճերմակ սրահ» մը: Այս սրահը վայր մըն է, ուր գիտնականները կը ստուգեն, թէ մեքենան չէ՞ վնասուած երկրագունդ ժամանելու ատեն». այսինքն դուրսէն ո՛չ մէկ տարր կրցած է մէջը թափանցել: Վերջապէս, տուփը փոխադրուած է տարրալուծարան մը, ուր քննութիւնները սկսաւ տեղի ունենալ:

Սակայն ի՞նչ կը գտնուի այդ տուփին մէջ: Ան կը պարունակէ աւելի քան 200 կրամ խիճեր եւ փոշի, զորս Օզիրիս-Ռեքսը հաւաքած է Պեննու երկնաքարին (ասթէրոյիտ) վրայէն. այս մեծ մարմինը ունի 500 մեթր տրամաչափ եւ կը դառնայ արեւուն շուրջ: Ան մինչեւ այսօր անջրպետէն բերուած ամէնէն մեծ նմուշն է: Գիտնականները կը յուսան, որ ան իրենց պիտի օգնէ աւելի լաւ հասկնալու, թէ ինչպէ՛ս կազմուած է արեգակնային դրութիւնը, եւ հետեւաբար` երկրագունդը, սկիզբի շրջաններուն, 4,5 միլիառ տարիներ առաջ:

Հակառակ մեր երկրագունդին` երկնաքարերը անեղծ մնացած են այս ամբողջ ժամանակին ընթացքին: Հետեւաբար անոնք կը պարունակեն հետքեր եւ ցուցիչներ, որոնք մեզի կրնան իմացնել, թէ ինչպէ՛ս ծնած եւ աճած է արեգակնային դրութիւնը: Երկրագունդին զարնուելով` այս երկնաքարերը հաւանաբար երկրագունդին փոխանցած են տարրեր, որոնք նպաստած են, որ երկրագունդին վրայ կեանքը սկիզբ առնէ:

* * *

Պեննուէն բերուած նմուշը տարբեր կտորներու բաժնուեցաւ: Անոր մօտաւորապէս 25 առ հարիւրը պիտի գործածուի անմիջական փորձեր եւ քննութիւններ ընելու համար: Բաժին մը պիտի տրուի Ճափոնի եւ Քանատայի, որոնք, Միացեալ Նահանգներու կողքին, մասնակցեցան այս գործողութեան: Իսկ մնացած 70 առ հարիւրը մէկ կողմ պիտի դրուի եւ պահուի հետագային ապագայ սերունդներու կողմէ քննուելու եւ ուսումնասիրուելու համար, որովհետեւ անոնք աւելի յառաջացած մեքենաներ պիտի ունենան, քան` ներկայի գիտնականները:

Իսկ Օզիրիս-Ռեքս կը շարունակէ իր պաշտօնը: Անիկա այժմ կ՛ուղղուի այցելելու ուրիշ երկնաքար մը:

Հոկտեմբեր 11-ին ՆԱՍԱ վերջապէս յայտարարեց, որ այս նմուշը ջուր եւ բնածուխ կը պարունակէր: Այս երկու տարրերն են, որոնք կարելիութիւնը տուած են, որ կեանքը սկիզբ առնէ երկրագունդին վրայ: Այս յայտնաբերումը կրնայ հաստատել այն, ինչ որ բազմաթիւ գիտնականներ կը մտածեն, 4,5 միլիառ տարիներ առաջ երկրագունդին զարնուելով` Պեննուի նման երկնաքարերը մեր մոլորակին վրայ բերած են այն ջուրը, որ ներկայիս կը կազմէ ովկիանոսները, գետերը, լիճերը… Անշուշտ քննութիւնները կը շարունակուին:

Ակամայ Մրցանիշ Արձանագրած
Աստղանաւորդը

Առանց որեւէ կամաւոր որոշում մը տալու` ՆԱՍԱ-ի խումբին մաս կազմող աստղանաւորդ Ֆրանք Ռուպիօ մրցանիշ մը արձանագրած է` անջրպետին մէջ ամէնէն երկար ժամանակ մնացող ամերիկացին դառնալով:

Ռուզիօ եւ ռուս աստղանաւորդներ Սերկէյ Փրոքոփիեւ եւ Տմիթրի Փեթըլին դէպի անջրպետ ուղղուեցան «Սոյուզ ՄՍ-22» անջրպետանաւին մէջ, 21 սեպտեմբեր 2022-ին, սկզբունքով խմբակը վեց ամիս պիտի անցընէր Այ Էս Էս միջազգային անջրպետի կեդրոնին մէջ եւ երկիր պիտի վերադառնար փետրուար 2023-ին:

Սակայն դեկտեմբեր 2022-ին անջրպետին մէջ շրջող լքուած եւ այլեւս անպէտք առարկաներէն կտոր մը կը զարնուի կանգ առած «Սոյուզ» անջրպետանաւին: Այս արկածը վնասներ կը հասցնէ անջրպետանաւին, եւ հետեւաբար մասնագէտներ կը յայտնեն, որ ան ապահով չէ աստղանաւորդները երկիր վերադարձնելու համար:

Հետեւաբար երեք աստղանաւորդները երկիր վերադառնալու համար ստիպուած եղան սպասելու մինչեւ աստղանաւորդներու երկրորդ խումբ մը պատրաստ ըլլայ զիրենք փոխարինելու:

Վերջապէս անոնք երկիր վերադարձան 23 սեպտեմբեր 2023-ին` անջրպետին մէջ անցընելով 371 օր, 180 օրուան փոխարէն: Ռուպիօ կտրեց ամերիկացի աստղանաւորդ Մարք Վանտը Հէյի 355 օրուան մրցանիշը, որ արձանագրուած էր 2022 թուականին: Սակայն անջրպետին մէջ ամէնէն երկար ժամանակ մնացողի մրցանիշը կը մնայ ռուսերուն կողմէ 1990-ական թուականներուն կէսուն արձանագրուած 437 օրը:

Հետաքրքրական Լուրեր Աշխարհէն

– Աշխարհի ամէնէն երկար նուագահանդէսը 639 տարի պիտի տեւէ: Ճոն Քէյճի կողմէ յօրինուած Organ 2 / ASLSP (Ազ սլո ազ փոսիպըլ- որքան կարելի է` այնքան դանդաղ) անունով կտորը սկսուած է ներկայացուիլ 2001 թուականին, Գերմանիոյ եկեղեցիներէն մէկուն մէջ: Ան վերջ պիտի գտնէ 2640 թուականին:

– Կապիկները չեն գիտեր երաժշտութիւնը գնահատել:  Մարդակապիկները, անոնց մէջ ըլլալով շեմփանզէները եւ օրանկութանները, ոչ մէկ հակազդեցութիւն ունին երաժշտութեան հանդէպ: Մասնագէտներ փաստած են, որ անոնք ո՛չ մէկ զանազանութիւն կը դնեն Պեթհովենի եւ Ճասթըն Պիպըրի միջեւ, եւ երաժշտութիւնը անոնց համար պարզապէս անիմաստ ձայներէ կազմուած է:

– Վերջին 20 տարիներուն գիտնականները աւելի քան 1000 մոլորակներ գտած են: Ըստ երեւոյթին, այս թիւը բարձրանալու միտում ունի: Ըստ վերջին լուրերուն, ՆԱՍԱ-ն յայտարարած է, որ մեր արեգակնային դրութենէն անդին գտնուող 219 նոր ծաւալներ գտած է, անոնք շատ հաւանաբար մոլորակներ են: Անոնք կ՛աւելնան «Քեփլեր» անջրպետային աստղադիտակին արդէն գտած 2325 մոլորակներուն վրայ: Ասոր կողքին, այս ծաւալներէ տասն ժայռոտ են, ունին երկրագունդին մեծութիւնը եւ բնակելի են: Իսկ եթէ անոնցմէ մէկուն վրայ կայուն մթնոլորտ մը գոյութիւն ունենայ, հաւանականութիւնը մեծ է, հոն արտերկրային կեանք ալ գոյութիւն ունենայ:

– 1889 թուականին Իտալիոյ թագուհի Մարկարիթա տը Սաւոյ փիցցայի առաջին տունի ապսպրանքը ըրած է: Ըստ աւանդութեան, Իտալիոյ Ումպերթօ Ա. թագաւորը եւ Մարկարիթա տը Սաւոյ թագուհին կ՛այցելէին Նափոլի քաղաք, մօտաւորապէս 1889 թուականին: Երբ թագուհին կը հիւանդանայ փճացած ուտելիք օգտագործելէ ետք, կը պահանջէ շրջանի իտալական աւանդական ուտելիքը մատուցել:

– «Ֆենտըր» կիթառները հնարողը կիթառ նուագել չէր գիտեր: Լէօ Ֆէնտըրի այս գիւտը մեծ ազդեցութիւն ունեցաւ 20-րդ դարու երաժշտութեան զարգացման վրայ: Անոր վաճառանիշը աշխարհի ամէնէն ծանօթ անուններէն մէկը դարձած է: Սակայն հակառակ անոր որ Լէօ Ֆենտըր իր ամբողջ կեանքի ընթացքին աշխատած է երաժշտութեան գործիքներուն աշխարհի մէջ, ան բնաւ չէ սորված կիթառ նուագել:

Ժամանց

Կրնա՞ս գտնել 2 պատկերներուն միջեւ
գոյութիւն ունեցող 7 տարբերութիւնները:

Կրնա՞ս գտնել ելքի ճամբան:

Կրնա՞ս գտնել պատկերին մէջ պահուած առարկաները: Կրնա՞ս գտնել նաեւ`
գաւազանը, տերեւը, բարձրախօսը եւ կարկանդակի կտորը:

Կրնա՞ս գտնել տախտակին մէջ պահուած թիւերը:

Նախորդը

Յայտարարութիւններ (3 Նոյեմբեր 2023)

Յաջորդը

Հայկական Սպաննիչ Ճգնաժամէն Դէպի Action Plan(1)

RelatedPosts

Արհեստական Բանականութիւնը Կրնա՞յ Խօսիլ
Մանկապատանեկան

Արհեստական Բանականութիւնը Կրնա՞յ Խօսիլ

Հոկտեմբեր 11, 2025
Կրակներու Խաղեր Աշունը Տօնելու Համար
Մանկապատանեկան

Կրակներու Խաղեր Աշունը Տօնելու Համար

Հոկտեմբեր 4, 2025
Կրթութիւն Ստանալու Իրաւունքը
Մանկապատանեկան

Կրթութիւն Ստանալու Իրաւունքը

Սեպտեմբեր 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?