Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վերամուտ. Ինչի՞ Կը Ծառայէ Դպրոցը

Սեպտեմբեր 23, 2023
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Սեպտեմբեր ամսուն ընթացքին աշխարհին շուրջ միլիոնաւոր աշակերտներ դարձեալ բռնեցին դպրոցին ճամբան. սակայն ինչո՞ւ անոնք միշտ արձակուրդի մէջ չեն ըլլար:

– Ինչի՞ կը ծառայէ դպրոցը

Դպրոցը կը ծառայէ աշակերտներուն ուսուցանելու, անոնց գիտութիւններ փոխանցելու:

Դպրոցին մէջ մենք կը սորվինք կարդալ, գրել, հաշուել, հասկնալ աշխարհի պատմութիւնը, աշխարհագրութիւնը…

– Դպրոց երթալը միայն գիտութիւններ հաւաքելու համա՞ր է

Ո՛չ միայն: Դպրոցը նոյն ատեն ուրիշներու հետ հանդիպումի վայր մըն է, ուր աշակերտը կ՛ապրի համախումբ կեանքի փորձառութիւնը: Այսինքն` ան կ՛ապրի եւ կը բաժնեկցի իր ընտանիքէն տարբեր անձերու հետ, ընկերներու, ուսուցիչներու, ինչպէս նաեւ ուրիշ չափահասներու հետ:

Դպրոցին մէջ ան կը սորվի նաեւ դիմացինը յարգելը, անկախ անոր տարբերութիւններէն կամ կրօնական պատկանելիութենէն: Ասոր կողքին ան կը սորվի նաեւ վիճաբանիլ իր անձնական գաղափարը կազմել հետագային պատասխանատու չափահաս մը դառնալու համար: Անշուշտ պէտք չէ մոռնալ նոր երկիրներու, նոր նիւթերու ծանօթացումը: Դպրոցը կը քաջալերէ եւ կը գնահատէ աշակերտին ճիգերը` ինքնավստահութիւնը եւ ինքնավարութիւնը:

* * *

Դպրոց երթալու կարելիութիւնը բախտաւորութիւն մըն է: Աշխարհին վրայ 6-14 տարեկան շուրջ 120 միլիոն մանուկներ ու պատանիներ այս կարելիութիւնը չունին, հակառակ անոր որ դպրոց յաճախելը իւրաքանչիւր մանուկի եւ պատանիի իրաւունքներէն մէկն է: Այս իրաւունքը մաս կը կազմէ Մանուկներու իրաւունքներու համագումարի որոշումներուն ստորագրուած գրեթէ բոլոր երկիրներու կողմէ: Սակայն, հակառակ ասոր, դժբախտաբար բոլոր երեխաները այս դիւրութիւնը եւ առիթը չունին:

* * *

* * *

Երկրորդ համաշխարհային պատերազմէն ետք (1939-1945) մեծ ճիգ ի գործ դրուեցաւ աշխարհին շուրջ, որպէսզի աւելի մեծ թիւով երեխաներ կարենան դպրոց յաճախել: Սակայն գործնականօրէն տակաւին մեծ անհաւասարութիւններ գոյութիւն ունին:

Առաջին հերթին Ափրիկէի մեծ մասն է, որ ամէնէն շատ կը տառապի այս վիճակէն, հոն 6-14 տարեկան 65 միլիոն երեխաներ դպրոց չեն յաճախեր: Մինչ Եւրոպայի, Ովկիանիոյ, Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ գրեթէ բոլոր պզտիկները դպրոց կ՛երթան:

* * *

Դպրոց երթալու փոխարէն մանուկներն ու պատանիները կը ստիպուին աշխատիլ իրենց յաճախ շատ աղքատ ընտանիքը օգնելու: Գիւղական շրջաններուն մէջ անոնք կ՛աշխատին դաշտերուն մէջ: Քաղաքներուն մէջ, նոյնիսկ եթէ մանուկներուն աշխատանքը արգիլուած է, անոնք կ՛աշխատին գործարաններուն մէջ, տուներուն մէջ` իբրեւ օգնական…

Երկար ժամանակ կարգ մը աղքատ երկիրներու մէջ տղոցմէ աւելի աղջիկները դպրոցէ զրկուած էին: Անոնք ստիպուած էին տունը մնալու, տան աշխատանքներուն օգնելու համար: Այժմ այս համեմատութիւնը նուազած է, եւ աւելի մեծ թիւով աղջիկներ դպրոց կը յաճախեն: Սակայն անշուշտ տակաւին կան հազուագիւտ պարագաներ, կարգ մը երկիրներու մէջ, ուր աղջիկներուն կ՛արգիլուի նախակրթարանէն ետք դպրոցը շարունակել…

* * *

– Գիտէի՞ր, թէ աղքատ երկիրներու մէջ, յատկապէս` Ափրիկէի աշակերտները նուազագոյն գրենական պիտոյքները նոյնիսկ չունին, տետրակ, գրիչ, գիրքեր… Շատեր ստիպուած են ամէն ինչ գոց սորվիլ, որովհետեւ անոնք նոթեր առնելու միջոցները չունին…

Հրատ Մոլորակին Դառնալու
Արագութիւնը Կը Բարձրանայ

Ինչպէս մեր արեւային դրութեան միւս բոլոր մոլորակները, Հրատ մոլորակն ալ կը դառնայ արեւուն շուրջ, նոյն ատեն ալ` ինքնիր վրայ:

Հրատի վրայ մէկ օրը, այսինքն երբ ան ինքնիր շուրջ լման շրջանակ մը կ՛ընէ, կը տեւէ 24 ժամ եւ 37 վայրկեան:

Ըստ գիտնականներուն, Հրատի շրջան ընելու օրը կը կարճնայ ամէն տարի, սակայն շատ քիչ, նուազ քան մէկ միլիոներորդ երկվայրկեան: Ան կը նուազի, որովհետեւ մոլորակին ինքնիր վրայ դառնալու արագութիւնը շատ քիչ կը բարձրանայ:

Այս արագանալուն պատճառները տակաւին անծանօթ են: Կրնայ ըլլալ, որ անոնք կախեալ ըլլան մոլորակին վրայի տարբեր տարրերուն ծանրութեան փոփոխութենէն:

Մոլորակները Կը Դառնան

Մեր արեւային դրութեան 8 մոլորակներն ալ` իրենք իրենց վրայ դառնալով, կը դառնան նաեւ արեւուն շուրջ:

– Մոլորակի մը պարագային մէկ տարին կը նկատուի այն ժամանակամիջոցը, որուն ընթացքին ան լման շրջան մը կ՛ընէ արեւուն շուրջ: Մոլորակ մը որքան հեռու գտնուի արեւէն, այնքան աւելի երկար ժամանակի կը կարօտի արեւուն շուրջ իր շրջանակը ամբողջացնելու:
– Իսկ իւրաքանչիւր մոլորակ ինքնիր վրայ դառնալը կը տեւէ մէկ օր: Եւ անշուշտ  իւրաքանչիւր մոլորակի համար անոր տեւողութիւնը կը տարբերի:
– Լուսնթագին վրայ 1 օրը (ինքն իր վրայ) կը տեւէ 10 ժամ, իսկ տարին (արեւուն շուրջ)` 12 տարի:
– Երեւակին վրայ 1 օրը կը տեւէ 10.5 ժամ, իսկ տարին` 29 տարի:
– Փոսիտոնի վրայ 1 օրը կը տեւէ 16 ժամ, իսկ տարին` 165 տարի:
– Ուրանոսի վրայ 1 օրը կը տեւէ 17 ժամ, իսկ տարին` 84 տարի:
– Երկրագունդին վրայ 1 օրը կը տեւէ 24 ժամ, իսկ տարին` 365 օր կամ 1 տարի:
– Հրատի վրայ 1 օրը կը տեւէ 24.5 ժամ, իսկ տարին` 687 օր եւ մօտաւորապէս երկու տարի:
– Փայլածուի վրայ 1 օրը կը տեւէ 59 օր, իսկ տարին` 88 օր:
– Արուսեակի վրայ 1 օրը կը տեւէ 243 օր, իսկ տարին` 225 օր:

Ժամանց

Կրնա՞ս գտնել 2 պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող 12 տարբերութիւնները:

Կրնա՞ս գտնել դպրոց հասցնող ճամբան:

Կրնա՞ս գտնել պատկերին մէջ պահուած առարկաները:

Կրնա՞ս գտնել տախտակին մէջ պահուած թիւերը:

 

 

 

 

Նախորդը

Բագին Հաստատուն Կռուաններ Ունի, Երկար Տարիներու Ճանապարհ Կտրելու Համար

Յաջորդը

Իրաւացի Է Այդ Հայուհին

RelatedPosts

Եութուպը (YouTube) 20 Տարեկան Է
Մանկապատանեկան

Եութուպը (YouTube) 20 Տարեկան Է

Մայիս 3, 2025
Ձեռային Աշխատանք.  Զատկուան Պատրաստութիւններ
Մանկապատանեկան

Ձեռային Աշխատանք. Զատկուան Պատրաստութիւններ

Ապրիլ 12, 2025
Համացանցը Միշտ Իրականութիւնը Կ՛ըսէ՞
Մանկապատանեկան

Համացանցը Միշտ Իրականութիւնը Կ՛ըսէ՞

Ապրիլ 5, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?