Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
Ամրան շրջանին հիւսիսային կիսագունդին մէջ օդը այնքան տաք սկսած է ըլլալ, որ մենք յաճախ կը լսենք, թէ տարբեր երկիրներու մէջ հրդեհներ բռնկած են անտառներուն մէջ: Այս տարի ալ, Միջերկրականի շուրջ տարբեր երկիրներու մէջ, եւ յատկապէս Յունաստանի մէջ անտառներու մեծ հրդեհները մեծ վտանգի տակ դրած են բնակիչները:
Այս ձեւով, աւելի քան 30 հազար զբօսաշրջիկներ ստիպուած լքեցին իրենց ամառնային արձակուրդներու վայրը յունական տարբեր կղզիներուն վրայ, ուր բոցերը կը փճացնէին անտառները:
* * *
Վերջին տարիներուն այս հրդեհները երեւցան աշխարհի չորս կողմերը տարբեր շրջաններուն մէջ, ինչպէս` Միացեալ Նահանգներ, Քանատա կամ Աւստրալիա: Ամրան, կարգ մը շրջաններու մէջ բուսականութիւնը շատ չոր կ՛ըլլայ, եւ ասիկա պատճառ կը դառնայ կրակին աւելի դիւրութեամբ տարածուելու: Կլիմայի փոփոխութեան պատճառով այս երեւոյթը կը սաստկանայ: Անիկա տարուան ընթացքին աւելի շուտ կը սկսի, եւ կը ներառէ տարբեր եւ նոր շրջաններ:
Մեծամասնութեան պարագային, այս հրդեհները կը յառաջանան` մարդուն պատճառով, անզգուշութիւն կամ արկածական ձեւով, փճացած ելեկտրական թել մը, խորովածի մը կրակիէն խուսափած կայծ մը, կամ չմարած ծխախոտի մնացորդ մը…
Սակայն, դժբախտաբար կը պատահի, որ անձ մը կամաւոր կերպով հերդեհի մը պատճառ դառնայ: Իսկ վերջապէս, հազուադէպօրէն այդ հրդեհը կրնայ բնական պատճառներէ յառաջանալ, երբ կայծակը կ՛իյնայ ծառի մը չոր կոճղին վրայ:
* * *
Անտառային այս հրդեհներուն պարագային, հրշէջները կը միջամտեն ջուրով լեցուն իրենց փոխադրակառքերով, օդանաւերով, ուղղաթիռներով: Անոնք կրնան նաեւ հրդեհին ճամբուն վրայ գտնուող անտառին փոքրիկ մաս մը այրել` հրդեհին յառաջխաղացքը կանխելու համար: Այս հրդեհներուն աւելի լաւ տիրապետելու համար մասնագէտները կ՛ուսումնասիրեն անոնց վարուելակերպը` ըստ օդերեւութաբանական պայմաններուն, շրջանին եւ բուսականութեան: Շատ կարեւոր է նաեւ անդադար, ամբողջ տարուան ընթացքին կանխարգիլել եւ պէտք եղած քայլերը առնել` պահպանելու մեր անտառները:
Փերու
Խոտերէ Շինուած Կամուրջ Մը
Հարաւային Ամերիկա, Փերուի Քուզքօ շրջանին մէջ, գոյութիւն ունի 28 մեթր բարձրութեան վրայ Ափուրիմաք գետին վրայէն անցնող կամուրջ մը: Անիկա գոյութիւն ունի էնքաներու կայսրութեան ժամանակէն ի վեր, 6 դարեր առաջ: Շրջանի բնիկ քեչուա ժողովուրդը կը շարունակէ գործածել այդ կամուրջը` գետը քալելով անցնելու համար, հակառակ քիչ անդին գտնուող մետաղեայ կամուրջը, որ կը գործածուի ինքնաշարժներուն կողմէ:
Ամէն տարի, յունիս ամսուն, ընտանիքները կը հաւաքուին կամուրջը ամբողջովին վերակազմելու համար: Կիները խոտը կը հիւսեն զայն պարաններու վերածելու համար, իսկ այր մարդիկը զանոնք կը կախեն եւ իրարու կը կազմեն: 3 օրուան մէջ 30 մեթր երկարութիւն ունեցող նոր կամուրջ մը կը փոխարինէ հինը, որ կը քակուի, եւ գետը զայն կը տանի իրեն հետ: Վերջապէս, ընտանիքները մեծ խրախճանք մը կը կազմակերպեն` երգերով, աղօթքներով եւ ճոխ ուտելիքներով:
Հետաքրքրական
Աղբամանը` Պասքեթպոլի Կողով
Ֆրանսայի Մոնփըլիէ քաղաքը դպրոցներուն մօտ զետեղուած աղբամաններուն տուած է պասքեթպոլի կողովներու կերպարանք: Այս ձեւով, աղբերը նետելը իսկական խաղի կը վերածուի: Անոնք նարնջագոյն ներկուած են, եւ պաստառ մը կը քաջալերէ աշակերտները` իրենց ամէնէն լաւ «շութը» ընել:
Պէտք է նշել, որ այս գաղափարը յղացած է քաղաքապետարանի փոքրիկներուն խորհուրդը:
Ժամանց
Կրնա՞ս գտնել ելքի ճամբան:
Այս 4 տուփերէն իւրաքանչիւրին մէջ կան բազմաթիւ առարկաներ: Միայն
3 առարկաներ նոյն ատեն կը գտնուին չորս սիւնակներուն մէջ: Կրնա՞ս գտնել այդ չորս առարկաները:
Կրնա՞ս գտնել 2 պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող 12 տարբերութիւնները: