Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մելպուռնի Մէջ. Ծառերն Ալ Ե-Նամակի Հասցէ Ունին

November 25, 2023
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ  

2013 թուականին Աւստրալիոյ Մէլպուռնի քաղաքը կիրարկեց ընդարձակ ծրագիր մը` օգնելու քաղաքացիներուն նշելու կախուած վտագաւոր ծառերու ճիւղերը, վնասուած կամ փտած ծառերը: Այս գործողութիւնը դիւրացնելու համար ան իւրաքանչիւր ծառի տուաւ թիւ մը եւ ե-նամակի հասցէ մը: Այս ձեւով բաժնուեցան 77 հազար թիւեր:

Սակայն քաղաքին խանդավառ բնակիչները չբաւարարուեցան միայն հարցերը նշելով: Ասոր կողքին, անոնք սկսան գրելու` ուղղուելով դէպի ծառերը, անոնց արտայայտելու իրենց սէրը, պատմելու դէպքեր առօրեայէն, հարցումներ ուղղել լուրերուն մասին, կամ նոյնիսկ` արտայայտելու էական մտահոգութիւններ:

Այդ ե-նամակներէն մէկուն մէջ կարելի է կարդալ:

«Բարե՛ւ, լացո՛ղ մրտենի,

«Նշմարեցի, որ մօտերդ շատ բարեկամներ չունիս: Ինծի համար ասիկա տխուր վիճակ մըն է, հետեւաբար կ՛ուզեմ, որ գիտնաս, թէ ես քու մասիդ կը մտածեմ: Կ՛ուզեմ նաեւ քեզի շնորհակալութիւն յայտնել մեզի թթուածին հայթայթելուդ համար, որպէսզի մենք կարենանք շնչել քաղաքիս եռուզեռին մէջ: Յարգանքներս»:

* * *

Միշտ աւելի մեծ թիւով քաղաքներ սկսած են գործածել նոր արհեստագիտութիւնները` բնակիչներուն առօրեան կամ ապահովութիւնը բարելաւելու համար: Այս ձեւով, օրինակի համար, Շիքակոյի մէջ գոյութիւն ունի յաւելուած մը, որուն միջոցով կարելի է հետեւիլ մայթերուն վրայի փոսերուն:

Ի՞նչ Գիտենք Ծառերուն Մասին

1.- Ծառերը երկրագունդին վրայ ապրող ամէնէն հին կենդանի էակներն են.

Գիտէի՞ր, թէ Միացեալ Նահանգներուն մէջ գտնուող Փոփուլուս Թրեմուլոտիս բարտի ծառերուն «գաղութ» մը մեր մոլորակին ամէնէն ծեր կենդանի էակն է: Անիկա բաղկացած է աւելի քան 80 հազար տարուան ծառերէ: Ան կը համարուի մէկ եւ միացեալ մարմին մը, որ «բնակուած է» մօտաւորապէս 40 հազար «էակներէ», որոնք իրարու միացած են արմատներու միակ դրութեամբ մը: Կ՛ենթադրուի, որ անոր ծանրութիւնը աւելի քան 6000 թոն է: Մինչ ծովային աշխարհին մէջ` Միջերկրական ծովուն մէջ գտնուող Փոսիտոնիա Օսէանիքա ջրախոտն է, որ ծերութեան մրցանիշը կը կոտրէ: Ծաղիկ տուող ընդծովեայ այս բոյսերուն «գաղութը» գոյութիւն ունի 80 հազարէն 200 հազար տարիներէ ի վեր:

2.- Աշխարհի վրայ աւելի շատ ծառեր գոյութիւն ունին, հոն` համաստեղութեան մը մէջ (կալաքսի) աստղեր:

Մեր Ծիր Կաթին համաստեղութեան մէջ գոյութիւն ունին 200-400 միլիառ աստղեր: Մինչ երկրագունդին վրայի ծառերուն թիւը կը հասնի … թրիլիոններուն աւելի քան 3 թրիլիոն ծառ գոյութիւն ունի երկրագունդին վրայ. 1 թրիլիոնը հաւասար է 1 միլիոն միլիառի, կամ` 1 միլիոն միլիոն միլիոնի:

3.- Ծառերը ամէն տարի մօտաւորապէս 2000 լիթր ջուր կը ծծեն:

Ամէն օր չափահաս կաղնի մը մինչեւ 200 լիթր ջուր կը ծծէ հողէն, մինչեւ երեսուն մեթր բարձրութեան վրայ: Մինչ ուռենին եւ բարտին օրական պէտք ունին մօտաւորապէս 100 լիթր ջուրի:

4.- Մէկ տարուան ընթացքին ծառ մը կրնայ հայթայթել բաւականաչափ թթուածին` չորս անձերու մէկ տարուան շնչելու համար թթուածինի քանակը ապահովելու համար:

Ամէն տարի ծառ մը կ՛արտադրէ 10-35 քիլօ թթուածին, իսկ մէկ հեկտար տարածքով անտառ մը` 10-15 թոն թթուածին: Չափահաս անձ մը օրական 700 կրամ թթուածին կը սպառէ, եւ 15-30 քիլօ մէկ ու կէս ամսուան ընթացքին:

 

Թայլանտի Մէջ

Տարօրինակ Ճամբորդութիւն Մը`
Ջուրին Վրայ Ծփացող Շոգեկառքի Մը Մէջ

 

Ասիոյ հարաւ¬արեւելքը` Թայլանտի մէջ, անձրեւներու եղանակը վերջացաւ, եւ Ռոթ Ֆայ Լոյ նաւը կրնայ դարձեալ շրջիլ: Այս շոգեկառքը Պանքոք մայրաքաղաքը կը միացնէ Փասաք Ճոլասիք ամբարտակին: Այս ամբարտակը կարելիութիւնը կու տայ ջուրը ամբարելու դաշտերը ջրելու համար եւ ողողումներուն արգելք դառնալու:

Երեքուկէս ժամ տեւող ճամբորդութեան ընթացքին ճամբորդները կրնան զմայլիլ` դիտելով շուրջի (Ոթեսի լճակները) անտառները, տաճարները եւ բրինձի դաշտերը: Սակայն յատկապէս տպաւորիչ է, երբ շոգեկառքը կ՛անցնի ջրամբարին վրայէն, կարծէք` ան կը ծփայ ջուրի այդ ընդարձակ տարածքին վրայ:

… Առնուազն` հոկտեմբերէն յունուար ամիսներու միջեւ, որովհետեւ տարուան մնացած ժամանակը, ջուրին փոխարէն, այդ տարածքը կը ծածկուի արածող անասուններու հօտերով:

Միայն Երեք Եղանակ

Գիտէի՞ր, թէ Թայլանտի մէջ գոյութիւն ունին միայն երեք եղանակներ:

Ճիշդ է, որ Թայլանտի մէջ օդը միշտ տաք կ՛ընէ, սակայն հակառակ ասոր` կարելի է նշմարել երեք տարբեր եղանակներու գոյութիւնը, խոնաւ եղանակը, չոր (կամ զով) եղանակը, եւ վերջապէս` տաք եղանակը:

Եղանակներուն տեւողութիւնը կը տարբերի շրջանէ շրջան, սակայն, ընդհանուր առմամբ, ամէն տարի երկիրը կ՛ունենայ 6 ամիս անձրեւ, 3 ամիս չոր եւ զով եղանակ եւ 3 տաք ամիսներ:

Մինչ Թանզանիոյ Մէջ…

Խնդուքի համաճարակ մը տեւած է ամբողջ տարի մը:

Ան նախ սկսած է 1962¬ին, Քաշաշայի քաղաքին գիշերօթիկնոցի մը երեք աղջիկներու մօտ: Այդ ժամանակաշրջանին երկիրը տակաւին կը կոչուէր Թանկանիքա: Խնդուքը շատ շուտ տարածուած է ամբողջ դպրոցին մէջ: Ան վարակած է մօտաւորապէս 100 աշակերտ: Կարգ մը «հիւանդներու» պարագային, խնդուքը տեւած է մինչեւ երկու շաբաթ:

Նոյն տարուան մարտ ամսուն դպրոցը կը փակէ իր դռները, սակայն համաճարակը կը տարածուի դրացի գիւղի մը մէջ, երբ մանուկներ իրենց տուները կը վերադառնան: Դպրոցը դարձեալ կը բացուի մայիս ամսուն, սակայն ստիպուած` ան իր դռները դարձեալ կը փակէ յունիս ամսուն: Խնդուքի այս համաճարակը կը վարակուի նաեւ դրացի նախակրթարանի, եւ ապա` ուրիշ գիւղի մը, եւ ուրիշ երկու մանչերու դպրոցներու մէջ:

Ժամանց

Կրնա՞ս գտնել 2 պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող 10 տարբերութիւնները:
Կրնա՞ս գտնել ոսկորներուն հասցնող ճամբան

Կրնա՞ս գտնել պատկերին մէջ պահուած առարակաները:
Կրնա՞ս գտնել պակաս տոմինոները: Տոմիկոնոյի տուփի մը մէջ գոյութիւն ունին 28 կտորներ, անոնցմէ իւրաքանչիւրը ունի 2 բաժին: Իւրաքանչիւր բաժին կա՛մ պարապ է, կա՛մ ալ 1-6 կէտ կը պարունակէ: Ո՛չ մէկ տոմինօ միւսին նման է: Եւ բոլոր կարելի համադրութիւնները գոյութիւն ունին մէկ տուփի մէջ: Հետեւաբար, ո՞ր կտորները կը պակսին այս խումբին մէջ:

 

 

 

Նախորդը

Յայտարարութիւններ (24 Նոյեմբեր 2023)

Յաջորդը

Անդրանիկ Մըսրլեան

RelatedPosts

Փոքեմոնը 30 Տարեկան Է
Մանկապատանեկան

Փոքեմոնը 30 Տարեկան Է

September 26, 2026
500 Տարուան Պահուած Գետնախնձորներ
Մանկապատանեկան

500 Տարուան Պահուած Գետնախնձորներ

September 12, 2026
Իւսէյն Պոլթէն Աւելի Արագ Մարդու Մեքենան
Մանկապատանեկան

Իւսէյն Պոլթէն Աւելի Արագ Մարդու Մեքենան

September 5, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.