Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
Լիլիան 98 տարեկան մեծ մամայ մըն է, որ կ՛ապրի տարիքոտ անձերու յատուկ տան մը մէջ, Անգլիոյ Սաֆըք շրջանին մէջ: Այս Կաղանդի պատրաստութեան յատկացուած շրջանէն օգտուելով, ան ուզեց ինքն ալ իր մասնակցութիւնը բերել` համացանցին վրայ սփռելով վիտէօ մը, որով ցոյց կու տայ, թէ ինչպէ՛ս կարելի է Կաղանդի քարտ մը պատրաստել տան մէջ գտնուող պարզ առարկաներով` գաւաթ մը, դգալ մը, պարզ ներկ, թուղթ, մատիտ…
Ան իր երիտասարդութեանը աշխատած է տարրալուծարանի մը մէջ, եւ ապա եղած է տանտիկին` զբաղելով իր զաւակներով: Իսկ հիմա ան կ՛ապրի «Մարհամ հաուս» տարիքոտ անձերու յատուկ տան մէջ, եւ իր ժամանակը կ՛անցընէ ձեռային աշխատանքներ կատարելով:
Համացանցին վրայ անոր վիտէոն մեծ յաջողութիւն գտաւ` 10 օրուան մէջ 7 միլիոն դիտողներով եւ հազարաւոր դրական մեկնաբանութիւններով Լիլիան շատ ուրախ է, որ իր աշխատանքը մեծ հաճոյք պատճառած է այդքան մեծ թիւով անձերու:
Ինչո՞ւ դուն ալ, քու կարգիդ, չես փորձեր մաղթանքի անձնական քարտեր պատրաստել եւ բաժնել շուրջիններուդ, դուն ալ, քու կարգիդ, քիչ մը հաճոյք սփռելով:
Կաղանդի Զարդարանք
Այս աշխատանքին համար պէտք ունիս պարզապէս բարակ խաւաքարտի մը եւ գունաւոր թուղթերու:
1 – Պարզ ճերմակ թուղթի պզտիկ կտոր մը երկուքի ծալէ երկայնքին, եւ ծալուածքին վրայ գծէ Կաղանդի գունդի մը կէսը: Զայն կտրէ եւ գործածէ` իբրեւ կաղապար:
2 – Այս կաղապարը գործածէ` խաւաքարտին վրայ գծելու բազմաթիւ գունդեր: Կտրէ զանոնք:
3 – Անոնց ետեւի կողմէն փակցուր գունաւոր թուղթերը:
4 – Գունդերուդ ծայրը պզտիկ ժապաւէն մը անցուր եւ զարդարանքդ կախէ տան մէջ` դռներուն, պատուհաններուն վրայ:
Խոհագիր
Բանջարեղէններով Ապուր
Եղանակը սկսաւ ցրտել, եւ հասաւ տաք ապուր ուտելու եղանակը: Այս շաբաթ մենք պիտի պատրաստենք բանջարեղէններով մարոքեան ապուր մը:
Պէտք ունիս (6 հոգիի համար)
1,5 լիթր ջուր, 2 գետնախնձոր, 2 ստեպղին, 2 ճիւղ կարոս, 1 մեծ սոխ, քանի մը տերեւ թարմ քորիանտըր, ապուրի 2 դգալ ձէթ, 1 տուփ (400 կրամ) եփուած սիսեռ, 400 կրամ մանրուած լոլիկ, քիչ մը տարբեր փոշի համեմներու խառնուրդ (քիմիոն, կոճապղպեղ, քրքում, կասիա, մեխակ, մշկընկոյզ, սեւ պղպեղ, ճերմակ պղպեղ), քիչ մը անուշ կարմիր պղպեղ, աղ:
Պատրաստութիւն
1 – Կեղուէ սոխը, գետնախնձորները եւ ստեպղինները, ապա մաքրէ կարոսը: Լուա՛ զանոնք. բանջարեղէնները մանր կտրտէ: Սիսեռը մաքուր ջուրէ անցուր:
2 – Մեծ կաթսայի մը մէջ դիր ձէթը եւ միջակ կրակի վրայ անոր մէջ դարձուր սոխը 5 վայրկեան: Աւելցուր կարոսը, ստեպղինները եւ գետնախնձորները:
3 – Աւելցուր ջուրը, լոլիկը եւ բոլոր համեմները: Ձգէ, որ եփի 30 վայրկեան: Աւելցուր սիսեռն ու աղը եւ ձգէ, որ եփի 15 վայրկեան եւս:
4 – Թարմ քորիանտըրը մանրէ: Աւելցուր ապուրին վրայ եւ ձգէ, որ դարձեալ 5 վայրկեան եփի: Ապուրը հրամցուր խորունկ պնակներուն մէջ` հետը շերտ մը լեմոնով:
Բարի՛ ախորժակ:
Մինչեւ Կաղանդ
Լաւ Բաներու Անօթը
Կաղանդը շուտով կը մօտենայ: Մարդիկ սկսած են արդէն տուները զարդարել, իսկ մանուկները` Կաղանդ պապային նամակներ գրել: Կաղանդի գիշերը հաճելի ժամանակներ անցընելու զբաղումներուն ցանկին կրնաս աւելցնել նաեւ նորութիւն մը:
Անցքին մէջ, պզտիկ սեղանի մը վրայ դիր պարապ անօթ մը, քովն ալ` պզտիկ թուղթեր, գունաւոր սթիքի նոթեր եւ մատիտներ: Ամէն օր դուն եւ ընտանիքիդ անդաները կրնաք պզտիկ թուղթի կտորի մը վրայ գրել օրուան ընթացքին պատահած աղուոր դէպք մը, մաղթանք մը… Կրնաս նաեւ ձեր տան այցելուներէն խնդրել, որ իրենց մասնակցութիւնը բերեն մաղթանքներու անօթը լեցնելու համար:
* * *
Վերջապէս, Նոր տարուան գիշերը, երբ ամբողջ ընտանիքը հաւաքուած է, բացէք անօթը` յիշելու անցած լաւ ժամանակներ եւ նոր մաղթանքներ կատարելու եկող ժամանակներուն համար:
Ներկե՛նք
Պահուած Պատկերը
Տուփիկները ներկէ՛ ըստ ցուցմունքներուն` յայտնաբերելու համար պահուած պատկերը.
– Կարմիր – Դ (5-8-10), Ե (2-7), Զ (1-7, 13), Է (1-7), Ը (1-7), Թ (1-7, 9), Ժ (1-7), Ի (1-7), Լ (1-7), Խ ( 1-7), Ծ (1-7), Կ (1-7), Հ (2-7, 12), Ձ (5-8), Ղ (10):
– Սրճագոյն – Գ (9-11), Դ (12), Ե (9,14), Զ (10-14), Է (10-11, 13-16), Ը (9,11, 13-17), Թ (10, 12-19), Ժ (9,10,12, 14-20), Ի (10,12 -19), Լ (10, 13-18), Խ (9, 11-17), Ծ (9,11, 14-16), Կ (10, 12-14), Հ (11, 13-14), Ձ (9-12), Ղ (11):
– Մորթի գոյն – Ե (8), Զ (8), Է (8), Ը (8), Թ (8), Ժ (8), Ի (8), Լ (8), Խ (8), Ծ (8), Կ (8), Հ (8):
– Կապոյտ – Զ (9, 11), Լ (12), Կ (11), Հ (9):
– Մանիշակագոյն – Զ (12), Թ (11), Ժ (13), Հ (9), Կ (9):
– Նարնջագոյն – Դ (9), Է (12), Ժ (11), Խ (10), Ղ (9):
– Դեղին – Դ (11), Ը (10), Ի (11), Լ (9), Ծ (12):
Ժամանց
Կրնա՞ս գտնել 2 պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող
9 տարբերութիւնները:
Կրնա՞ս գտնել պատկերին մէջ պահուած առարկաները:
Կրնա՞ս ամբողջացնել թիւերու բուրգը` գիտնալով, որ իւրաքանչիւր տուփիկի մէջի
թիւը հաւասար է անոր տակը գտնուող 2 թիւերու գումարումին: