Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ինչպէ՞ս Ծնաւ Գիրը

Հոկտեմբեր 7, 2023
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ 

Գիրերու ստեղծումէն առաջ բանաւոր պատմութիւնները կը պատմուէին եւ կը փոխանցուէին սերունդէ սերունդ: Երբ գիրը կը ծնի, մարդիկ կարելիութիւնը կ՛ունենան հաշիւներ կատարելու եւ իրենց գիտութիւններէն հետքեր ձգելու:

Գլխագիր Պ-ով Պատմութիւնը այդ ժամանակ կը սկսի: Սակայն ո՞վ հնարած է գիրը:

* * *

Շումերները Միջագետքի մէջ, ներկայի` Իրաքը, ապրող ժողովուրդ էին: Այս ժողովուրդը այդ շրջանին մէջ ապրած է ՔԱ 4000 տարիներ առաջ: Այդ շրջանին մէջ արգաւանդ հողերը առատ հունձք կու տային. հետեւաբար կը յառաջանայ առեւտուրի գաղափարը: Սակայն ինչպէ՞ս պահել ցորենի փոխանակութեան մը հաշիւը, ո՞վ է անոր տէրը… Շումերները կ՛երեւակայեն եւ կը գծեն նշան-պատկերներ: Օրինակի համար, եզին նշանը եզի գլուխ մըն է, գարիին նշանը` հասկ մը, ալեձեւ երկու գիծեր ջուրը կը ներկայացնեն:

Գրելու համար անոնք կը գործածեն եռանկիւնաձեւ ծայրով եղէգ մը: Զայն կակուղ կաւին մէջ մխրճելով` կը յառաջանայ գամի նման ձեւ մը: Սեպագիր գրութիւնը կը ծնի: Տարբեր ձեւերով միասին դրուած գամի այս հետքերը նշաններ կը կազմեն:

Աշխարհին շուրջ այլ շրջաններու մէջ ուրիշ ժողովուրդներ ալ կը սկսին գիրեր ստեղծել. անոնցմէ իւրաքանչիւրը իրեն յատուկ դրութիւն մը կը զարգացնէ: Ընդամէնը 5 տարբեր խումբեր կը յայտնուին` Հնդկաստանի, Չինաստանի, Կեդրոնական Ամերիկայի, Միջագետքի եւ, վերջապէս, Եգիպտոսի մէջ:

Մօտաւորապէս ՔԱ 3000 թուականին եգիպտացիները կը ստեղծեն մեհենագիրերը: Այս խրթին գրութեան տեսակը յաճախ կը կարդացուի աջէն ձախ: Անոնք նոյն ատեն կը զարգացնեն աւելի պարզ եւ նուազ խրթին գրագրութիւն մը, որ կարելիութիւնը կու տայ աւելի արագ արձանագրելու:

* * *

Սակայն այժմ մենք ունինք ձայնաւորներէ եւ բաղաձայններէ կազմուած գիրեր: Ուրկէ՞ կու գան այս այբուբենները: Լիբանանի ծովեզերեայ շրջանի նախկին բնակիչներն են` փիւնիկեցիները, որոնք մտածած են այբուբեն մը հնարել: Անոնք իւրաքանչիւր հնչիւնի համապատասխանացուցած են գիր մը, եւ ո՛չ պատկեր մը, ինչպէս մինչ այդ սովորութիւն էր: Այս այբուբենը կամաց-կամաց պիտի փոխարինէ սեպագիր գրութիւնը:

Փիւնիկեցիները այբուբենը պիտի փոխանցեն յոյներուն, որոնք այդ գիրերուն վրայ պիտի աւելցնեն ձայնաւորները: «Այբուբեն» բառը յառաջացած է յունարէն գիրերու առաջին երկու գիրերէն` Ա – ալֆա եւ Բ – պեթա: Այս բառը հետագային անցած է լատիներէնին եւ ապա ուղղակիօրէն` տարբեր լեզուներու:

Աշխարհի մէջ գոյութիւն ունին տարբեր այբուբեններ` հայերէն, արաբերէն, յունարէն, ռուսերէն… Եւ հակառակ անոր որ աշխարհի մէջ կը խօսուին մօտաւորապէս 7000 տարբեր լեզուներ, անոնցմէ միայն 240 ունին սեփական գիր:

Հետաքրքրական

Դարուն Ամէնէն Մեծ
Գանձերէն Մէկը

 

Նորվեկիոյ մէջ Էրլընտ Պոր ուզեց հետեւիլ իր բժիշկին խրատներուն եւ աւելի շարժիլ: Հետեւաբար ան գնեց մետաղներ գտնող մեքենայ մը` բլուրներուն վրայ իր պտոյտները աւելի քաջալերական դարձնելու համար:

Այս ձեւով, իր պտոյտներէն մէկուն ընթացքին, ան բազմաթիւ ոսկեգոյն առարկաներ կը գտնէ գետնին մէջ: Սկիզբը ան կը մտածէ, թէ անոնք տուրմէ դրամներ են: Սակայն քննութիւններէ ետք, հնագէտները կը հաստատեն, որ այդ առարկաները` ոսկեայ վզնոցներ եւ ուլունքները, 6-րդ դարէն մնացած են:

Այս 1500 տարուան գանձը թանգարանի մը մէջ պիտի ցուցադրուի եւ Էրլընտ վարձատրութիւն մը պիտի ստանայ: Ան 51 տարեկանին անուղղակիօրէն իրականացուցած է իր փոքրիկ տարիքի երազը` հնագէտ դառնալ:

Անհաւատալի, Բայց Իրա՛ւ

– Գիտէի՞ր, թէ Աւստրալիոյ մէջ գոյութիւն ունի վարդագոյն լիճ մը:

– Գոյութիւն ունի նուագախումբ մը, որուն երաժշտական գործիքները շինուած են ինքնաշարժի կտորներէ:

– Յունաստանի մէջ առաջին Ողիմպիական խաղերուն ընթացքին մարզիկները պանիրով կարկանդակ (չիզքէյք) կ՛ուտէին:

– Մեծ կոկորդիլոսները կրնան մինչեւ մէկ տարի ապրիլ առանց ուտելու:

– Աշխարհի վրայ գոյութիւն ունին միջատի աւելի քան 1900 տեսակներ, զորս կարելի է ուտել:

– Կ՛ենթադրուի, թէ թիրանոսորուս Րեքսը կրնար լողալ:

– Կարգ մը ձուկեր համը կրնան զգալ իրենց պոչերով:

– Կոլֆի գնդակի մը վրայ գոյութիւն ունին 500 փոսիկներ:

– Գիտնականները կ՛ենթադրեն, թէ կարգ մը մոլորակներու վրայ ապակի կ՛անձրեւէ:

– Հիւսիսային Քորէայի մէջ արգիլուած է ճինզ տաբատ հագուիլ:

– Նիւ Եորքի Ազատութեան արձանը ծածկող պղինձը կ՛արժէ 200 հազար տոլար:

– Կարգ մը աստղանաւորդներ անջրպետին մէջ քալելու կը մարզուին ովկիանոսներու յատակին քալելով:

– Ըստ ուսումնասիրութեան մը, այն անձերը, որոնք կարդալ կը սիրեն, ընդհանրապէս աւելի ազնիւ կ՛ըլլան եւ հասկացողութիւն կը ցուցաբերեն:

– Ողիմպիական մրցաշարքի մը ընթացքին ըմբշամարտ մը տեւած է 11 ժամ:

– 420 միլիոն տարիներ առաջ կարգ մը սունկերու հասակը ընձուղտներուն հասակէն աւելի բարձր էր:

– Կարգ մը մողէսներ կանաչ ոսկորներ ունին:

– Մարդիկ ընդհանրապէս նուազ կը քնանան, երբ լիալուսին է:

– Շուներն ու կատուները կրնան արեւահար ըլլալ:

– Ըստ ուսումնասիրութեան մը, երգչախումբի անդամներուն սիրտերը նոյն կշռոյթով կը տրոփեն,  երբ անոնք կ՛երգեն:

– Աշխարհի ցամաքին գրեթէ կէս տարածքը տակաւին վայրի վիճակի մէջ է:

Ժամանց

Կրնա՞ս գտնել 2 պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող 10 տարբերութիւնները:
Կրնա՞ս գտնել այն 3 առարկաները, որոնք գոյութիւն ունին չորս տուփիկներուն մէջ:
Կրնա՞ս գտնել զանգակին հասցնող ճամբան:
Կրնա՞ս գտնել պատկերին մէջ պահուած առարկաները:

 

 

Նախորդը

Յայտարարութիւններ (6 Հոկտեմբեր 2023)

Յաջորդը

Յունահայ Նուիրեալ Շահան Ֆարաճեան Մահացաւ

RelatedPosts

Աշնան Փառատօներ.  Լուսնի Լոյս Եւ Անուշեղէն, Չինական Աշնանային Փառատօնը
Մանկապատանեկան

Աշնան Փառատօներ. Լուսնի Լոյս Եւ Անուշեղէն, Չինական Աշնանային Փառատօնը

Հոկտեմբեր 25, 2025
Այժմէական.  Աշխարհի Ամէնէն Բարձր Կամուրջը
Մանկապատանեկան

Այժմէական. Աշխարհի Ամէնէն Բարձր Կամուրջը

Հոկտեմբեր 18, 2025
Արհեստական Բանականութիւնը Կրնա՞յ Խօսիլ
Մանկապատանեկան

Արհեստական Բանականութիւնը Կրնա՞յ Խօսիլ

Հոկտեմբեր 11, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?