Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ուրկէ՞ Կու Գայ Հովը

December 16, 2023
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Այս ձմեռնային օրերուն, անձրեւներու եւ փոթորիկի եղանակին յաճախ կ՛ընկերակցին զօրաւոր հովեր: Հովը միշտ գոյութիւն ունեցած է երկրագունդին վրայ, սակայն 1640 թուականներուն է միայն, որ մարդիկ սկսան հասկնալ, թէ ան ուրկէ՛ կու գար: Գիտնականներ Փասքալ եւ Թորիչելլի կը փաստեն, որ ան օդին հորիզոնական շարժում մըն է երկրագունդի մակերեսին վրայ:

* * *

Արեւուն սխալն է

Հովին ծագումը ուղղակիօրէն կապուած է արեւուն հետ: Արեւն է, որ կը տաքցնէ ծովերը, գետինը եւ հետեւաբար` անոնց վրայ գտնուող օդը: Այս տաք օդին հանդիպումը աւելի բարձր մակարդակներու վրայ գտնուող աւելի պաղ օդին հետ կը ստեղծէ հովը: Այս փորձը կարելի է ընել նաեւ տան մէջ, յատկապէս` ձմրան: Երբ մենք սենեակին պատուհանը կը բանանք, կը զգանք օդի հոսանք մը` դուրսի պաղ օդին եւ ներսի տաք օդին հանդիպումը:

* * *

Լա՞ւ, թէ՞ գէշ

Հովը մեծ առաւելութիւններ ունի: Ան անհրաժեշտ է հունտերուն, որպէսզի անոնք կարենան թռչիլ, սփռուիլ չորս կողմ, բուսնիլ եւ պտուղներ տալ: Ան կարելիութիւնը կու տայ նաեւ մարզանք ընելու, նաւ քշելու, ելեկտրականութիւն արտադրելու: Սակայն նոյնպէս ան կրնայ ահարկու ըլլալ: Պոքորի սանդղակը մեզի կարելիութիւն կու տայ հովին միջին արագութիւնը չափելու 10 վայրկեանուան վրայ: Ան 0-12 աստիճան կը պարունակէ: 0-ն կը համապատասխանէ օդի բացակայութեան (ժամական նուազ քան` 1 քմ), իսկ 12¬ը մրրիկի նշան է (ժամական աւելի քան` 118 քմ): Ցամաքին վրայ արձանագրուած ամէնէն բարձր արագութիւնը ժամական 408 քմ է: Ասիկա պատահեցաւ Օլիվիա արեւադարձային փոթորիկի ընթացքին, 10 ապրիլ 1996¬ին, Աւստրալիոյ Պարոու կղզիին վրայ: Ասիկա պզտիկ զեփիւռ մը կը սեպուի, երբ զայն բաղդատենք WASP-76b էքզօ մոլորակին վրայ նշմարուած հովերուն ժամական 18.000 քմ արագութեան (Էքզօ մոլորակ կը կոչուի մեր արեգակնային դրութենէն դուրս գտնուող մոլորակ մըն է): Հովերը տարբեր, գլխաւորաբար երեք խումբերու կը բաժնուին. տեւական հովեր, եղանակային հովեր եւ տեղական հովեր: Իսկ գիտէի՞ր, թէ այս տարբեր հովերը կրնան ունենալ իրենց յատուկ անունը: Ինչպէս, օրինակ, Հնդկաստանի մոնսուն հովերը, որոնք կը փչեն արեւադարձային շրջաններէն դէպի հասարակաց` ամառը ովկիանոսէն, իսկ ձմեռը` ցամաքէն. այս հովերը իրենց հետ կը փոխադրեն նաեւ խոնաւ օդի ծաւալներ, մինչ Ֆրանսայի` Միջերկրականին մօտակայ շրջաններուն մէջ կը փչէ միսթրալը, որ տեղական հով մըն է: Ուրիշ շրջաններու մէջ ան կը կոչուի պորա: Ան շատ պաղ եւ շատ զօրաւոր հով մըն է, որուն արագութիւնը կ՛անցնի ժամական 66 քմ¬ը, ան կործանարար կրնայ ըլլալ: Գարնան եւ ամրան ան շատ չոր կ՛ըլլայ եւ մեծ վնաս կը հասցնէ երկրագործութեան:

Արուեստագէտ Շնիկներ

Եւրոպայի կարգ մը երկիրներու մէջ լքուած ընտանի անասուններու հարցը բաւական խրթին սկսած է դառնալ: Այս տարի ալ լքուած անասուններուն թիւը աւելի բարձրացած է, յատկապէս` Անգլիոյ եւ Ֆրանսայի մէջ: Ասոր պատճառներէն մէկը անշուշտ գնաճին, կեանքի սղութեան, բարձրացող գիներուն պատճառով կարգ մը անասուններու տէրեր այլեւս միջոցը չունին իրենց անասուններուն խնամք տանելու, անոր ուտելիք հայթայթելու, անասնաբուժի ծախսերը վճարելու…

Իբրեւ հետեւանք` լքուած անասուններ ընդունող կեդրոններուն մէջէն անոնց թիւը բարձրացաւ: Որպէսզի այս կեդրոնները կարենան շարունակել բանիլ, անոնք ստիպուած են դրամահաւաք կատարելու… Այս միջոցին դիմած է Պրիսթըլ անիմալ ռեսքիու սենդըրը Անգլիոյ մէջ, իւրայատուկ ձեւով մը կեդրոնի անասուններուն ձգել, որ նկարչութիւններ կատարեն եւ ապա անոնց գործերը ծախել: Այս ձեւով կեդրոնին անասունները` շուները, կատուները եւ ուրիշ անասուններ գործի լծուեցան: Զանոնք քաջալերելու համար կեդրոնին պատասխանատուները կտաւին վրայ սկսան անոնց նախասիրած ուտելիքներէն դնել քիչ մը, ինչպէս` հալած պանիր, զոր շուները շատ կը սիրեն: Այդ ուտելիքները լզելով, անասունները իրենց լեզուով նաեւ պիտի քսեն ու սփռեն կտաւին վրայ դրուած ոչ վնասակար ներկերը: Անասուններու լեզուներուն տակ տարօրինակ ձեւեր յանկարծ կը յայտնուին:

Չորնալէ ետք այս գործերը աճուրդի դրուեցան համացանցին վրայ:

Ձեռային Աշխատանք

 Կաղանդի Պատրաստութիւններ

Այս փոքրիկ ձեռայինները կրնաս պատրաստել տունը զարդարելու համար: Այս զարդարանքներուն համար դուն պէտք պիտի չունենաս տարբեր տեսակի առարկաներու, պարզապէս` ճերմակ կամ գունաւոր թուղթերու:

Ա.- Զանգակներ

  • Ճերմակ պարզ թուղթ մը երկայնքին մէջտեղէն կտրէ: Պիտի ստանաս երկու երիզներ:
  • Երիզը 3 անգամ ծալէ:
  • Ծալքին բաժինին վրայ գծէ եւ կտրէ կէս զանգակ մը:
  • Երբ երիզդ բանաս, պիտի ստանաս չորս զանգակներով երիզ մը:

Գ.- Կաղանդի տունիկներ

Այս ձեռայինին համար պէտք պիտի ունենաս սրճագոյն թուղթէ տոպրակներու:

  • Տոպրակին վարի բաժինը ուռեցուր, իսկ վերի ծայրը ծալէ:
  • Սրճագոյն խաւաքարտի մը վրայ գծէ եւ կտրէ եռանկիւն տանիքը: Ճերմակ թուղթէն ալիքաւոր երիզ մը կտրէ եւ զայն փակցուր տանիքին վարի բաժինին, ներսի կողմէն, ձիւնի տպաւորութիւնը տալու համար:
  • Գունաւոր ներկերով կամ թուղթերով զարդարէ տունը, աւելցուր դուռ, պատուհան, եւ այլն: Կրնաս նաեւ անոր վրայ փոքրիկ զարդարանքներ փակցնել:

Ժամանց

Կրնա՞ս գտնել Կաղանդի ծառին հասցնող ճամբան:

Կրնա՞ս գտնել 2 պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող
10 տարբերութիւնները:

Կրնա՞ս գտնել պատկերին մէջ պահուած տարբեր ծառերը:

Կրնա՞ս գտնել պատկերին մէջ պահուած առարկաները:

 

 

Նախորդը

«Ազդակ»-ի Առցանց Լսարան. «Արցախի Պետական Հիմնարկներու Յայտարարութիւններուն Միջեւ Հակասութիւններ Պէտք Չէ Ըլլան» Դոկտ. Արմէն Մարուքեան

Յաջորդը

Քուէյթի «Արուեստը Մշակոյթներու Կամուրջ» Խորագիրով Հաւաքական Ցուցահանդէսին` Հայկական Մասնակցութիւն

RelatedPosts

500 Տարուան Պահուած Գետնախնձորներ
Մանկապատանեկան

500 Տարուան Պահուած Գետնախնձորներ

September 12, 2026
Իւսէյն Պոլթէն Աւելի Արագ Մարդու Մեքենան
Մանկապատանեկան

Իւսէյն Պոլթէն Աւելի Արագ Մարդու Մեքենան

September 5, 2026
Ի՞նչ Է Կրակը
Մանկապատանեկան

Ի՞նչ Է Կրակը

August 22, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.