Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դէպի Փեթրա

Յուլիս 25, 2015
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

7-25-15_petra-1

Այս շաբաթ մենք պիտի երթանք Յորդանան եւ այցելենք Փեթրա: Յորդանանի կեդրոնը, ժայռերուն մէջ քանդակուած այս պետութիւն-քաղաքը շատ կարեւոր ճամբայ մըն էր հին ժամանակներուն: Բոլորաձեւ լեռնահովիտի մը մէջ գտնուող, բազմաթիւ անցքերով եւ նեղ ճամբաներով օժտուած Փեթրա հնագիտական ամէնէն նշանաւոր վայրերէն մէկն է: Հոն իրարու խառնուած են հին արեւելեան աւանդական ոճերու եւ հելլէնական ճարտարապետութեան ազդեցութիւնները:

Խորհրդաւոր վայր մը

 

7-25-15_petra-2

Այս վայրին առաջին մասնայատկութիւնը այն է, որ ան կը գտնուի անապատային շրջանի մը մէջ: Այս պատճառով անիկա շատ կարեւոր է հնագիտական գետնի վրայ: Հակառակ այս բնութեան, բնակիչները շինած են ջրամբարներ, ջրանցքներ, որոնց շնորհիւ` անոնք կրնային ջուր ունենալ: Հաւանաբար այս պատճառով է, որ Փեթրա կրցած է դառնալ կարեւոր վայր մը եւ վաճառականական կեդրոն մը:

7-25-15_petra-37-25-15_petra-4Սակայն Փեթրա իւրայատուկ է նախ եւ առաջ իր կառոյցներով: Այդ կառոյցներուն կէսը շինուած է, իսկ միւս կէսը քանդակուած` կարմիր աւազաքարի Ժայռերու վրայ: Կան յատկապէս տաճարներ, որոնք շատ կը նմանին յունական տաճարներուն (ինչպէս` Աթէնքի Աքրոփոլիսը), եւ նապաթեցիներուն գերեզմաններուն (նապաթեցիները արաբներ են), հռոմէական ամփիթատրոն մը… Այս վայրը շատ հարուստ է, որովհետեւ մենք հոն կը գտնենք նախապատմական շրջաններէն մինչեւ միջին դարերու հետքեր:

Քիչ մը պատմութիւն

Փեթրան իր շրջակայքով բնակուած է նախապատմական ժամանակներէն: Ան կը գտնուի Չինաստանէն եկող Մետաքսի ճամբուն, Հնդկաստանէն եկող Համեմներուն ճամբուն եւ արաբական աշխարհէն եկող ճամբուն վրայ:

Նապաթեցիները Փեթրա հաստատուած են Ք.Ա. 6-րդ դարուն: 4-րդ դարուն քաղաքը կը տարածուի աւելի քան տասը քիլոմեթրի վրայ: իսկ կ՛ենթադրուի, որ 50 թուականին հոն կ՛ապրէր քսանէն մինչեւ յիսուն հազար մարդ: Ասիկա շատ բարձր թիւ մըն էր այդ ժամանակաշրջանին համար: Քաղաքը պիտի գրաւուի հռոմէացիներուն կողմէ. ապա, 4-րդ դարուն ան պիտի դառնայ քրիստոնեայ քաղաք:

Սակայն Փեթրա պիտի ապրի բազմաթիւ երկրաշարժեր եւ ժամանակի ընթացքին պիտի լքուի իր բնակիչներուն կողմէ: 747 թուականի երկրաշարժէն ետք քաղաքը ամբողջովին լքուած է:

19-րդ դարուն զուիցերիացի մը կը վերագտնէ այս վայրը եւ կը սկսի իր շուրջիններուն խօսիլ անոր մասին: Բազմաթիւ հնագէտներ կը հետաքրքրուին եւ, վերջապէս, Փեթրա կը դառնայ աշխարհահռչակ հնագիտական վայր մը: Այժմ ան Յորդանանի ամէնէն շատ այցելու ընդունող զբօսաշրջական վայրն է:

Գիտէի՞ր, թէ…

– Քաղաքին պատերուն վրայի գոյները ամբողջովին բնական են: Բաց սրճագոյն, կարմիր եւ մոխրագոյն գոյները գտնուած են այդ պատերը կառուցելու համար գործածուած քարերուն խաւերուն մէջ:

– Ինչո՞ւ Փեթրայի մէջ տեղի կ՛ունենան բազմաթիւ երկրաշարժեր: Այն շրջանը, ուր կը գտնուի քաղաքը, շատ յատուկ է: Անիկա կը գտնուի երկրագունդին կեղեւը կազմող տարբեր խաւերու միջեւ, որոնք անդադար շարժումի մէջ են. այս շարժումներէն երբեմն կը յառաջանան շատ զօրաւոր երկրաշարժեր:

 

Հետաքրքրական

Ռոզեթայի Քարը

7-25-15_rosetta

19 յուլիս 1799-ին Եգիպտոսի մէջ գտնուեցաւ Ռոզեթայի քարը: Այս քարին վրայի գրութիւնները կարելիութիւնը տուին թարգմանելու հին եգիպտացիներուն մեհենագրերը:

Անիկա աւելի քան 200 տարիէ ի վեր ցուցադրուած է Լոնտոնի Բրիտանական թանգարանին մէջ:

 

 Հարցարան

Բնութեան Մասին

1) Մեր մոլորակին վրայի ջուրը կը վերանորոգուի մօտաւորապէս 1000 տարին անգամ մը:
ա – Ճիշդ, բ – Սխալ

2) Երբ լուսինին վրայ ցերեկ է, ի՞նչ գոյն կ՛ունենայ երկինքը:
ա – Կապոյտ, բ – Սեւ, գ – Մոխրագոյն

7-25-15_harts-1

3) Ինչո՞ւ շատ քիչ բոյսեր կ՛աճին շոճիի ծառերուն տակ:

4) Անշուշտ մենք գիտենք, թէ պէտք չէ բան մը նետել բնութեան մէջ: Սակայն հետեւեալ երեք առարկաներէն ո՞ր մէկը ամէնէն նուազը վնաս կը հասցնէ բնութեան:
ա – Պաթըրին, բ – Կերպընկալէ տոպրակը, գ – Թուղթէ թաշկինակ մը

5) Անապատներուն մեծ մասը աւազով ծածկուած է:
ա – Ճիշդ, բ – Սխալ

6) Լուսինը մեզի միշտ նոյն կողմը ցոյց կու տայ:
ա – Ճիշդ, բ – Սխալ

7-25-15_harts-2

7) Պամպու եղէգները արագութեան ախոյեան են: Անոնք կրնան աճիլ:
ա – Օրական 1 մմ, բ – Օրական 1 սմ, գ – Օրական 1 մեթր

8) Սուզորդ մը չի կրնար իր ականջներուն վստահիլ վտանգի պարագային. հոն ամէն ինչ լուռ է:
ա – Ճիշդ, բ – Սխալ

9) Կասիան, որ կը գործածուի կարկանդակներուն անուշ  համ մը տալու համար, ծառի մը կոճղին կեղեւն է:
ա – Ճիշդ, բ – Սխալ

7-25-15_harts-3

10) Չեչաքարը կրնայ ջուրին վրայ ծփալ:
ա – Ճիշդ, բ – Սխալ

7-25-15_harts-4

11) Սառցալեռերը ծովու ջուրի սառած կոյտեր են:
ա – Ճիշդ, բ – Սխալ

12) Ի՞նչը կրնայ 7 քիլօ կշռել:
ա – Ծաղիկ մը, բ – Որդ մը, գ – Փետուր մը:

13) Ծովերուն եւ ովկիանոսներուն յատակը տափարակ է:
ա – Ճիշդ, բ – Սխալ

14) Ի՞նչ կը կոչուի երկրագունդին ամէնէն մօտիկ աստղը:

15) Ծովերուն խորերը կը բուսնին ծաղիկ տուող բոյսեր, որոնց տերեւները կը թափին, եւ անոնք պտուղ կու տան:
ա – Ճիշդ, բ – Սխալ

16) Քանի՞ մոմ պիտի մարէ իր տարեդարձի կարկանդակին վրայ աշխարհի ամէնէն ծեր ծառը:
ա – 1512, բ – 4770, գ – 12760

17) Եթէ լուսին երթաս մօրդ հետ, դուն այլեւս պիտի չլսես անոր յանդիմանութիւնները:
ա – Ճիշդ, բ – Սխալ

18) Ինչո՞ւ Ուրանուս մոլորակը անուանուած է «Պառկած մոլորակը»:

19) Անթարքթիքին տակ պահուած է հրաբուխ մը:
ա – Ճիշդ, բ – Սխալ

20) Ինչո՞ւ կ՛ըսեն, թէ լուսինը երկրագունդին զաւակն է:

Պատասխանները Վերջաւորութեան

Ժամանց

Կրնա՞ս գտնել ետ տուն հասցնող ճամբան:
Կրնա՞ս գտնել ետ տուն հասցնող ճամբան:
Կէտերը իրարու միացուր 1 - 129` գտնելու համար պահուած պատկերը:
Կէտերը իրարու միացուր 1 – 129` գտնելու համար պահուած պատկերը:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Կրնա՞ս թիւերու տախտակը ամբողջացնել` թիւերը դնելով իրենց համապատասխանող տեղերը:
Կրնա՞ս թիւերու տախտակը ամբողջացնել` թիւերը դնելով իրենց համապատասխանող տեղերը:
Կրնա՞ս գտնել իրարու նմանող հինգ զոյգ տուփիկները:
Կրնա՞ս գտնել իրարու նմանող հինգ զոյգ տուփիկները:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Պատասխաններ

1) Սխալ: Նոյն ջուրն է, որ կը շրջի մեր մոլորակին վրայ անոր ծագումէն սկսեալ, ծովերուն եւ գետերուն մէջ, ամպերուն մէջ, սառոյցի վիճակի մէջ… Այս պատճառով է յատկապէս, որ պէտք չէ ջուրը ապականել. անիկա չի վերանորոգուիր:
2) Սեւ: Նոյնիսկ` օրուան ընթացքին, երբ արեւը կը լուսաւորէ անոր մակերեսը, որովհետեւ լուսինը մթնոլորտ չունի: Երկրագունդին երկնքին կապոյտ գոյնը արդիւնքն է մթնոլորտ կտրող արեւուն ճառագայթներուն:
3) Որովհետեւ գետինը միշտ շուք է ծառին շուրջ: Ամառ թէ ձմեռ շոճիները բնաւ չեն կորսնցներ իրենց ասեղի նման «տերեւները». հետեւաբար լոյսը չի թափանցեր անոնց ճիւղերուն ընդմէջէն: Եւ ինչպէս մենք գիտենք, նոր բոյս մը լոյսի պէտք ունի աճելու համար:
4) Թուղթէ թաշկինակը: Անիկա բնութեան մէջ կը մնայ մօտաւորապէս 2 ամիս` փճանալէ առաջ: Կերպընկալէ տոպրակը կ՛անհետանայ բնութեան մէջ 450 տարի ետք, իսկ պաթըրին, որ վնասակար մետաղներ կը պարունակէ, բնաւ չի փճանար:
5) Սխալ: Անապատներուն միայն 20 առ հարիւրին մակերեսը աւազէ կազմուած է. օրինակի համար, Սահարայի անապատին մէջ աւազաբլուրները մակերեսին միայն 15 առ հարիւրը կը ներկայացնեն: Գետինները շատ տարբեր կրնան ըլլալ` խիճեր, սառ, աղ…
6) Ճիշդ: Հակառակ անոր որ մենք լուսինը տարբեր ձեւերու տակ կը տեսնենք, սակայն անիկա միշտ նոյն երեսը մեզի ցոյց կու տայ, միւս կողմը միշտ պահուած եւ խորհրդաւոր կը մնայ: Ինչո՞ւ: Պարզապէս, որովհետեւ անիկա նոյնքան արագ կը դառնայ թէ՛ իր շուրջ, թէ՛ ալ երկրագունդին:
7) Օրական 1 մեթր` կարգ մը տեսակներու պարագային: Սակայն անոնց աճը այս արագութեան կը հասնի միայն այն շրջաններուն մէջ, ուր կլիման տաք եւ խոնաւ է, հասարակածին մօտ: Մեր պարտէզներուն մէջ անոնք նուազ արագութեամբ կ՛աճին:
8) Սխալ: Ընդհակառա՛կը, մենք ոչ միայն ձայն կը լսենք, այլ ձայնը շատ աւելի արագ կերպով կը ճամբորդէ ջուրին մէջ, քան` օդին մէջ: Բաւական հեռու ձայն մը մեզի շատ աւելի մօտ պիտի թուի, քան երբ մենք այդ ձայնը լսէինք ջուրէն դուրս:
9) Ճիշդ: Յատկապէս Սրի Լանքայի (նախկին Սէյլան) կամ Չինաստանի կասիայի ծառերուն կեղեւներն են, որոնք կը գործածուին կա՛մ չորցուած կեղեւի, կա՛մ փոշիի վերածուած ձեւերուն տակ` անուշ համ մը տալու համար ուտելիքներուն եւ անուշեղէններուն:
10) Ճիշդ: Չեչաքարը հրաբխային ծակոտկեն քար մըն է:
11) Սխալ: Անոնք անուշ ջուրի սառած կոյտեր են, որոնք կը բաժնուին բեւեռային սառոյցի ժայռէ մը եւ ծովուն մէջ կը ծփան:
12) Ծաղիկ մը: Ռաֆֆլեզիա ծաղիկը կը բուսնի Ասիոյ մէջ, անիկա կրնայ կշռել մինչեւ 7 քիլօ եւ ունենալ 1 մեթր տրամագիծ: Այս ձեւով դիւրին է զայն դիտել հեռուէն, որովհետեւ ան շատ գէշ փտած միսի հոտ կ՛արձակէ:
13) Սխալ: Ծովերուն եւ ովկիանոսներուն խորերը տեսարանները շատ տարբեր են` լեռնաշղթաներ, անդունդներ, բարձրաւանդակներ, հրաբուխներ… Խաղաղական ովկիանոսին մէջ Մարիաններուն փոսին խորութիւնը կը հասնի 11 քիլոմեթրի:
14) Արեւը: Սակայն արեւը մեզի միւս աստղերէն շատ աւելի մեծ եւ փայլուն կ՛երեւի, որովհետեւ ան մեզի շատ աւելի մօտ է:
15) Ճիշդ: Անոնք ունին գետնին մէջ մխրճուած արմատներ, կը կորսնցնեն իրենց տերեւները, կը ծաղկին եւ «ծովերու ձիթապտուղ» կոչուած պտուղներ կու տան:
16) 4770: Աշխարհի ամէնէն ծեր ծառը շոճիի տեսակ մըն է, որ կը գտնուի Քալիֆորնիոյ մէջ, Միացեալ Նահանգներ: Անիկա ունի ծռած եւ կնճիռներով լեցուն կոճղ մը, ծերունիիի մը նման: Անիկա կրնար «ծանօթանալ» հին եգիպտացիներուն:
17) Ճիշդ: Որովհետեւ լուսինին վրայ, ինչպէս` անջրպետին մէջ, օդի բացակայութեան պատճառով ձայնը չի տարածուիր: Հոն ամբողջովին լռութիւն է:
18) Որովհետեւ ան իր շուրջ եւ արեւուն շուրջ կը դառնայ իր առանցքին վրայ գրեթէ պառկած վիճակի մէջ, մինչ միւս մոլորակները շեղած վիճակի մէջ կը դառնան:
19) Ճիշդ: 2008 թուականին, երկու անգլիացի գիտնականներ գտած են հարիւրաւոր մեթրեր, Անթարքթիքի արեւմուտքը սառոյցին տակ պահուած հրաբուխ մը: Անոր վերջին ժայթքումը տեղի ունեցած է 2300 տարիներ առաջ:
20) Որովհետեւ կ՛ենթադրուի, թէ ան յառաջացած է երկրագունդի կտորներէ: 4,6 միլիառ տարիներ առաջ երկնային հսկայական զանգուած մը հաւանաբար զարնուած է երկրագունդին: Մոլորակէն բեկորներ ժայթքած են անջրպետին մէջ, կուտակուած են եւ կազմած լուսինը:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (25 Յուլիս 1965)

Յաջորդը

«Հայե՛ր, Յիշէ՛ք Նուիրական Այս Օրը» (Խանասոր Է Ամէն Կողմ)

RelatedPosts

Ըստ Առողջապահութեան Համաշխարհային Կազմակերպութեան.  Երկրագունդի Բնակչութիւնը Հեռու Է «Քորոնա» Ժահրի Դէմ Հաւաքական Դիմադրողականութեան Ձեւաւորումէն
Մանկապատանեկան

Ինչի՞ Կը Ծառայէ Միջազգային Առողջապահութեան Կազմակերպութիւնը

Մայիս 20, 2023
100 Առ Հարիւր Անասուններու Աշխարհէն
Մանկապատանեկան

100 Առ Հարիւր Անասուններու Աշխարհէն

Մայիս 13, 2023
Ինչպէ՞ս Կը Շինուի Բջիջային Հեռաձայն Մը
Մանկապատանեկան

Ինչպէ՞ս Կը Շինուի Բջիջային Հեռաձայն Մը

Մայիս 6, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In