Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
Ոստրէներուն մեծ մասը մարգարիտներ կ՛արտադրէ, սակայն կարգ մը մարգարիտներ աւելի յարգի են, քան ուրիշներ: Երբեմն մենք ոստրէին մէջ կը գտնենք պարզ «քար» մը, որ շատ հետաքրքրական չէ գոհարեղէններ շինելու համար: Սակայն ուրիշ պարագաներու, ոստրէն սատափ կ՛արտադրէ եւ ծնունդ կու տայ շատ գեղեցիկ սեւ, մոխրագոյն, ճերմակ մարգարիտներու…
Ահա աւելի քան երկու հարիւր տարիներ է, որ մենք գտած ենք այս պզտիկ գոհարը: Սկիզբը մարդիկ վայրի ոստրէները կը հաւաքէին անոնց խեցիներուն սատափին համար: Երբեմն սուզուողները անոնց մէջ կը գտնէին մարգարիտ մը: Սակայն ժամանակի ընթացքին այս ոստրէները հազուագիւտ կը դառնան: Հետեւաբար մարդիկ կը փորձեն բնութիւնը ընդօրինակել…
Այժմ մարդիկ կ՛աճեցնեն գեղեցիկ ոստրէներ, որոնց մէջ միշտ մարգրիտ մը կարելի է գտնել:
Մարգարիտները կը ծնին եւ կը մեծնան ոստրէներուն միսին մէջ, անուշ կամ աղի ջուրի մէջ: Անոնք յաճախ կը մշակուին երկրագունդի տաք շրջաններուն մէջ. կարգ մը շրջաններ նոյնիսկ մեծ համբաւ ունեցած են ժամանակի ընթացքին: Օրինակի համար, վերջին երեսուն տարիներուն Թահիթին դարձած է ոստրէներու մշակումի ամէնէն ճանչցուած շրջաններէն մէկը:
* * *
Ինչպէ՞ս
«Մանուկ» ոստրէները կը հաւաքուին իրենց բնական շրջավայրին մէջէն, ապա կը ձգուին, որպէսզի անոնք հանդարտօրէն մեծնան մօտաւորապէս երկու տարի:
Այս ժամանակաշրջանէն ետք, ոստրէին մէջ կը մտցուին պզտիկ «քար» մը: Ան ոստրէին համար օտար մարմին մըն է: Հետեւաբար ան ինքզինք կը պաշտպանէ այս անկոչ «հիւրէն» եւ զայն կը շրջապատէ սատափով, դարձեալ մօտաւորապէս երկու տարուան ընթացքին:
Ապա իւրաքանչիւր ոստրէ կը բացուի եւ անոր մէջ կը գտնուի մարգրիտը:
Գիտէի՞ր, Թէ
– Մօտաւորապէս 400 քաքաոյի հատիկներ կը գործածուին շինելու համար 453,6 կրամ տուրմ:
– Մեղուները միւս անասուններէն շատ աւելի արագ կը տեսնեն գոյները:
– Խխունջը ունի մօտաւորապէս 25,000 պզտիկ ակռաներ:
– Մեր սրտի տրոփումը աւելի դանդաղ է ջուրին մէջ, քան անկէ դուրս:
– Պզտիկները մէկ տարուան ընթացքին կրնան սորվիլ մինչեւ 12,000 նոր բառեր գիրքեր կարդալով:
– Մարշալ կղզիները ջուրի մակերեսէն միայն 2 մեթր աւելի բարձր են:
Ճիշդ Թէ Սխալ
Բնութեան Թիւերէն
1) Սարդերը ութը ոտքեր ունին:…………………… Ճ/Ս
2) Մրջիւնները ութը ոտքեր ունին:………………. Ճ/Ս
3) Քալիֆորնիոյ մէջ 115,6 մեթր բարձրութիւն ունեցող «Տը Ճայնթ» կոչուած շոճիի ծառը աշխարհի ամէնէն մեծ ծառն է:………………………………….Ճ/Ս
4) Թռչունի մը աչքը կը գրաւէ անոր գլխուն մակերեսին 50 առ հարիւրը, մինչ մեր աչքերը կը գրաւեն մեր գլխուն միայն 5 առ հարիւրը:……………….. Ճ/Ս
5) Ծովամայրերը գոյութիւն ունին 500 միլիոն տարիներէ ի վեր` հոյամողէսներէն շատ առաջ:………………….. Ճ/Ս
6) Ըստ Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան, 11 դեկտեմբերը յայտարարուած է լեռներու միջազգային օր:…………………….. Ճ/Ս
7) Վայրի սեւակապիկներ (շէմփանզէներ) գոյութիւն ունին միայն ափրիկեան տասը երկիրներու մէջ: …………………………….. Ճ/Ս
8) Աշխարհի ամէնէն մեծ ծաղիկը` Ինտոնեզիոյ Ռաֆլէզիա Արնոլտիի, կրնայ աճիլ մինչեւ 2,1 մեթր:……………………… Ճ/Ս
9) Երկրագունդի մակերեսին մօտաւորապէս 71 առ հարիւրը ծածկուած է ջուրով:………………………. Ճ/Ս
10) Աշխարհի ջուրերուն աւելի քան 95 առ հարիւրը կը գտնուի ովկիանոսներուն մէջ:……………….. Ճ/Ս
Պատասխանները Վերջաւորութեան
Զբօսաշրջիկները
Աշխարհին Շուրջ
Ամառը ամէնէն յարմար շրջանն է արձակուրդներ առնելու եւ հետախուզելու մոլորակը: Այս ձեւով, հարիւրաւոր միլիոնաւոր զբօսաշրջիկներ առիթէն օգտուելով` կ՛այցելեն տարբեր երկիրներ: Ահա ամէնէն շատ այցելուներ ունեցող հինգ երկիրները:
1.- Ֆրանսա
2.- Միացեալ Նահանգներ
3.- Սպանիա
4.- Չինաստան
5.- Իտալիա
Մեր Խաղալիք
Անասուններն Ալ…
Արդեօք մեր խաղալիք փըլիւշներն ալ պիտի ուզէի՞ն արձակուրդ առնել եւ մեզի նման ճամբորդելու կարելիութիւն ունենալ:
Թոքիոյի մէջ ճամբորդութեան գրասենեակ մը մտածուած է անոնց մասին: Այս ձեւով, «Ունակի Թրավըլ» գրասենեակի միակ յաճախորդները փըլիւշներն են: Գրասենեակին տէրը` Սոնօ Ազումա անոնց կը պտտցնէ Թոքիոյի տարբեր թաղամասերուն, ծանօթ վայրերուն մէջ, նոյնիսկ դէպի անծանօթ վայր անակնկալ ուղեւորութիւն կը կազմակերպէ: Փըլիւշները իրենց կարգին իրենց գտնուած վայրերէն տեսարաններու քարտեր կը ղրկեն իրենց տէրերուն, իսկ գրասենեակը պտոյտէն նկարներ կը դնէ համացանցին վրայ:
Կարճ Տաբատ Հագուիլը`
Արգիլուած
Շուէտի մայրաքաղաք Սթոքհոլմի մէջ, շոգեկառքի վարորդին գտնուած մասին մէջ օդը այնքան տաք է, որ վարիչները շատ անհանգիստ կը գզային իրենց երկար տաբատ տարազներով:
Սակայն, ըստ շոգեկառքի ընկերութեան օրէնքներուն, անոնք իրաւունք չունէին կարճ տաբատներ հագնելու, մինչ անոնց կին գործակիցները փէշ կրելու ընտրութիւնը ունէին: Հեւեւաբար, վարորդները ընկերութեան օրէնքին դէմ բողոքելու համար որոշեցին փէշ հագնիլ:
Անշուշտ շոգեկառքի ընկերութիւնը ստիպուեցաւ իր օրէնքը փոփոխութեան ենթարկելու, եւ վերջապէս կարճ տաբատներով նոր տարազներ ապսպրեց իր վարորդներուն համար:
Խաւաքարտէ Ոստիկաններ
Հնդկաստանի հարաւը` Պանկալորի մեծ քաղաքին մէջ, ոստիկանութիւնը բաւարար մարդուժ չունի ամբողջ քաղաքին ճամբաներուն հսկելու համար, հետեւաբար, ան դիմած է իւրայատուկ միջոցի մը` երթեւեկը կառավարելու նպատակով:
Կարգ մը խճողուած խաչմերուկներու ան զետեղած է խաւաքարտի վրայ փակցուած ոստիկաններու պատկերներ: Երբ ինքնաշարժ վարողները կը տեսնեն, թէ իրենց հսկող ոստիկան մը կայ, անոնք ինքնաբերաբար կը դանդաղեցնեն ինքնաշարժը եւ աւելի ուշադրութեամբ կը քշեն: Անշուշտ այս կեղծ ոստիկանները չեն խաբեր բոլոր վարորդները, սակայն այս փորձառութիւնը մեծ յաջողութիւն գտած է, եւ ոստիկանութիւնը կը ծրագրէ նման «ոստիկաններ» աւելցնել իր ուժերոււն:
Օդանաւի Ճաշ
Ղանայի Աքքրա քաղաքին մէջ 2013 թուականին իւրայատուկ ճաշարան մը իր դռները բացաւ:
Ճաշարանին տէրերը հին օդանաւ մը գտած էին 2005 թուականին: Ան լքուած էր, երբ օդանաւի ընկերութիւնը իր դռները գոցած էր: Օդանաւին նոր տէրերը 118 աթոռներով այս օդանաւը ճաշարանի վերածեցին եւ անոր տուին «Լա Թանթ ՏԷՍԷ 10 Ռեսթորան» անունը: Սակայն բնիկ ժողովուրդը զայն կը կոչէ պարզապէս «Կանաչ օդանաւը»:
Պոչին վրայ Ղանայի դրօշակին գոյները կրող այս կանաչ օդանաւը շատ մեծ յաջողութիւն կը վայելէ: Սակայն մարդիկ զայն կը յաճախեն ո՛չ միայն անոր ճաշացուցակին համար, այլ պարզապէս օդանաւ մը այցելելու համար, որովհետեւ անոնց մեծ մասը բնաւ չէ ճամբորդած օդանաւով:
Ժամանց



Պատասխաններ
1) Ճիշդ: Սարդերը չորս զոյգ ոտքեր ունին: 2) Սխալ: Մրջիւնները, գրեթէ միւս բոլոր միջատներուն նման վեց ոտքեր ունին: 3) Սխալ: Այս բարձրութիւնը եւ մրցանիշը կը պատկանին, դարձեալ Քալիֆորնիոյ մէջ գտնուող, «Հայփիրիոն» կոչուած սէքոա տեսակի ծառի մը: 4) Ճիշդ: Եթէ նոյն համեմատութիւնը յարգուի, մեր աչքերը պէյզպոլի գնդակին չափը պիտի ունենային: 5) Ճիշդ: Ծովամայրի շատ լաւ վիճակի մէջ պահպանուած բրածոներ գտնուած են Միացեալ Նահանգներու Եութա նահանգին մէջ. անոնք մօտաւորապէս 500 միլիոն տարուան բրածոներ են: 6) Ճիշդ: Այս որոշումը տրուեցաւ 2002 թուականին: 7) Սխալ: Սեւակապիկները կը գտնուին ափրիկեան 21 երկիրներու մէջ, յատկապէս հասարակածին մօտ վայրի անտառներուն մէջ: 8) Սխալ: Ան աշխարհի ամէնէն լայն ծաղիկն է, սակայն կ՛աճի միայն մինչեւ 1 մեթր: 9) Ճիշդ: Սակայն այս ջուրը անշարժ չի մնար. ան անդադար եղանակներու ընթացքին իր ջուրի շրջանը կ՛ընէ: 10) Ճիշդ: Ջուրը կը գտնուի նաեւ գետերուն եւ լիճերուն մէջ, սառոյցի կոյտերուն մէջ, օդին մէջ, գետնին մէջ, անասուններուն մէջ… եւ նոյնիսկ մեր մարմինին մէջ: