Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դէպի Քորքովատօ, Ռիօ Տը Ժաներօ

Օգոստոս 1, 2015
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

8-01-15_corcovado-1

Անիկա աշխարհի ամէնէն նշանաւոր վայրերէն մէկն է եւ` Պրազիլի խորհրդանիշը: Ինչպէս Փարիզը ունի իր Էյֆել աշտարակը, Ռիօ Տը Ժաներօ ունի իր Քորքովատոն եւ Յիսուսի արձանը:

Մարդիկ յաճախ կը շփոթեն Քորքովատոյին եւ Յիսուսի արձանին միջեւ: Քորքովատոն (որ փորթուգալերէն կը նշանակէ` «կուզը») այն գագաթն է, որուն վրայ շինուած է արձանը:

8-01-15_corcovado-2

Այս գագաթին բարձրութիւնը կը հասնի 710 մեթրի եւ շրջապատուած է Թիխուքայի անտառով: Գագաթը արձանին շինութենէն առաջ արդէն ծանօթ էր. հոն ոչ միայն պրազիլցիները կը սիրէին երթալ, այլ աշխարհի չորս կողմերէն կու գային զբօսաշրջիկներ, որովհետեւ հոնկէ կ՛երեւէր Ռիօ տը Ժաներոյի ծովածոցին սքանչելի տեսարանը:

1829-ին հոն շինուած է ճամբայ մը, իսկ 1884 հաստատուեցաւ շոգեկառք մը` հասնելու համար մինչեւ գագաթ: 1931-ին է, որ շինուած է Յիսուս Փրկիչի արձանը: Աւելի քան հարիւր տարիներու ընթացքին զբօսաշրջիկները հոն կ՛երթային պարզապէս տեսարանին համար: Սկզբունքով Յիսուսի արձանը շինուած է հաւատացեալներուն համար, սակայն ժամանակի ընթացքին բոլոր զբօսաշրջիկները սկսած են հոն ուղղուիլ: Պէտք է յիշել նաեւ, որ անիկա աշխարհի այս տեսակի ամէնէն մեծ արձաններէն մէկն է:

Յիսուս Փրկիչի արձանը ունի երեսունութ մեթր բարձրութիւն, իսկ անոր երկու բաց թեւերուն միջեւ լայնքը կը հասնի քսանութ մեթրի: Այս արձանը յղացած է ֆրանսացի Փոլ Լանտովսքի, իսկ երկու ճարտարապետներ` պրազիլցի Հէյթոր տա Սիլվա Քոսթա եւ ֆրանսացի Ալպեր Քաքէ զայն իրագործած են:

Այժմ Քորքովատոն եւ Յիսուս Փրկիչի արձանը Ռիոյի ամէնէն շատ այցելուած վայրն է: 2007 թուականին արձանը նշանակուեցաւ արդի աշխարհի նոր եօթը հրաշալիքներէն մէկը:

 

Անհաւատալի, Բայց Իրա՛ւ

– Ք. Ա. 525 թուականին 50 հազար պարսիկ զինուորներէ կազմուած բանակ մը կորսուեցաւ Եգիպտոսի անապատներուն մէջ, եւ անոնց հետքը բնաւ չգտնուեցաւ:

– Հին Յունաստանի մէջ տեղի ունեցող Ողիմպիական խաղերուն ընթացքին մարզիկները դաշտ կ՛իջնէին մերկ (Ք. Ա. 776 – Ք. Ե. 393):

8-01-15_anhavadali

– Դարերու ընթացքին եւրոպական քարտէսներուն մէջ Քալիֆորնիան ներկայացուած էր իբրեւ կղզի մը` հիւսիսային Ամերիկայի ափերուն (16 – 18-րդ դար):

– Աշխարհի ամէնէն հին քարտէսներէն մէկը գծուած է փղոսկրի վրայ (Ք. Ա. 10,000):

– 1863-ին Ամերիկայի քաղաքացիական պատերազմէն ետք, Կեթիզպըրկի նշանաւոր պատերազմէն ետք, մօտակայ ծառերը այնքան փամփուշտ ստացած էին, որ անոնք կապարի թունաւորումէ չորցան:

8-01-15_anhavadali-1

– 1940 թուականին չորս պատանիներ գտան 17 հազար տարուան քարայրի մը պատերուն վրայ գծուած պատկերներ: Անոնք կը հետեւէին իրենց շան, որ մտած էր Ֆրանսայի հետագային նշանաւոր դարձած Լասքօ քարայրները հասցընող փոսի մը մէջ:

– Կարգ մը վայքինկներ իրենց մազերը եւ մօրուքները դեղին կը ներկէին (Ք. Ա. 700 – 1000):

– Հին պասիկները սկսած են գարնան փառատօներու ընթացքին հաւկիթներ ներկել 5000 տարի առաջ:

– Կատաղի երեւնալու համար կարգ մը մայաները իրենց ակռաները կը տաշէին անոնց սուր ձեւ մը տալու համար (Ք. Ա. 600 – Ք. Ե. 700):

 

14 Հազար Քիլօ

8-01-15_khorovads

Արժանթինցիներուն կը պատկանի աշխարհի ամէնէն մեծ խորովածի մրցանիշը: Այս ձեռնարկին մասնակցած են 20 հազար անձեր, որոնք կերած են մօտաւորապէս 14 հազար քիլօ միս:

 

Աշխարհի Ամէնէն Լաւ Ուսուցչուհի՞ն

8-01-15_ousoutchouhi

Դաստիարակութեան մարզին մէջ մասնագիտացած կազմակերպութիւն մը միջազգային մրցում մը կազմակերպած է աշխարհի ամէնէն լաւ դաստիարակը գտնելու համար: Բոլոր ուսուցիչ-ուսուցչուհիները կրնան մասնակցիլ` թէ՛ սեփական, թէ՛ պետական դպրոցի ուսուցիչ, մանկապարտէզի, նախակրթարանի, միջնակարգի…

Այս տիտղոսին արժանացող ուսուցիչը պիտի ստանայ  1 միլիոն տոլար` իբրեւ վարձատրութիւն: Նախորդ տարի ամերիկացի ուսուցչուհի մըն է, որ առաջնութիւնը շահած է: Ան գտած է նոր միջոց մը, որ աշակերտները կը մղէ կարդալու եւ իրենց գրաւոր խօսքը բարելաւելու:

 

Աւազէ Դղեակ

8-01-15_avaze-teghyag

Աշխարհի ամէնէն մեծ աւազէ դղեակը շինուած է Պրազիլի Ռիօ տը Ժաներոյի ծովափներէն մէկուն վրայ: Անոր բարձրութիւնը կը հասնի 12 մեթրի:

 

 Գիտէի՞ր, Թէ

Ալիքներու վրայ սըրֆինկը հնարուած է փոլինեզցիներուն կողմէ, Հաուայի մէջ, որ 12 օգոստոս 1898-ին դարձաւ ամերիկեան հող:

 

Ընթերցանութիւն Կը Սիրէ՞ք

8-01-15_entertsanoutioun

Պատմութեան առաջին վէպը գրուած է ազնուական ճափոնցի կնոջ մը` Մուրասաքի Շիքիպուի կողմէ, 1007 թուականին: Վէպը կը կոչուի «Ժենժիի պատմութիւնը» եւ կը ներկաացնէ սէր եւ իմաստութիւն փնտռող իշխանի մը պատմութիւնը:

Վէպին անգլիական թարգմանութիւնը կը բովանդակէ 54 գլուխ եւ աւելի քան 1000 էջ գրութիւն:

Յիշենք նաեւ, որ ամէնէն շատ վէպեր գրած անձը դարձեալ կին մըն է` Տէյմ Պարպարա Քարթլընտ (1901-2000): Ան  պատմութիւն մը կը գրէր ամէն երկու շաբաթը անգամ մը: Ան գրած է աւելի քան 723 վէպեր. անոր գիրքերէն ծախուած են աւելի քան 1 միլիառ օրինակ` 36 տարբեր լեզուներով:

 

Ժամանց

Կրնա՞ս գտնել սքէյթպորտին հասցնող ճամբան:
Կրնա՞ս գտնել սքէյթպորտին հասցնող ճամբան:
Կրնա՞ս գտնել երկու պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող ութ տարբերութիւնները:
Կրնա՞ս գտնել երկու պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող ութ տարբերութիւնները:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

8-01-15_jam-3-b
Կրնա՞ս գտնել կատուին համապատասխանող շուքը:
Կրնա՞ս թիւերու տախտակը ամբողջացնել` թիւերը դնելով իրենց համապատասխանող տեղերը:
Կրնա՞ս թիւերու տախտակը ամբողջացնել` թիւերը դնելով իրենց համապատասխանող տեղերը:
Նախորդը

50 Տարի Առաջ (1 Օգոստոս 1965)

Յաջորդը

Ջիւանու Օրն Ու Տուն-Թանգարանի Հիմնարկէքը Կարծախում

RelatedPosts

Աշնան Փառատօներ.  Լուսնի Լոյս Եւ Անուշեղէն, Չինական Աշնանային Փառատօնը
Մանկապատանեկան

Աշնան Փառատօներ. Լուսնի Լոյս Եւ Անուշեղէն, Չինական Աշնանային Փառատօնը

Հոկտեմբեր 25, 2025
Այժմէական.  Աշխարհի Ամէնէն Բարձր Կամուրջը
Մանկապատանեկան

Այժմէական. Աշխարհի Ամէնէն Բարձր Կամուրջը

Հոկտեմբեր 18, 2025
Արհեստական Բանականութիւնը Կրնա՞յ Խօսիլ
Մանկապատանեկան

Արհեստական Բանականութիւնը Կրնա՞յ Խօսիլ

Հոկտեմբեր 11, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?