Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
Մթնոլորտի ապականումը օդի ապականումն է: Օդը կազմուած է տարբեր կազերէ, հաստատուն մասնիկներէ եւ ջուրի կաթիլներէ. մենք կը խօսինք ապականումի մասին, երբ այս օդը կը պարունակէ նաեւ առողջութեան կամ կենսոլորտին համար վնասակար նիւթեր:
Այս վնասակար նիւթերէն են թունաւոր կազերը: Երբեմն անոնք վտանգաւոր են մեր շնչած վայրկեաններուն: Ուրիշ անգամներ հետեւանքները կը բացայայտուին տարիներ ետք: Այս կազերը վտանգաւոր են, երբ անոնք կը շնչուին ամէն օր քիչ քանակներով:
Փոշիները շատ մանր մասնիկներով ալ կրնան օդը ապականել: Անոնք կրնան յառաջանալ գետնի մաշումէն, հրաբուխի մը ժայթքումէն… Սակայն ներկայիս այդ մասնիկներուն մեծ մասը կ՛արտադրուի մարդոց պատճառով` ինքնաշարժներու երթեւեկ, գործարաններ, ջեռուցիչներ…
Մարդիկ սկսան այս հարցով մտահոգուիլ 1950-ական թուականներուն: Առաջին անգամ ըլլալով, Լոնտոնի մէջ, Անգլիա, մարդիկ կապ մը հաստատեցին, ջեռուցումի համար գործածուած ածուխին եւ արձանագրուած բարձր թիւով մահերուն միջեւ:
Այլազան
Որքա՞ն ժամանակ պիտի տեւէ օդանաւով ամէնէն երկար թռիչքը
Փետրուար 2016-ին է, որ «Էմիրէյց» օդանաւային ընկերութիւնը պիտի սկսի Տուպայ-Փանամա Սիթի իր թռիչքները: Ան պիտի ըլլայ օդանաւային ամէնէն երկար թռիչքը` թէ՛ օդին մէջ անցուցած ժամերով, թէ՛ ալ կտրուած քիլոմեթրներով: 13,808 քմ երկար ճամբայ մը կտրելու համար պէտք պիտի ըլլայ կատարել 17:35 ժամուան թռիչք: Գրեթէ լման օր մը` օդին մէջ:
Յաճախորդները պիտի ճամբորդեն Պոյինկ 777-200LR տեսակի օդանաւով, որ կրնայ ընդունիլ 8 առաջին կարգի, 42 պիզնըս կարգի եւ 216 էքոնոմի կարգի ճամբորդներ:
Այս թռիչքով «Էմիրէյց» ընկերութիւնը պիտի կտրէ նախկին մրցանիշը, որ դարձեալ իրեն կը պատկանէր. 16:50 ժամ տեւող թռիչքը կը կատարուէր Աթլանթայի (Միացեալ Նահանգներ) եւ Սիտնէյի (Աւստրալիա) միջեւ: Սակայն իսկական մրցանիշը կը պատկանի «Սինկափուր էրլայնզ» ընկերութեան, որ 18:50 ժամուան թռիչք մը կը կատարէր Սինկափուրի (Ասիա) եւ Նիւ Եորքի (Միացեալ Նահանգներ) միջեւ: Սակայն ան ստիպուած եղած է այս թռիչքները դադրեցնել 2013 թուականին, որովհետեւ նման թռիչքներ կատարելը մեծ ծախսերու կը կարօտէր: Մեծ քանակով քերոզենի (օդանաւի վառելանիւթ) կարիք կար օդ բարձրացնելու նման օդանաւ մը, որ շատ ծանր կը դառնար… քերոզենի նման քանակ կրելուն պատճառով:
Ինքնաշարժ կեցնող մարդամեքենային ճամբորդութիւնը վերջ կը գտնէ
Ասիկա պատմութիւնն է Հիչ Պոթ կոչուած պզտիկ մարդամեքենայի մը: Ան կ՛երազէր Միացեալ Նահանգները արեւելքէն արեւմուտք կտրել ինքնաշարժի բարեացակամ վարիչներու հետ, որոնք պատրաստ էին զայն իրենց հետ տանիլ (օթօ-սթոփ):
Այս մարդամեքենան շինող մասնագէտները կ՛ուզէին տեսնել, թէ մարդամեքենաները կրնայի՞ն մարդոց վստահիլ: Այս ձեւով, նախորդ ամառ Հիչ Պոթ կրցած է կտրել 6 հազար քմ Քանատայի մէջ` առանց պատահարի: Ան նոյնիսկ այցելած է Գերմանիոյ եւ Հոլանտայի կարգ մը շրջաններ: Մինչեւ այս հանգրուանը` մարդամեքենային եւ մարդոց միջեւ յարաբերութիւնները շատ լաւ անցած են:
Հարցերը սկսած են Միացեալ Նահանգներուն մէջ: Հիչ Պոթ իր ճամբորդութիւնը սկսած է յուլիսին, Պոսթոնէն (հիւսիս-արեւելք): Սակայն դժբախտաբար ան 3 օգոստոսին գտնուած է Ֆիլատելֆիոյ մէջ (արեւելք)` ամբողջովին կազմաքանդուած: Այս տարբեր վերամշակուած առարկաներէ շինուած, դեղին կերպընկալէ ձեռնոցներով եւ կապոյտ մարմինով մարդամեքենան ստիպուած եղած է իր ճամբորդութիւնը դադրեցնել` իր կայքէջին վրայ գրելով. «Իմ մարմինս վնասուած է: Կ՛երեւակայեմ, որ երբեմն գէշ բաներ կրնան պատահիլ ազնիւ մարդամեքենաներուն: Իմ ճամբորդութիւնս պէտք է վերջ գտնէ հիմակուհիմա, սակայն մարդոց հանդէպ իմ սէրս բնաւ պիտի չմարի»:
Ժայռի մը տակ շինուած քաղաքը
Սենթենիլ տէ Լաս Պատեկաս պզտիկ քաղաքը կը գտնուի Սպանիոյ հարաւը, Քատիքսի նահանգին մէջ եւ ունի մօտաւորապէս 3 հազար բնակիչ: Այս քաղաքը իւրայատուկ է. անիկա շինուած է հսկայական ժայռի մը տակ:
Քաղաքէն անցնող գետը` Ռիօ Թրեխօ, ժամանակի ընթացքին հսկայ ճեղք մը փորած է: Այս ձեւով յառաջացած են կիրճեր, ուր մարդիկ տուներ շինած են` ժայռը գործածելով իբրեւ տանիք:
Մէկ բնակիչ ունեցող քաղաքը
2004 թուականին իր ամուսնոյն մահէն ետք, Էլսի Էյլըր դարձած է Միացեալ Նահանգներու Նեպրասքա նահանգին մէջ Մոնոուի քաղաքին միակ բնակիչը: Ան նոյն ժամանակ քաղաքին քաղաքապետն է, գրադարանին պատասխանատուն, եւ սրճարանին մէջ խմիչքներ սպասարկողը:
Էլսի կը վճարէ իր տուրքերը իր քաղաքին եւ ինքզինքին կու տայ խմիչք ծախելու արտօնագիր, որպէսզի կարենայ շարունակել աշխատիլ քաղաքին միակ հաստատութեան մէջ, որ խմիչք ծախող պզտիկ սրճարան մըն է:
Հարցարան
Ծննդավայրեր
Ամէնօրեայ մեր կեանքին մէջ մենք կը գործածենք առարկաներ, որոնք հնարուած են երկրագունդի տարբեր վայրերու մէջ: Կրնա՞ս գտնել իւրաքանչիւր առարկայի ծննդավայրը:
1) Թռուցիկները առաջին անգամ գործածուած են այս ընդարձակ երկրին մէջ, 3000 տարիներ առաջ:
2) Վերադարձող եռանկիւն պումըրանկները կը գործածուէին պուշին (անտառ) մէջ ուտելիք որսալու համար:
3) Ելեկտրական կիթառները առաջին անգամ գործածուած են այս երկրին մէջ` քաունթրի եւ ճազի եղանակներ նուագելու համար:
4) Չհոտող շունչ ունենալու համար անանուխի տերեւներ ծծելու սովորութիւնը հնարուած է, որպէսզի մարդիկ «մոմիայի շունչ» չունենան:
5) Մարդիկ փիցցա կ՛ուտէին այս երկրին մէջ աւելի քան 200 տարիներէ ի վեր:
6) Ջուրը քաշուող առաջին բաղնիքները ստեղծուած էին այս երկրին մէջ, «ուաթըր քլոզեթ»-ներուն (ջուրի պահարան) մէջ:
7) Ճարտարագէտ մը վելքրօ կպչուն կտաւներու գաղափարը յղացած է, երբ որսորդութեան ընթացքին տեսած է, թէ ինչպէս բոյսի յատուկ տեսակ մը կը փակէր իր հագուստներուն:
8) to-to-ները առաջին անգամ յայտնուեցան այս երկրին մէջ: Անոնք շինուած էին կաւով եւ հաւանաբար իբրեւ նուէր` աստուածներուն:
9) Այս երկրին մէջ վստահաբար տաք օդով բանող եւ բարձրանալու համար գործածուող մեծ փուչիկներով ճամբորդող առաջին անձերը բացագանչած են «ուիիի՜»:
10) 1950-ական թուականներուն այս երկիրը դէպի անջրպետ ղրկեց առաջին տիեզերանաւը` Սփութնիք:
11) Ճատրակի խաղը հնարուած էր այս երկրին մէջ եւ առաջին ձիաւորներու քարերը փիղեր կը ներկայացնէին:
***
ա – Միացեալ Նահանգներ, բ – Անգլիա, գ – Ֆրանսա, դ – Զուիցերիա, ե – Իտալիա, զ – Յունաստան, է – Ռուսիա, ը – Չինաստան, թ- Հնդկաստան, ժ – Եգիպտոս – ի – Աւստրալիա:
Պատասխանները Վերջաւորութեան
Ժամանց




Պատասխաններ
1) Թռուցիկ – Չինաստան, 2) Պումըրանկ – Աւստրալիա, 3) Ելեկտրական կիթառ – Միացեալ Նահանգներ, 4) Անանուխ – Եգիպտոս, 5) Փիցցա – Իտալիա, 6) Ջուրը քաշուող բաղնիք – Անգլիա, 7) Վելքրօ – Զուիցերիա, 8) to-to – Յունաստան, 9) Տաք օդով բանող փուչիկ – Ֆրանսա, 10) Տիեզերանաւ – Ռուսիա, 11) Ճատրակ – Հնդկաստան: