Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կուաթէմալա Սիթիի Պզտիկ Հովիւը

Մայիս 30, 2015
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

5-30-15_beto-1

13 տարեկան Պէթօ եւ իր ընտանիքը կ՛ապրին Կուաթէմալա Սիթիի աղքատ թաղամասերէն մէկուն մէջ: Ապրելու համար Պէթօ այծի թարմ կաթ կը ծախէ քաղաքին փողոցներուն մէջ:

Պէթոյի ծնողքը ունի 47 այծ, զանոնք կը պահէ թիթեղէ շինուած իրենց պզտիկ տան մօտ: Իւրաքանչիւր անասուն կը սեպուի ընտանիքի անդամ մը եւ ունի իր անձնական անունը: Անասունները հաւաքուած կը մնան ընտանեկան տան շուրջ: Պէթօ մեծ խնամք կը տանի անոնց: Անասուններուն կը հայթայթէ կենսանիւթերով հարուստ սնունդ եւ ամէն օր դաշտ կը տանի զանոնք` արածելու:

***

5-30-15_beto-2

Ամէն առտու Պէթօ կ՛առնէ քանի մը այծ եւ զանոնք կը տանի քաղաքին կեդրոնը: Ան ամէն օր կ՛անցնի նոյն ճամբաներէն. ասիկա եղած էր իր հօրը ուղեգիծը, եւ հիմա ան զայն իր զաւակին փոխանցած է: Սակայն այժմ աւելի մրցակցութիւն կայ: Վերջին 10 տարիներուն կաթ վաճառողներուն թիւը աւելցած է: Այծի կաթը շատ օգտակար է առողջութեան համար, սակայն շատեր կը նախընտրեն կազային խմիչքները, որոնք շատ աժան կը ծախուին մեծ խանութներուն մէջ: Ուրեմն կաթ ծախողներուն համար դժուար է մրցակցիլ այդքան ցած գիներու հետ…

***

Երբ քաղաք կը հասնի, Պէթօ պէտք է շատ զգուշ ըլլայ: Ճամբաներուն վրայ մարդոց յատուկ գծաւոր անցքերը շատ յստակ չեն, իսկ ինքնաշարժ վարողները շատ մեծ կարեւորութիւն չեն տար անասուններուն: Պէթօ կը գործածէ պզտիկ մտրակ մը, ո՛չ թէ անասուններու զարնելու, այլ զանոնք ուղղելու համար:

5-30-15_beto-3

Առաւօտ կանուխ Պէթօ կը սկսի իր սովորական յաճախորդներուն կաթ բաժնելու. անոնք անհամբեր կը սպասեն Պէթոյի իրենց նախաճաշին համար: Պէթօ իր այծերը տեղւոյն վրայ կը կթէ գաւաթի մը մէջ: Քաղջ կաթը պատրաստ է խմուելու: Պէթօ մէկ գաւաթ կաթը կը ծախէ 5 քէթցալի, այսինքն` 0,65 տոլարի: Իւրաքանչիւր այծ կրնայ օրական հայթայթել վեց գաւաթ կաթ:

***

5-30-15_beto-4

Ապա Պէթօ կ՛ուղղուի դէպի Կուաթէմալա Սիթիի քաղաքի կեդրոնին գլխաւոր հանրային պարտէզը: Հոն ան կը սկսի կանչել «լէչէ, լէչէ» (կաթ): Իր այծերը պզտիկներուն ուշադրութիւնը կը գրաւեն եւ նոր յաճախորդներ կը հաւաքուին Պէթոյի շուրջ…

***

Երբ այծերը շատ կը ծերանան եւ այլեւս կաթ չեն կրնար տալ, անոնք կը մնան Պէթոյի ընտանիքին մօտ մինչեւ իրենց մահը: Պէթօ եւ իր ընտանիքը ճիշդ չեն գտներ զանոնք ծախել կամ մորթել, որովհետեւ անոնք իրենց ծառայած են այդ բոլոր տարիներուն:րով` նախաճաշակներ հրամցնելով ներկաներուն:

 

Անհաւատալի Բայց Իրաւ

– Երբ կ՛անձրեւէ, ուրանկութանները երբեմն տերեւներով իրենց անձնական հովանոցները կը շինեն:

– Ըստ կարգ մը ուսումնասիրութիւններու, երբ մենք հասնինք 2300 թուականները, կ՛ենթադրուի, թէ Ճափոնի մէջ ծնած կիները պիտի ապրին միջին հաշուով մինչեւ 105 տարեկան:

– Երբ առիւծները կը քալեն, անոնց կրունկները գետին չեն դպչիր:

– Մօտաւորապէս 6000 անձեր մասնակցեցան աշխարհի ամէնէն մեծ ձիւնագնդակի խաղին:

– Մեր սիրտը մեր մարմնին մէջ օրական 7570 լիթր արիւն կը ղրկէ: Այս քանակով արիւնը կրնայ լեցնել 40 լոգարան:

5-30-15_anhavadali– Միացեալ Նահանգներու Քանսաս նահանգին ինչպէս նաեւ Անգլիոյ մէջ, կիները 12 փետրուարին կը տօնեն Ազգային Փէնքէյքի օրը, մասնակցելով մրցումի մը, որուն ընթացքին անոնք փէնքէյքներ կը դարձնեն տապակի մը մէջ:

– Բախտ ունենալու համար, միջին դարերու զինուորները իրենց վրայ կը պահէին մանիշակագոյն մեղեսիկ թանկագին քար` պատերազմներու ընթացքին իբրեւ պահապան:

– Միացեալ Նահանգներու նախագահին տունը` Սպիտակ տունը ունի 35 բաղնիք:

– 1930 թուականին, Ալպըրթ Այնշթայն եւ ուրիշ գիտնական մը` Լէօ Ազիլարտ հնարեց սառնարան մը, որ ելեկտրականութեան չէր կարօտեր:

 

Հարցարան

Հետաքրքրական Թիւեր

 

5-30-15_harts-1

1) Քանի՞ լիթր ճերմակ ներկ պէտք կայ ներկելու համար Ամերիկայի նախագահական պալատը` Սպիտակ տունը:
ա.- 91 լ, բ.- 2158 լ, գ.- 6056 լ, դ.- Այս տեղեկութիւնը գաղտնի է:

2) Անգլիացի մը նկարեց առաջին գունաւոր ժապաւէնը, ուր կ՛երեւէին մանուկներ, թռչուն մը եւ ձուկ մը: Ո՞ր թուականին տեղի ունեցած է ասիկա:
ա.- 1624, բ.- 1902, գ.- 1960, դ.- 1982

5-30-15_harts-2

3) Աշխարհի բոլոր աստակոսներուն մէջէն քանի՞ աստակոս կապոյտ կը ծնի:
ա.- Հազարէն մէկը, բ.- մէկ միլիոնէն մէկը, գ.- երկու միլիոնէն մէկը, դ.- 16 միլիառէն մէկը:

4) Կրինլէնտի տարածքէն որքա՞ն սառոյցով ծածկուած է:
ա.- 10 առ հարիւրը, բ.- 50 առ հարիւրը, գ.- 80 առ հարիւրը, դ.- 100 առ հարիւրը:

5) Աշխարհի մէջ 100 անձէն մէկը շէկ մազեր ունի:
ա.- Ճիշդ, բ.- Սխալ:

6) 2013 թուականին աշխարհի ամէնէն մեծ նարնջագոյն ադամանդը ծախուեցաւ 35,5 միլիոն տոլարի: Որքա՞ն էր անոր չափը:
ա.- Հնդկընկոյզի չափ, բ.- Կօշիկի տուփի մը չափ, գ.- Նուշի մը չափ, դ.- Նարինջի մը չափ:

5-30-15_harts-3

7) Սրճագոյն արջ մը կրնայ վազել ժամական 55 քմ. արագութեամբ:
ա.- Ճիշդ, բ.- Սխալ:

5-30-15_harts-4

8) 2003 թուականին աշխարհի ամէնէն մեծ մոմէ մատիտը ցուցադրուեցաւ Միացեալ Նահանգներու, Փինսիլվէնիա քաղաքին մէջ գտնուող քրէյոլա ընկերութեան շէնքերուն առջեւ: Որքա՞ն էր անոր մեծութիւնը:
ա.- 4,6 մեթր, բ.- 1,8 մեթր, գ.- 19,5 մեթր, դ.- 91,7 մեթր:

9) Շուները միայն մէկ գոյն կրնան տեսնել, մոխրագոյնը:
ա.- Ճիշդ, բ.- Սխալ:

Պատասխանները՝ Վերջաւորութեան

 

Մաքրութիւնը Կը Տեւէ
Մօտաւորապէս 4 Ամիս

5-30-15_burj-khalifa

Երբ 828 մեթր բարձրութիւն ունեցող Պուրճ Խալիֆա երկնաքերին շինութիւնը վերջացաւ 2010 թուականին, ան աշխարհի ամէնէն մեծ բնակուած շինութիւնը կոչուեցաւ:

Անոր մէջ կան հարիւրաւոր յարկաբաժիններ, 57 վերելակներ, 8 շարժուն աստիճաններ եւ աւելի քան 24,000 պատուհան: 36 անձերէ կազմուած խմբակը պէտք ունի 90 օրուան եւ ինքնաշխատ մեքենաներու այդ բոլոր պատուհանները մաքրելու համար:

 

Ժամանց

Կրնա՞ս գտնել ծորակին հասցնող ճամբան:
Կրնա՞ս գտնել ծորակին հասցնող ճամբան:
Կէտերը իրարու միացուր 1-176 գտնելու համար պահուած պատկերը:
Կէտերը իրարու միացուր 1-176 գտնելու համար պահուած պատկերը:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Կրնա՞ս ամբողջացնել թիւերու բուրգը` գիտնալով, թէ իւրաքանչիւր շրջանակի մէջի թիւը հաւասար է անոր տակը գտնուող երկու թիւերուն գումարումին:
Կրնա՞ս ամբողջացնել թիւերու բուրգը` գիտնալով, թէ իւրաքանչիւր շրջանակի մէջի թիւը հաւասար է անոր տակը գտնուող երկու թիւերուն գումարումին:
Կրնա՞ս պատկերը ամբողջացնել` քառակուսիներուն հետեւելով:
Կրնա՞ս պատկերը ամբողջացնել` քառակուսիներուն հետեւելով:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Պատասխանները

1-բ, 2-բ, 3-գ, 4-գ, 5-սխալ, մօտաւորապէս 200 անձէն մէկը շէկ մազ ունի, 6-գ, 7-ճիշդ, անոնք շատ լաւ լողորդներ ալ են, 8-ա, 9-սխալ, շուները կրնան տեսնել դեղինի երանգներ, կապոյտ եւ մոխրագոյն:

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (30 Մայիս 1965)

Յաջորդը

Գրող, Հրապարակագիր Գէորգ Պետիկեան Իր Յիսնամեայ Վաստակին Համար Պարգեւատրուեցաւ «Մայրենիի Դեսպան» Շքանշանով

RelatedPosts

Ճափոնի Մէջ.  Աղբեր Հաւաքելու Առաջին Աշխարհի Ախոյեանութիւն
Մանկապատանեկան

Ճափոնի Մէջ. Աղբեր Հաւաքելու Առաջին Աշխարհի Ախոյեանութիւն

Մարտ 25, 2023
Ինչո՞ւ Մարտ 8-ը Կիներու Իրաւունքներու Միջազգային Օր Նշանակուած Է
Մանկապատանեկան

Ինչո՞ւ Մարտ 8-ը Կիներու Իրաւունքներու Միջազգային Օր Նշանակուած Է

Մարտ 11, 2023
Ինչպէ՞ս Գիտնալ Երկրագունդին Կլիմային Պատմութիւնը
Մանկապատանեկան

Ինչպէ՞ս Գիտնալ Երկրագունդին Կլիմային Պատմութիւնը

Մարտ 4, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In