Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անապատին Մէջ Աճող Կանկատունկերը (Քաքթիւսները)

Օգոստոս 29, 2015
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

pchadsar_8-29-15

Բոյսերուն մեծ մասը աճելու համար պէտք ունի ջուրի եւ սնունդի: Սակայն կանկատունկերը կ՛աճին անապատներու մէջ, ուր ջուրը միշտ կը պակսի, եւ ուր օդը շատ տաք է: Ինչպէ՞ս անոնք կրնան ապրիլ նման պայմաններու տակ:

Անապատներուն մէջ կանկատունկերը կ՛ապրին եւ կ՛աճին ինչպէս միւս բոլոր բոյսերը` շնորհիւ արեւու լոյսին:

Անոնք «կը շնչեն»…  Ասոր կողքին, անոնք շատ «հնարամիտ» են եւ առաւելագոյն ձեւով կ՛օգտագործեն իրենց շրջապատին հարստութիւնները: Անոնք կրնան «որսալ» ջուրը, խոնաւութիւնը եւ պահեստներ ամբարել իրենց արմատներուն մէջ` իրենց փուշերուն շնորհիւ: Այս ձեւով, երբ անոնք ջուրի պէտք ունենան, կրնան այդ պահեստներէն օգտուիլ:

Բնութիւնը շատ լաւ «դասաւորած» է. այս բոյսը կրցած է շատ լաւ յարմարիլ անապատային դժուարին պայմաններուն: Այս բոյսը տերեւներ չունի, այլ, անոնց փոխարէն, փուշեր: Սակայն ինչո՞ւ: Տերեւները մեծ են եւ լայն. անոնք արեւին ճառագայթներուն կը պարզեն ընդարձակ մակերես մը, հետեւաբար բոյսը ջուրի մեծ կորուստ պիտի ունենայ, եթէ արեւուն «հրամցնէ» այդքան ընդարձակ կանաչ մակերեսներ: Ուրեմն կանկատունկը գիտցած է յարմարիլ այդ միջավայրին: Ան իր կեանքը կ՛ապահովէ փուշերուն ընդմէջէն, շատ քիչ «քրտնելով»:

Կանկատունկերուն փուշերը շատ գործնական են նաեւ պաշտպանուելու համար բոլոր անոնց դէմ, որոնք պիտի ուզեն զիրենք խածնել: Կանկատունկերը ունին նաեւ ուրիշ տարօրինակութիւն մը: Անոնք կը բուսնին աւազին վրայ, եւ անոնց արմատները շատ քիչ հողի պէտք ունին աճելու համար: Ուրիշ ոչ մէկ բոյս կրնայ նման շատ  չոր վայրերու մէջ բուսնիլ: Այս ձեւով կանկատունկը ոչ մէկ մրցակից ալ կ՛ունենայ: Վերջապէս, եթէ պայմանները շատ վատ դառնան, կանկատունկը կը դանդաղեցնէ իր կենսագործունէութիւնը: Այն կարճ միջոցի մը համար կը դադրի աճելէ` սպասելով խոնաւութեան վերադարձին, իր կեանքը շարունակելու համար:

 

Ծառերուն Մասին

– Որքա՞ն կ՛ապրին ծառերը

dsar-1_8-29-15

Անոնք կրնան ապրիլ տասնեակ մը տարիներէ մինչեւ հազարաւոր տարիներ: Օրինակի համար, կեռասենին կ՛ապրի 50-100 տարի, ցարասին, խնձորենին եւ տանձենին` մօտաւորապէս 100 տարի: Աւելի մեծ ծառերը, ինչպէս` կաղնին եւ թմբին, կրնան ապրիլ 500-1000 տարի: Հսկայ սեքոային կեանքը կրնայ երկարիլ աւելի քան 3 հազար տարի: Սակայն ամէնէն երկար կեանք ունեցող ծառին մրցանիշը կը պատկանի պրիսըլքոն տեսակի շոճիին:

– Ո՞րն է աշխարհի ամէնէն ծեր ծառը:

dsar-2_8-29-15

Ան Պրիսըլքոնի շոճին է: Ան կը բուսնի Միացեալ Նահանգներու Քալիֆորնիոյ Ճերմակ լեռներուն վրայ: Հակառակ իրենց տարիքին` այս շոճիի տեսակները 5-15 մեթր հասակ կ՛ունենան միայն: Անոնք պատշաճած են Ամերիկայի արեւմուտքի բարձր լեռներուն շատ չոր կլիմային: Անոնք շատ դանդաղօրէն կ՛աճին:

– Ո՞ր ծառը առաջինը յայտնաբերուած է երկրագունդին վրայ:

dsar-3_8-29-15

Արքայէօփթերիսը: Այժմ անհետացած ծառի այս տեսակը աշխարհի վրայ գոյութիւն ունեցած է 350 միլիոն տարիներ առաջ: Այս ծառերուն բարձրութիւնը կը հասնէր 30-40 մեթրի: Անոնք քիչ մը կը նմանէին ներկայի եղեւինիներու ընտանիքին, ունէին կարճ փուշեր` տերեւներու փոխարէն եւ կոնաձեւ պտուղներ:ադիպութեամբ մը զինք կը միացնէ իր սիրելի գրչեղբօրը` երկնային դրախտներուն մէջ:

 

Անհաւատալի, Բայց Իրա՛ւ

anhavadali-1_8-29-15

Գերմանիոյ մէջ հեծիկի վաճառատան մը տէրերը խանութին շէնքին պատը ծածկած են 120 հեծիկներով` իբրեւ ծանուցումի միջոց:

 

anhavadali-2_8-29-15

Ճէյնի Պայրն Անգլիոյ իր տան մէջ կ՛ապրի իր երկու սեւ խոզերուն հետ, Մոլլի եւ Միքա:

 

anhavadali-3_8-29-15

Միքի Մաուսի կերպարը ստեղծող Ուայթ Տիզնէյ մուկերէն կը վախնար:

 

anhavadali-4_8-29-15

Վեց տարեկան Էմիլի Պլատի ամէնէն մօտիկ ընկերը Ռիշի ուրանկութան էր: Անոնք իրարու ծանօթացած էին 2008 թուականին, երբ անոնք 2 տարեկան էին, եւ Էմիլի շատ աւելի մեծ էր, քան` իր ընկերը: Էմիլի յաճախ այցելութեան կ՛երթար իր ընկերոջ քով, կենդանաբանական պարտէզ: Սակայն, որովհետեւ ուրանկութանները շատ աւելի արագ կը մեծնան, երբ Էմիլի վեց տարեկան էր` վերջին անգամ ըլլալով ան կրցաւ երկար ժամեր անցընել իր ընկերոջ հետ, պարտէզին մէջ: Սակայն Էմիլի կը յուսայ իր ընկերոջ հետ կապը պահել համակարգիչի միջոցով:

 

Խաղանք

Հոտերու Յիշողութեան Խաղը

Հոտառութիւնդ զօրաւո՞ր է: Կրնա՞ս զանազանել հոտերուն միջեւ: Ահա հետաքրքրական խաղ մը, որ կրնաս անձամբ շինել եւ ընկերներուդ հետ խաղալ:

Պէտք ունիս (2-4 խաղցողներու համար)

Կերպընկալէ 16 (ոչ թափանցիկ) գաւաթ, խոհանոցի թուղթէ թաշկինակ, կպչուն երիզ, 2 կտոր պանան, թարմ անանուխի 2 ցօղուն, հուսամի 2 ցօղուն:

Զօրաւոր հոտ ունեցող պանիրի 2 կտոր, 2 սուրճի դգալ աղացուած սուրճ, ծոթրինի 2 ցօղուն, ռեհանի 2 ցօղուն, 2 սուրճի դգալ փոշի կասիա, ասեղ մը:

Պատրաստութիւն

khaghank-1_8-29-15

1.- Գաւաթներուն մէջ զոյգ զոյգ դիր տարբեր նիւթերը:

2.- Թուղթէ թաշկինակի կտորով մը ծածկէ գաւաթները եւ կպչուն երիզի կտորներով զանոնք ամրացուր:

3.- Ասեղով պզտիկ ծակեր ըրէ թուղթէ թաշկինակին վրայ:

4.- Իւրաքանչիւր գաւաթի տակ գրէ անոր մէջի նիւթին անունը:

Ինչպէ՞ս խաղալ

khaghank-2_8-29-15

Այս խաղը կը խաղցուի յիշողութեան (մեմորի) խաղի մը նման: Պէտք է գտնել նոյն բաղադրութիւնը ունեցող երկու գաւաթները` հոտառութիւնը գործածելով: Կը յաղթէ այն անձը, որ ամէնէն շատ զոյգ գաւաթներ կը շահի:

 

Ժամանց

 

Կէտերը իրարու միացուր 1-90` յայտնաբերելու համար պահուած պատկերը:
Կէտերը իրարու միացուր 1-90` յայտնաբերելու համար պահուած պատկերը:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Կրնա՞ս գտնել իւրաքանչիւր սարդի ոստայնը:
Կրնա՞ս գտնել իւրաքանչիւր սարդի ոստայնը:
Կրնա՞ս ձուկերը ամբողջացնել իւրաքանչիւր գլուխի համապատասխանող պոչը գտնելով:
Կրնա՞ս ձուկերը ամբողջացնել իւրաքանչիւր գլուխի համապատասխանող պոչը գտնելով:

 

 

 

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (29 Օգոստոս 1965)

Յաջորդը

Հայ Եկեղեցին Եւ Հայ Երիտասարդը Դէմ Առ Դէմ

RelatedPosts

Արհեստական Բանականութիւնը Կրնա՞յ Խօսիլ
Մանկապատանեկան

Արհեստական Բանականութիւնը Կրնա՞յ Խօսիլ

Հոկտեմբեր 11, 2025
Կրակներու Խաղեր Աշունը Տօնելու Համար
Մանկապատանեկան

Կրակներու Խաղեր Աշունը Տօնելու Համար

Հոկտեմբեր 4, 2025
Կրթութիւն Ստանալու Իրաւունքը
Մանկապատանեկան

Կրթութիւն Ստանալու Իրաւունքը

Սեպտեմբեր 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?