Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
Բնաւ մտածա՞ծ ես, թէ ինչի՞ կրնայ նմանիլ ապագայի դպրոցը: Անշուշտ մենք չենք գիտեր, թէ ան ինչպէ՛ս պիտի ըլլայ հազար տարի ետք. սակայն ի՞նչ կրնայ փոխուիլ դպրոցի դրութեան մէջ, երբ դուն չափահաս ըլլաս:
Առանց Ուսուցիչի Դասե՞ր
Համալսարաններու մէջ այս դրութիւնը արդէն գոյութիւն ունի երկար ատենէ ի վեր. ուսուցիչը դասը կը բացատրէ, սակայն ան դասարանին մէջ չէ: Ան կրնայ աշխարհին միւս ծայրը գտնուիլ, կարեւոր չէ. ան իր դասը կը բացատրէ համացանցին վրայ: Երբեմն ուսանողները նոյնիսկ պէտք չունին դասին ուղղակիօրէն հետեւելու. անոնք կրնան զայն դիտել, երբ որ ուզեն, տեսերիզի նման:
Կրնանք մտածել, թէ ապագային ուսուցիչները այլեւս պէտք պիտի չունենան դասարաններու մէջ դասաւանդելու եւ իրենց դասերը պիտի բացատրեն այս ձեւով, եւ որովհետեւ դասերը տեսերիզով պիտի ըլլան, ուսուցիչը շատ աւելի ժամանակ պիտի ունենայ հարցումներուն պատասխանելու եւ մանրամասնօրէն բացատրելու անոնց, որոնք լաւ չեն հասկցած դասը:
Պզտիկ Խումբերով
Որովհետեւ ուսուցիչները պէտք պիտի չունենան դասերը դասաւանդելու դպրոցի ժամերուն, անոնք աւելի ժամանակ պիտի ունենան աշակերտներով զբաղելու: Բազմաթիւ ուսուցիչներ կը փափաքին, օրինակի համար, որ աշակերտները պզտիկ խումբերու բաժնուած ըլլան. 30 աշակերտներով դասարաններու փոխարէն` 5-7 աշակերտներէ կազմուած պզտիկ խումբեր, որոնք կրնան վարժութիւններ կատարել իրենց ուսուցիչին հետ: Այս ձեւով ուսուցիչն ալ կրնայ ստուգել, թէ իւրաքանչիւրը դասը լաւ հասկցա՞ծ է:
Վարժութիւնները Թապլըթի Կամ
Համակարգիչի Վրայ, Խաղերու Նման
Որքան ժամանակը կ՛անցնի, այնքան մենք կ՛անդրադառնանք, թէ թապլըթները եւ համակարգիչները շատ դիւրին գործածուող գործիքներ են: Թուաբանական հաճելի վարժութիւններ` համակրելի կերպարներով, հարցարաններ` վերջաւորութեան արդիւնքներով. ասոնք աւելի խաղերու կը նմանին, քան վարժութիւններու, հաճելի են, եւ աշակերտները կ՛ուզեն ամէնէն բարձր կէտը արձանագրել:
Այս խաղերը կրնան փոխարինել տունը տրուած, կամ նոյնիսկ դասարանը կատարուող վարժութիւնները: Ասիկա հրաշալի կրնայ ըլլալ… Բնաւ չե՞ս նշմարած, որ երբ դուն համակարգիչին վրայ դաստիարակչական խաղ մը կը խաղաս, շատ աւելի կեդրոնացած կ՛ըլլաս, քան` գիրքի մը առջեւ: Դուն աւելի արագ եւ հաճելի ժամանակ անցընելով սորվելու տպաւորութիւնը կ՛ունենաս: Անշուշտ այս միջոցը կը յարմարի պարզ հարցարաններու, ինչպէս, օրինակ, որո՞նք են երկիրներու մայրաքաղաքները, կամ` պատմութեան կարեւոր թուականները… սակայն այս ալ բան մըն է:
Պատասխանատու Աշակերտներ
Ճափոնական դպրոցներուն մէջ մաքրութեան կիները ուրախ են. աշակերտներն են, որոնք կը հաւաքեն եւ կը մաքրեն: Ամէն օր աշակերտներու նոր խումբ մը կը ստանձնէ դպրոցին մաքրութիւնը: Ճափոնցիներուն համար ասիկա միջոց մըն է, որ մանուկները պատասխանատու զգան եւ, յատկապէս, յարգել սորվին: Որովհետեւ գիտեն, թէ ետքը իրենք պիտի մաքրեն, անոնք ուշադրութիւն կ՛ընեն, որ չաղտոտեն: Օրինակի համար, նուազ թուղթեր գետին կը թափուին, կամ նուազ գրութիւններ կ՛աղտոտեն գրասեղանները:
Ճիշդ է, այս ամէնը քիչ մը յոգնեցուցիչ է, սակայն ի՛նչ լաւ բան` մեր մոլորակին համար: Եւ որովհետեւ ճափոնցիները շատ փոքր տարիքէն կը սորվին այս բոլորը, ճամբաները, հանրային պարտէզները, կայարանները եւ բոլոր հանրային վայրերը շատ մաքուր են: Օրինակի համար, Պրազիլի մէջ ֆութպոլի ախոյեանութեան ընթացքին ճափոնցի համակիրները ամբողջ դաշտը մաքրեցին խաղէ մը ետք:
Աղջիկներու Եւ Մանչերու Միջեւ
Հաւասարութիւն
Սկանտինաւեան երկիրներու մէջ մարդիկ շատ ուշադրութիւն կ՛ընեն աղջիկներուն եւ մանչերուն միջեւ հաւասարութեան: Օրինակի համար, Շուէտի մէջ չեն ըսեր, որ աղջիկները աւելի ձիրք ունին արուեստի մարզին մէջ, իսկ մանչերը զօրաւոր են թուաբանութեան մէջ: Կարգ մը մարզանքներ չեն առաջարկուիր մանչերուն, իսկ ուրիշ մարզանքներ` աղջիկներուն: Բոլոր մանուկները հաւասար են, եւ կարեւոր չէ, թէ անոնք աղջի՞կ են, թէ՞ մանչ:
Ասիկա շատ կարեւոր է, որովհետեւ այժմ Շուէտը աշխարհի հաւասարութիւնը ամէնէն աւելի յարգող երկիրն է, եւ ասիկա կը պարտի յատկապէս դպրոցներուն մէջ տարուած աշխատանքին: Եթէ մենք նայինք ուրիշ երկիրներու, օրինակի համար, մենք շատ քիչ կին ճարտարագէտներու կամ հաստատութիւններու պատասխանատուներու կը հանդիպինք: Իսկ երբ անոնք այդ դիրքերուն վրայ կը գտնուին, շատ աւելի նուազ դրամ կը շահին, քան` այր մարդիկը, մինչ անոնք նոյն աշխատանքը կը կատարեն: Շուէտի մէջ այս վիճակը գոյութիւն չունի. շուէտացիները սորված են հաւասար ըլլալ, եւ այս աշխատանքը սկսած է դպրոցէն:
Գիտէի՞ր, Թէ…
- Փիղերը անդադար կ՛աճին:
- Մամա կոկորդիլոսները յաճախ իրենց ձագերը իրենց բերաններով կը փոխադրեն, երբ անոնք հաւկիթէն դուրս ելլեն, որպէսզի անոնք ապահով մինչեւ ջուր հասնին:
- Հսկայ սիպէն ունի աշխարհի ամէնէն մեծ աչքերը: Անոնց մեծութիւնը կը հասնի ճաշի պնակի մը մեծութեան:
- Երբ մենք սուտ խօսինք, մեր քիթը կը տաքնայ:
- Ձիերը կրնան ոտքի քնանալ:
- Ամերիկացիները սկսան նախաճաշին փոփքորն ուտել 1800 թուականներէն:
- Դլփինները զիրար «կ՛անուանեն»` իւրաքանչիւրին յատուկ սուլոց մը գործածելով:
- Չինաստանի մէջ աւելի քան 30 միլիոն մարդ կ՛ապրի քարայրներու մէջ:
- Իր ամբողջ կեանքին ընթացքին անձ մը կ՛ուտէ միջին հաշուով 27,216 քիլօ ուտելիք:
Ինչո՞ւ
… Կարգ մը ամպեր ճերմակ են եւ ուրիշ ամպեր` մոխրագոյն:
Մոխրագոյն ամպերը աւելի թանձր են: Երբ ամպերը ոչ շատ խիտ եւ ոչ շատ թանձր կ՛ըլլան, արեւուն լոյսը աւելի դիւրութեամբ կ՛անցնի անոնց մէջէն. այս ամպերը ճերմակ կ՛երեւին: Սակայն որքան ամպը խիտ ըլլայ եւ անձրեւով ծանրաբերնուած, անիկա այնքան արգելք կ՛ըլլայ արեւուն ճառագայթներուն անցնելու. հետեւաբար ամպը աւելի մութ կ՛երեւի:
… Կատուները միշտ իրենց թաթերուն վրայ կ՛իյնան:
Իրականութեան մէջ այս երեւոյթը միշտ ճիշդ չէ: Կատուն հաւասարակշռութեան շատ զօրաւոր զգացում ունի, հետեւաբար, երբ կ՛իյնայ, ան յաճախ կը յաջողի իր թաթերուն վրայ դառնալ: Սակայն երբեմն ալ դառնալու ժամանակ չունենար… Հետեւաբար ան կրնայ վիրաւորուիլ կամ ինքզինք ցաւցնել:
… Մենք մանրէները չենք կրնար տեսնել:
Մանրէները շատ փոքր կենդանի էակներ են: Անոնք յաճախ մէկ բջիջէ կազմուած են, մինչ անասունները կամ մարդ արարածները միլիոնաւոր բջիջներէ կազմուած են:
Առանց մանրադիտակի անկարելի է մանրէները պարզ աչքով տեսնել:
… Մենք առարկաներ կը պահենք թանգարաններուն մէջ:
Թանգարաններուն մէջ կը պահուին շատ հին առարկաներ կամ գործեր, որոնք ամէնէն գեղեցիկներէն կը սեպուին, որպէսզի անոնք չգողցուին կամ չփճանան: Այդ առարկաները կամ գործերը թանգարաններուն մէջ ցուցադրելը շատ լաւ միջոց մըն է, որպէսզի աւելի մեծ թիւով մարդիկ կարելիութիւնը ունենան զանոնք տեսնելու:
… Անգլիացիները թագուհի մը ունին:
Ժամանակին գրեթէ բոլոր երկիրները կը ղեկավարուէին թագաւորներով կամ թագուհիներով: Կարգ մը պետութիւններու մէջ ժողովուրդը ըմբոստացած է, եւ թագաւորները փոխարինուած են ընտրուած նախագահով մը: Ուրիշ երկիրներու մէջ, ինչպէս Անգլիա, պահած են իրենց թագաւորները եւ թագուհիները, սակայն որոշած են անոնց նուազ իրաւասութիւններ տալ:
… Ձմրան կը ձիւնէ:
Ձմրան, եթէ ջերմաստիճանը Օ-էն վար իջնէ, ամպերուն մէջի ջուրի կաթիլները կը սառին եւ սառոյցի բիւրեղներու կը վերածուին: Այս բիւրեղները իրարու կը կպչին եւ փաթիլներ կը կազմեն: Երբ այս փաթիլները շատ կը ծանրանան, կը թափին: Կը ձիւնէ:
… Պարապ սենեակի մը մէջ կ՛արձագանգէ:
Պարապ սենեակի մը մէջ ձայնը ոչ մէկ արգելքի կը հանդիպի (կարասի, վարագոյր…) հետեւաբար անիկա պատերուն վրայէն «կը ցատկէ»: Ասկէ կը յառաջանայ արձագանգ:
… Մարդիկ իրարու ձեռք կը թօթուեն զիրար բարեւելու համար:
Այս սովորութիւնը մնացած է միջին դարերէն, երբ ճամբաները աւազակներով լեցուն էին: Հետեւաբար երբ երկու անձեր իրարու կը հանդիպէին, իւրաքանչիւրը իր աջ ձեռքը կ՛երկարէր ցոյց տալու համար, որ պահուած զէնք չունի:
… Մենք չենք կրնար թռչիլ:
Մարդուն մարմինը թռչելու բնաւ յարմար չէ: Թռչունները կրնան թռչիլ, որովհետեւ անոնց ոսկորներուն մէջը պարապ է, եւ անոնք մեր ոսկորներէն շատ աւելի թեթեւ են: Սակայն յատկապէս` որովհետեւ անոնք ունին թեւեր, որոնք օդին մէջ սաւառնելու կարելիութիւն կու տան:
Իսկ գիտէի՞ր, թէ չղջիկը միակ ստնաւորն է, որ կրնայ թռչիլ:
Ժամանց