Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յունիս Ամսուան Տօներէն Աշխարհին Շուրջ (Ա. Մաս)

Յունիս 6, 2015
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Կարճ պտոյտ մը կատարենք աշխարհին շուրջ` ծանօթանալու համար քանի մը երկիրներու տօներուն եւ սովորութիւններուն:

Էլ քոլաչօ (նորածիններու վրայէն ցատկել), Սպանիա

6-06-15_paradoner-1

Այս տօնակատարութիւնը տեղի կ՛ունենայ Քասթիիյօ տը Մուրսիա, Պուրկաս, Սպանիոյ մէջ: Այս տարի անիկա պիտի տօնուի կիրակի, 7 յունիսին:

Տօնակատարութեան ընթացքին մեծ մարդիկ կը հագուին դեղին եւ կարմիր հագուստներ եւ նորածիններու վրայէն կը ցատկեն: Այս տարօրինակ սովորութիւնը սկսած է հիւսիսարեւմտեան նահանգին` Քասթիյա ի Լէոնի մէջ 1620 թուականէն սկսեալ: Այս ձեւով այդ ցատկողները կը հաւատային, թէ անոնք իրենց հետ կը տանին չար ոգիները եւ զանոնք երեխաներէն կը հեռացնէին:

Լաժքոնիքի փառատօնը Լեհաստանի մէջ

6-06-15_paradoner-2-f

Ըստ լեհական աւանդութեան, երբ 13-րդ դարուն Քրաքովի ղեկավարը յաղթեց թաթար նուաճողներուն, ան հագուեցաւ մոնկոլական հագուստներ եւ յաղթականօրէն քալեց քաղաքին փողոցներուն մէջ:

Այս տարի այս տօնը կը նշուի հինգշաբթի, 11 յունիսին: Տողանցքը կը սկսի, երբ մոնկոլական հագուստներով կերպարը, սիրամարգի փետուրներով զարդարուած, իր ձիովը կը մտնէ քաղաք: Երբ ան կը հասնի քաղաքին հրապարակը, հոն «Լաժքոնիքին» կ՛ընդունի քաղաքապետը եւ անոր կը ներկայացնէ, խորհրդանշական կերպով, փրկագինը եւ սկահակ մը գինի:

Սուրբ Անթոնիի տօնը Փորթուգալի
մայրաքաղաք Լիզպոնի մէջ

6-06-15_paradoner-3

Այս տօնակատարութիւնը տեղի կ՛ունենայ 12-14 յունիսին:

Լիզպոնի պահապան Սուրբ Անթոնիի այս տօնակատարութեան ընթացքին քաղաքին ամէնէն հին թաղամասը` Ալֆամա, կը լեցուի պզտիկ տուներուն կամ ճաշարաններուն առջեւ խորոված սարտինի հոտերով: Այս ձուկերը կ՛ուտուին ի պատիւ Փատուի Սուրբ Անթոնիի: 13-րդ դարուն, երբ սուրբը կը գտնուէր Ռեմինիի մէջ, Իտալիա ան շատ յուսահատ էր, որովհետեւ տեղացիները մտիկ չէին ըներ իր քարոզները: Ան կը քալէ մինչեւ ծովեզերք եւ իր մտահոգութիւնը կը պատմէ ձուկերուն: Յանկարծ շարքերով ձուկեր իրենց գլուխը կը հանեն ալիքներուն մէջէն` սուրբին խօսքերուն մտիկ ընելու: Ռեմինիի բնակիչները կ՛երթան դէպի ծով` տեսնելու համար այս ձուկերը, որոնք իրենց գլուխը կը ծռէին եւ բերաննին կը բանային սուրբին իբրեւ յարգանք: Այս առիթով երիտասարդ աղջիկները իրենց աղօթքները կ՛ուղղէին նաեւ սուրբին` իրենց օգնելու լաւ ամուսին մը գտնելու: Այդ սովորութիւններէն մէկն է թուղթի կտորներու վրայ գրել բազմաթիւ երիտասարդներու անունը, զայն դնել ջուրի ամանի մը մէջ եւ ամանը զետեղել անկողինին տակ: Այն թուղթը, որ ամէնէն շատը կը բացուի, կը կրէ բախտաւոր անձին անունը:

Տուանուու Ժիէ` վիշապ նաւերու փառատօնը,
Հունան նահանգի մէջ, Չինաստան

6-06-15_paradoner-4

Այս փառատօնը տեղի կ՛ունենայ լուսնային հինգերորդ ամսուն հինգերորդ օրը: Այս տարի անիկա պիտի տօնուի 20 յունիսին:

Վիշապ նաւերու փառատօնին ընթացքին Չինաստանի գետերը կը լեցուին գունաւոր, վիշապի ձեւ ունեցող նաւակներով: Ճիշդ է, որ այս փառատօնին մասնակցիլը կամ հանդիսատես ըլլալը մեծ հաճոյք է, սակայն դժբախտաբար անիկա յառաջացած է գէշ դէպքէ մը:

Այս տօնակատարութեան ընթացքին կը յիշուի յարգուած բանաստեղծ-քաղաքագէտ Քիւ Եուան: Ան ինքզինք գետը նետած է  Ք. Ա. 278 թուականին, բողոքելու համար, երբ Քին նահանգին ղեկավարը նուաճած է իր հողերը: Շուարած բնակիչները առած են իրենց ձկնորսութեան նաւակները եւ փորձած են ձուկերը եւ գէշ ոգիները Քուէն հեռու պահել իրենց թիերը ջուրին զարնելով եւ թմբուկներու ձայներով:

Վերջապէս Քին կրցած է յաղթել որ բոլոր դրացի նահանգներուն եւ ստեղծած է Չինաստանը: Այս տօնին սովորութիւն է նաեւ ուտել կպչուն բրինձով յատուկ ուտելիքներ ի պատիւ բանաստեղծի ոգիին սփռուած բրինձին իբրեւ յիշատակ:

Նաւակներու մրցումը կը վերջանայ, երբ նաւակի մէջիններէն մէկը վիշապին գլխուն վրայ ելլելով` կախուած դրօշակը կ՛առնէ: Մրցումը կը վերջանայ, սակայն տօնակատարութիւնը կը շարունակուի մինչեւ գիշեր` պայթուցիկներով հրավառութեամբ եւ վիշապի պարերով:

 

Գիտէի՞ր, Թէ…

Չինաստանի մէջ պնակը վերջացնելը անքաղաքավարութիւն կը սեպուի

6-06-15_kideyir-1

Չինաստանի մէջ պնակը վերջացնելը կը նշանակէ թէ, հիւրընկալը բաւարար ուտելիք չէ հայթայթած, հետեւաբար հիւրը տակաւին անօթի է, եւ ասիկա անքաղաքավարութին կը սեպուի:

Շատ կարեւոր է նաեւ անձնական ցպիկներ գործածել ուտելու համար: Սակայն սեղանին վրայ բերանը լեցուն խօսիլը, ձգռտել, կամ արմուկները սեղանին վրայ դնելը ընդունուած են:

Կինէի մէջ ելեկտրականութեան պակասի պատճառով ուսանողներուն մեծ մասը
օդակայան կ՛երթայ դասերը պատրաստելու համար

6-06-15_kideyir-2

Կինէն չափազանցօրէն աղքատ երկիր մըն է:

Երկրին շէնքերէն միայն 5 առ հարիւրը ելեկտրականութեամբ օժուած է: Հետեւաբար երկրի շրջաններուն մեծ մասը ելեկտրականութիւն չունի:

Քոնաքրիի միջազգային օդակայանը կը գտնուի արեւմտեան Ափրիկէի Կինէի Հանրապետութեան մայրաքաղաքին մէջ: Այս պատճառով է, որ ուսանողները մեծ թիւերով կ՛երթան օդակայանին կառատունը` հոն կարենալ իրենց դասերը սորվելու եւ քննութիւններուն պատրաստելու համար, որովհետեւ այս օդակայանը երկրին հազուագիւտ վայրերէն մէկն է, որ ժողովուրդին առջեւ բաց է եւ միշտ լուսաւորուած` լամբերով:

Ուրուկուէյի նախագահը իր ամսականին 90 առ հարիւրը
բարեգործական միութիւններու կը նուիրէ

6-06-15_kideyir-3

Ուրուկուէյի ներկայ նախագահը` Խոսէ Մուխիքա, իւրայատուկ քաղաքագէտ մըն է: Ան իր 12 հազար տոլար ամսականին 90 առ հարիւրը կու տայ բարեգործական միութիւններու, աղքատներուն օգնելու համար:

Ան ոչ միայն գրեթէ ամբողջ ամսականը կը նուիրէ, այլ նաեւ հրաժարած է «Սուարես ք ռէյես» նախագահական պալատը բնակելէ եւ կը քշէ շատ հին Վոլսվակըն Պիթըլ մը: Խոսէն Մուխիքա ներկայացուած է իբրեւ աշխարհի ամէնէն աղքատ նախագահը:

Հաւանաբար ան ամէնէն աղքատն է, բայց նոյն ատեն ան ամէնէն առատաձեռն է:

Ալասքայի մէջ գոյութիւն ունի Փիցցայի ճաշարան մը,
որ իր փիցցաները կը բաժնէ օդանաւով

6-06-15_kideyir-4

«Աէրոփորթ փիցցա» փիցցայի ճաշարան մըն է, որ կը գտնուի Ալասքայի մէջ: Ան իր փիցցաները տուները կը բաժնէ օդանաւով, եւ այս գործողութիւնը ձրի է` շնորհիւ «Ֆրոնթիր ֆլայինկ սըրվիս» ընկերութեան:

Փիցցայի ճաշարանը օրական միջին հաշուով 10 փիցցա կը բաժնէ եւ օդանաւը կրնայ 300 քմ կտրել` հասցնելու համար փիցցա մը, որ առաւելագոյնը 30 տոլար պիտի արժէ:

 

Ժամանց

Կէտերը իրարու միացուր 1-82` գտնելու համար պահուած պատկերը:
Կէտերը իրարու միացուր 1-82` գտնելու համար պահուած պատկերը:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Կրնա՞ս գտնել կառատուն հասցնող ճամբան:
Կրնա՞ս գտնել կառատուն հասցնող ճամբան:
Կրնա՞ս գտնել կատուին համապատասխանող շուքը:
Կրնա՞ս գտնել կատուին համապատասխանող շուքը:
Նախորդը

50 Տարի Առաջ (6 Յունիս 1965)

Յաջորդը

«Կրեկ» Գրիգոր Պասմաճեանի Յիշատակին

RelatedPosts

Աշնան Փառատօներ.  Լուսնի Լոյս Եւ Անուշեղէն, Չինական Աշնանային Փառատօնը
Մանկապատանեկան

Աշնան Փառատօներ. Լուսնի Լոյս Եւ Անուշեղէն, Չինական Աշնանային Փառատօնը

Հոկտեմբեր 25, 2025
Այժմէական.  Աշխարհի Ամէնէն Բարձր Կամուրջը
Մանկապատանեկան

Այժմէական. Աշխարհի Ամէնէն Բարձր Կամուրջը

Հոկտեմբեր 18, 2025
Արհեստական Բանականութիւնը Կրնա՞յ Խօսիլ
Մանկապատանեկան

Արհեստական Բանականութիւնը Կրնա՞յ Խօսիլ

Հոկտեմբեր 11, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?