Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Աթէնքի Աքրոփոլիսը

Յուլիս 11, 2015
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Անիկա հին Յունաստանի ամէնէն գեղեցիկ յուշարձաններէն մէկն է: Բազմաթիւ պատմաբաններ, հնագէտներ եւ ճարտարապետներ հմայուած են այս հին քաղաքակրթութեան ձգած հետքերով:

ա – Ժայռոտ բարձրաւանդակի մը վրայ

7-11-15_acropole-1

Թշնամիներու յարձակումներէն պաշտպանուելու համար անշուշտ նախընտրելի է բարձր դիրքի վրայ գտնուիլ: Աքրոփոլիսն ալ այս օրէնքին կը հետեւի: Հետեւաբար աթէնացիները որոշած են իրենց քաղաքին ամէնէն կարեւոր կոթողները պահպանելու համար զանոնք կառուցել հարիւր յիսուն մեթր բարձրութեան, ժայռոտ բարձրաւանդակի մը վրայ: Հոն է, որ անոնք շինած են Աթէնաս Պալլաս աստուածուհիին սրբավայրը եւ ուրիշ հաւատքի շինութիւններ: Յարձակումներու ընթացքին ժողովուրդը հոն կ՛ապաստանէր: Մեզի հասած այդ շինութիւնները շատ գեղեցիկ են:

բ – Փարթենոնը

7-11-15_acropole-2

Անիկա հին Յունաստանի ամէնէն նշանաւոր տաճարն է: Անոր անունը եկած է Աթէնաս Պալլաս երիտասարդ աստուածուհիէն: Յունարէնով երիտասարդ աղջիկներու տան բաժինը կը կոչուի փարթենոն: Այս ձեւով, քաղաքին աստուածուհին ունէր Աքրոփոլիսին ամէնէն մեծ տաճարը: Տակաւին այսօր մենք կրնանք տեսնել անոր յատկանշական գծաւոր սիւները: Տաճարը շինուած է Ք. Ա. 5-րդ դարուն, ունէր քառասունվեց սիւն: Անոր տասը մեթր բարձրութիւնը մեծ ազդեցութիւն կը գործէր այցելուներուն վրայ: Հարուստ արձաններ կը զարդարէին անոր մուտքի եռանկիւնաձեւ տանիքը:

գ – Քարիաթիտները

7-11-15_acropole-3

Ի՞նչ կը նշանակէ այս խրթին անունը: Այս անունը տրուած է երկար հագուստով վեց երիտասարդուհիներու արձաններուն: Անոնք հռչակաւոր են, որովհետեւ քանդակուած սիւներ են: Անոնք կը շալկեն Էրեքթէոն տաճարին տանիքը: Այս հին յունական տաճարին մէջ էր, որ պահուած էր Աթէնաս Պալլասի նշանաւոր արձան մը, Պալլատիոնը: Այս սուրբ արձանը կը ներկայացնէր Աթէնաս Պալլաս աստուածուհիին ընկերուհիներէն մէկը: Ըստ յունական աւանդութեան, կ՛ըսուի նաեւ, որ այդ վայրին մէջ տեղի ունեցած է Աթէնասի եւ ծովու աստուած Պասիտոնի միջեւ վիճաբանութիւն մը:

դ – Աթէնաս Նայքէ

Փարթենոնին նման, Աթէնաս Նայքէի տաճարն ալ շինուած է Ք. Ա. 5-րդ դարուն: Ան յաղթական աստուածուհիին տաճարն է: Նայքէ հին յունարէնով կը նշանակէ յաղթանակ: Անիկա պզտիկ տաճար մըն է, սակայն ան շատ կարեւոր է: Շինուած է Աթէնքի եւ անոր մրցակից Սպարտա քաղաքին միջեւ խաղաղութեան դաշնագիրի մը կնքումէն ետք:

ե – Գիտէի՞ր , թէ…

Քաղաքի աստուածուհին` Աթէնաս Պալլաս իմաստութեան եւ ռազմագիտութեան աստուածուհին էր: Զայն խորհրդանշող անասունը բու մըն էր:

7-11-15_acropole-5|

Հին ժամանակներուն ճարտարապետական երեք տարբեր շինութեան ոճեր իրարու յաջորդած են` տորեան, իոնեան եւ կորինթոսեան ոճերը: Զանոնք կարելի է զանազանել անոնց սիւներու գլխու զարդարանքներէն: Տորեան ոճը ամէնէն պարզն էր: Իոնեան ոճը պարուրաձեւ կերպով զարդարուած էր, մինչ կորինթոսեան սիւները զարդարուած էին ականթի տերեւներով:

Հին ժամանակներուն տաճարները ճերմակ չէին, ինչպէս մենք հիմա կը տեսնենք: Անոնք վառ գոյներով եւ որմնանկարներով լեցուն էին: Բոլոր արձանները եւ սիւները ներկուած էին: Ժամանակն է, որ զանոնք անհետացուցած է:

 

Նայքի Խորհրդանշանը
Արժած Է 35 Տոլար

7-11-15_Nike_Swoosh_Logo_Black_original

Քարոլին Տէյվիտսըն այս խորհրդանշանը յղացած է 1971 թուականին, երբ ան տիզայնի դասերուն կը հետեւէր Փորթլանտի համալսարանին մէջ, Միացեալ Նահանգներ: Այդ օրերուն մարզական ապրանքներ շինող նշանաւոր այս ընկերութիւնը անոր վճարած է 35 տոլար:

Սակայն 1983 թուականին ընկերութիւնը իր երախտագիտութիւնը յայտնելու համար Տէյվիտսընին նուիրած է խորհրդանիշի ձեւով ադամանդէ եւ ոսկիէ մատանի մը եւ պահարան մը, որուն պարունակած գումարը չէ հրապարակած ընկերութիւնը:

 

Աշխարհի Ամէնէն Հին Պանդոկը

7-11-15_bantog

Այս մրցանիշը կը պատկանի Ճափոնի Իշիքաու շրջանին մէջ գտնուող հողի Ռիոքան պանդոկին: Անիկա հիմնուած է 718 թուականին: Բացման օրէն ի վեր այս պանդոկը նոյն ընտանիքին կողմէ տնօրինուած է: Հոն իրարու յաջորդած են 46 սերունդներ: Այժմ պանդոկը օժտուած է 100 սենեակներով եւ կրնայ ընդունիլ մինչեւ 450 հիւր:

 

Գարեջուրը` Ջուրէն Աւելի Աժան

7-11-15_karetchour

Չեխական հանրապետութեան մէջ գարեջուրին գինը շատ ցած է: Օրինակի համար, Կեդրոնական Եւրոպայի այս երկրին մայրաքաղաքին` Փրակայի մէջ, սրճարաններուն մէջ գարեջուրի մեծ գաւաթը կ՛արժէ 0,75 եւրօ, ջուրէն երկու անգամ աւելի աժան:

Յաջորդական 17-րդ տարին ըլլալով այս պետութիւնը աշխարհի ամէնէն շատ գարեջուր խմող երկիրներու առաջին կարգին եկած է, տարեկան միջին հաշուով 142 լիթր գարեջուր սպառուած է իւրաքանչիւր բնակիչի կողմէ:

 

Նկարներու Դարը

7-11-15_ngarner

  • Գիտէի՞ր, թէ այժմ մարդիկ ամէն երկու վայրկեանը նոյնքան նկար կը քաշեն, քան` ամբողջ 19-րդ դարուն ընթացքին:

1800-ական թուականներու սկիզբէն` լուսանկարչութեան ծնունդէն ի վեր ամէն տարի քաշուած նկարներուն թիւը անդադար կ՛աւելնայ հասնելու համար շատ արագ եւ անդադար աճումի մը 20-րդ դարու վերջաւորութեան:

2000 թուականին մենք քաշեցինք 85 միլիառ նկար (այսինքն` 2500 նկար` ամէն երկվայրկեանը): Այս թիւը անդադար վերելքի մէջ է նկարահանումի նոր թուային արհեստագիտութիւններու յայտնաբերման պատճառով:

 

Անասուններու Փաստաբանը

7-11-15_pasdapan

Անթուան Կըթչել զուիցերիացի փաստաբան մըն է, որ իր աշխատանքները յատկացուցած է անասուններու պաշտպանութեան:

Ան սկսած է հետաքրքրուիլ անասուններու իրաւունքներով, երբ 23 տարեկանին արկած մը ունեցած է եւ չէ կրցած խօսիլ երկար ժամանակ: Այս փորձառութիւնը անոր մտածել տուած է անասուններուն ցաւին մասին, յատկապէս` վատ վերաբերումի ենթարկուած անասունները, որոնք չեն կրնար խօսիլ եւ ինքզինքնին պաշտպանել:

Այս ձեւով, օրինակի համար, ան կրցած է կնոջ մը մեծ տուգանք մը վճարել տալ, որովհետեւ ան լքած է երկու կատուի ձագեր` զանոնք գնելէ անմիջապէս ետք:

 

Ժամանց

Կրնա՞ս գտնել երկրորդ մարդամեքենային քով հասցնող ճամբան:
Կրնա՞ս գտնել երկրորդ մարդամեքենային քով հասցնող ճամբան:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Կրնա՞ս գտնել պատկերին մէջ պահուած 3 պտուտակի բանալիներ, 2 գամեր, 1 մուրճ եւ 2 խէժի տուփեր:
Կրնա՞ս գտնել պատկերին մէջ պահուած 3 պտուտակի բանալիներ, 2 գամեր, 1 մուրճ եւ 2 խէժի տուփեր:
Կրնա՞ս գտնել իրարու նմանող երկու մարդամեքենաները:
Կրնա՞ս գտնել իրարու նմանող երկու մարդամեքենաները:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (11 Յուլիս 1965)

Յաջորդը

ՀԲԸՄ-ՀԵԸ Անդրանիկի Սկաուտները Մեկնեցան Հայաստան

RelatedPosts

Ի՞նչ Են Շաքարին Ազդեցութիւնները Մեր Մարմնին Վրայ
Մանկապատանեկան

Ի՞նչ Են Շաքարին Ազդեցութիւնները Մեր Մարմնին Վրայ

Յուլիս 12, 2025
Ամառ Է.  Տաքէն Պաշտպանուինք
Մանկապատանեկան

Ամառ Է. Տաքէն Պաշտպանուինք

Յուլիս 5, 2025
Հսկայական Կէտ Մը… Լոնտոնի Մէջ
Մանկապատանեկան

Հսկայական Կէտ Մը… Լոնտոնի Մէջ

Յունիս 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?