Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յունիս Ամսուան Տօներէն Աշխարհին Շուրջ (Բ. Մաս)

Յունիս 13, 2015
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Շարունակենք մեր պտոյտը աշխարհին շուրջ եւ ծանօթանանք տարբեր սովորութիւններու:

  • Ռէկաթա տը Սանթօ Ռանիերի Փիզայի մէջ, Իտալիա

6-13-15_doner-1-aՎենետիկ քաղաքը նշանաւոր է իր կոնտոլաներով իսկ Փիզա քաղաքը ճանչցուած է Առնօ գետին վրայ 1500 մեթր իր աւանդական նաւերու մրցումով, որ կը շարունակուի 1290-ական թուականներէն ի վեր:

6-13-15_doner-1-bՔաղաքին չորս թաղամասերը ներկայացնող գոյներով ներկուած չորս նեղ նաւերը ունին ղեկավար մը, մագլցող մը, եւ ութ թիավարողներ, որոնք կը պայքարին ջուրին հոսանքին դէմ:

Մրցումի վերջնագիծը կը գտնուի Փալազզիօ Մետիսիի մօտ. այս վերջնագիծը որոշուած է 1797 թուականին, Մոնթելիմարի դուքսին կողմէ, որ այդ շրջանի պալատներէն մէկուն մէջ կը բնակէր:

Մագլցողները պէտք է մագլցին նաւուն 10 մեթր երկար կայմին վրայ հաստատուած չորս պարաններէն մէկէն եւ առնեն փալիոթոն (մետաքսէ եռանկիւն դրօշակը): Կապոյտ դրօշակը կը նշէ առաջին հանդիսացողը, ճերմակը` երկրորդ, իսկ կարմիրը` երրորդ:

Այս տօնակատարութիւնը տեղի կ՛ունենայ 17 յունիսին:

  • Ինթի Ռայմի` Արեւուն փառատօնը, Քուզքոյի մէջ, Փերու

6-13-15_doner-2Էնքաներուն օրերուն այս տօնին առթիւ լամասներ կը մորթուէին արեւ աստծոյ` Ինթիի իբրեւ մատաղ եւ անոր կնոջ` Փաչամամայի որ բերրիութեան եւ հունձքի չաստուածուհին էր:

Անշուշտ ներկայիս նման զոհեր տեղի չեն ունենար, եւ հանգիստ զետեղուած են  զբօսաշրջիկ հանդիսատեսներուն համար: Այս տօնակատարութիւնը կը ներկայացնէ 500 տարիներ առաջ Էնքաներու կայսրութեան օրերուն Քուզքօ մայրաքաղաքին մէջ կատարուած ամէնէն կարեւոր տօնակատարութիւնը: Այդ օրը էնքաները կը տօնէին Նոր տարին եւ ձմրան արեւադարձը, երբ արեւը այդ շրջանէն ամէնէն հեռու կը գտնուէր եւ պէտք էր Ինթիին զոհեր մատուցել, որպէսզի ան վերադառնայ:

Ներկայիս այս տօնը տեղի կ՛ունենայ Սաքսահաւամանի աւերակներուն մէջ: Ընտրուած դերասան մը կը կատարէ Էնքա Սափա կայսրին դերը: Ան իր գահին վրայ նստած` կ՛ընթանայ Քորիքանչա արեւու տաճարին աւերակներէն եւ կ՛անցնի երգերով, պարերով աղօթքներով եւ սփռուած ծաղիկներով ճամբաներէն եւ Կը Մամա Օքլօ թագուհիի կերպարին, եւ անոնք միասին կ՛ուղղուին դէպի բլուրին գագաթը, ուր ճառեր կ՛արտասանուին Քեչուա Էնքաներու լեզուով: Երբ արեւը մար կը մտնէ հսկայ կրակ մը կը վառուի, եւ թափօրը կը վերադառնայ Քուզքօ:

Այս տօնակատարութիւնը տեղի կ՛ունենայ 24 յունսին:

  • Պաթայա տէ Լոս Վինոս, Հարոյի մէջ, Սպանիա

6-13-15_doner-3Սպանիոյ հիւսիսային շրջանի մայրաքաղաք Հարոյի մէջ 29 յունիսին, Սուրբ Փետրոյի օրը, հազարաւոր անձեր փողոց կ՛իջնեն` «զինուած» գինիով լեցուած ջուրի զէնքերով: Ուրիշներ կը նախընտրեն աւելի աւանդական միջոցները, ինչպէս` դոյլեր, շիշեր, ջրամաններ եւ նոյնիսկ` հին կրկնակօշիկներ:

Երեք ժամուան ընթացքին իրարու վրայ գինի սրսկելու այս սովորութիւնը կը ներկայացնէ միջին դարերուն դրացի Միրանտա տէ Էպրօ շրջանին հետ հողամասերու կռիւը: Սակայն 300 հարիւր տարուան այս աւանդութիւնը սկսաւ մարդոց ուշադրութիւնը գրաւել 20-րդ դարուն: Խանդավառուած քաղաքապետը սկսաւ նոյնիսկ իւրաքանչիւր մասնակցողի նուիրել 4 լիթր գինի` իբրեւ «զինամթերք»:

 

Խոհագիր

Կեռասներու Եղանակը

6-13-15_khohakirՎերջապէս յունիս ամիսն է: Այս լուրը մեծ ուրախութիւն կը պատճառէ մասնաւորաբար կեռաս սիրողներուն: Ահա անուշեղէն մը, որ վստահաբար անոնք շատ պիտի սիրեն:

Պէտք ունիս 600 կրամ կեռասի, 100 կրամ ալիւրի, 60 կրամ կարագի, 60 կրամ շաքարի, 4 հաւկիթի, 25 սանթիլիթր կաթի, քիչ մը վանիլի, պտղունց մը աղի:

Պատրաստութիւն

1.- Փուռը վարէ 180 աստիճանի վրայ: Կեռասները լուայ եւ անոնց կոթերը եւ կուտերը հանէ:
2.- Հաւկիթները զարկ, աւելցուր ալիւրը, շաքարը, վանիլը, աղը եւ բոլորը խառնէ:
3.- Աւելցուր հալած կարագը եւ կաթը խառնէ:
4.- Փուռի յատուկ պզտիկ ափսէի մը վրայ կարագ քսէ, կեռասները դիր եւ վրան պարպէ խառնուրդը:
5.- Փուռին մէջ եփէ 45 վայրկեան:

 

Գիտէի՞ր, Թէ…

  • Ուրանուս մոլորակին վրայ, ամառը եւ ձմեռը 42 տարի կը տեւեն:

6-13-15_kideir-1Ուրանուսը մեր արեւային դրութեան ամէնէն տարօրինակ մոլորակներէն մէկն է:

Մեր երկրագունդին թեքումէն է, որ կը յառաջանան եղանակները: Երբ հիւսիսային կիսագունդը դէպի արեւ թեքած է, հոն ամառ է: Իսկ երբ ան արեւէն հակառակ ուղղութեամբ թեքած է, ձմեռ է: Այս նոյնը կը պատահի հարաւային կիսագունդին պարագային: Սակայն Ուրանուսի վրայ մէկ կիսագունդ ամբողջովին դէպի արեւ թեքած է, եւ բեւեռներուն դիրքը շատ դանդաղօրէն կը շրջի, մինչեւ, մէկուկէս տարի ետք, Ուրանուս հակառակ դիրքի վրայ գտնուի:

Ասիկա վատ ազդեցութիւն կ՛ունենայ Ուրանուսի եղանակներուն վրայ, ուր իւրաքանչիւր կիսագունդի վրայ ամառը եւ ձմեռը 42 տարի կը տեւեն:

  • Ծամոն վաճառելը արգիլուած է Սինկափուրի մէջ

6-13-15_kideir-2Ծամոնը ամբողջովին արգիլուած է Սինկափուրի մէջ 1992-էն ի վեր, բացի երբ բժիշկներու կողմէ թելադրուած է: Ծամոն ծախելը եւ ներածելը արգիլուած են, այլապէս կարելի է մինչեւ 500 տոլար տուգանքի ենթարկուիլ: Սինկափուրը ճանչուած է ամէնէն խիստ օրէնքներով: Շատ մեծ տուգանքներ կը գանձուին նաեւ, երբ անցորդները ճամբան թուղթեր, աղբեր եւ նոյնիսկ ծխախոտի ծայրեր կը նետեն… կամ կը թքնեն:

  • Ալասքա նահանգին դրօշակը յղացած է 13 տարեկան պատանի մը

6-13-15_kideir-3Պաշտօնապէս Միացեալ Նահանգներու 50 նահանգներէն մէկը ըլլալէ 30 տարի առաջ Ալասքայի բնակիչները որոշած են, որ դրօշակի մը պէտք ունին: Հետեւաբար, 1927 թուականին անոնք որոշած են մրցոյթ մը կազմակերպել Ալասքայի դրօշակը ստեղծելու համար:

13 տարեկան որբ Պենի Պենսընի գծած նկարն է, որ կ՛ընտրուի: Պատանին ներշնչուելով երկինքէն եւ Ալասքայի ծաղիկ` մկնականջէն, թուղթը ներկած է կապոյտ, եւ անոր վրայ գծած է ութ ոսկեգոյն աստղեր, որոնք կը ներկայացնեն մեծ արջը, ուժի խորհրդանիշ, եւ վերջապէս, առանձին աստղ մը` բեւեռային աստղը, որ կը ներկայացնէ պետութեան ապագան:

  • Ըմպելի կաթով տուրմը կը ծախուէր իբրեւ դեղ

6-13-15_kideir-4Այս նշանաւոր խոհագիրը յղացողը իրլանտացի բժիշկ մըն է` Հանս Մլոն:

1687-ին ան կ՛երթայ Ժամայիքա` մնալու տ՛Ալպեմարլի դուքսին մօտ, որ Ժամայիքայի նոր ղեկավարն էր: Դժբախտաբար դուքսը Հանսի ժամանումէն քիչ ետք կը մահանայ: Այս ձեւով իրլանտացի բժիշկը շատ կարճ ժամանակ կը մնայ հոն, միայն 15 ամիս: Սակայն այդ 15 ամիսները շատ օգտակար եղան, որովհետեւ ան գտաւ բոյսի 800 տարբեր տեսակներ, որոնցմէ ամէնէն նշանաւորն էր քաքաոյի բոյսը, զոր տեղացի ժողովուրդը ջուրով կը խառնէր եւ կը խմէր: Սակայն Հանսի համար այս խմիչքը զզուելի էր:

Ան կը գտնէ միջոց մը. Քաքաոն կը խառնէ կաթի հետ` զայն աւելի համեղ դարձնելու համար: Երբ ան Անգլիա կը վերադառնայ, այս խոհագիրը շատ մեծ յաջողութիւն կը գտնէ: Սակայն ան սկիզբի շրջանին այս ըմպելին կը շինուէր եւ կը ծախուէր դեղագործներուն կողմէ` իբրեւ դեղ:

 

 Ժամանց

Կրնա՞ս գտնել առաջին պատկերին եւ միւս պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող երկու տարբեր մանրամասնութիւնները:
Կրնա՞ս գտնել առաջին պատկերին եւ միւս պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող երկու տարբեր մանրամասնութիւնները:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Կրնա՞ս գտնել հաւկիթին հասցնող ճամբան:
Կրնա՞ս գտնել հաւկիթին հասցնող ճամբան:
Կրնա՞ս գտնել իրարու նման երկու կերպարները:
Կրնա՞ս գտնել իրարու նման երկու կերպարները:
Նախորդը

50 Տարի Առաջ (13 Յունիս 1965)

Յաջորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսէ Լիբանանեան Օրէնքը Թմրամոլութեան Մասին

RelatedPosts

Ի՞նչ Է Ալկորիթմը
Մանկապատանեկան

Ի՞նչ Է Ալկորիթմը

Մայիս 10, 2025
Եութուպը (YouTube) 20 Տարեկան Է
Մանկապատանեկան

Եութուպը (YouTube) 20 Տարեկան Է

Մայիս 3, 2025
Ձեռային Աշխատանք.  Զատկուան Պատրաստութիւններ
Մանկապատանեկան

Ձեռային Աշխատանք. Զատկուան Պատրաստութիւններ

Ապրիլ 12, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?