Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բնութեան Հրաշալիքներէն

Սեպտեմբեր 5, 2015
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Աշխարհի չորս կողմերէն միլիոնաւոր մարդիկ քուէարկած են առաջարկելու իրենց նախասիրած բնութեան գեղեցկութիւններուն համար: Քուէարկութիւնը տեւած է երեք տարի: Ծանօթանանք բնութեան եօթը հրաշալիքներուն:

Քոմոտոյի Կղզին

hrachalik-1_9-05-15

hrachalik-2_9-05-15

Կը գտնուի Ինտոնեզիոյ պահպանուած մեծ պարտէզի մը կեդրոնը: Անիկա յառաջացած է հրաբխային ժայթքումէ մը: Հոն մենք կը հանդիպինք վարաններու, որոնք աշխարհի ամէնէն մեծ մողէսներն են: Զանոնք կը կոչեն նաեւ Քոմոտոյի վիշապները: Մենք այս սողունները կը գտնենք միայն այս կղզիին վրայ: Անիկա յարգի անասուն մըն է: Կը սնանի սատկած անասուններով: Աւելի քան 5000 անասուններու այս «բնակչութիւնը» պահպանելու համար պետութիւնը այս բնական պարտէզը արգելանոց յայտարարած է:

Հա-Լոնկի Պզտիկ Ծոցը

hrachalik-3_9-05-15

Վիեթնամի Թոնքին ծովածոցին մէջ կ՛երեւին հազարաւոր կղզիներէ կազմուած սքանչելի տեսարաններ: Կրահողէ բլուրներ կը բարձրանան Չինաստանի ծովուն մէջ: Այս կղզիներուն մեծ մասը անբնակ է. սակայն կան ձկնորսներ, որոնք կ՛ապրին ծոցին մէջ: Անոնք շինած են ծփացող գիւղեր, ուրկէ անոնք ձկնորսութեան կ՛երթան: Անշուշտ կարելի է պտտիլ այս կղզիներուն միջեւ, սակայն` միայն յատուկ նաւակներով: Ան պահպանուած վայր մըն է, եւ համաշխարհային ժառանգութեան պահպանման ցանկին վրայ արձանագրուած է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի կողմէ: Հոն հազուադէպօրէն օդը պայծառ է, եւ տեսարանները յաճախ մշուշով պատուած են:

Ժեժուի Կղզին

hrachalik-4_9-05-15

Ասիկա հարաւային Քորէայի գեղեցկութեան կղզին է: Աշխարհահռչակ է իր մանր աւազոտ ծովափներով եւ փերուզագոյն ջուրերով: Կղզիին արեւելքը գտնուող Սէոնկսան գագաթը, ուրկէ արեւը կը ծագի, աշխարհի ամէնէն լաւ վայրերէն մէկն է հրաբխային ժայթքումները ուսումնասիրելու համար:

Ամազոնը

hrachalik-5_9-05-15

Հսկայական անտառային շրջան մըն է, որ կը տարածուի Հարաւային Ամերիկայի տարբեր երկիրներու մէջ: Ամազոն գետը հանդարտօրէն հոնկէ կ՛անցնի, եւ բուսականութիւնը շատ շքեղ է: Շատ դժուար է շրջիլ այդ անտառին մէջ, որովհետեւ բուսականութիւնը հոն շատ խիտ է: Հոն կ՛ապրին նաեւ տեսակաւոր անասուններ եւ միջատներ. սակայն անոնց մեծ մասը շատ վտանգաւոր է: Քեզի ծանօ՞թ է փիրանա ձուկը: Անիկա կ՛ապրի այս շրջանին մէջ եւ կրնայ մեծ որս մը քանի մը վայրկեանէն բզկտել. սակայն` անշուշտ ոչ մինակը: Անոր կ՛ընկերանայ փիրանա ընկերներու մեծ խումբ մը: Հոն կարելի է նաեւ հանդիպիլ կատուազգիներու ընտանիքին պատկանող մեծ անասուններու, կապիկներու, օձերու, սարդերու… Այս ընդարձակ անտառը անասուններու, ծառերու եւ տարբեր տեսակի բոյսերու իսկական դրախտ մըն է: Հոն կ՛ապրին նաեւ մարդիկ` Ամազոնի հնդիկները:

Իկուասուի Ջրվէժները

hrachalik-6_9-05-15

Անոնք կը գտնուին Հարաւային Ամերիկայի մէջ: Կազմուած են «իրարու նայող» աւելի քան երկու հարիւր ջրվէժներէ: Անոնց մէկ կողմը կը գտնուի Արժանթինը, իսկ միւս կողմը` Պրազիլը: Կարելի է այս ջրվէժներուն շատ մօտենալ, որովհետեւ հոն յատուկ անցքեր շինուած են: Սակայն անիկա շատ վտանգաւոր է: Այս ջրվէժները յայտնաբերուած են, երբ գետին տակը գտնուող երկրագունդի կեղեւին ճեղքերէն մէկը բացուած է:

Փուէրթօ Փրինսեզայի
Ստորերկրեայ Գետը

hrachalik-7_9-05-15

hrachalik-8_9-05-15

Այս գեղեցիկ անունով գետը կը հոսի Ֆիլիփինեան կղզիներէն մէկուն վրայ եւ կը գտնուի մակընթացութիւններու ազդեցութեան տակ: Ֆիլիփինեաններու պետութիւնը արգելանոց յայտարարած է այդ շրջանը` այդ բնականօրէն գեղեցիկ վայրը պահպանելու համար: Հոն անտառը ոչ մէկ փոփոխութեան ենթարկուած է եւ իւրայատուկ է: Այն քարայրին մէջ, ուրկէ կ՛անցնի գետը, կարելի է տեսնել նշանաւոր ժայռեր: Սակայն այս կախարդական վայրին գլխաւոր իւրայատկութիւնը այն է, որ այս ստորերկրեայ գետը ուղղակիօրէն կը թափի ծովուն մէջ: Ասիկա շա՜տ շա՛տ հազուադէպ երեւոյթ մըն է:

Սեղանի Լեռը

hrachalik-9_9-05-15

Անոր անունը եկած է անոր ձեւէն: Այս լերան գագաթը սեղանի մը նման տափակ է: Կը գտնուի Հարաւային Ափրիկէի Քէյփ քաղաքին մօտ: Կարելի է անոր վրայ բարձրանալ ճոպանուղիով, եթէ շատ քաջ չէք, այլապէս մարզիկները կրնան քալելով բարձրանալ: Սակայն մարդիկ ընդհանրապէս մեքենայով կը բարձրանան եւ քալելով կ՛իջնեն երեք քիլոմեթր երկար ուղին:

 

Ժամանց

 

Կրնա՞ս գտնել ելքի ճամբան:
Կրնա՞ս գտնել ելքի ճամբան:
Կէտերը իրարու միացուր 1 - 124` յայտնաբերելու համար պահուած պատկերը:
Կէտերը իրարու միացուր 1 – 124` յայտնաբերելու համար պահուած պատկերը:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Կրնա՞ս գտնել իրարու նմանող երկու խոզուկները:
Կրնա՞ս գտնել իրարու նմանող երկու խոզուկները:
Կրնա՞ս ամբողջացնել թիւերու բուրգը` գիտնալով, որ իւրաքանչիւր շրջանակի մէջի թիւը հաւասար է անոր տակը գտնուող երկու թիւերուն գումարին: Օրինակի համար` 2+3=5:
Կրնա՞ս ամբողջացնել թիւերու բուրգը` գիտնալով, որ իւրաքանչիւր շրջանակի մէջի թիւը հաւասար է անոր տակը գտնուող երկու թիւերուն գումարին: Օրինակի համար` 2+3=5:
Նախորդը

50 Տարի Առաջ (5 Սեպտեմբեր 1965)

Յաջորդը

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Բաժանում

RelatedPosts

Կոյր Խաղացողներու Յատուկ Ֆութպոլ
Մանկապատանեկան

Կոյր Խաղացողներու Յատուկ Ֆութպոլ

Մայիս 21, 2022
Մեծ Թիւով Հարիւրամեայ Անձեր Աշխարհին Մէջ
Մանկապատանեկան

Մեծ Թիւով Հարիւրամեայ Անձեր Աշխարհին Մէջ

Մայիս 14, 2022
Ցեխի Լոգանք
Մանկապատանեկան

Ցեխի Լոգանք

Ապրիլ 30, 2022

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In