Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պատանիներու Շոգեկառքին Մէջ

Օգոստոս 8, 2015
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

 

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

chokegark-6_8-08-15chokegark-12_8-08-15Բարի եկած էք Պուտափէսթի պատանի վարիչներուն շոգեկառքի մէջ: Պիտի սկսինք մեր պտոյտը անոնց հետ:

Նորպէրթ, Լազլօ եւ Ռոլան շոգեկառքի սիրահար պատանիներ են: Հունգարիոյ մայրաքաղաք Պուտափէսթի մէջ անոնք բախտը ունին իրենց այս սիրած ժամանցը իսկական շոգեկառքի մը վրայ գործադրելու: 11 քիլոմեթր երկարութիւն ունեցող այս շոգեկառքի գիծին վրայ շրջելով իրենց ժամանցը կ՛անցնեն տարին 300,000 ճամբորդներ: Ան կ՛անցնի քաղաքին արեւմտեան շրջանին` Պուտայի գեղեցիկ անտառներէն:

chokegark-9_8-08-15

chokegark-10_8-08-15Պատանիները պատրաստ են դպրոցէն բացակայելու, երբ շոգեկառքի պատասխանատուն իրենց պէտք ունի: Սակայն  շոգեկառքի վերաբերեալ տարբեր պաշտօններ կարենալ ստանձնելու համար պատանիները դպրոցէն ետք կը հետեւին 4 ամսուան յատուկ դասերու: Անոնք կը սորվին ինչպէս երկաթուղագիծերը կառավարել, տոմսակները ստուգել, տոմսակները ծախել, տեղեկութիւնները փոխանցել, նշաններուն բռնելու դրութիւնը, վաճառականական յարաբերութիւնները գիտնալ: Գիծին վրայ աշխատող չափահասները շոգեկառքը վարողները եւ նորոգումի պատասխանատուին, ինչպէս նաեւ իւրաքանչիւր կայարանի մէջ կայ չափահաս մը` ապահովութեան համար:

chokegark-2_8-08-15chokegark-13_8-08-15Մթնոլորտը շատ ուրախ է: Պատանիները կ՛երգեն, կիթառ կը նուագեն: Սակայն երբ անոնք իրենց տարազը կը հագուին, լուրջ աշխատանքը կը սկսի: Իւրաքանչիւր հանգրուանի կայարանի պատասխանատուն եւ անոր պատանի աշխատակիցները մեծ յարգանքով կը բարեւեն` ձեռքերնին իրենց գլխարկին տանելով:

Միակ հարցը այն է, թէ անոնք 14 տարեկանէն ետք այլեւս իրաւունք չունին հոն աշխատելու: Սակայն անոնցմէ մէկ մասին համար այս հաճելի ժամանցը վստահաբար կրնայ դառնալ իրենց ապագայի արհեստը:

 

 Հետաքրքրական

Գիտէի՞ր, թէ գոյութիւն ունի լամբ մը, որ անդադար վառած կը մնայ 114 տարիներէ ի  վեր:

Բոլորին ծանօթ է, թէ պարզ լամբ մը, զոր մենք խանութէն կը գնենք կրնայ վառիլ միջին հաշուով 1000 ժամ: Այս իւրայատուկ լամբը անդադար կը վառի 1901 թուականէն ի վեր:

Սենթէնեալ լայթը (հարիւրամեայ լամբը), որ կը կոչուի նաեւ Լիվըրմորի լամբը, արձանագրուած է Կինէսի մրցանիշներու գիրքին մէջ իբրեւ տակաւին վառուող աշխարհի ամէնէն հին լամբը:

Այս 4 ուաթ լամբը կը գտնուի Միացեալ Նահանգներու, Քալիֆորնիոյ Լիվըրմորի Իսթ Ավընիույի 4550 շէնքին մէջ, հրշէջներու կեդրոնը: Ան շինուած է Շէլէպի մէջ, Օհայիօ, Շէլպի Էլէքթրիք քոմփանիին կողմէ 1890-ական թուականներու վերջաւորութեան: Տակաւին մինչեւ այսօր ոչ մէկը գիտէ անոր այս երկար «կեանք»-ին գաղտնիքը:

 

Անհատաւալի…

anhavadali_8-08-15

  • Երբ 7 տարեկան Հաննա Ուաքըր կ՛որոշէ ռետիններու հաւաքածոյ մը կազմել, անոր Ալիս մօրաքոյրը անոր կու տայ 30 տարուան ընթացքին 1500 ռետիններէ քով-քովի բերուած կազմուած իր հաւաքածոն:
  • Գիտնականները կը մտածեն, թէ եթէ մենք 1900 միլիոն տարիներ առաջ ապրէինք երկրագունդին վրայ մենք պիտի շնչէինք փճացած հաւկիթի հոտ ունեցող օդ մը:
  • Օձերը իրենց լեզուով կը շնչեն:
  • Անգլիացի Ալեքս Ուելզ իր հարսանիքին իբրեւ կնքամայր նշանակեց իր ձին` Թոֆֆի:
  • Մեր ոսկորներուն 25 առ հարիւրը կը գտնուի մեր ոտքերուն մէջ:
  • Կայծակը հինգ անգամ աւելի տաք է, քան արեւուն մակերեսը:
  • Միջին հաշուով անձի մը գլխուն վրայ 950 քմ երկար մազ կը բուսնի անոր ամբողջ կեանքին ընթացքին:
  • Երկրագունդին վրայ կայծակը օրական 8 միլիոն անգամ կը փայլի:
  • Երկրագունդի վրայի ջուրերուն միայն մէկ առ հարիւրը կը խմուի:
  • Գետաձիերը ջուրին տակը կը քնանան: Անոնք ջուրին մակերեսը կ՛ելլեն շնչելու առանց արթննալու:

 

Հարցարան

Ժամանակի Մասին

hartsaran_8-08-15

1) Ցամաքին վրայի ամէնէն արագ անասունը` չիթան, կրնայ վազել ժամական 161 քմ. արաքութեամբ:… Ճ/Ս

2) Աշխարհի մէջ մարդիկ կը վախնային, թէ բազմաթիւ համակարգիչներ աշխատելէ պիտի դադրէին 1999 դեկտեմբեր 31-ի կէս գիշերին:… Ճ/Ս

3) 16 յուլիս 1970-ին, Ամերիկայի արեւելեան ժամով իրիկուան ժամը 10:56-ին Նիլ Արմսթրոնկ առաւ լուսինին վրայի առաջին քայլը:…Ճ/Ս

4) 12 հոկտեմբեր 1492-ին Քրիստափոր Քոլոմպոս իր ոտքը դրաւ այն հողին վրայ, որ հետագային պիտի կոչուէր Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ: :… Ճ/Ս

5) Առաջին Համաշխարհային պատերազմը վերջ գտաւ 1918-ին, 11-րդ ամսուն, 11-րդ օրուան, 11-րդ ժամուն, 11 նոյեմբեր առտուան ժամը 11:00-ին:… Ճ/Ս

6) Մօտաւորապէս ամէն մէկուկէս տարին անգամ մը, մէկ երկվայրկեան կ՛աւելցուի ընդհանուր աշխարհի ժամանակին վրայ, որպէսզի ժամացոյցը ճշգրիտ մնայ:… Ճ/Ս

7) Կէս գիշերին, երբ օրը 1 յուլիս 1997 եղաւ, Հոնկ Քոնկ քաղաքը չինացիներուն վերադարձուեցաւ աւելի քան 150 տարիներ անգլիացիներու իշխանութեան տակ մնալէ ետք::… Ճ/Ս

8) 13 օգոստոս 1961-ին Արեւմտեան Գերմանիան Արեւելեան Գերմանիան բաժնող Պերլինի պատը վերջապէս քանդուեցաւ:… Ճ/Ս

9) 6 մայիս 1954-ին անգլիացի Ռոճըր Պանիսթըր դարձաւ առաջին անձը, որ 1.6 քմը (1 մայլ) վազեց նուազ քան 3 վայրկեանէն:… Ճ/Ս

10) 1929-ին խորհրդային Միութիւնը (ներկայի Ռուսիան եւ Արեւելեան Եւրոպայի կարգ մը երկիրներ) կարճ ժամանակի համար փոխեց օրացոյցները հինգ օրերով շաբաթներու, եւ վեց շաբաթներով ամիսներուն:… Ճ/Ս

11) Նշանաւոր Թայթանիք նաւը ընկղմեցաւ 10 ապրիլ 1912-ին, մեծ սառոյցի կառոյցի մը զարնուելէ երկուքուկէս ժամ ետք:… Ճ/Ս

12) Առաջին հեռաձայնային կապը հաստատուած է հեռաձայնը հնարող Ալեքսանտր Կրահամ Պելլի եւ իր օգնական Թոմաս Ուաթսընի միջեւ, 10 մարտ 1901-ին:… Ճ/Ս

Պատասխանները Վերջաւորութեան

 

Ժամանց

 

Կէտերը իրարու միացուր 1-59 գտնելու համար պահուած պատկերը:
Կէտերը իրարու միացուր 1-59 գտնելու համար պահուած պատկերը:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Կրնա՞ս գտնել իրարու նմանող երկու կերպարները:
Կրնա՞ս գտնել իրարու նմանող երկու կերպարները:
Կրնա՞ս գտնել գիրքին հասցնող ճամբան:
Կրնա՞ս գտնել գիրքին հասցնող ճամբան:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Պատասխաններ

1.- Ս.- Չիթան կրնայ վազել ժամական 112,7 քմ արագութեամբ: 2) Ճ.- այս պատահարը կոչուած էր y2k, եւ մարդիկ կը վախնային, թէ համակարգիչները 2000 թուականը պիտի շփոթէին 1900 թուականին հետ: 3) Ս.- Օրը եւ ժամը ճիշդ են, սակայն դէպքը տեղի ունեցաւ 1969-ին, եւ ոչ 1970-ին: 4) Ս.- Ան հասաւ Պահամազ: 5) Ճ- Գերմանիոյ եւ Միացեալ ուժերու միջեւ համաձայնագիրը ստորագրուեցաւ առտուան ժամը 5:00-ին շուրջ, սակայն ան գործադրուեցաւ ժամը 11:00-ին: 6) Ճ.- Ասիկա կը կատարուի, որպէսզի մեր ժամացոյցը համապատասխան ըլլայ մոլորակին հոլովումին: 7) Ճ.- Անգլիա Հոնկ Քոնկի վրայ կ՛իշխէր 1842 թուականէն ի վեր, բացի այս կարճ շրջանին, երբ Ճափոն քաղաքը գրաւեց Համաշխարհային Բ. պատերազմին ընթացքին: 8) Ս.- Այդ օրը պատը շինուած էր: Ան կանգնած մնաց մինչեւ 9 նոյեմբեր 1989, երբ ժողովուրդը վերջապէս զայն տապալեց: 9) Ս.- Պանիսթըր առաջին անձն էր, որ մէկ մայլը վազեց նուազ քան 4 վայրկեանէն: Ներկայի մրցանիշը 3 վայրկեան 43.13 երկվայրկեան է, անիկա արձանագրուած է մարոքցի Հիշամ էլ Կուտրուժի կողմէ, 1999 թուականին: 10) Ճ.- Այս դրութեան նպատակն էր գործարանները անդադար աշխատցնել: 1931 թուականին օրացոյցը փոխուեցաւ 6 օրերով շաբաթներու եւ վերջապէս 7 օրերով շաբաթներու դրութեան վերադարձաւ 1940-ին: 11) Ս.- Ան ընկղմեցաւ 15 ապրիլին: Այդ օրը մահացան աւելի քան 1500 անձեր: 12) Ս.- Անիկա տեղի ունեցաւ 10 մարտ 1876-ին:

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (8 Օգոստոս 1965)

Յաջորդը

Մեծ Մօրս` Զարուհի Գալեմքերեանի Ա. Տարելիցին Յիշատակին

RelatedPosts

Աշնան Փառատօներ.  Լուսնի Լոյս Եւ Անուշեղէն, Չինական Աշնանային Փառատօնը
Մանկապատանեկան

Աշնան Փառատօներ. Լուսնի Լոյս Եւ Անուշեղէն, Չինական Աշնանային Փառատօնը

Հոկտեմբեր 25, 2025
Այժմէական.  Աշխարհի Ամէնէն Բարձր Կամուրջը
Մանկապատանեկան

Այժմէական. Աշխարհի Ամէնէն Բարձր Կամուրջը

Հոկտեմբեր 18, 2025
Արհեստական Բանականութիւնը Կրնա՞յ Խօսիլ
Մանկապատանեկան

Արհեստական Բանականութիւնը Կրնա՞յ Խօսիլ

Հոկտեմբեր 11, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?