Աշխարհին Շուրջ` Արեւուն Շնորհիւ
Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Մարտ ամսուն «Սոլար իմփալս» օդանաւը թռիչք առաւ հանգրուաններով աշխարհին շուրջը ընելու համար: Մինչ միւս օդանաւերը իբրեւ վառելանիւթ քարիւղ կը գործածեն բանելու համար, այս արեւային օդանաւը կ՛աշխատի շնորհիւ արեւուն ուժանիւթին: Ծանօթանանք այս իւրայատուկ օդանաւին: Աշխարհին շուրջը արեւային օդանաւով դառնալու ծրագիրը սկսած է 12 տարիներ առաջ: Զուիցերիացի գիտնական եւ արկածախնդիր Պերթրան Փիքար այս գաղափարը յղացած է օդաչուի մը`...

















