Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ծովահէնները Իսկապէս Գոյութիւն Ունեցա՞ծ Են

Օգոստոս 15, 2015
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

dsovahen-1_8-15-15

Այո՛: Ծովահէնները յայտնուեցան առաջին նաւերուն հետ, 11,000 տարիներ առաջ:

Ամբողջ պատմութեան ընթացքին ծովահէնները նաւերուն վրայ յարձակած են բոլոր ծովերուն մէջ, տարբեր ցամաքամասերու ջուրերուն մէջ:

dsovahen-2_8-15-15

Հին յոյներուն եւ հռոմէացիներուն ժամանակաշրջանին, Միջերկրական ծովը ծովահէններով լեցուն էր: Ապրանքներով լեցուն նաւերը յաճախ ծովահէններուն թիրախը կ՛ըլլային: Օրինակի համար, որոնք կը գողնան հիւսիսային Ափրիկէէն դէպի Հռոմ ուղղուող ցորենի բերքը: Ք. Ա. 75 թուականին, անոնք նոյնիսկ կ՛առեւանգեն պատանի Յուլիոս կայսրը: Անոնք վեց ամիս զայն բանտարկուած կը պահեն կղզիի մը վրայ:

***

16-րդ եւ 17-րդ դարերը ծովահէններուն ամէնէն բարգաւաճ շրջանն էին: Քարայիպի եւ Անթիյներու կղզիներու շրջանը (Ամերիկա) անոնց նախասիրած «խաղավայրը» կը հանդիսանար:

Եւրոպացիները տակաւին նոր գտած էին Ամերիկան: Քրայիպի շրջանին մէջ անգլիական, սպանական եւ ֆրանսական նաւերը մեծ քանակով ոսկի եւ արծաթ կը փոխադրէին: Այս նաւերուն վրայ յարձակելով` ծովահէնները մեծ հարստութիւններ ձեռք կը ձգեն: Այդ ժամանակաշրջանին Կրիայի կղզին (այժմ Հայիթիի մէջ) ծովահէններու «մայրաքաղաքն» է:

 

Գիտէի՞ր, Թէ

  • Հին յունարէն լեզուով ծովահէնները կը կոչէին «փէյրաթէս», որ կը նշանակէ` «ան, որ իր բախտը կը փորձէ»:
  • Կային նաւաստիներ, որոնք ղրկուած կ՛ըլլային թագաւորի մը կողմէ` յարձակելու ուրիշ երկիրներու նաւերուն վրայ: Այս նաւաստիները ստիպուած էին իրենց աւարը թագաւորին յանձնելու: Անոնք իրաւունք ունէին այս յարձակումները կատարելու միայն պատերազմի ժամանակ: Այս նաւաստիներէն շատեր հետագային ծովահէն դարձան` նախընտրելով իրենց գրաւած գանձերը իրենց պահել:

dsovahen-3_8-15-15

  • Գոյութիւն ունէին նաեւ կին ծովահէններ: Անոնք կը հագուէին տղամարդոց նման, կը կռուէին, շատ կը խմէին… Անոնք տղամարդոց նման դաժան էին: 19-րդ դարուն կին ծովահէն մըն էր Շինկ Շիհ, որ դարձաւ Չինաստանի ծովու ծովահէններուն հետը: Ան կ՛իշխէր 80.000 մարդոց եւ 1800 նաւերու վրայ:Arial Armenian   որ դարձաւ Չինաստանի ծովու ծովահէններուն հետը: Ան կ՛իշխէր 80.000 մարդոց եւ 1800 նաւերու վրայ:

 

Որքա՞Ն Խորունկ Է
Խաղաղական Ովկիանոսը

khaghaghagan_8-15-15

Խաղաղական ովկիանոսը աշխարհի ովկիանոսներուն ամէնէն մեծ եւ ամէնէն խորունկ ովկիանոսն է: Ան կը ծածկէ երկրագունդի մակերեսին աւելի քան մէկ երրորդը եւ կը պարունակէ անոր ջուրերէն կէսէն աւելին:

Խաղաղական ովկիանոսին յատակը, որուն խորութիւնը միջին հաշուով 4300 մեթր է, կը նմանի խորունկ ծովու մը յատակին: Խաղաղական ովկիանոսին անունը տրուեցաւ փորթուգալցի նաւապետ Ֆերտինան Մաժելլանի կողմէ, 1520 թուականին:

Խաղաղական ովկիանոսը գոյութիւն ունեցող ովկիանոսներուն ամէնէն հինն է. անոր ամէնէն հին ժայռերը գոյութիւն ունէին արդէն 200 միլիոն տարիներ առաջ:

Խաղաղական ովկիանոսը շրջապատուած է արեւելքէն` հիւսիսային եւ հարաւային ամերիկեան ցամաքամասերով, հիւսիսէն` Պէրէնկի նեղուցով, արեւմուտքէն` Ասիա ցամաքամասով, Մալիզիոյ կղզեխումբով եւ Աւստրալիայով, իսկ հարաւէն` Անթարքթիքայով:

 

Գիտէի՞ր, Թէ

  • Երկրագունդէն 360 միլիոն քառակուսի քմ ծածկուած է ջուրով:
  • Խաղաղական ովկիանոսին մէջ կը գտնուի երկրագունդին ամէնէն խորունկ փոսը` Մարիաններու փոսը, 11,034 մեթր խորութեան:
  • Խաղաղական ովկիանոսին մէջ կը գտնուին աւելի քան 30,000 կղզիներ: Սակայն անոնց ընդհանուր մակերեսը կը ծածկէ միայն ովկիանոսին մակերեսին մէկ առ հարիւրին մէկ քառորդը:

 

Աշխարհին Շուրջ

 

achkharhin-chourtch_8-15-15

Իւրայատուկ տուգանք մը:
19 տարեկան ամերիկացի Վիքթորիա իւրայատուկ տուգանքի մը արժանացաւ, որովհետեւ ան մերժեց վճարել թաքսիին վարորդին: Դատաւորը անոր երկու ընտրութիւն տուաւ` կա՛մ 30 օր բանտը անցընել, կամ ալ 48 քմ քալել 48 ժամէն (ոտքին Ճի. Փի. Էս. գործիք մը ունենալով): Վերջապէս Վիքթորիա նախընտրեց քալել…

Պանիրներուն ծակերուն գաղտնիքը:
Երկար տարիներու փնտռտուքներէ եւ ուսումնասիրութիւններէ ետք, վերջապէս զուիցերիացի գիտնականները հասկցած են, թէ ինչո՛ւ մենք էմանթալի նման կարգ մը պանիրներու մէջ ծակերու կը հանդիպինք: Այս նշանաւոր ծակերը կը յառաջանան կովերը կթելու ժամանակ կաթին մէջ ինկած յարդի շատ մանր մասնիկներուն պատճառով: Խմորումին ընթացքին այս մասնիկները կ՛արտադրեն կազեր, որոնք ծակեր կը յառաջացնեն պանիրին մէջ:

Հանսըլ եւ Կրէթըլի իսկական տո՞ւնը:
Մենք ծանօթ ենք Հանսըլ եւ Կրէթըլի հեքիաթին, որուն մէջ այս եղբայրն ու քոյրը անտառին մէջ կը գտնեն անուշեղէններէ եւ տուրմէ շինուած տուն մը: Սակայն իսկական կեանքին մէջ ալ մենք կրնանք հանդիպիլ այս հեքիաթային տան, Պրայընի մէջ, Միացեալ Նահանգներ: Ան համեմներով կարկանդակներէ եւ անուշեղէններէ շինուած աշխարհի մեծագոյն տունն է: Ան ունի 18,28 մ երկայնք, 12,80 մ լայնք, իսկ անոր ամէնէն բարձր կէտը կը հասնի 3 մեթրի: Այս կարկանդակէ տունը շինելու համար գործածուած են, տարբեր նիւթերու կարգին, 7200 հաւկիթ 3300 քիլօ ալիւր, 800 քիլօ կարագ: Իսկ տան պատերը զարդարելու համար գործածուեցան 23,404 պոնպոններ: Անոր շինութիւնը վերջացաւ 2013-ի վերջաւորութեան:

 

Խաղանք

Պարտէզին Մէջ

khaghank-1_8-15-15

Ահա հաճելի խաղ մը, զոր այս ամառ պարտէզին մէջ կրնաս խաղալ ընկերներուդ հետ:

Խաղին նպատակն է նշանակուած ճամբու մը վրայէն անցնիլ փակ աչքերով` հետեւելով ընկերոջ մը ցուցմուքներուն:

Խաղին համար պէտք պիտի ունենաք կերպասի կտորներու` աչքերը ծածկելու համար եւ տարբեր առարկաներու` խաւաքարտէ սնտուկ, փայտի կտոր, ջուրի շիշ, աթոռ…

Խաղը սկսելէ առաջ ճամբուն սահմանները նշանակեցէք` ճիւղերու պզտիկ կտորներով:

khaghank-2_8-15-15

1.- Երկու անձերէ բաղկացած խումբեր կազմեցէք: Մէկը պիտի ըլլայ առաջնորդը, իսկ միւսը աչքերը գոց խաղցողը:

2.- Առաջնորդը գիծէն դուրս կը մնայ եւ իր ցուցմունքներով կ՛ուղղէ աչքերը գոց խաղցողը: Ան ուշադիր պիտի ըլլայ, որ խաղցողը ճամբէն դուրս չելլէ, չզարնուի առարկաներուն…

3.- Երբ խաղցող մը առարկայ մը տեղէն կը շարժէ կամ վար կը ձգէ (բացի աթոռը, որուն տակէն պէտք է անցնի ան), ան դարձեալ սկիզբէն կը սկսի:

4.- Իւրաքանչիւր խումբի պարագային ժամանակը կը հաշուըուի: Այն խումբը, որ ամէնէն արագ միջոցին կտրած է ճամբան, կը յաղթէ:

 

Ժամանց

Կրնա՞ս գտնել գնդակին հասցնող ճամբան:
Կրնա՞ս գտնել գնդակին հասցնող ճամբան:
Կրնա՞ս գտնել առաջին պատկերին եւ միւս պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող երկու տարբեր մանրամասնութիւնները:
Կրնա՞ս գտնել առաջին պատկերին եւ միւս պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող երկու տարբեր մանրամասնութիւնները:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Կրնա՞ս ամբողջացնել թիւերու բուրգը` գիտնալով, թէ իւրաքանչիւր շրջանակի մէջի թիւը հաւասար է անոր տակը գտնուող երկու թիւերու գումարումին: Օրինակի համար` 8+5=13:
Կրնա՞ս ամբողջացնել թիւերու բուրգը` գիտնալով, թէ իւրաքանչիւր շրջանակի մէջի թիւը հաւասար է անոր տակը գտնուող երկու թիւերու գումարումին:
Օրինակի համար` 8+5=13:
Կրնա՞ս գտնել իրարու նմանող երկու կերպարները:
Կրնա՞ս գտնել իրարու նմանող երկու կերպարները:

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (15 Օգոստոս 1965)

Յաջորդը

Օմար Շերիֆի Մասին

RelatedPosts

Ճափոնի Մէջ.  Աղբեր Հաւաքելու Առաջին Աշխարհի Ախոյեանութիւն
Մանկապատանեկան

Ճափոնի Մէջ. Աղբեր Հաւաքելու Առաջին Աշխարհի Ախոյեանութիւն

Մարտ 25, 2023
Ինչո՞ւ Մարտ 8-ը Կիներու Իրաւունքներու Միջազգային Օր Նշանակուած Է
Մանկապատանեկան

Ինչո՞ւ Մարտ 8-ը Կիներու Իրաւունքներու Միջազգային Օր Նշանակուած Է

Մարտ 11, 2023
Ինչպէ՞ս Գիտնալ Երկրագունդին Կլիմային Պատմութիւնը
Մանկապատանեկան

Ինչպէ՞ս Գիտնալ Երկրագունդին Կլիմային Պատմութիւնը

Մարտ 4, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In