Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Թենիսի աշխարհի ամէնէն գեղեցիկ մարզիկը համարուած Մարիա Շարափովան նաեւ ինքնաշարժի «Փորշ» ընկերութեան դեսպանուհին է:
Ծագումով ռուս այս մարզիկին երկրպագուները շատ են. անոնք ոչ միայն հմայուած են մարզիկին գեղեցկութեամբ, այլեւ կը գնահատեն անոր խաղարկութիւնը եւ աննկուն կամքը:
Ստորեւ կու տանք Շարափովայի հետ վերջերս կատարուած հարցազրոյցէ մը բաժիններ:
ՀԱՐՑՈՒՄ.- Ո՞րն է հասարակաց կէտը թենիսին եւ ինքնաշարժի մրցումին միջեւ:
ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Կը կարծեմ, որ երկուքն ալ կամք եւ քաջութիւն կը պահանջեն: Ինծի համար երկուքն ալ արտրենալինս կը բարձրացնեն եւ իմ կեանքիս տէրը ըլլալու զգացումը կու տան:
Հ.- Ձեզի համար արձակուրդը ի՞նչ կը ներկայացնէ:
Շ.- Արձակուրդը լուսարձակներէն հեռանալու եւ անյայտ ապրելու ժամանակաւոր հաճոյքը կը փոխանցէ ինծի:
Հ.- Որեւէ տեղ երթալու պարագային, ձեզմէ ի՞նչ բան անբաժան կ՛ըլլայ:
Շ.- Սմարթֆոնս….
Հ.- Լաւ արձակուրդ անցընելու ձեր գաղտնի՞քը:
Շ.- Կեանքը չբարդացնել եւ սեղանի հաճոյքներէն օգտուիլն է: Արձակուրդին փակագիծի մէջ կը դնեմ սննդական եւ մարզական սկզբունքներս:
Հ.- Ձեր գրաւոր նկարագրային գի՞ծը:
Շ.- Տեւաբար սորվելու եւ գիտելիք ամբարելու ծարաւս է:
Հ.- Ի՞նչ բան կ՛ատէք ուրիշներու մօտ:
Շ.- Սուտը:
Հ.- Թեթեւ ընկճախտի պարագային, ինչպէ՞ս կը ձերբազատիք անկէ:
Շ.- Քաղցրեղէն ուտելով:
Հ.- Որոնք են ձեր հագուստի պահարանին 3 հիմնական կտորները:
Շ.- Երկար շապիկներ, նեղ տաբատներ եւ տղամարդու սեւ պլէյզըր մը:
Հ.- Ձեզի համար ի՞նչ է վայելչութիւնը:
Շ.- Պարզապէս` ներքին վստահութեան զգացումը:
Հ.- Իսկ գռեհկութիւ՞նը:
Շ.- Չափազանցութեան մէջ իյնալը:
Հ.- Ո՞վ է ձեր կեանքի հերոսը:
Շ.- Մայրս. ան շատ կանուխէն արտօնեց, որ հօրս հետ ձգեմ Ռուսիան եւ մեկնիմ, իսկ ինք վիզայի պատճառով երկու տարի վերջ միացաւ մեզի: Ան միշտ կողքիս է եւ կը քաջալերէ. մենք շատ մտերիմ ենք:
Հ.- Հաճելի ընթրիքի մը ձեր սեղանակիցները որո՞նք են:
Շ.- Քիչ թիւով մտերիմ ընկերներ:
Հ.- Ընդհանրապէս ի՞նչ կը նուիրէք:
Շ.- Փունջ մը ճերմակ վարդ եւ ձեռագիր երկտող մը:
Հ.- Ո՞րն է ձեր նախասիրած գրական գործը:
Շ.- «Տը ուան թինկ». հեղինակը` Կերի Քելըր կը ներկայացնէ մէկ կողմէ գործ եւ միւս կողմէ` անձնական կեանքի հաւասարակշռութեան բանալիները:
Հ.- Նորաձեւութիւն մը, որմէ չէք ախորժիր:
Շ.- Սապոները:
Հ.- Ամրան ի՞նչ կը գտնենք ձեր ճամբորդական պայուսակին մէջ:
Շ.- Էշարփներ եւ շալեր, քանի որ նոյնիսկ ամրան կը մսիմ…
Հ.- Ի՞նչ բան կը գնահատէք բարեկամներու մօտ
Շ.- Պարկեշտութիւնը եւ սրատմութիւնը:
Հ.- Ո՞րն է ձեր նախասիրած ճամբորդութիւնը:
Շ.- Իմ անձնական կեանքս:
Առողջապահական
Վարունգի Հիւթին 6 Բարիքները
Վարունգի հիւթը կենսանիւթերով եւ հանքայիններով հարուստ, աժան եւ մատչելի դեղ է մեր առողջութեան համար. ստորեւ կը ներկայացնենք անոր 6 հիմնական բարիքները:
-1-
Վարունգին հիւթը կ՛օգնէ կանխարգիլելու սրտանօթային որոշ անհանգստութիւններ: Անիկա առատ փոթասիոմ կը պարունակէ, իսկ այս վերջինը յայտնի է արեան ճնշումը պակսեցնելու իր յատկութեամբ:
Վարունգի հիւթը նաեւ կը պարունակէ փանկրէասին անհրաժեշտ նիւթ մը, որ կ՛օգնէ էնսիւլինի արտադրութեան, եւ բնականաբար անիկա յանձնարարելի է շաքարախտաւորներուն:
-2-
Ջուրով եւ բնաթելով հարուստ վարունգի հիւթը կը բարելաւէ մարսողական դրութեան գործունէութիւնը եւ կը կանխարգիլէ պնդութիւնը:
-3-
Քիչ ջերմուժ եւ ըստ ջուր պարունակող վարունգի հիւթը միզեցնող է եւ յանձնարարելի` նիհարցնող սննդականոնի հետեւողներուն:
-4-
Վարունգի հիւթը սիլիս կը պարունակէ, այս վերջինը կը զօրացնէ հիւսկէնները, մկանները, ջիլերը (tendons), կապանները (ligaments) եւ աճառները (cartilages): Սիլիսը նաեւ հակաբորբոքային յատկութիւն ունի եւ յանձնարարելի է արթրոզէ տառապողներուն:
-5-
Վարունգը եւ անոր հիւթը չափազանց օգտակար են մորթին: Ջուրով, Էօ. կենսանիւթով եւ հիմնական իւղերով հարուստ այս խմիչքը կը կանխարգիլէ մորթին կանխահաս ծերացումը, կը չէզոքացնէ աչքերուն տակի մութ գոյնը, փայլ եւ առողջ տեսք կու տայ դէմքին:
-6-
Ա. Պէ. եւ Սէ. կենսանիւթերով հարուստ վարունգը կը խթանէ մարմնին դիմադրականութիւնը: Օրական բաժակ մը վարունգի հիւթ խմելով` բնական ձեւով կը զօրացնէք ձեր դիմադրականութիւնը:
Վարունգի Հիւթի Պատրաստութիւն
Եթէ այս յօդուածը ձեզ համոզեց եւ վարունգի հիւթ պիտի խմէք, ընտրեցէք մութ գոյնի, մսոտ վարունգներ եւ անգամ մը որ հիւթը ստացաք անմիջապէս խմեցէք, քանի որ բոլոր հիւթերուն նման` անիկա կը կորսնցնէ իր սննդական արժէքին մէկ կարեւոր մասը օդին եւ լոյսին պարզուելով: Նաեւ կարեւոր է, որ վարունգը քամէք իր կեղեւով, տրուած ըլլալով, որ Սէ. կենսանիւթին մէկ կարեւոր տոկոսը հոն կը գտնուի:
Հետաքրքրական
Շրթներկի Պատմութիւն
Ուսումնասիրութիւններու համաձայն, առաջին անգամ շրթներկ գործածուած է շուրջ 5 հազար տարի առաջ` Միջագետքի մէջ. զայն կը պատրաստէին կէս թանկագին քարեր փոշիի վերածելով եւ մեղրամոմով խառնելով:
Հին եգիպտացիները շրթներկ կը պատրաստէին ֆիւքիւս տիպի լոռով, որուն այլ նիւթեր կը խառնէին:
Հին Յունաստանի կանայք իրենց շուրթերը կը ծեփէին ճզմուած թութով:
16-րդ դարուն շրթներկ կը գործածէին թէ՛ տղամարդիկ եւ թէ՛ կիները:
Ա. Համաշխարհային պատերազմի ժամանակ շրթներկ կը գործածէին դերասանուհիները եւ պոռնիկները: Պատերազմէն ետք Գօգօ Շանել նորաձեւ դարձուց «Փոքրիկ, կարմիր բերան»-ը:
Կ՛ըսուի, թէ շրթներկի ամենամեծ հաւաքածոն իտալացի դերասանուհի Սոֆիա Լորենին է. անոր դիմայարդարման սեղանին վրայ կարելի է հաշուել 200-300 շրթներկ:
Մեր Զաւակները Եւ Մենք
Ձեռային Աշխատանք
Ամրան արձակուրդը սկսած է, եւ արդէն շատ մը երեխաներ ձանձրոյթի նշաններ ցոյց կու տան: Կարելի չէ զանոնք օրական ծով տանիլ, ճիշդ չէ զանոնք ժամերով համակարգիչին դիմաց ձգել, բայց պէտք է զբաղում մը գտնել անոնց համար:
Ձեռային աշխատանքը լաւ եւ դաստիարակչական միջոց է զանոնք գործի լծելու, ինչպէս նաեւ` անոնց ճաշակն ու երեւակայութիւնը զարգացնելու համար:
Այսօրուան սիւնակով կը ներկայացնենք ձեռային երեք աշխատանք, որոնք կրնաք իրագործել ձեր զաւկին հետ:
Ա.- Եթէ Ձեր Զաւակը Գծելու Սէր Ունի…
Շուկայէն գնեցէք զանազան չափի փայտեայ դգալներ եւ անոր նմուշ մը ցոյց տալով` քաջալերեցէք, որ զանոնք մարդուկներու վերածէ: Ներկելու համար ան թող օգտագործէ իր գունաւոր մատիտները կամ ջրաներկը, որ տարուան ընթացքին դպրոցը կը գործածէր:
Գծելէ եւ գունաւորելէ ետք ձեր զաւկին աշխատանքը ցուցադրեցէք խոհանոցը` զանոնք ապակեայ գեղեցիկ բաժակի մը մէջ խմբելով եւ կամ` դգալին ետեւ մաքնիսի կտոր մը հաստատեցէք եւ զարդարեցէք ձեր սառնարանը:
Բ.- Եթէ Ձեր Զաւակը Ձեռային Աշխատանքի Հանդէպ
Սէր Ունի…
Ամրան եղանակին պաղպաղակի փայտիկները անպակաս կ՛ըլլան տուներէն, զանոնք հաւաքեցէք, մաքրեցէք եւ ձեր զաւկին հետ լծուեցէք պատրաստելու այս գեղեցիկ սեղանի զարդը, որուն պէտք պիտի ունենայ յառաջիկայ վերամուտին` իր գրենական պիտոյքները դասաւորելու համար:
Զարդին կլոր ձեւ տալու համար օգտագործեցէք պահածոյի մետաղեայ, պարապ տուփ մը, որուն շուրջ կլու կանով կրնաք փակցնել փայտիկները:
Կազմելէ ետք կրնաք փայտիկները ջրաներկով գունաւորել կամ ձգել իրենց բնական վիճակով:
Գ.- Եթէ Ձեր Զաւակը Երկար Նստելու
Համբերութիւն Չունի…
Ընտրեցէք պարզ եւ արագ իրագործուող ձեռային մը: Անոր տրամադրեցէք ապակեայ շիշ մը կամ գաւաթ մը եւ ժանեակի կտորներ: Թող ձեր օգնութեամբ ժանեակները կտրէ եւ խէժով փակցնէ շիշին կամ գաւաթին շուրջ եւ ապա զայն գործածէ որպէս ծաղկաման կամ մանր իրեր պահելու աման:
Ի՛նչ ալ ըլլայ ձեր զաւկին ձեռային աշխատանքին արդիւնքը, քաջալերեցէք զինք եւ աշխատանքը ցոյց տուէք բոլորին: Անոր հետ ձեր անցուցած ժամանակը իր կարգին չափազանց օգտակար է եւ շինիչ: Վերջապէս յիշեցնենք, որ ձեռային աշխատանքի ընթացքին մեծի մը հսկողութիւնը չափազանց կարեւոր է, յատկապէս եթէ սեղանին վրայ սուր իրեր կան կամ` կլու կան (խէժի «զէնք»):
Խոհագիր
Ռիքոթա Պանիրով Սմբուկի
Փաթոյթներ
Բաղադրութիւն
2 սմբուկ
Ռեհանի տերեւներ
Ձէթ
250 կրամ Ռիքոթա պանիր
Պճեղ մը սխտոր
Աղ, սեւ համեմ
Պատրաստութիւն
Սմբուկները երկայնքին շերտել, ձէթ ծեփել, աղել, համեմել եւ 10 վայրկեան խորովել, ապա ձգել որ պաղին:
Մինչ այդ ռիքոթա պանիրը եւ մանրուած ռեհանը խառնել, աղել, համեմել:
Պաղած սմբուկի շերտերուն ծայրը դգալ մը միջուկ դնել, ոլորել եւ ատամնակրկիտով մը իւրաքանչիւրը հաստատել:
Հրամցնելու պահուն քանի մը կաթիլ ձէթ աւելցնել եւ զարդարել ռեհանի տերեւներով:
Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը
Հայերոիս Թոիքը
Դուն խելօք, հաշուով վաճառական ես,
Միւլք, փող ու ապրանք, կ’ասեն, շատ ունես.
Բայց թէ փողէդ շահ չունի Հայաստան,
Թքել ենք քու ալ, փողիդ ալ վրան:Քաջ ես, լսել ենք, ինքդ մեծաւոր,
Անուն յաղթողի ունես փառաւոր.
Բայց թէ թըրէդ շահ չունի Հայաստան,
Թքել ենք քու ալ, թըրիդ ալ վրան:Ի վերուստ քանքար քեզի տրուած է,
Հեղինակ անունդ աշխարհ փռուած է.
Բայց թէ գրչէդ շահ չունի Հայաստան,
Թքել ենք քու ալ, գրչիդ ալ վրան:Հեռատես մտքով դուն զարդարեցար,
Հզօր իշխանի սիրելին դարձար.
Բայց թէ մտքէդ շահ չունի Հայաստան,
Թքել ենք քու ալ, մտքիդ ալ վրան:Բանուկ ու ճարտար դուն ունիս ձեռքեր,
Շատ կը յօրինես թանկագին բաներ.
Բայց թէ ձեռքէդ շահ չունի Հայաստան,
Թքել ենք քու ալ, ձեռքիդ ալ վրան:Երկինք շնորհեցին քեզ լեզու ճարտար,
Քարոզչի ստացար հռչակ ու հանճար.
Բայց թէ լեզուէդ շահ չունի Հայաստան,
Թքել ենք քու ալ, լեզուիդ ալ վրան:Մեծ ուսում առիր, եղար գիտնական,
Գովքովդ լցուած է մարդոց բերան.
Թէ ուսումէդ շահ չունի Հայաստան,
Թքել ենք քու ալ, ուսմանդ ալ վրան:Կու տամ քեզ պատիւ, կ’ունենաս դու յարգ,
Ու կը դնեմ քեզ ազնիւ մարդոց կարգ,
Երբ օրօրանէդ մինչեւ գերեզման
Միակ ձգտմունքդ լինի Հայաստան:ՌԱՓԱՅԷԼ ՊԱՏԿԱՆԵԱՆ (Գամառ Քաթիպա)