Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ինչո՞ւ Ամրան Առաջին Օրը, Ամէնէն Երկար Օրը, Ամէնէն Տաք Օրը Չէ

Յունիս 20, 2015
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

6-20-15_aratchin-orԳարունը կը վերածուի ամրան, օրերը միշտ աւելի կ՛երկարին, իսկ գիշերները կը կարճնան: Օրերը կ՛երկննան դեկտեմբերի վերջաւորութեան 9,3 ժամէն մինչեւ աւելի քան 12 ժամ մարտի վերջաւորութեան եւ մօտաւորապէս 15 ժամ` յունիսի սկիզբը, հիւսիսային շրջաններուն մէջ:

Սակայն ինչո՞ւ օրերը եւ իրիկունները միշտ 12 ժամ չեն: Ասոր պատճառը երկրագունդին հակած դիրքն է: Երեւակայեցէք ուղղահայեաց առանցքի մը շուրջ դարձող գունդ մը: Թեքեցէք քիչ մը այդ երեւակայական-ուղղահայեաց առանցքը: Այդ դարձող գունդին նման, մեր մոլորակն ալ թեքած է 23,5 աստիճան ուղղահայեաց առանցքին բաղդատմամբ: Հետեւաբար մենք արեւուն շուրջ կը դառնանք թեքած ձեւով:

Արեւուն շուրջ լման պտոյտ մը կը համապատասխանէ մէկ տարուան: Այդ անցնող տարուան ընթացքին, մոլորակին անփոփոխ թեքումին պատճառով երկրագունդին հիւսիսային բաժինը  կէս տարուան ընթացքին թեքած կ՛ըլլայ դէպի արեւուն կողմը, իսկ մնացած տարուան ընթացքին`  արեւէն հեռու: Երբ հիւսիսային կիսագունդը դէպի արեւ թեքած է, ամառնային արձակուրդներուն ժամանակն է: Մինչ հարաւային կիսագունդին մէջ, որովհետեւ այդ բաժինը արեւէն հեռու է, ձմեռ է, ցուրտ եւ երկար իրիկուններով:

Երբ կիսագունդ մը դէպի արեւ կը թեքի, օրերը կ՛երկննան, որովհետեւ արեւի լոյսի պահերը կ՛երկննան: Արեւուն ճառագայթները աւելի ուղղակիօրէն կը հասնին երկրագունդ, քան ձմրան, որովհետեւ արեւը միշտ աւելի բարձր կ՛ըլլայ երկնքին մէջ: Այս ամէնը կը նշանակէ, թէ մթնոլորտը, գետինը եւ ովկիանոսները աստիճանաբար կը տաքնան:

Ամառնային արեւադարձին օրը խորքին մէջ օր մը չէ, բայց վայրկեան մը` ժամանակին ընթացքին: Հիւսիսային կիսագունդին մէջ ան կը նշանակէ այն վայրկեանը, երբ արեւը դէպի հիւսիս ամէնէն բարձրը եւ ամէնէն հեռուն կը գտնուի, ամբողջ տարուան ընթացքին:

* * *

Այս արեւադարձի օրէն ետք ամէն ինչ հակառակ կ՛ընթանայ: Երկրագունդին թեքութիւնը կը սկսի փոխուիլ եւ հիւսիսային կիսագունդը կը սկսի հեռանալ արեւէն: Ամբողջ օրը արեւը աւելի ցած կ՛երեւի երկնքին մէջ, եւ` դէպի հարաւ: Օրերը աստիճանաբար կը կարճնան` ամէն շաբաթ վայրկեաններ կորսնցնելով:

Սակայն ամառնային ջերմաստիճանը իր գագաթնակէտին կը հասնի այդ արեւադարձի օրէն մօտաւորապէս մէկ ամիս ետք: Ինչո՞ւ: Գետինը շատ աւելի դանդաղօրէն կը տաքնայ, քան օդը: Հետեւաբար մթնոլորտը կը կորսնցնէ գարնան վերջաւորութեան եւ ամրան սկիզբի իր տաքութենէն ովկիանոսներուն եւ ցամաքի զովութեան պատճառով:

Մինչ օդը նուազ տաքութիւն կը ստանայ արեւէն արեւադարձի օրին յաջորդող շաբաթներուն ընթացքին ան տակաւին կը պահուի, որովհետեւ ցամաքը եւ ովկիանոսները կը տաքնան: Յատկապէս` ովկիանոսները, որոնք դանդաղօրէն կը տաքնան, ամէնէն երկարը կը պահեն իրենց տաքութիւնը: Հետեւաբար տաքը տակաւին կը շարունակուի արեւադարձի օրէն ետք եւ ջերմաստիճանը ամէնէն բարձր աստիճաններու կը հասնի յուլիսին եւ օգոստոսին:

* * *

Գիտէի՞ր, թէ…

Արեւադարձի օրը տարուան ամէնէն երկար օրն է, սակայն պարզապէս` քանի մը երկվայրկեանով: Արեւադարձի օրուան նախորդող երկու օրերը եւ յաջորդող երկու օրերը գրեթէ նոյնքան երկար են:

 

Լուրեր Աշխարհէն

6-20-15_lourer-1

Առանց ծխախոտի երկիրը: 2005 թուականին Հարաւային Ասիոյ մէջ գտնուող Պութան երկիրը եղաւ առաջին պետութիւնը, որ իր քաղաքացիներուն արգիլեց ծխախոտի առեւտուրը: Սակայն, ասոր կողքին, ան չարգիլեց ժողովուրդին ծխախոտ ներածել ուրիշ երկրէ մը, պայմանաւ որ անոնք զայն արձանագրեն մաքսատան մէջ եւ վճարեն 100 առ հարիւր մաքս` Հնդկաստանէն բերուած ծխախոտներուն վրայ եւ 200 առ հարիւր` ուրիշ երկիրներէ ներածուած ծխախոտներուն պարագային: Հակառակ պարագային, այն անձերը, որոնք չեն արձանագրեր եւ կը ձերբակալուին` հետերնին այդ ծխախոտները, անոնք կրնան մինչեւ 5 տարուան բանտարկութեան դատապարտուիլ:

6-20-15_lourer-2

Սագեր` պահակ շուներու փոխարէն: Չինաստանի կարգ մը հեռաւոր շրջաններուն մէջ, ոստիկանութիւնը սագեր դրած է ոստիկանատուներուն առջեւ` պահակ շուներու փոխարէն: Այս թռչնազգիները կատարելագործուած ահազանգի դրութիւնը կը փոխարինեն: Երբ այս թռչնազգիները սկսին կանչելու, շատ դժուար է զանոնք լռեցնել: Օրինակի համար, շան մը ուշադրութիւնը կարելի է շեղել անոր միսի կտոր մը նետելով: Սակայն երբ որեւէ բան նետուի սագի մը, ան կրնայ ալ աւելի ձայն հանել:

Սագը չի սիրեր, որ օտար մը իր տարածքը մտնէ: Անոր համար իր տէրը իր երամին մաս կը կազմէ. հետեւաբար ան կրնայ զանազանել ոստիկանին եւ օտարներուն միջեւ: Առաւել, սագը շատ զարգացած տեսողութիւն ունի եւ դիւրին կը մարզուի:

6-20-15_lourer-3

Ճափոնի փողոցներուն մեծ մասը անուն չունի: Ճափոնցիները ուրիշ երկիրներու մէջ գործածուած հասցէներու դրութենէն շատ աւելի տարբեր ձեւ մը կը գործածեն: Այս դրութիւնը բաւական խրթին է: Բացի գլխաւոր քանի մը խաչմերուկներէն, Ճափոնի մէջ ճամբաները անուն չունին: Քաղաքները բաժնուած են թաղամասերու, որոնք  իրենց կարգին բաժնուած են թաղերու. այս թաղերը  բաժնուած են շէնքերու խումբերու, իւրաքանչիւր շէնք, որ մաս կը կազմէ այդ խումբին, ունի թիւ մը:

Այս շէնքերու խումբերուն թիւերը հասցէներն են: Այս խումբերուն թիւերը տրուած են ըստ անոնց շինութեան թուականին: Ասիկա շատ դժուար կը դարձնէ Ճափոնի մէջ հասցէ մը գտնելը,  նոյնիսկ ճափոնցիները երբեմն կը կորսուին:

6-20-15_lourer-4

Աշխարհի ամէնէն շատ ուսանածներ ունեցող երկիրը: Ըստ վերջին ուսումնասիրութիւններուն, Քանատան աշխարհի ամէնէն շատ ուսում ստացածներու երկիրն է: Քանատա աշխարհի միակ երկիրն է, որուն բնակիչներուն կէսէն աւելին հպարտօրէն կրնան իրենց համալսարանական վկայականները կախել պատերուն վրայ: Բնակչութեան 51 առ հարիւրը համալսարանական վկայականներու արժանացած է:

 

Հարցարան

Աշխարհին Շուրջ

1) Ո՞ր երկիրը աւելի մեծ է:
ա – Միացեալ Նահանգներ, բ – Քանատա

2) Հիմալայայի լեռները անդադար կը բարձրանան:
ա – Ճիշդ, բ – Սխալ

6-20-15_hartsaran1

3) Մոսկուայէն Վլատիվոսթոք երթալու համար Թրանսսիպէրեան նշանաւոր շոգեկառքը մէկ շաբաթ կը դնէ:
ա – Ճիշդ, բ – Սխալ

4) Քանի՞ աստղ գոյութիւն ունի Եւրոպական Միութեան դրօշակին վրայ:
ա – 12, բ – 18, գ – 25

5) Սահարան նախապէս կանաչ, ընդարձակ դաշտ մըն էր:
ա – Ճիշդ, բ – Սխալ

6) Ինչո՞ւ մենք լողալ գիտնալու պէտք չունինք, երբ Մեռեալ ծով երթանք:
ա – Որովհետեւ մեր ոտքը միշտ կրնայ յատակին դպնալ, անոր խորութիւնը մինչեւ 1,20 մեթր է միայն, բ – Որովհետեւ մենք անոր մէջ պիտի ծփանք անոր պարունակած աղի մեծ քանակութեան պատճառով, գ – Որովհետեւ հոն ջուր չկայ:

6-20-15_hartsaran2

7) Նիակարայի ջրվէժները կը գտնուին Քանատայի մէջ:
ա – Ճիշդ, բ – Սխալ

8) Ի՞նչ պատահեցաւ Քորոնայի մէջ, Յունաստան, դեկտեմբեր 2002-ին:
ա – Ձուկերու անձրեւ մը, բ – 2004-ի Ողիմպիական խաղերուն ողիմպիական ջահը ճամբայ հանուեցաւ, գ – Աշխարհի ամէնէն մեծ Կաղանդի ծառին զարդարումը:

9) Ի՞նչ է Ռիօ տը Ժաներոյի մէջ գտնուող Շաքարէ հացը:
ա – Ձեռքերը բացած Յիսուսի արձան մը ունեցող բլուր մը, բ – Պրազիլական ճաշ մը, գ – Ռիոյի ծովածոցին մէջ մեծ ժայռ մը:

10) Ինչո՞ւ համար իւրայատուկ է Պոլիվիոյ մէջ գտնուող Ույունիի անապատը:
ա – Անիկա աղի անապատ մըն է, բ – Անիկա աշխարհի ամէնէն մեծ անապատն է, գ – Անիկա տակաւին չհետախուզուած անտառ մըն է:

11) Ամերիկայի նախագահը կ՛ընտրուի չորս տարուան համար:
ա – Ճիշդ, բ – Սխալ

12) Ի՞նչ կը ներկայացնէ ճափոնական դրօշակին կեդրոնի կարմիր կլորակը:

13) Ի՞նչ կարելի է գտնել Քանատայի Չըրչիլ քաղաքին մէջ:
ա – Աշխարհի ամէնէն մեծ խեցիներու թանգարանը, բ – Բեւեռային արջերու բանտ մը, գ – Մէկ տուն մը:

6-20-15_hartsaran3

14) Լոնտոնի մէջ ո՞ր թիւը պէտք է կազմել կանչելու համար հրշէջները:
ա – 18, բ – 911, գ – 999

15) Ո՞ր երկրին մէջ կը գտնուի Սինկափուր:

Պատասխանները Վերջաւորութեան

 

 Ժամանց

 

Կրնա՞ս գտնել ուտելիքին հասցնող ճամբան:
Կրնա՞ս գտնել ուտելիքին հասցնող ճամբան:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Կրնա՞ս գտնել շան համապատասխանող շուքը:
Կրնա՞ս գտնել շան համապատասխանող շուքը:
Կրնա՞ս ամբողջացնել ինը խոհարարներուն դէմքերը:
Կրնա՞ս ամբողջացնել ինը խոհարարներուն դէմքերը:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Հարցարանին Պատասխանները

1) Քանատա: Իր 9,959,400 քառակուսի քիլոմեթրերով աշխարհի երկրորդ ամէնէն մեծ երկիրն է Ռուսիայէն ետք եւ Չինաստանէն առաջ: Միացեալ Նահանգները կը գրաւեն չորրորդ դիրքը` 9,363,353 քառակուսի քիլոմեթր:

2) Ճիշդ: Որովհետեւ ինտօ-աւստրալիական հողաշերտը կը սահի եւրօ-ասիական  հողաշերտին տակ: Աշխարհի ամէնէն բարձր գագաթը` Էվերեսթը, ունի 8850 մեթր բարձրութիւն: Ան կրնայ 5000 մեթր աւելի բարձրանալ մինչեւ 1 միլիոն տարի:

3) Ճիշդ: Մոսկուայի եւ Վլատիվոսթոքի միջեւ շոգեկառքը կը կտրէ 9238 քմ եւ կ՛անցնի 990 կայարանէ: 1904-ին, երբ այս ճամբուն շինութիւնը կը վերջանայ, ան միակ միջոցն էր Սիպերիայէն անցնելու… արագօրէն:

4) 12: Այս դրօշակը որդեգրուեցաւ 1986-ին, երբ նախկին Եւրոպական Միութիւնը կը բաղկանար 12 երկիրներէ: Սակայն աստղերու թիւը ուղղակիօրէն չէ կապուած պետութիւններու թիւին: 12-ը նախ եւ առաջ խորհրդանիշ մըն է կատարելիութեան եւ միութեան:

5) Ճիշդ: 10,000 տարիներ առաջ Սահարան արեւադարձային կլիմայով, շատ անձրեւոտ շրջան մըն էր: Անոր հարուստ բուսականութեան մէջ կ՛ապրէին փիղեր, գետաձիեր, եւ նոյնիսկ կոկորդիլոսներ:

6) Որովհետեւ մենք հոն պիտի ծփանք մեծ քանակութեամբ աղին պատճառով:

7) Ճիշդ: Սակայն անոնք կը գտնուին նաեւ Միացեալ Նահանգներու մէջ: Այս ջրվէժները երկու երկիրներու միջեւ սահմանը կը կազմեն: Կան երեք ջրվէժներ. անոնցմէ երկուքը ամերիկեան են, իսկ երրորդը` քանատական:

8) Ձուկերու անձրեւ մը: 2002-ի դեկտեմբերի սկիզբը ձուկ տեղաց յունական Քորոնա քաղաքին վրայ: Հաւանաբար զօրաւոր փոթորիկ մը փչած է այդ անասուններուն վրայ եւ` զանոնք դէպի ցամաք նետած:

9) Ռիոյի ծովածոցին մէջ գտնուող հսկայական ժայռ մը: Այս ծովածոցին մէջ կը գտնուին կրանիթէ բազմաթիւ մեծ ժայռեր. անոնցմէ ամէնէն մեծը Շաքարէ հացն է: Անիկա ունի 396 մեթր բարձրութիւն:

10) Անիկա աշխարհի ամէնէն մեծ աղի անապատն է: Կը գտնուի 3700 մեթր բարձրութեան վրայ եւ ունի 12,500 քառ. քմ տարածք: Ասիկա շատ փոքր է աշխարհի ամէնէն մեծ անապատին` Սահարայի տարածքին հետ համեմատած, որ կը կազմէ 9,065,000 քառ. քմ:

11) Ճիշդ: Քանի՞ անգամ կարելի է ներկայանալ ընտրութիւններուն: Երկու անգամ: Ինչպէս, օրինակի համար, Ճորճ Պուշ Կրտսեր, Պիլ Քլինթըն, Ճորճ Ուաշինկթըն, Պարաք Օպամա…

12) Արեւը: Ճափոնը անուանուած է նաեւ «Ծագող արեւի երկիրը»: Ճափոներէն լեզուով դրօշակը կը կոչուի հինոմարու` «արեւու սկաւառակ»:

13) Բեւեռային արջերու բանտ մը: Այն բեւեռային արջերը, որոնք ամրան Չըրչիլ քաղաքին շատ մօտ կը շրջին, բանտ կը դրուին մինչեւ սառոյցին վերադարձը: Այս ձեւով մարդիկ արջերը չեն սպաններ:

14) 999: Այս թիւը քեզի կարելիութիւնը կու տայ կապուելու հրշէջներուն, հիւանդատար կառքին կամ ոստիկանութեան հետ: Սակայն կարելի է նաեւ գործածել 112, որ շտապ օգնութեան թիւն է ամբողջ Եւրոպայի մէջ:

15) Սինկափուրի մէջ: Սինկափուրը նախ եւ առաջ երկիր մըն է: Անիկա կազմուած է գլխաւոր կղզիէ մը, ուր կը գտնուի մեծ քաղաքը, եւ` 57 ուրիշ պզտիկ կղզիներէ:

 

 

 

 

 

 

 

 

ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (20 Յունիս 1965)

Յաջորդը

Հայրենի Լուրեր

RelatedPosts

Ինչո՞ւ Մարտ 8-ը Կիներու Իրաւունքներու Միջազգային Օր Նշանակուած Է
Մանկապատանեկան

Ինչո՞ւ Մարտ 8-ը Կիներու Իրաւունքներու Միջազգային Օր Նշանակուած Է

Մարտ 11, 2023
Ինչպէ՞ս Գիտնալ Երկրագունդին Կլիմային Պատմութիւնը
Մանկապատանեկան

Ինչպէ՞ս Գիտնալ Երկրագունդին Կլիմային Պատմութիւնը

Մարտ 4, 2023
Ձմեռնային Մարզաձեւերը Երբէ՞ն Ի Վեր Գոյութիւն Ունին
Մանկապատանեկան

Ձմեռնային Մարզաձեւերը Երբէ՞ն Ի Վեր Գոյութիւն Ունին

Փետրուար 25, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In