Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ինչո՞ւ Մենք Կը Ծարաւնանք Եւ Կ՛անօթենանք

Յունիս 27, 2015
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

6-27-15_anoti-16-27-15_anoti-2Մենք բոլորս անցած ենք այն վայրկեաններէն, երբ շատ ծարաւ զգացած ենք: Բայց արդեօք կրնա՞ք երեւակայել ինչ վիճակի մէջ պիտի գտնուինք օրերով ծարաւ մնալէ ետք: Եթէ անձ մը երկար ժամանակ մնայ առանց ոչինչ խմելու, ան կը մեռնի: Ծարաւի զգացումը մեր մարմնին միջոցն է մեզի ըսելու, թէ պէտք է հեղուկի մեր պահեստը լեցնել:

Ծարաւ կը զգանք, երբ մեր արեան մէջի աղի քանակը կը փոխուի: Մեր արեան մէջ բնականօրէն գոյութիւն ունին յատուկ քանակութեամբ աղ եւ ջուր: Երբ այս աղի եւ ջուրի համեմատութիւնը կը փոխուի, եւ աղի քանակը ջուրի քանակէն աւելի բարձր կ՛ըլլայ, ծարաւնալու զգացում կը յառաջանայ:

Մեր ուղեղին մէջ գոյութիւն ունի «ծարաւի կեդրոն» կոչուած շրջան մը: Ան կը հակազդէ մեր արեան մէջի աղի քանակին: Երբ փոփոխութիւն մը տեղի կ՛ունենայ, ան «լուրեր» կը ղրկէ դէպի մեր կոկորդը, եւ այս զգացումներու խառնուրդն է, որ մեզի ըսել կու տայ. «Ծարաւ ենք»:

* * *

Բնաւ մտածա՞ծ էք, թէ մեր ուղեղը ինչպէս կը ստանայ այն լուրը, որ անոր կը հաղորդէ, թէ մենք անօթի ենք: Անօթութիւնը ո՛չ մէկ կապ ունի դատարկ ստամոքսին հետ, ինչպէս շատեր կը կարծեն:

Երբ կարգ մը սննդարար նիւթեր կը պակսին արեան մէջէն, անօթութիւնը կը յայտնուի: Երբ այս նիւթերը կը պակսին արեան երակներուն մէջէն, լուր մը կը ղրկուի ուղեղին մէջ գտնուող «անօթութեան կեդրոնին»: Անօթութեան կեդրոնը կը նմանի սանձի մը, որ կը գործէ ստամոքսին եւ աղիքներուն վրայ: Եթէ արեան համար բաւարար սնունդ կայ, անօթութեան կեդրոնը կը դանդաղեցնէ ստամոքսին եւ աղիքներուն աշխատանքը: Երբ արեան մէջի սնունդը բաւարար չէ, ան կը մղէ, որ ստամոքսն ու աղիքները աւելի աշխատին: Այս պատճառով է, երբ անօթի ենք մենք յաճախ կը լսենք մեր ստամոքսէն ելլող ձայներ:

Երբ մենք անօթի ենք, յատուկ ուտելիքի մը պահանջքը չենք զգար, մեր մարմինը պարզապէս սնունդի պէտք ունի: Որքա՞ն կարելի է մնալ առանց ուտելու: Ասիկա կախեալ է իւրաքանչիւր անձէ: Շատ հանդարտ անձ մը կրնայ առանց ուտելիքի մնալ աւելի երկար ժամանակ, քան անհանդարտ անձ մը, որովհետեւ առաջին խումբին մաս կազմող անձին մարմնին մէջ փրոթէինի պահեստը աւելի դանդաղօրէն կը սպառի:

 

Գիտէի՞ր, Թէ

6-27-15_kideir-te-1

300 տարուան պատերազմ եւ ո՛չ մէկ զոհ: Հոլանտայի մէջ երեք հարիւր երեսունհինգ տարի տեւած պատերազմը կը կոչուի 335 տարի: Ճիշդ է, որ այս պատերազմը աշխարհի ամէնէն երկար պատերազմներէն մէկն է: Սակայն ո՛չ մէկ զոհ արձանագրուած է անոր ընթացքին, որովհետեւ ոչ մէկ կրակոց արձակուած է: Այս ձեւով ան դարձած է աշխարհի ամէնէն խաղաղ պատերազմը: Այս պատերազմը յայտարարուած է 1651-ին, եւ խաղաղութեան դաշնագիրը կնքուած է 1986-ին:

Գերմանիա դրամ կը տպէ 60 տարբեր երկիրներու համար: Բազմաթիւ երկիրներ իրենց դրամները տպել կու տան ուրիշ երկիրներու մէջ: Աշխարհի դրամներէն 10-էն 20 առ հարիւրը կը տպուի անձնական հաստատութիւններու կողմէ, աշխարհին չորս կողմերը: Այս հաստատութիւններուն մեծ մասը կը գտնուի Գերմանիա, ուր կը տպուին մօտաւորապէս 60 տարբեր երկիրներու դրամները: Իսկ դահեկաններուն պարագային, Քանատան է, որ զանոնք կ՛արտադրէ աշխարհին շուրջ 62 տարբեր երկիրներու համար: Այս հաստատութիւններուն յաճախորդները ընդհանրապէս փոքր երկիրներ են, որոնք միջոցները եւ կարելիութիւնը չունին իրենց դրամը բաւարարաչափ եւ ապահով կերպով տպելու:

Պատմութեան առաջին արձանագրուած ձայնը: Ան ֆրանսական նշանաւոր «Օ քլէր տը լա լիւն» երգն է, որ արձանագրուած է 9 ապրիլ 1860-ին Էտուար Լէոն Սքոթ տը Մարթէնվիլի կողմէ Ֆօնոթոկրաֆի մը միջոցով: Այս առաջին մեքենան կրնար իսկական ձայներ արձանագրել թուղթի մը վրայ սլաքի մը միջոցաւ յառաջացած ձայնի ալիքներու ձեւին տակ: Այս արձանագրութիւնը առաջին անգամ կարդացուեցաւ իբրեւ ձայն 2008 թուականին, շնորհիւ համակարգիչին:

6-27-15_kideir-te-2Խնձորի հազարաւոր տեսակներ: Եթէ մենք ամէն օր խնձորի տարբեր տեսակ մը ուտենք, 20 տարի ետք է, որ մենք բոլոր տեսակները փորձած կ՛ըլլանք: Բոլորս գիտենք, թէ խնձորները որքան օգտակար են: Ըստ գիտնականներուն, այս պտուղին սպառումը կ՛ազդէ քաղցկեղի յառաջանալու վտանգին, մեր շնչային դրութեան, շաքարախտին, սրտի հիւանդութիւններուն, չափազանց գիրութեան վրայ: Կրնայ ըլլալ, որ մենք ծանօթ ենք խնձորներու տասնեակ մը տեսակներու, սակայն անոնց թիւը շատ աւելի մեծ է: Նոյնիսկ եթէ դժուար է ճիշդ թիւը բնորոշել, գիտնականները արձանագրած են տարբեր յատկանշական գիծեր ունեցող աւելի քան 7500 տեսակ:

 

 

Հարցարան

Աշխարհին Շուրջ

1.- Լափոնին զետեղուած է Ֆինլանտայի մէջ:
ա – Ճիշդ, բ. Սխալ

2.- Ո՞ր երկիրը աշխարհի ամէնէն շատ շարժապատկեր արտադրող երկիրն է:
ա – Միացեալ Նահանգներ, բ – Ֆրանսա, գ – Հնդկաստան

3.- Շուէտը Եւրոպայի ամէնէն շատ քարիւղ արտադրող երկիրն է:
ա – Ճիշդ, բ. Սխալ

4.- Ո՞ւր կը գտնուի աշխարհի ամէնէն բարձր փարոսը:
ա – Քանատա, բ – Ֆրանսա, գ – Ճափոն

6-27-15_hartsaran--15.- Ո՞ր երկրէ կախեալ է Կրինլէնտը:
ա – Միացեալ Նահանգներէն, բ – Դանիայէն, գ – Քանատայէն

6.- Ո՞ւր կը գտնուի աշխարհի ամէնէն բարձր շոգեկառքը:
ա – Թիպէթ, բ – Զուիցերիա, գ – Փերու

7.- Արալի ծովը այլեւս գոյութիւն չունի:
ա – Ճիշդ, բ. Սխալ

8.- Ո՞ւր կը գտնուի 333 սուրբերու քաղաքը` Թոմպուքթու:

9.- Ո՞րն է աշխարհի ամէնէն երկար գետը:
ա – Ափրիկէի մէջ Նեղոսը, բ – Հարաւային Ամերիկայի մէջ Ամազոնը, գ – Ասիոյ մէջ Չանկ Ձիանկը

6-27-15_hartsaran-210.- Միացեալ Նահանգները աշխարհի ամէնէն շատ նարինջ արտադրող երկիրն է:
ա – Ճիշդ, բ. Սխալ

11.- Ո՞ւր կ՛ապրին փիկմէները:
ա – Ափրիկէի մէջ, Հարաւային Ամերիկայի մէջ, գ – Ովկիանիոյ մէջ

12.- Ի՞նչ կը կոչուի Հնդկաստանի մայրաքաղաքը:

13.- Երկրագունդին վրայ քանի՞ ովկիանոս կայ:
ա – 3, բ – 4, գ – 5

14.- Մեքսիքը Հարաւային Ամերիկայի պետութիւններէն մէկն է:
ա – Ճիշդ, բ. Սխալ

15.- Նիւ Եորք կոչուելէ առաջ, ի՞նչ կը կոչուէր այս քաղաքը:
ա – Նիւ Վէնիս, բ – Նիւ Հարլէմ, գ – Նիւ Ամսթերտամ

16.- Ո՞րն է Աւստրալիոյ մայրաքաղաքը:

17.- Լեման լիճը Եւրոպայի ամէնէն մեծ լիճն է:
ա – Ճիշդ, բ. Սխալ

6-27-15_hartsaran-318.- Ո՞րն է աշխարհի ամէնէն հարաւը գտնուող մայրաքաղաքը:
ա – Արժանթինի մէջ Ուշուայա,
բ – Նիւ Զէլանտայի մէջ Ուելեւնկթըն
գ – Չիլիի մէջ Սանթիակօ

19.- Ո՞ւր կը գտնուի աշխարհի ամէնէն բարձր գագաթը, իր 8850 մեթր բարձրութեամբ:
ա – Հնդկաստանի մէջ, բ – Չինաստանի մէջ, գ – Նէփալի մէջ

20.- Ո՞րն է Ափրիկէի ամէնէն բարձր գագաթը:
ա – Մարկըրիթ գագաթը, բ – Ուհուրու գագաթը, գ – Քէնիա լեռը

Պատասխանները Վերջաւորութեան

 

Ժամանց

Կրնա՞ս գտնել երկու պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող ութ տարբերութիւնները:
Կրնա՞ս գտնել երկու պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող ութ տարբերութիւնները:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Կրնա՞ս գտնել ոսկորներուն հասցնող ճամբան:
Կրնա՞ս գտնել ոսկորներուն հասցնող ճամբան:
Կրնա՞ս գտնել իրարու նմանող երկու կերպարները:
Կրնա՞ս գտնել իրարու նմանող երկու կերպարները:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Պատասխանները 

1.- Ճիշդ … եւ սխալ: Լափոնին ընդարձակ տարածութիւն մըն է Եւրոպայի հիւսիսային կողմը, անիկա կ՛անցնի Նորվեկիայէն, Շուէտէն, Ֆինլանտայէն եւ նոյնիսկ Ռուսիայէն: Ան Սաամիներուն եւ 40,000 եղջերուներուն հայրենիքն է: 2.- Հնդկաստան: Ան տարեկան կ՛արտադրէ աւելի քան 800 շարժապատկեր, մինչ Միացեալ Նահանգները` կ՛արտադրեն մօտաւորապէս 500 շարժապատկեր, իսկ Ֆրանսան` մօտաւորապէս 200: 3.- Սխալ: Ո՞ւր կը գտնուին հիւսիսային ծովու քարիւղի ամէնէն մեծ պահեստները: Նորվեկիոյ մէջ: Շուէտը քանի մը փոքր հանքեր ունի Պալթիք ծովուն մէջ: 4.- Ճափոնի մէջ: Մարին Թաուր 106 մեթր բարձր պողպատէ հսկայական փարոս մըն է: Իսկ Ֆրանսայի մէջ կը գտնուի աշխարհի ամէնէն բարձր քարէ փարոսը, որուն բարձրութիւնը կը հասնի 82,50 մեթրի: 5.- Դանիա: Կրինլէնտը գտնուած է Կարմիր Էրիք Վայքինկին կողմէ` 10-րդ դարուն, եւ ժամանակի ընթացքին դարձած սկանտինաւեան  գաղութ մը: Ան պաշտօնականօրէն Դանիոյ գաղութ դարձած է 1721-ին եւ իր քաղաքական անկախութիւնը ստացած 1979-ին:  6.- Թիպէթի մէջ: Ան կը շրջի 4905 մեթր բարձրութեան վրայ եւ կ՛անցնի 5068 մեթր բարձրութեան վրայ գտնուող կայարանէ մը: 7) Սխալ: Սակայն Կեդրոնական Ասիոյ այս ծովը կորսուելու վտանգի մէջ էր: 40 տարուայ ընթացքին անոր տարածքը կէսի իջաւ: Զայն փրկելու համար 2005 թուականին, սկսաւ գործադրուիլ ծրագիր մը, եւ  այդ թուականէն ի վեր ջուրին մակերեսը սկսաւ դարձեալ բարձրանալ: 8.- Մալիի մէջ, Ափրիկէ: Այս քաղաքը կորսուած է Սահարայի անապատին մէջ: Ան եղած էր դէպի հիւսիս գացող եւ աղ փոխադրող կարաւաններու մեկնումի կէտը: 9.- Ամազոնը, որուն երկայնքը կը հասնի 6762 մեթր: Նեղոսը կը գրաւէ երկրորդ դիրքը իր 6671 քմեթրերով, իսկ Եանկ Ցէ-Քիանկ գետը երրորդ է` իր 6300 քմեթրերով: 10.- Սխալ: Նարինջի ամէնէն շատ արտադրող երկիրը Պրազիլն է: Սակայն Միացեալ Նահանգները եւս շատ նարինջ կ՛արտադրեն, յատապէս Ֆլորիտայի շրջանին մէջ: Սակայն ամերիկացիները աշխարհի ամէնէն շատ նարինջի հիւթ խմողներն են: 11.- Ափրիկէի մէջ: Այս կարճահասակ մարդոց հասակը կը հասնի 1 մեթր 50 սմի. անոնք կ՛ապրին հասարակածային Ափրիկէի վեց երկիրներու մէջ, Զայիր, Քոնկօ, Կապոն, Կեդրոնական Ափրիկէի պետութիւն, Պուրունտի եւ Ռուանտա: 12.- Նիւ Տելհի: Նիւ Տելհի, Պոմպէյ եւ Քալքութա, իրենց 5 միլիոն բնակիչներով, երկրին ամէնէն մեծ քաղաքներն են: 13.- 5: Խաղաղական ովկիանոս, Ատլանտեան ովկիանոս, Հնդկաց ովկիանոս, Հարաւային Ովկիանոս եւ Հիւսիսի Արքթիք ովկիանոս: Այս բոլոր ովկիանոսները կը ծածկեն մեր երկրագունդին 70,8 առ հարիւրը, այսինքն 361 միլիոն քառակուսի քմ.: 14.- Սխալ: Մեքսիքը մաս կը կազմէ Հիւսիսային Ամերիկայի, Միացեալ Նահանգներու եւ Քանատայի նման: Կեդրոնական Ամերիկան կը սկսի Մեքսիքայի հարաւէն մինչեւ Քոլոմպիոյ հիւսիս-արեւմտեան սահմանը: Քոլոմպիա Հարաւային Ամերիկայի  առաջին երկիրն է: 15.- Նիւ Ամսթերտամ: Մանհաթթընի կղզիին վրայ հաստատուող առաջին գաղթականները հոլանտացիներն էին: Երբ անոնք քաղաքը անգլիացիներուն ձգեցին 1664 թուականին, անգլիացիները զայն անմիջապէս անուանեցին Նիւ Եորք: 16.- Քանպէրա: Յաճախ մարդիկ կը կարծեն, թէ Աւստրալիոյ մայրաքաղաքը Սիտնէյն է: Ան պազրապէս երկրին ամէնէն մեծ եւ ամէնէն շատ բնակիչ ունեցող քաղաքն է: 17.- Սխալ: Լեման լիճը միայն արեւմտեան Եւրոպայի ամէնէն մեծ լիճն է: Ռուսական Լատոկա եւ Օնէկա լիճերը 30 եւ 16 անգամ աւելի մեծ են անկէ: 18.- Ուելինկթըն, Նիւ Զելանտայի մէջ: Ուշուայա աշխարհի ամէնէն հարաւը գտնուող քաղաքն է, սակայն ան մայրաքաղաք չէ: 19.- Նեփալի եւ Չինաստանի միջեւ: Ան կը գտնուի Նեփալի եւ Չինաստանի կցուած Թիպէթի միջեւ: Էվերեսթի գագաթը կը գտնուի Հնդկաստանի հիւսիսը` Հիմալայեայի լեռնաշղթային վրայ: 20.- Ուհուրու գագաթը: Ան Քելեմանճարոյի նոր անունն է: Թանզանիոյ մէջ այս լերան բարձրութիւնը կը հասնի 5895 մեթրի: Ափրիկէի երկրորդ ամէնէն բարձր գավաթը` Քէնիան, ունի 5199 մեթր բարձրութիւն, իսկ Մարկըրիթ գագաթը` 5118 մեթր:

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (27 Յունիս 1965)

Յաջորդը

Հայութիւնը Յաւերժագրող Մեծագոյն Տիտաններ

RelatedPosts

Ինչի՞ Կը Ծառայեն Յուզումները
Մանկապատանեկան

Ինչի՞ Կը Ծառայեն Յուզումները

Նոյեմբեր 29, 2025
Վարդագոյն Եւ Ջինջ Իւրայատուկ Ադամանդ Մը
Մանկապատանեկան

Վարդագոյն Եւ Ջինջ Իւրայատուկ Ադամանդ Մը

Նոյեմբեր 22, 2025
Թութանխամոն Եգիպտոսի Նոր Թանգարանին Մէջ
Մանկապատանեկան

Թութանխամոն Եգիպտոսի Նոր Թանգարանին Մէջ

Նոյեմբեր 15, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?