Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բազէներուն Հիւանդանոցը

May 23, 2015
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

5-23-15_paze-15-23-15_paze-3-(1)Այս շքեղ անասուններուն առողջութիւնը շատ դիւրաբեկ է: Այդ պատճառով անոնք ունին իրենց յատուկ նոյնքան շքեղ հիւանդանոց մը` Արաբական Էմիրութիւններուն մէջ:

Այս որսորդ անասուններուն սիրոյն համար է, որ գերմանացի անասնաբուժ Մարկրիթ Մուլլըր հաստատուած է Ապու Տապի: 1999 թուականէն ի վեր ան հոն կը զբաղի այս երկնքի որսորդներու յատուկ աշխարհի ամէնէն մեծ հիւանդանոցով:

Ներկայիս Արաբական թերակղզիին եւ Ասիայէն բազէներու տէրեր կու գան հոն` խնամել տալու իրենց շքեղ անասունները, տարեկան մօտաւորապէս 6000 բազէ: Հիւանդանոցը օժտուած է ամէնէն արդի մեքենաներով եւ գործիքներով: Շողանկարումի բաժանմունք, վիրահատութեան ջերմացուող սեղան, գործարանները, աչքերը, թեւերը եւ ոտքերը քննելու մեքենաներ. 24 ժամ 24 ժամի վրայ բանող անասուններուն համար շտապ օգնութեան կեդրոն:

Այս բազէներուն գինը կրնայ հասնիլ մինչեւ 65 հազար տոլարի: Այս գինը չի վախցներ էմիրութեան քաղաքայինները, որոնք դարերէ ի վեր բազէներու մեծ սիրահարներ են: Երբ անոնք տակաւին թափառաշրջիկ էին, անոնք բազէները կը բռնէին, երբ այդ թռչունները գաղթի ճամբուն վրայ կ՛ըլլային եւ կ՛անցնէին իրենց հողերուն վրայէն: Զանոնք ընտելացնելու համար անապատի արաբները բազէն իրենց թեւին կը կապէին 2 շաբաթ, առտու իրիկուն: Թռչունին եւ մարդուն միջեւ բարեկամութիւն մը կը հաստատուի:

Ներկայիս արգիլուած է վայրի բազէներ որսալ այդ երկիրներուն մէջ, բայց կարելի է ձեռք ձգել անասնաբուծութեան կեդրոններէն: Տակաւին մինչեւ այսօր արաբները այս թռչուններուն հետ կը վերաբերին իրենց զաւակներուն նման: Բազէները նոյնիսկ իրաւունք ունին անցագիր ունենալու:

***

5-23-15_paze-2Արաբական թերակղզիի բնակիչները կ՛ուզեն, որ իրենց բազէները առողջ ըլլան, երբ որսորդութեան եղանակը սկսի: Հետեւաբար անոնք թռչունը կանոնաւոր կերպով անասնաբուժին կը տանին ընդհանուր քննութեան համար:

Սպասման սրահին մէջ թռչուններուն աչքերը յատուկ կաշիէ գլխանոցով կը գոցուին, որպէսզի անոնք հանդարտ մնան մինչեւ քննուելու ժամանակը:

Շողանկարի բաժանմունքը անհրաժեշտ է, որովհետեւ բազէները, որոնք կրնան թռչիլ մինչեւ ժամական 350 քմ արագութեամբ, հիւանդանոց կը բերուէին յաճախ արգելքի մը զարնուելէ ետք:

Տարին երկու անգամ պէտք է անոնց մագիլները տաշել, այլապէս անոնք կրնան թռչունին ոտքերը վիրաւորել, եւ վէրքը կրնայ անմիջապէս բորբոքիլ:

Հինգ տարեկան Ահմետ հօրը հետ հիւանդանոց կու գայ իր բազէն առնելու: Այս տարի անոնք որոշած են Ալճերիա երթալ որսորդութեան, որովհետեւ բազէներով որսորդութիւնը արգիլուած է Արաբական Էմիրութիւններուն մէջ:

 

 Ի՞նչ Է Միջազգային Ցուցահանդէսը

5-23-15_mitchazkayinՄայիս 1-ին Միլանոյի մէջ, Իտալիա, տեղի ունեցաւ միջազգային ցուցահանդէսին բացումը: Այս ցուցահանդէսը պիտի շարունակուի մինչեւ 31 հոկտեմբեր:

Միջազգային ցուցահանդէսը տեղի կ՛ունենայ հինգ տարին անգամ մը: Անիկա հանդիպումի մեծ վայր մըն է, ուր բոլոր ցամաքամասերէն մարդիկ կը հանդիպին: Միջազգային առաջին ցուցահանդէսը տեղի ունեցած է Լոնտոնի մէջ, Անգլիա, 1851-ին:

Ամէն անգամ տարբեր երկրի մը մէջ տեղի ունեցած այս ցուցահանդէսը առիթ է մասնակցող երկիրներուն ներկայացնելու ճարտարարուեստի եւ արհեստագիտութեան մարզերուն մէջ նորութիւնները, ծախելու իրենց գիւտերը, ցուցադրելու իրենց ճարտարարուեստին հզօրութիւնը:

5-23-15_mitchazkayin-12010 թուականին Շանկհայի մէջ տեղի ունեցած միջազգային ցուցահանդէսը ընդունեց 73 միլիոն այցելու: Սակայն այս ցուցահանդէսները վաղանցուկ են եւ կը տեւեն միայն 6 ամիս:

  ***

Կազմակերպող երկրին համար այս ցուցահանդէսը առիթ մըն է զբօսաշրջութեան իր մարզը զարգացնելու կարճ ժամանակի մէջ, ինչպէս նաեւ` մեծ շինարարական աշխատանքներ կազմակերպելու համար: Գիտէի՞ք, թէ Էյֆելի աշտարակը շինուած էր յատկապէս Փարիզի մէջ տեղի ունեցած 1889-ի միջազգային ցուցահանդէսին համար:

Իւրաքանչիւր ցուցահանդէս ունի յատուկ թեմա մը: Միլանոյի մէջ տեղի ունեցող այս տարուան միջազգային ցուցահանդէսին լոզունքն է` «Սնուցանել մոլորակը, ուժանիւթ կեանքի համար»:

 

Հարցարան

Ճի՞շդ, Թէ՞ Սխալ

5-23-15_hartsaran-1-f1) Իրան եւ Միացեալ Նահանգներ աշխարհի ամէնէն շատ պիստակ արտադրող երկու երկիրներն են:…………………. Ճ/Ս

2) Չինաստանի Մեծ պատը կրնայ շրջապատել ամբողջ Աւստրալիան:…………………. Ճ/Ս

3) Աշխարհի ամէնէն հարուստ երկիրը Քաթարն է:…………………. Ճ/Ս

4) Ամէնէն բարձր ջերմաստիճանը արձանագրուած է Լիպիոյ մէջ, 56,7 աստիճան:…………………. Ճ/Ս

5) Ամէնէն ցած ջերմաստիճանը արձանագրուած է Անթարքթիքայի մէջ, – 89,2 աստիճան:……………… Ճ/Ս

5-23-15_hartsaran-2-f6) Հոլանտայի մէջ ինքնաշարժներէն երեք անգամ աւելի հեծիկ գոյութիւն ունի:…………………. Ճ/Ս

7) Հարաւային Ամերիկայի Ամազոն գետը աշխարհի ամէնէն երկար գետն է:…………………. Ճ/Ս

8) Մօտաւորապէս 50 անձեր կը բնակին հարաւային Խաղաղական ովկիանոսի մէջ փոքրիկ անգլիական ցամաքամաս Փիթքերն կղզիներուն վրայ:…………………. Ճ/Ս

9) Աւստրալիոյ ամէնէն բարձր գագաթը, Քոսիուսքօ անուանուած է լեհ անձի մը անունով:……………… Ճ/Ս

5-23-15_hartsaran-3-f10) Ուրուկուէյ ամէնէն շատ ֆութպոլի մոնտիալը շահած երկիրն է:…………………. Ճ/Ս

11) Ինտոնեզիոյ մէջ աւանդական բարեւելու ձեւ մըն է «ափա խապոր»:…………………. Ճ/Ս

12) Աշխարհի խցաններուն կէսը կու գայ Փորթուգալէն:…………………. Ճ/Ս

5-23-15_hartsaran-4-f13) Պոսթուանիոյ մէջ թղթադրամը կը կոչուի «փուլա», որ կը նշանակէ «արեւու լոյս»:…………………. Ճ/Ս

14) Փերուի մէջ աւանդութիւն է Նոր տարիին գիշերը դեղին ներքնազգեստ հագուիլ:…………………. Ճ/Ս

15) Ամէն տարի Հարաւային Քորէայի մէջ տեղի կ՛ունենայ փառատօն մը, որուն ընթացքին մարդիկ ցեխին մէջ կը խաղան:…………………. Ճ/Ս

 

Պատասխանները Վերջաւորութեան

 

Հետաքրքրական Թիւեր

– Ռոլան Կարոսի թենիսի մրցաշարքին ընթացքին մարզիկները մօտաւորապէս 1 թոն պանան կ՛ուտեն:

– Մենք օրական մօտաւորապէս 80 մազ կը կորսնցնենք: Ամրան եւ ձմրան մազերը նուազ կը թափին, մինչ անոնք աւելի կը թափին աշնան եւ գարնան:

– Աշխարհի ամէնէն մեծ կարկուտի հատիկը կը կշռէր 1 քիլօ:

– Գիտէի՞ր, թէ ուղտը կրնայ սապատին ճարպը ջուրի վերածել. 1 քիլօ հալած ճարպը կրնայ վերածուիլ 2 լիթր ջուրի: Իսկ երբ անապատի այս անասունը լաւ կերած կ՛ըլլայ անձրեւներու եղանակէն ետք, անոր սապատը կրնայ մինչեւ 30 քիլօ կշռել:

– Մեր յօնքերէն իւրաքանչիւրը կազմուած է մօտաւորապէս 500 մազէ:

– Մարդ արարածին յայտնուելէն ի վեր մարդիկ 165 հազար թոն ոսկի հանած են գետնին խորերէն: Ասիկա կը համապատասխանէ տունի մը չափ մեծ ոսկիի կտորի մը:

– Սիկիլիոյ հիւսիսը գտնուող Սթրոմպոլի հրաբուխը աշխարհի ամէնէն գործօն հրաբուխներէն մէկն է: Ան ունի 927 մեթր բարձրութիւն եւ գրեթէ անդադար լաւ կ՛արձակէ 2500 տարիներէ ի վեր…

 

Ժամանց

 

Կրնա՞ս գտնել վիշապին հասցնող ճամբան:
Կրնա՞ս գտնել վիշապին հասցնող ճամբան:
Կէտերը իրարու միացուր 1 - 151` գտնելու համար պահուած պատկերը:
Կէտերը իրարու միացուր 1 – 151` գտնելու համար պահուած պատկերը:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Մէկ կէտ պարունակող բաժինները ներկէ գտնելու համար պահուած պատկերը:
Մէկ կէտ պարունակող բաժինները ներկէ գտնելու համար պահուած պատկերը:
Կրնա՞ս զետեղել թիւերը տախտակին մէջ իրենց համապատասխանող տեղերը:
Կրնա՞ս զետեղել թիւերը տախտակին մէջ իրենց համապատասխանող տեղերը:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Պատասխաններ

1) Ճիշդ: Երկար ժամանակ Իրան առաջին կարգին վրայ կը գտնուէր. սակայն վերջին տարիներուն Միացեալ Նահանգները անոր հասած են: 2) Սխալ: Մեծ պատին երկարութիւնը 21,195 քմ է, մինչ Աւստրալիոյ շրջագիծը 25,750 քմ եւ քիչ մը աւելի է: 3) Ճիշդ: Հոն իւրաքանչիւր անձ տարեկան միջին հաշուով 88 հազար տոլար կը շահի: 4) Սխալ: Ճիշդ է, որ այդ թիւը ամէնէն բարձր արձանագրուած ջերմաստիճանն է, սակայն` ոչ Լիպիոյ մէջ, այլ` Միացեալ Նահանգներու, Քալիֆորնիոյ Ֆըրնըս Քրիք Ռանչի մէջ, 10 յուլիս 1913-ին: 5) Ճիշդ: Ասիկա պատահած է 21 յուլիս 1983-ին: 6) Ճիշդ: Հոլանտայի մէջ հեծիկներու յատուկ ճամբաներու հսկայական ցանց մը գոյութիւն ունի: 7) Սխալ: Ամազոնը ամէնէն լայն գետն է, սակայն 6655 քմ երկարութիւն ունեցող Ափրիկէի մէջ Նեղոս գետն է ամէնէն երկարը: 8) Ճիշդ: Հոն կան չորս կղզիներ, սակայն միայն Փիթքերն կոչուած կղզիին վրայ կան բնակիչներ: 9) Ճիշդ: Անոր անունը Թատէոց Քոսիուսքօ էր: 10) Սխալ: Պրազիլ ախոյեանութիւնը շահած է 5 անգամ, Գերմանիա եւ Իտալիա` 4 անգամ, իսկ Ուրուկուէյը` միայն 2 անգամ: 11) Ճիշդ: Ասիկա կը նշանակէ «ինչպէ՞ս ես»: 12) Ճիշդ: 13) Սխալ: Ան կը նշանակէ «անձրեւ»: 14) Ճիշդ: Ասիկա բախտաբեր կը նկատուի: 15) Ճիշդ: Այս տասը օր տեւող Պորէանկ Մատ ֆեսթիվալ կոչուած ամառնային փառատօնը մեծ յաջողութիւն կը գտնէ յատկապէս պատանիներուն եւ չափահասներուն մօտ:

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (23 Մայիս 1965)

Յաջորդը

Ո՞վ Ենք Մենք Ու Դո՛ւք Ո՞վ Էք… (Իրական պատմութիւն)

RelatedPosts

Ո՞ւր Կը Գտնուի Կրինլենտը
Մանկապատանեկան

Ո՞ւր Կը Գտնուի Կրինլենտը

January 31, 2026
Ինչո՞ւ Գոյութիւն Ունին Ժամի Տարբերութիւնները Երկիր Մոլորակին Վրայ
Մանկապատանեկան

Ինչո՞ւ Գոյութիւն Ունին Ժամի Տարբերութիւնները Երկիր Մոլորակին Վրայ

January 24, 2026
Հետախուզենք Քիրիպաս Արշիպեղագոսը
Մանկապատանեկան

Հետախուզենք Քիրիպաս Արշիպեղագոսը

January 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.