Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
Երբ մենք կ՛ուզենք մեր մորթին մութ գոյն մը տալ, կամ մեր մազերուն բաց գոյն մը տալ, երկու պարագային ալ պէտք ունինք տարբեր նիւթեր գործածելու: Մինչ արեւը այս երկու գործողութիւնները մէկ անգամով կը կատարէ, նոյնիսկ երբ մենք պարզապէս շուկային մէջ կը պտտինք կէսօրէ ետք մը, ամրան ընթացքին, եւ այս պարագային մենք պէտք չենք ունենար տուփին ետեւի բացատրութիւնները կարդալու, այլ պարզապէս` օդին վիճակը ստուգելու: Եթէ օրուան անդրմանիշակագոյն ճառագայթները շատ զօրաւոր են, մեր (անպաշտպան) մորթը աւելի թուխ պիտի դառնայ, ինչպէս մեր մազերուն գոյնը խորհրդաւոր կերպով աւելի բաց պիտի դառնայ:
Ինչո՞ւ այս հակառակ ազդեցութիւնը` մորթին եւ մազերուն վրայ: Մորթը գործարան մըն է, կուտակուած արեան բարակ երակներով սնանող կենդանի բջիջներու խաւեր: Մինչ մազը կենդանի բջիջներ չի պարունակեր: Մազերը կազմուած են 97 առ հարիւր քերաթինէ, փրոթէին մը, որ մենք կը գտնենք նաեւ մեր եղունգներուն եւ անասուններու կոտոշներուն մէջ: Մնացած 3 առ հարիւրը մեծ մասամբ իւղ է. կան նաեւ ջուրի, հանքային աղերու հետքեր եւ մելանին:
Սակայն մելանինը նիւթ մըն է, որ գոյութիւն ունի թէ՛ մազին, թէ՛ ալ մորթին մէջ: Ան է, որ անոնց գոյնը կու տայ. եւ այդ մելանինն է, որ փոփոխութեան կ՛ենթարկուի ամառնային պայծառ արեւուն տակ:
Ինչպէ՞ս կը պատահի այս գործողութիւնը: Վերնամորթին պարզ մորթի բջիջներուն մէջ կան ընգղայի ձեւով յատուկ բջիջներ` մելանոսայթները: Այս բջիջները մելանին կ՛արտադրեն` մորթին տալով անոր գոյնը: Մեր ծնողներուն կողմէ մեզի անցած ծիները կը բնորոշեն մեր մորթին գոյնը: Սակայն անկախ այդ մորթի հիմնական գոյնէն` աշխատող մելանոսայթ բջիջներ ունեցող մորթին գոյնը մութ պիտի դառնայ, երբ արեւին տակ ըլլայ:
Սակայն արեւուն ճառագայթը չէ, որ այդ փոփոխութիւնը կը յառաջացնէ: Արեւուն ճառագայթը տարբեր յաճախականութեամբ կու գայ: Տեսանելի ճառագայթը միջին յաճախականութիւն է, սակայն ցած (եւ բարձր) յաճախականութեամբ ճառագայթները մարդուն կողմէ անտեսանելի են: Այս բարձր յաճախականութեամբ ճառագայթի տեսակներէն մէկն է անդրմանիշակագոյն ճառագայթը, եւ յատկապէս անոնք են, որոնք մորթին մութ գոյն կու տան: Նախ, մակերեսին վրայի մեռած մորթի բջիջները կը ծծեն այդ ճառագայթներէն մաս մը: Ապա մելանոսայթները կ՛արձակեն իրենց արտադրած մելանինը, որ իր կարգին կը ծծէ այդ ճառագայթներէն մաս մը: Մենք որքան այս անդրմանիշակագոյն ճառագայթներու ազդեցութեան տակ գտնուինք, այդքան մելանինի բջիջները կը շատնան, եւ մորթը միշտ աւելի մութ երանգ մը կը ստանայ:
Սակայն, մինչ մորթին գոյնը պղնձագոյն կը դառնայ, մազերուն գոյնը կ՛անհետանայ: Մազերուն մելանինը կը պատրաստուի անոր արմատներուն մէջ գտնուող մորթին կենդանի բջիջներուն մէջ: Սակայն երբ ան կը գտնուի մազերուն մէջ, ան չի վերանորոգուիր: Երբ անդրմանիշակագոյն ճառագայթները կը մտնեն իւրաքանչիւր մազի թելի մէջ, քիմիական հակազդեցութիւն մը տեղի կ՛ունենայ, եւ ան կը փճացնէ մազին մէջի մելանինը: Հետեւաբար, երբ մազերը արեւուն ճառագայթներուն տակ կը գտնուին, անոնք կը սկսին իրենց գոյնը կորսնցնել, ինչպէս ոսկորները` անապատին մէջ: Արդիւնք` մազերուն գոյնը աւելի բաց կը դառնայ, մինչ մորթին գոյնը կը մթննայ: Սեւ մազերը կրնան ստանալ շէկ երանգներ, սրճագոյն մազերը` դեղին երանգներ…
Աւելի խորունկը գտնուող մազերը կրնան նոյնը մնալ, մինչ դուրսի խաւերուն գոյնը կը թեթեւնայ. նոյն ձեւով, մորթի տարբեր խաւերու տակ գտնուող մորթը պիտի պահէ իր հիմնական գոյնը: Մորթի այն բաժինները, որոնք ընդհանրապէս միշտ արեւուն ազդեցութեան տակ են, ինչպէս մեր ձեռքերուն վրայի բաժինը, պիտի պահեն իրենց քիչ մը մութ երանգը նոյնիսկ ձմրան:
Գիտէի՞ր, Թէ…
Միացեալ Նահանգներուն մէջ գոյութիւն ունի ոչ մէկ պատուհանով երկնաքեր մը:
«Էյթիենտթի լոնկ լայնզ պիլտինկ»-ը 167,5 մեթր բարձրութիւն ունեցող մեծ երկնաքեր մըն է, որ կը գտնուի Մանհաթանի մէջ, Նիւ Եորք: Անիկա շինուած է 1979-ին. անիկա ոչ մէկ պատուհան ունի, եւ անոր պատերը ամբողջովին շինուած են պեթոնով եւ ծածկուած` կրանիթով: Անիկա այս ձեւով շինուած է պաշտպանելու համար անոր մէջ գտնուող հեռաձայնային ընկերութեան հաղորդակցութեան գիծերը:
Աշխարհի ամէնէն ցուրտ բնակուած շրջանը Օյմիաքոնն է:
Օյմիաքոն արեւելեան Սիպերիոյ մէջ ռուսական գիւղ մըն է: Այս բնակավայրին մէջ է, որ կ՛արձանագրուին աշխարհի ամէնէն ցած ջերմաստիճանները, որովհետեւ անիկա կը գտնուի ցուրտ հովը պահող երկու լեռնաշղթաներու միջեւ: Հոն արձանագրուած է մարդաբնակ շրջանի մէջ ամէնէն ցած ջերմաստիճանը, – 71,2 աստիճան: Միջին հաշուով, ջերմաստիճանը – 46 է յունուար ամսուն, եւ հոն գետինը անդադար սառած է: Բաղդատելու համար ըսենք, որ սառնարանի մը սառոյցի բաժնին ջերմաստիճանը – 18-ն է: Օյմիաքոնի մէջ օդը այնքան ցուրտ է, հոն օդին մէջ նետուած եռացած ջուրը սառոյցի կը վերածուի գետին հասնելէ առաջ:
Աշխարհի ամէնէն շատ գողցուած ուտելիքը պանիրն է:
Ըստ 2011-ին Անգլիոյ մէջ կատարուած ուսումնասիրութեան մը, որ հարցապնդած է 43 տարբեր երկիրներէ աւելի քան 250.000 վաճառատուներ ներկայացնող 1187 ծախողներ, աշխարհի մէջ ամէնէն շատ գողցուած ուտելիքը պանիրն է: Ըստ այդ ուսումնասիրութիւններուն, աշխարհի մէջ պանիրին 4 առ հարիւրը կը գողցուի:
Սակուարօ քաքթիւսը 75 տարուան կը կարօտի աճեցնելու համար կողմնակի ճիւղ մը:
Սակուարօ քաքթիւսը աշխարհի ամէնէն նշանաւոր քաքթիւսն է: Ամէն մարդ լսած է կամ տեսած է հիւսիսային Ամերիկայի անապատային այս խորհրդանիշը: Սակայն քիչերու ծանօթ է, որ ան իր կողմնակի ճիւղերէն մէկը աճեցնելու համար պէտք ունի 75 տարուան: Այս քաքթիւսը կրնայ ապրիլ մինչեւ 200 տարի. անոր ծանրութիւնը կ՛անցնի 5000 թոնը, եւ կրնայ պարունակել մինչեւ 3000 լիթր ջուր:
Հարցարան
Աշխարհին Շուրջ
1) Օդը շատ աւելի ցուրտ է հիւսիսային բեւեռին մէջ, քան` հարաւային բեւեռին մէջ:
ա-ճիշդ, բ-սխալ:
2) Պելճիքացիները հնարած են տապկուած գետնախնձորը:
ա-ճիշդ, բ-սխալ:
3) Քեպեքը երկիր մըն է:
ա-ճիշդ, բ-սխալ:
4) Աշխարհի ամէնէն բարձր հրաբուխին բարձրութիւնը կը հասնի 4200 մեթրի:
ա-ճիշդ, բ-սխալ:
5) Ափրիկէի, Անթիլեաններուն եւ Հարաւային Ամերիկայի մէջ պանանը կ՛ուտուի բանջարեղէնի մը նման:
ա-ճիշդ, բ-սխալ:
6) Ի՞նչ կը կոչուի ինուիթներուն հողամասը:
ա-Նորլենտ, բ-Միքօ, գ-Նունավութ:
7) Փաքիստանի մէջ Պասան տօնին ընթացքին տեղի կ՛ունենան թռուցիկներու «կռիւներ»:
8) Լիխթնշթայնը եւրոպական երկիր մըն է:
ա-ճիշդ, բ-սխալ:
9) Թայլանտին ղեկավարը թագաւոր մըն է:
ա-ճիշդ, բ-սխալ:
10) Ալասքան Միացեալ Նահանգներու նահանգներէն մէկն է:
ա-ճիշդ, բ-սխալ:
11) Անթարքթիքը տափակ եւ սառոյցով ծածկուած ցամաքամաս մըն է:
ա-ճիշդ, բ-սխալ:
12) Թիպեթի մէջ հազարաւոր պզտիկ դրօշակներ կախուած են լերան վրայ: Անոնցմէ իւրաքանչիւրին վրայ գրուած է աղօթք մը:
ա-ճիշդ, բ-սխալ:
13) Աստղանաւորդները անջրպետէն կրնան տեսնել Պելճիքայի մեծ պողոտաները:
ա- ճիշդ, բ-սխալ:
14) 1960-ական թուականներուն նոր կղզի մը յայտնուած է Իսլանտայի ջուրերուն մէջ:
ա- ճիշդ, բ-սխալ:
15) Գերմանիոյ մէջ ապագայ զոյգերը իրենց ամբողջ ապակեղէնները կը կոտրեն ամուսնանալէ առաջ:
ա- ճիշդ, բ-սխալ:
16) Ի՞նչ կը կոչուի աշխարհի ամէնէն բարձր լիճը:
ա-Թիթիքաքա, բ-Փիփիթաթա, գ- Քիքիքաքա:
17) Սուտանը Ափրիկէի ամէնէն բարձր երկիրն է:
ա- ճիշդ, բ-սխալ:
18) Ո՞րն է Ֆորմոզա կղզիին միւս անունը:
ա- Թայուան, բ-Սէյլան, գ-Թայփէի:
19) Ի՞նչ կը կոչուի Ճափոնի մայրաքաղաքը:
ա- Հոքքայտօ, բ-Հոնշա, գ-Թոքիօ:
20) Որո՞ւ արձանը կը գտնուի Դանիոյ մէջ, Քոփընհակընի նաւահանգիստի մուտքին:
Պատասխանները վերջաւորութեան
Ժամանց



Պատասխաններ
1) Սխալ: Հարաւային բեւեռը, կամ Անթարքթիքի ցամաքամասը մոլորակին ամէնէն ցուրտ վայրն է, հոն հովերը կրնան փչել ժամական աւելի քան 300 քմ արագութեամբ եւ ջերմաստիճանը կրնայ հասնիլ` 89-ի: 2) Ճիշդ: Տապկուած գետնախնձորը առաջին անգամ երեւցած է 17-րդ դարուն: Ձմրան գետերը յաճախ սառած կ՛ըլլան: Հետեւաբար, ձուկերու փոխարէն, պելճիքացիները սկսած է ձուկերու նման երկար կտրուած գետնախնձորներ տապկել: 3) Սխալ: Քեպեքը Քանատայի նահանգներէն մէկն է: Իսկ Քեպեք նահանգի մայրաքաղաքը Քեպեքն է: Այս նահանգը մեծ մասամբ ֆրանսախօս է, մինչ Քանատայի մնացած շրջանները անգլիախօս են: 4) Ճիշդ: Տոնա Քէա հրաբուխին ծովի մակերեսէն բարձրութիւնը 4200 մեթր է: Սակայն այս հաուայեան հրաբուխին իսկական բարձրութիւնը կը հասնի 9000 մեթրի, որովհետեւ անոր խարիսխը կը գտնուի 5000 մեթր ծովուն տակ:
5) Ճիշդ: Փլանթէյնը պանանի տեսակ մըն է, որ շատ կը սպառի այս շրջաններուն մէջ: Անիկա կ՛ուտուի եփած` իբրեւ բանջարեղէն, եւ անոր համը նման է մեղմ գետնախնձորի համին: 6) Նունավութ: Ինուիթները, որոնք երկար ժամանակ «Էսքիմօ» կոչուած են, կը բնակին յատկապէս Քանատայի մէջ: Անոնք չունին անձնական երկիր, սակայն կը բնակին անկախ հողամասի մը վրայ, որուն անունը կը նշանակէ` «մեր հողը»: 7) Ճիշդ: Փաքիստանցիները գարունը գալը կը տօնեն թռուցիկներու «պատերազմներ» կազմակերպելով: Այս խաղին նպատակն է մրցակիցին թռուցիկին թելը կտրել, իր թռուցիկին ապակիի փոշիով ծածկուած թելով: Ճիշդ: Իր 160,5 քառակուսի քմ տարածքով ան Եւրոպայի չորրորդ ամէնէն փոքր երկիրն է: Ամէնէն փոքրը Վատիկանն է, ապա կը հետեւին` Մոնաքոն եւ Սեն Մարեն: 9) Ճիշդ: Պումիպոլ Ատուլեատեժ թագաւոր դարձաւ 1950 թուականին Ռամա 9-րդ անունին տակ: Ինչպէս Անգլիոյ պարագային, Թայլանտի մէջ ալ թագաւորը պետութեան գլուխն է, սակայն անոր իրաւասութիւնները սահմանափակ են: Վարչապետն է, որ երկիրը իսկապէս կը ղեկավարէ: 10) Ճիշդ: Ալասքա Միացեալ Նահանգներու ամէնէն մեծ նահանգն է: 11) Սխալ: Անթարքթիք ցամաքամասը ունի լեռներ, որոնցմէ ամէնէն բարձրին` Վինսըն լերան բարձրութիւնը կը հասնի 5140 մեթրի: 12) Ճիշդ: Թիպեթեան աղօթքի այս դրօշակները կը կոչուին «հովի հեծնելու անասուն»: Ուխտաւորները անոնց վրայ կը գրեն աղօթքներ կամ պուտտայական բանաձեւեր, որոնք օդին մէջ կը սփռուին` հովերուն վրայ հեծած: 13) Ճիշդ: Այդ պողոտաները ամբողջովին լուսաւորուած են գիշերը, եւ որովհետեւ այդ լոյսերը շատ խիտ շարուած են, աստղանաւորդները շատ դիւրութեամբ կը տեսնեն անջրպետէն: Անոնք կը տեսնեն նաեւ լուսաւորուած մեծ քաղաքները: 14) Ճիշդ: Սըրցէի կղզին: Անիկա ծնած է ընդծովեայ հրաբխային ժայթքումէ մը, որ տեղի ունեցած է 1963-ին: Այդ կղզիին վրայ ապրող առաջին անասունը եղած է ծփացող փայտի կտորի մը վրայ գտնուող սարդ մը: 15) Սխալ: Փոլթրապենտին» («Այն գիշերը, երբ ձայն կը հանեն») օրը, հարսնիքէն քանի մը օր առաջ, հիւրերը ապակեղէններ կը կոտրեն ըստ աւանդութեան, չար ոգիները հեռացնելու համար: 16) Թիթիքաքա: Անիկա կը գտնուի Փերուի եւ Պոլիվիոյ միջեւ, Անտեան լեռներուն վրայ` 3800 մեթր բարձրութեամբ: Անիկա Հարաւային Ամերիկայի ամէնէն մեծ լիճն ալ է անոր տարածութիւնը 8340 քառ. քմ է: 17 Ճիշդ: Անիկա Ափրիկէի ամէնէն մեծ երկիրներու ցանկին գլուխը կը գտնուի Ալճերիայէն եւ Քոնկոյէն առաջ: Ունի 2.505.810 քառ. քմ տարածք: 18) Թայուան: Փորթուգալցիները զայն կը կոչէին Ֆորմոսա, «Գեղեցիկ» կղզին: Թայուան կղզին անկախ պետութիւն մըն է եւ ունի իր կառավարութիւնը: Սակայն Չինաստանը զայն կը սեպէ… իր նահանգներէն մէկը: 19) Թոքիօ: Կը գտնուի Ճափոնի գլխաւոր չորս կղզիներէն մէկուն` Հոնշու կղզիին վրայ: Հոքքայտօ Ճափոնի մեծ կղզիներէն մէկն է: 20) Պզտիկ ծովանուշը: Անիկա Անտըրսընի հեքիաթներէն մէկուն հերոսուհին է: Արձանիկը քաղաքին նուիրուեցաւ 1913-ին: