Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ապուլէ` Պզտիկ Ձկնորսը

Մայիս 16, 2015
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

5-16-15_aboule-15-16-15_aboule-2Ապուլէ կ՛ապրի Եթովպիոյ մէջ, Ափրիկէ: Ամէն առտու, դպրոց երթալէ առաջ, ան իր տան մօտի լճակը կ՛երթայ ձկնորսութեան: Ան մինակը շինած է իր ձնկորսութեան եղէգը եւ նաւակը եւ անձնապէս կ՛երթայ իր ձուկերը որսալու:

Երբ արեւը կը ծագի, Ապուլէ կ՛առնէ իր ձկնորսութեան եղէգը, զոր շինած է փայտի կտորով մը: Իսկ իր նաւակը ան շինած է պապիրոսի տերեւներով մէկ օրէն: Սակայն ամէն երեք ամիսը անգամ մը ան պէտք է նոր նաւակ մը շինէ, որովհետեւ պապիրոսը կը փճանայ:

Ապուլէ լողալ գիտէ, մինչ անոր ընկերներուն մեծ մասը չի գիտեր: Հետեւաբար ան չի վախնար մինակը երթալու ջուրին վրայ: Երբ ան կը հասնի լճակի ափին, ան արմատներ կը փնտռէ ձուկերուն իբրեւ կեր գործածելու համար: Ապա ան իր տաբատին ծայրերը վեր կը ծալէ զանոնք չթրջելու համար: Հիմա ան պատրաստ է:

Ապուլէ իր նաւակը կը հրէ ջուրին վրայ փայտէ մեծ ձողով մը: Երբ ջուրը բաւական խորունկ կ՛ըլլայ, ան իր կարթին վրայ քիչ մը կեր կը դնէ եւ թելը կ՛արձակէ…

Երբ ձուկ մը կը խածնէ, Ապուլէ զայն անմիջապէս ջուրէն դուրս կը հանէ եւ կարթը կը քակէ: Ապա ան ձուկը կ՛անցնէ նաւակին ծայրը պապիրոսի կտորով մը. այս ձեւով ձուկը ջուրին մէջ մնալով` թարմ կը մնայ:

5-16-15_aboule-35-16-15_aboule-4Երբ ան ցամաք կը վերադառնայ, մարդիկ կու գան ձուկերը գնելու համար: Անոնք կը նային ձուկերուն չափին եւ գին մը կ՛առաջարկեն: Ապուլէ պէտք է ինքզինք պարտադրէ իր ձուկերը լաւ գինով ծախելու համար: Չափահասները երբեմն կը փորձեն զայն տպաւորել քիչ վճարելու համար: Եթէ ձուկերուն պահանջը շատ է, Ապուլէ բարձր գին կը պահանջէ:

Հետագային Ապուլէ կ՛ուզէ համալսարան յաճախել իր մեծ եղբօր նման: Սակայն ուսումը շատ սուղ է անոր երկրին մէջ: Հետեւաբար Ապուլէ ձկնորսութենէ շահած իր դրամները կը խնայէ ապագային իր ուսումը շարունակելու համար:

 

Անհաւատալի, Բայց Իրա՛ւ

5-16-15_anhavadali-f1982-ին Լարի Ուալթըրզ կ՛որոշէ թռիչք առնել Քալիֆորնիոյ Սան Փետրօ քաղաքին մէջի իր տան պարտէզէն: Ան իր պարտէզի աթոռին կը կապէ հելիոմով լեցուած 2,4 մեթր լայնք ունեցող 45 փուչիկներ: Եւ որովհետեւ հելիոմ կազը օդէն աւելի թեթեւ է, ան երկնքին մէջ աւելի քան 4570 մեթր բարձրացաւ:

Ան քանի մը փուչիկ պայթեցուց կեղծ ատրճանակով մը գետին իջնելու համար: Սակայն դժբախտաբար ատրճանակը կ՛իյնայ անոր ձեռքէն: Հետեւաբար ան կը շարունակէ երկնքին մէջ իր «պտոյտը», մինչեւ որ փուչիկները կ՛անցնին ելեկտրական թելերու: Այս դէպին իբրեւ հետեւանք` ամբողջ շրջանը ելեկտրականութենէ կը զրկուի 20 վայրկեան: Բարեբախտաբար Լարի անվնաս կը վերջացնէ իր արկածախնդրութիւնը:

Հետաքրքրական: Լարի Ուալթըրզ միշտ ուզած է օդաչու դառնալ ամերիկեան բանակին մէջ, բայց ան չէ ընդունուած իր տկար տեսողութեան պատճառով:

 

Խոհագիր

Թիրամիսու

5-16-15_khohԵթէ դուն քաղցրեղէններ կը սիրես, մեծ ուրախութեամբ պիտի պատրաստես իտալական այս անուշեղէնը:

Պէտք ունիս (4 անձի համար)

250 կրամ մասքարփոն իտալական պանիրի, 2 հաւկիթի, 125 կրամ մատերու նման պիսքուիի (պիսքուի ա լա քուիյեր), 1 գաւաթ սուրճի, 75 կրամ շաքարի, 2 սուրճի դգալ փոշի քաքաոյի, պտղունց մը աղի:

Պատրաստութիւն

 

5-16-15_khoh-1

 

1.- Հաւկիթներուն դեղնուցները ճերմկուցներէն բաժնէ: Խորունկ ամանի մը մէջ դեղնուցները շաքարին հետ զարկ մեքենայով, մինչեւ որ խառնուրդը ճերմակ դառնայ: Աւելցուր մասքարփոն պանիրը: Լաւ խառնէ:

2.- Ուրիշ խորունկ ամանի մը մէջ դիր հաւկիթի ճերմկուցները եւ պտղունց մը աղը: Զանոնք ալ մեքենայով զարկ, մինչեւ որ անոնք ուռին եւ կարծրանան: Այս ճերմկուցները զգուշութեամբ խառնէ մասքարփոնով խառնուրդին հետ:

3.- Սուրճը պարպէ խորունկ ամանի մը մէջ: Պիսքուիները թեթեւօրէն անոր մէջ թաթխէ եւ կարկանդակի ափսէի մը վրայ շարէ:
3.- Սուրճը պարպէ խորունկ ամանի մը մէջ: Պիսքուիները թեթեւօրէն անոր մէջ թաթխէ եւ կարկանդակի ափսէի մը վրայ շարէ:
4.- Խառնուրդը պարպէ պիսքուիներուն վրայ եւ ափսէն սառնարանը դիր առնուազն 6 ժամ: Ապա թիրամիսուին վրայ քաքաօ սրսկէ զայն հրամցնելէ առաջ:
4.- Խառնուրդը պարպէ պիսքուիներուն վրայ եւ ափսէն սառնարանը դիր առնուազն 6 ժամ: Ապա թիրամիսուին վրայ քաքաօ սրսկէ զայն հրամցնելէ առաջ:

 

 

* * *

5-16-15_khoh-3
Կրնաս նաեւ թիրամիսուները դնել չորս գաւաթներու մէջ, անհատական բաժիններ պատրաստելու համար:
5-16-15_khoh-4
Իսկ եթէ սուրճ չես սիրեր, կրնաս անոր փոխարէն քաքաոյով կաթ գործածել:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 Ինչո՞վ Կը Զբաղի Անգլիոյ Թագուհին

5-16-15_TakouhiԷլիզապէթ Բ. թագուհին Անգլիոյ վրայ կ՛իշխէ 62 տարիներէ ի վեր: Ան երկրին պետն է, ինչպէս ուրիշ երկիրներ ունին նախագահներ իբրեւ երկրի պետ: Սակայն, Անգլիոյ մէջ վարչապետն է, որ երկրին քաղաքականութիւնը կը վարէ:

Թագուհին ամէն շաբաթ կ՛ընդունի վարչապետը` անոր հետ խօսելու համար երկրին հարցերուն մասին: Թագուհիին օրերը լեցուն են: Առտուն ան կը կարդայ թերթերը եւ իրեն ուղղուած նամակները: Ան օրական մօտաւորապէս 200 նամակ կը ստանայ:

Կէսօրէ ետք ան կ՛այցելէ հիւանդանոց մը, դպրոց մը, կամ կեդրոնի մը բացումը կը կատարէ: Իրիկունը ան աշխարհի չորս կողմերէն անձնաւորութիւններ կ՛ընդունի իր Պաքինկհամ պալատին մէջ, Լոնտոն:

 

 Ո՞վ Հնարած Է Համացանցը

5-16-15_RayՀամակարգիչի մասնագէտները կը հաւատան, թէ համացանցը մէկ հնարող չունի, այլ` բազմաթիւ հնարողներ:

Համակարգիչի միջոցով տեղեկութիւններ փոխանակելու գաղափարը արդէն սկսած էր շրջիլ 1960-ական թուականներուն:

Ամերիկացի գիտական Ռէյ Թոմլիսընն է, որ ղրկած է առաջին ե-նամակը, 1971 թուականին:

 

Ինչո՞ւ Մենք Չենք Կրնար Թռչիլ

5-16-15_TrchilՄենք շատ աւելի ծանր ենք` համեմատած մեր թեւերուն երկայնքին եւ մեր մկաններուն զօրութեան:

Օդանաւի մասնագէտ ճարտարագէտները հաշուած են, որ թռչելու համար 80 քիլօ կշռող անձ մը պէտք է ունենայ 3,50 մեթր քառակուսի մակերես մը:

 

  Ինչո՞ւ Երբ Մենք Լեռ Կը Բարձրանանք, Օդը Կը Սկսի Ցրտել

5-16-15_oteՄենք որքան բարձրանանք, այնքան օդին ճնշումը կը նուազի: Հետեւաբար, որքան տաք օդը գետնէն կը բարձրանայ, այդքան պարապ տեղ կայ լեցնելու: Այս գործողութեան իբրեւ հետեւանք օդը կը պաղի: Գիտնականները հաշուած են, թէ օդը 6,5 աստիճան կը ցրտէ իւրաքանչիւր 1000 մեթրէ ետք: Իսկ արեւուն տաքութիւնը ոչինչ կը փոխէ, որովհետեւ ան երկրագունդէն շատ հեռու է:

 

Ո՞վ Է Փարաւոնը

5-16-15_ParavonԱն հին Եգիպտոսի թագաւորն է:

Ան կը ներկայացուէր իբրեւ մարդ, արեւուն որդին, եւ ան աստուած կը դառնար իր թագադրութենէն ետք:

Փարաւոնը բոլոր կարողութիւնները ունէր, եւ Եգիպտոսը անոր կը պատկանէր: Ան կ՛իշխէր իր նախարարներուն հետ: Ան բանակին պետն էր եւ երկրին առաջին քուրմը:

Ամէնէն հզօր փարաւոններէն մէկը եղած է Րամսէս Բ.: Ան Եգիպտոսի վրայ իշխած է վաթսունվեց տարի, Ք. Ա. 13-րդ դարուն:

 

Հետաքրքրական Թիւեր

– Աշխարհի ամէնէն մեծ տուրմի կտորը կը կշռէ 5792,50 քիլօ:

– Նորածին մը օրական մօտաւորապէս 20 ժամ կը քնանայ, երեխայ մը` 10 ժամ, իսկ չափահաս մը` 7-8 ժամ: Այս ձեւով մենք մեր կեանքին մէկ երրորդը քնանալով կ՛անցընենք:

– Չափահաս մը օրական մօտաւորապէս 1,5 մեթր լորձունք կ՛արտադրէ, հետեւաբար մօտաւորապէս 547 լիթր` տարեկան:

– Թայլանտի մայրաքաղաք Պանքոքի անունը աշխարհի ամէնէն երկար անունն է, երբ ան կը գրուի թայ լեզուով:

Լման անունը կը պարունակէ 163 գիր, Քրոնկ Թհեփ մահանաքհոն ամոն ռաթթանաքոսին մահինաթարա այոթհայա մահատիլոք փհոփ նոփփահարաթ ռաթչհաթհանի կթսաքքաթեւաթթիյա օիթսանոքամ փրասթ:

 

Ժամանց

Կրնա՞ս գտնել իւրաքանչիւր արձանի ձեռքերը:
Կրնա՞ս գտնել իւրաքանչիւր արձանի ձեռքերը:
Կէտերը իրարու միացուր 1-147` գտնելու համար պահուած պատկերը:
Կէտերը իրարու միացուր 1-147` գտնելու համար պահուած պատկերը:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Կրնա՞ս ամբողջացնել թիւերու բուրգը` գիտնալով, թէ իւրաքանչիւր շրջանակի մէջի թիւը հաւասար է անոր տակը գտնուող երկու թիւերու գումարումին: Օրինակի համար, 17+4 = 21:
Կրնա՞ս ամբողջացնել թիւերու բուրգը` գիտնալով, թէ իւրաքանչիւր շրջանակի մէջի թիւը հաւասար է անոր տակը գտնուող երկու թիւերու գումարումին: Օրինակի համար, 17+4 = 21:
5-16-15_jam-3
Կրնա՞ս գտնել պատկերին մէջի իրարու նման վեց զոյգ տուփիկները:

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (16 Մայիս 1965)

Յաջորդը

Հարցադրում. Ո՞ւր Են Մեր Ականաւոր 250 Առաջնորդները, Եւ Ճիշդ Ի՞նչ Պատահեցաւ Անոնց

RelatedPosts

Ճափոնի Մէջ.  Աղբեր Հաւաքելու Առաջին Աշխարհի Ախոյեանութիւն
Մանկապատանեկան

Ճափոնի Մէջ. Աղբեր Հաւաքելու Առաջին Աշխարհի Ախոյեանութիւն

Մարտ 25, 2023
Ինչո՞ւ Մարտ 8-ը Կիներու Իրաւունքներու Միջազգային Օր Նշանակուած Է
Մանկապատանեկան

Ինչո՞ւ Մարտ 8-ը Կիներու Իրաւունքներու Միջազգային Օր Նշանակուած Է

Մարտ 11, 2023
Ինչպէ՞ս Գիտնալ Երկրագունդին Կլիմային Պատմութիւնը
Մանկապատանեկան

Ինչպէ՞ս Գիտնալ Երկրագունդին Կլիմային Պատմութիւնը

Մարտ 4, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In