Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
Ձմրան սկիզբը արագիլը կը պատրաստուի լքելու հիւսիսային երկիրները եւ ձմեռը անցընելու տաք Ափրիկէի մէջ…
Երբ ձմեռը կը մօտենայ, արագիլներուն ուտելիքը կը նուազի: Անոնց համար ժամանակն է երթալու դէպի արեւոտ Ափրիկէ, ուր ուտելիքը աւելի առատ է: Արագիլները, որոնք ընդհանրապէս զոյգերով կ՛ապրին, կը խմբուին: Նոյնիսկ փոքրիկ արագիլները ճամբորդութեան մաս կը կազմեն:
Արագիլները թռիչք կ՛առնեն: Կը սկսի աւելի քան երեսուն օր տեւող ճամբորդութիւն մը: Ճամբան շատ դիւրին է. ուղիղ դէպի առջեւ: Օրուան ընթացքին արագիլները կը սաւառնին առանց ճիգի: Գետնէն բարձրացող տաք օդի հոսանքները զանոնք կը քշեն ու կը տանին: Գիշերը բոլորը գետին կ՛իջնեն ուտելու եւ հանգստանալու համար:
***
Ո՛ւֆ: Հազարաւոր քիլոմեթրեր ճամբորդութենէ մը ետք, արագիլները վերջապէս կը հասնին Ափրիկէ: Հոս, ցուրտ ձմեռէն հեռու, անոնք դիւրութեամբ ուտելիք կը գտնեն` միջատները, ձուկ կամ պզտիկ անասուններ: Անոնք իրենց ուժը կը վերագտնեն:
***
Գարնան չափահաս արագիլները կը պատրաստուին հիւսիս վերադառնալ: Հոն է, որ անոնք պիտի ածեն իրենց հաւկիթները: Այն փոքրիկ արագիլները, որոնք տակաւին ածելու տարիքի չեն հասած, քանի մը տարի Ափրիկէ պիտի մնան իրենց կարգին հիւսիսի ճամբան բռնելէ առաջ:
***
Գիտէի՞ր, որ արագիլը կրնայ օրական 400 քմ կտրել:
Անհաւատալի, Բայց Իրա՛ւ
– Աւստրալիական տաք անապատին մէջ ագեվազները իրենց վերին թաթերը կը լզեն զովանալու համար:
– Աշխարհի 7 միլիառ անձերէն աւելի քան 5 միլիառը բջիջային հեռաձայն ունի:
– Ռիսսօ դլփինները կրնան իրենց շունչը բռնել 30 վայրկեան:
– 1973 թուականին Արապելլա եւ Անիթա առաջին երկու սարդերն էին, որոնք անջրպետ ճամբորդեցին:
– 185 տարբեր տեսակի մօտաւորապէս 4,5 միլիառ թռչուններ ամէն ձմեռ դէպի Ափրիկէ կը գաղթեն:
– «Էրպաս A-380» աշխարհի ճամբորդական ամէնէն մեծ օդանաւն է: Ան կրնայ ընդունիլ 853 ճամբորդներ:
– Ջղջիկ մը կրնայ հարիւրաւոր մժեղներ ուտել ամէն գիշեր:
– Ճափոնի Մաթցումօթօ պալատը կը կոչուի նաեւ «Ագռաւ պալատ» իր սեւ պատերուն պատճառով:
– Անգլիոյ մէջ Լոնտոնի աշտարակը ժամանակի ընթացքին ծառայած է իբրեւ բանտ, գանձարան, եւ նոյնիսկ` կենդանաբանական պարտէզ:
– Երբ մարդոց կ՛առաջարկուի թիւ մը ընտրել 1-20-ի միջեւ, անոնք յաճախ 17-ը կ՛ընտրեն:
– Հրատ մոլորակը ունի երկու լուսին` Ֆոպոս եւ Տէիմոս. անոնք երկուքն ալ գետնախնձորի ձեւ ունին:
– Աշխարհի առաջին մարդամեքենաներու Ողիմպիականը տեղի ունեցաւ 1990-ին, Սկովտիոյ մէջ եւ կը բաղկանար տարբեր տեսակի «մրցումներէ», ինչպէս պատ մագլցիլ, խօսիլ եւ իրարու զարնուելէ խուսափիլ:
– Երկրորդականի աշակերտ մը հնարած է ձեռնոց մը, որ կրնայ ձեռքի նշաններու լեզուն բառերու վերածել, որոնք կը յայտնուին պզտիկ պաստառի մը վրայ:
– Ուղտերը կրնան մէկ շունչով խմել մինչեւ 145 լիթր ջուր:
– Տուրմին գիտական անունը թէօպրոմա քաքաօ է, որ կը նշանակէ` «աստուածներու ուտելիքը»:
– Փտած հաւկիթներու հոտը շատ գրաւիչ կը թուի թեւատներուն:
– Ծովաստղերը աչք չունին: Անոնց թեւերն են, որոնք լոյսը «կը զգան»:
– Արժանթինի Պուէնոս Այրես քաղաքին մէջ գոյութիւն ունի աշխարհի ամէնէն լայն ճամբաներէն մէկը: 9 տէ Խուլիօ պողոտային վրայ կողք-կողքի կրնան ընթանալ ինը ինքնաշարժներ:
– Յունաստանը ունի աշխարհի ամէնէն երկար ազգային քայլերգը, որ բաղկացած է 158 տունէ։
– Մոցարթ 6 տարեկան էր, երբ առաջին անգամ ելոյթ ունեցաւ Պաւարիոյ թագաւորին առջեւ:
Նախաճաշ Ընելու Չմոռնանք
Օրը լաւ սկսելու համար կարեւոր է լաւ նախաճաշելը:
Կը պատահի, որ մանուկ մը դասարան մտնէ անօթի: Ասիկա բնաւ լաւ բան մը չէ, որովհետեւ ամբողջ գիշերուան քունէն ետք մեր մարմինը պէտք ունի իր ուժերը դարձեալ հաւաքելու: Հետեւաբար մենք պէտք չէ մոռնանք նախաճաշելու: Նախաճաշը մեզի պիտի հայթայթէ օրական մեզի անհրաժեշտ ուժանիւթին մէկ քառորդը:
Ի՞նչ տեսակի նախաճաշ
Նախընտրելի է տեսակաւոր քոռնֆլէյքսներէն հեռու մնալ, որովհետեւ անոնք շատ շաքարոտ են: Անոր փոխարէն` նախընտրելի է քիչ մը կարագով եւ մեղրով կտոր մը հաց ուտել: Անշուշտ կարելի է նաեւ ուտել պտուղ մը, քիչ մը մածուն, քամած մածուն, ճերմակ պանիր կամ` խմել գաւաթ մը կաթ կամ պտուղի հիւթ:
Կ՛աճապարե՞ս
Եթէ առտուն կ՛աճապարես կամ անօթի չես, իրիկուընէ պատրաստէ նախաճաշի սեղանդ. իսկ եթէ բնաւ անօթի չես արթննալու պահուն, մի՛ մոռնար հետդ դպրոց պտուղ մը կամ պիսքուի մը տանելու:
Խոհագիր
Ստեպղինով Սմուսի
Գիտէի՞ր, որ լոլիկէն ետք, ստեպղինը աշխարհի երկրորդ ամէնէն շատ սպառող բանջարեղէնն է: Այս նուրբ եւ քաղցր բանջարեղէնը շուկային վրայ կը գտնուի ամբողջ տարին: Անիկա շատ լաւ է առողջութեան համար եւ կը պարունակէ բազմաթիւ հանքային նիւթեր եւ կենսանիւթեր: Անիկա օգտակար է մեր աչքերուն համար, մորթին, լեարդին, ոսկորներուն…
Ահա տարբեր ձեւ մը` ստեպղինին առաւելութիւններէն օգտուելու համար:
Բաղադրութիւն.– (4 գաւաթի համար)
3 ստեպղին, 1 պանան, 1 խնձոր, 1 նարինջ, 1 լոլիկ, 1 լիմոնի հիւթը, 1 փոքրիկ գաւաթ մածուն, սառ:
Պատրաստութիւն.-
– Նախ կեղուէ ստեպղինները եւ ապա չափահասէ մը խնդրէ, որ զանոնք խաշէ:
– Կեղուէ պանանը եւ նարինջը: Զանոնք կտրէ:
– Կեղուէ խնձորը եւ հանէ անոր կեդրոնի բաժինը: Խնձորն ալ կտրտէ:
– Վերջապէս, կլորակ շերտերու վերածէ լոլիկը:
– Բոլոր պտուղները եւ խաշուած ստեպղինը պլենտըրի մեքենայի մը մէջ դիր, վրան աւելցուր մածունը, լիմոնի հիւթը եւ սառի կտորները: Չափահասէ մը խնդրէ, որ մեքենան աշխատցնէ 3 վայրկեան:
– Սմուսին դիր գաւաթներուն մէջ եւ զայն համտեսէ պաղ:
Ժամանց

Արդեօ՞ք կարճ տաբատները աւելի շատ են, քան` շապիկները: Շապիկները ճիշդ ձեւով թուագրուա՞ծ են` 1-8:





