Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեր Զաւակները Եւ Մենք. Ո՞ւր Մնացին Մեր Սկզբունքները…

Հոկտեմբեր 12, 2017
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Նախքան ծնող դառնալը` բոլորս ալ դաստիարակչական մեծ սկզբունքներէ կը ճառենք, բայց անգամ մը, որ զաւակներու տէր ենք, խոստովանինք, որ մեր գինիին շատ ջուր կը խառնենք, եւ մեր սկզբունքներուն մէկ կարեւոր մասը կը ցնդի օդին մէջ:

Արդեօք սխալ ընթացքի մէ՞ջ ենք, ի՞նչ պէտք է ընենք…

Առնենք օրինակ մը. «Նուէրներուն չափազանցութիւնը կը վնասէ երեխային»: Այո՛, երբ առանց առիթի երեխային բաներ կը նուիրենք, կը հասնինք տեղ մը, ուր երեխան գլուխը կը կորսնցնէ, եւ քիչ-քիչ նուէրը իր իմաստէն կը պարպուի եւ այլեւս հաճոյք չի պատճառեր: Ոմանց մօտ յաճախակի նուէր ստանալը անբաւարարութեան զգացում կ՛արթնցնէ, եւ անոնք տեւաբար աւելին կը պահանջեն: Աւելի մտահոգիչ կը դառնայ, երբ երեխան իր ստացած նուէրներուն արժէքով եւ քանակով կը չափէ ծնողական սէրը:

Առնենք հարցին միւս երեսը. մենք մեծ ու չափահաս ըլլալով` կը տարուինք ու կը շլանանք շուկայի նորութիւններով, ալ ո՛ւր մնաց երեխան: Երբ լսենք, որ մեր զաւակը կը պատմէ իր դասընկերներուն մէկ նոր խաղին մասին, խաղ մը, որուն նիւթը կ՛ընեն բոլոր զբօսանքներուն կամ կը խաղան, երբ քով քովի գան, մեր սիրտը կը ճմլուի, եւ որպէսզի մեր զաւակը զրկուած չզգայ, մենք ալ անոր կը գնենք հատ մը` այն հաստատ համոզումով, որ այսպիսով` ընկերներուն շրջանակին կողմէ «ընդունուած» պիտի ըլլայ:

Բայց ո՞ւր մնաց սկզբունքը…

Նախընտրելի է, որ մեծ նուէրները վերապահենք Կաղանդին եւ տարեդարձին: Մնացեալները թող ըլլան խորհրդանշական նուէրներ: Ձգենք, որ երեխան երազէ եւ ցանկայ իր սիրած մէկ բանը եւ ոչ թէ ուզածը ուզած վայրկեանին ստանայ: Վերջապէս, անակնկալին հաճոյքը չմարենք անոր հոգիին մէջ:

Հետաքրքրական

Ռուս Լրագրողը`
Հայաստանի Մասին

«Ինչպէ՞ս պատահած է, որ Վրաստանը, որուն հետ Ռուսիան դիւանագիտական յարաբերութիւններ չունի, ռուսերուն համար տարածուած զբօսաշրջային ուղղութիւն դարձած է, իսկ Հայաստանը, որ Վրաստանէն նուազ գեղեցիկ երկիր չէ (նաեւ Մոսկուայի քաղաքական դաշնակիցն է), ռուս զբօսաշրջիկներուն համար կը մնայ «անծանօթ տարածք»: Այս հարցումին հեղինակը «Մոսկովսքի քոմսոմոլեց» պարբերաթերթի լրագրող Սեմիոն Միխայլովն է, որ կը խոստովանի, թէ Հայաստան կատարած հինգօրեայ ճամբորդութենէն ետք վերջապէս գտած է պատասխանը:

«Իրականութիւնն այն է, որ մենք շատ լաւ գիտենք եւ միաժամանակ երբեք չենք գիտեր Հայաստանի Հանրապետութիւնը: Մենք գիտենք, որ 1988-ին Հայաստանի մէջ սարսափելի երկրաշարժ պատահած է: Գիտենք, որ արդէն  40 տարի է Հայաստանը հարեւան Ազրպէյճանին հետ  սուր հակամարտութեան մէջ է: Նաեւ գիտենք, որ Հայաստանը սարսափելի տնտեսական ճգնաժամ ապրած է ու հիմա մասամբ շրջափակման մէջ է: Բայց մենք չենք գիտեր, որ Հայաստանը ցնցող բնութիւն ունեցող երկիր է եւ ոչ պակաս ցնցող հին յուշարձաններու երկիր: Մենք չենք գիտեր, որ հոն ռուսերուն հանդէպ առանձնայատուկ վերաբերմունք կը ցուցաբերուի», գրած է Միխայլովը:

Ան իր յօդուածին մէջ յատուկ կը նշէ, որ Երեւանի մէջ կարելի է անվախ զբօսնել օրուան որեւէ ժամու:

«Կ՛արժէ՞ արդեօք զարմանալ, որ այնքան հաւնած եմ Հայաստանի մայրաքաղաքի մթնոլորտը», կը շարունակէ լրագրողը` պատմելով Երեւանի անցեալի եւ ներկայի մասին:

Քրիստոնէութիւնը պետական կրօն ընդունած Հայաստանի պատմութեան անդրադառնալով` Միխայլով «զարմանալիօրէն գեղեցիկ» կ՛որակէ հայկական վանքերը:

«Հայկական վանական ճարտարապետութիւնը ուղղակի ապշեցուցիչ է եւ` սրտի մօտիկ: Բոլոր հին հայկական տաճարները շատ խիստ ու շատ պարզ ոճով կառուցուած են ու կը բնորոշուին իրենց նուազագոյն զարդարանքներով: Բայց այս խստութեան ու պարզութեան մէջ այնքան արժանապատուութիւն կայ, ներքին ուժ կայ, որ կը զգացուի նոյնիսկ ան, որ իր կրօնքն այդքան ալ մօտ չի համարեր»:

Լրագրողը կը պնդէ, որ 5 օրը չափազանց քիչ է Հայաստանին համար: Անոր խօսքերով, Հայաստանի բնութիւնը ոչ միայն հիասքանչ է, այլ նաեւ` շատ բազմազան: Սակայն, բացի բնութենէն ու հին վանական յուշարձաններէն, Հայաստանի հմայքի երրորդ բաղադրիչը հոն ապրող մարդիկն են: Միխայլովիչը կը շեշտէ մարդոց սրամտութիւնն ու հոգեհարազատութիւնը:

Գեղեցկագիտական

Դէմքի Մարձում

Օրական 5 վայրկեանը բաւարար է դէմքին յոգնած գիծերը անհետացնելու համար: Այս դիւրին մարձումները կարելի է կատարել օրուան որեւէ ժամու` տունը թէ գործի դադարին, ի հարկին` երեկոյեան պատկերասփիւռին առջեւ նստած:

1.- Երկու ձեռքերով ծածկել դէմքը, ապա ափերը քիչ-քիչ իրարմէ հեռացնել դէպի ականջները:
2.- Ցուցամատերով եւ բթամատերով բռնել յօնքերու վերջաւորութիւնները, մեղմօրէն սեղմել` քիչ-քիչ ուղղուելով դէպի քունքերը:
3.- Ցուցամատերը տեղաւորել աչքերուն տակի մասը, ապա թեթեւակի ճնշումներով մատները ուղղել մինչեւ արտաքին ծայրերը:
4.- Ցուցամատերը ճակատի երկու կողմերուն վրայ  տեղաւորել եւ ճնշել, այս դիրքով մնալ մէկ վայրկեան, ապա կրկնել 5 անգամ:
5.- Ցուցամատներով մարձել յօնքերուն միջեւ գտնուող բաժինը` շուրջ մէկ վայրկեան:
6.- Մատերը տեղաւորել քունքերուն վրայ եւ 5 թեթեւ ճնշումներ կատարել, ապա նոյն ձեւով ճնշելով` մատերը սահեցնել մինչեւ ծնօտը:
7.- Երկու ձեռքերը ծոծրակի վերի երկու կողմերուն վրայ տեղաւորել, թեթեւ ճնշումներ ընելով` քիչ-քիչ բարձրացնելով դէպի ականջները, ապա` վերադարձնել նախկին դիրքին:

Շաքարով Դէմքի Ծեփուկ

Դէմքի մորթին մեռած բջիջները պարբերաբար պէտք է մաքրուին: Մեռած բջիջները մաքրելու յատուկ ծեփուկներ գոյութիւն ունին. այդ ծեփուկները իրենց մէջ կը պարունակեն աւազանման հատիկներ, որոնց շնորհիւ` մորթը կը ձերբազատի մեռած բջիջներէն:

Ահաւասիկ` դիւրին եւ արագ պատրաստուող ծեփուկ մը, որ դիւրաւ եւ հիմնովին պիտի մաքրէ ձեր մորթը եւ զայն պիտի դարձնէ փայլուն ու ողորկ` շնորհիւ շաքարի մանր հատիկներուն.

Պատրաստութեան համար անհրաժեշտ են`

– 1 գաւաթ շաքարաւազ
– Կէս գաւաթ ձէթ
– 3-4 կաթիլ կիտրոնի հիւթ

Ինչպէ՞ս օգտագործել

Ապակեայ մաքուր ամանի մը մէջ նիւթերը խառնել, ստացուած ծեփուկէն մաս մը տարածել ճակատին, քիթին եւ կզակին վրայ, ապա` մատներու ծայրով շրջանակաձեւ մարձումներ ընել: Այս շարժումները կը խթանեն արեան շրջագայութիւնը եւ աւիշի բնական հոսքը, եւ ամենակարեւորը, մորթը կը ձերբազատեն մեռած բջիջներէն` զայն դարձնելով ողորկ ու փայլուն:

Ձեռային Աշխատանք

Սեղանի Յարդարանքներ

Ապակեայ պարզ ու գեղեցիկ ծաղկաման մը, մոմ մը եւ քիչ մը ընդեղէն, ընկուզեղէն, խոզկաղին կամ սուրճի հատիկներ, բաւարար են, որ պատրաստենք սեղանի գեղեցիկ յարդարանքներ:

Աշունը իր բոցավառ գոյներով կրնայ նոր կեանք եւ ջերմութիւն տալ մեր նստասենեակին, եթէ ընտրենք վերը յիշուածներէն մէկ քանին եւ ստեղծենք մե՛ր յարդարանքը:

Որո՞ւ մտքէն կ՛անցնի, որ կանաչ ոսպը լուբիան եւ եգիպտացորեն կրնան ստեղծել գոյներու հիանալի ներդաշնակութիւն մը:

Կարելիութիւնները շատ են, ստորեւ տրուած նկարները կրնան ներշնչել ձեզ:

Խոհագիր

Տունը Պատրաստուած
«
Ռաֆաէլլօ»

Բաղադրութիւն

– 250 կրամ հնդկընկոյզի տաշուք
– 200 կրամ խտացած, քաղցր կաթ
– 100 կրամ նուշ

Պատրաստութիւն

Խորունկ ամանի մը մէջ լեցնել հնդկընկոյզը, աւելցնել խտացած կաթը եւ լաւ խառնել միատարր խառնուրդ մը ստանալու համար:

Խառնուրդը առնուազն մէկ ժամ ձգել, որպէսզի հանգչի, ապա` անկէ փոքրիկ եւ համաչափ գնդակներ ձեւաւորել: Իւրաքանչիւրի կեդրոնը նուշի հատիկ մը զետեղել։

Հնդկընկոյզի տաշուք լեցուցէք բաց ամանի մը մէջ, ձեւաւորուած «գնդակներ» մէջը գլորեցէք, մինչեւ որ անոնք ամբողջովին հնդկընկոյզի տաշուք ծեփուին:

Վերջաւորութեան «գնդակները» շարել ներկայանալի պնակի մը մէջ:

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Այսպէս Է Եղել

Եւ Աստուած ցանկացել է գրել
ԵՐՋԱՆԿՈՒԹԻՒՆ
քո տարածքի վրայ ծայրէ ծայր,
բայց, ափսոս, բառն այդ շատ էր երկար
ու չտեղաւորուեց քո փոքրիկ հողակտորի վրայ…
Եւ Աստուած ցանկացել է գրել
ԽԱՂԱՂՈՒԹԻՒՆ
բայց, աւա՜ղ,
այդ բառն էլ դարձեալ շատ երկար էր
ու կէսն անգամ չտեղաւորուեց
քո փոքրիկ հողակտորի վրայ…
Եւ ի՞նչ անէր Աստուած,
որ լոկ Ցաւն եկաւ յարմար,
որ լոկ Սուգն եկաւ յարմար,
որ լոկ Լացն եկաւ յարմար
քո փոքրիկ հողակտորի համար…

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (12 Հոկտեմբեր 1967)

Յաջորդը

Անակնկալ Հանդիպումս Շաւարշ Նարդունիի «Հայ Բոյժ»-ին Հետ

RelatedPosts

Ի՞նչ Է Ալկորիթմը
Մանկապատանեկան

Ի՞նչ Է Ալկորիթմը

Մայիս 10, 2025
Եութուպը (YouTube) 20 Տարեկան Է
Մանկապատանեկան

Եութուպը (YouTube) 20 Տարեկան Է

Մայիս 3, 2025
Ձեռային Աշխատանք.  Զատկուան Պատրաստութիւններ
Մանկապատանեկան

Ձեռային Աշխատանք. Զատկուան Պատրաստութիւններ

Ապրիլ 12, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?