Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
1977-ին անջրպետ ղրկուած երկու անջրպետանաւերը` «Վոյէճըր» 1 եւ 2 անցած են ամբողջ արեգակնային դրութենէն: Անոնք մեզի փոխանցած են նկարներ` Լուսնթագէն, Երեւակէն, Ուրանոսէն եւ Պոսիտոնէն: Անոնք մեզի կարելիութիւն տուին նաեւ գտնելու այս մոլորակներուն շուրջ դարձող լուսիններ եւ նոյնիսկ գործօն հրաբուխներ Լուսնթագի արբանեակներէն` Քոյի վրայ:
Այժմ անոնք կը դեգերին արեգակնային դրութեան սահմաններուն վրայ` դառնալով մեզմէ ամէնէն հեռու գտնուող շինուած առարկաները:
***
«Վոյէճըր» 1 եւ 2 իրենց հետ կը փոխադրեն ոսկի ձայնապնակ մը, որուն վրայ արձանագրուած են արտերկրային էակներուն ուղղուած նամակներ: Անոնք կը պարունակեն անասունի ձայներ, մանուկներու կանչեր, տարբեր լեզուներով բարեւելու բանաձեւեր: Արտերկրային էակները պիտի կարենան նաեւ մտիկ ընելու Եոհան Սեպասթիան Պախի եղանակները, ափրիկեան թմբուկներու, Հարաւային Ամերիկայի սրինգներու կամ պլուզ եղանակի երաժշտութիւն :
Իբրեւ պատկեր` անոնք պիտի կարենան տեսնել տեսարաններու, անասուններու, շինութիւններու պատկերներ, ինչպէս նաեւ` տարբեր աշխատանքներով զբաղած մարդոց պատկերներ, ինչպէս` մարզիկ մը, ծերունի մը, մանրադիտակով աշխատող կին մը, կամ` խաղող հաւաքող մը: Մինչ գծագրութիւններ կը ներկայացնեն մարդկային մարմնին կառուցուածքը, մոլորակները, երկրագունդին կառոյցը եւ մեր արեգակնային դրութեան քարտէս մը:
***
Սակայն պէտք է քիչ մը համբերել արտերկրային էակներէն պատասխան մը ստանալու համար: Անջրպետամեքենաները մօտաւորապէս… 40 հազար տարիէն միայն պիտի կարենան հասնիլ աստղի մը մօտ, որուն շուրջ դարձող մոլորակներ կրնան գոյութիւն ունենալ… եւ որոնք կրնան բնակուած ըլլալ:
«Եթէ նման քաղաքակրթութիւն մը «Վոյէճըր»-ի ճամբան կտրէ եւ կարենայ հասկնալ անոր բովանդակած արձանագրութիւնները, ահա` մեր պատգամը»: Այս ձեւով իր խօսքը կ՛ուղղէր 1977-ին Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճիմի Քարթըր: «Մենք կը փորձենք շարունակել ապրիլ մեր ժամանակներուն մէջ, որպէսզի կարենանք օր մը ապրիլ ձեր ժամանակին մէջ: Մենք կը յուսանք օր մը, մեր հարցերը լուծելէ ետք, կապեր հաստատել աստղահոյլէն ուրիշ քաղաքակրթութեան մը պատկանող հանրութեան մը հետ: Այս սկաւառակը կը ներկայացնէ մեր յոյսը, մեր վճռակամութիւնը եւ մեր բարեցակամութիւնը` ընդարձակ եւ տպաւորիչ տիեզերքի մը մէջ»:
Անհաւատալի, Բայց Իրա՛ւ
– Մեր աստղահոյլը, որ ծանօթ է Ծիր Կաթին անունով, ենթադրաբար կը պարունակէ 200-400 միլիառ աստղ:
– Մեզի ծանօթ ամէնէն արագ դարձող աստղը` VFTS 102, կը դառնայ ժամական 1,6 միլիոն քմ արագութեամբ:
-«Զամպի աստղ» կը կոչուի պայթած աստղէ մը փրթած կտորը:
-VY Քանիս Մաճորիս աստղը այնքան մեծ է, որ օդանաւ մը անոր շուրջը կրնայ դառնալ 1000 տարիէն:
-Մեր տեսած աստղերուն լոյսը իրականութեան մէջ միլիոնաւոր տարիներ առաջ աստղին արձակած լոյսն է, որ միայն հիմա կը հասնի երկրագունդ:
-Արուսեակը մեր արեգակնային դրութեան ամէնէն տաք մոլորակն է:
-Հրատ մոլորակին վրայ ջերմաստիճանը միջին հաշուով -63 աստիճան է:
-Մինչ Ուրանոսին մակերեսին վրայ ան կրնայ իջնել մինչեւ -216 աստիճանի:
-Երկրագունդէն մենք միշտ կը տեսնենք լուսինին նոյն երեսը:
-Հին յոյները մտածած են անջրպետին մէջ մեզմէ զատ ուրիշ բնակիչներու գոյութեան մասին:
-Սեթի հիմնարկը կազմուած է խումբ մը գիտնականներէ, որոնք կը փորձեն գտնել երկրագունդէն դուրս գոյութիւն ունեցող խելացի կեանքի նշաններ: Անոնք իրենց տեղեկութիւնները կը ստանան տարբեր ռատիօ-աստղադիտակներէ. անոնց կարգին կը գտնուի 305 մեթր տրամագիծ ունեցող Փորթօ Ռիքոյի Արեսիպօ օպսէրվաթորի աշխարհի ամէնէն մեծ ռատիօ-աստղադիտակը:
-Ամբողջ անջրպետին մէջի աստղերուն մօտաւորապէս 98 առ հարիւրը կրնան ունենալ կեանքով օժտուած մոլորակներ:
Հետաքրքրական
Ինչո՞ւ Անգլերէնը Աշխարհի Մէջ Ամէնէն Աւելի Գործածուող Լեզուն Է
Անգլերէնը աշխարհի մէջ ամէնէն հզօր լեզուն է, որովհետեւ ընդհանրապէս ան կը դասաւանդուի իբրեւ 2-րդ լեզու: Ան կը ծառայէ առեւտրական գործառնութիւններու, դիւանագիտութեան եւ գիտութեան մէջ:
Ինչո՞ւ: Որովհետեւ անգլիացիները մեծ նաւաստներ էին, որոնք հիմնած են ընդարձակ կայսրութիւն մը: Անոնց լեզուն իրենց հետ ճամբորդած է: Սակայն աշխարհի մէջ ամէնէն շատ գործածուող լեզուն չինարէնն է, որովհետեւ աշխարհի վրայ ամէնէն մեծ թիւով չիներ կան:
Ինչո՞ւ Մեր Ակռաները Կը Ցաւին, Երբ Սառէ Պաղպաղակ Մը Կը Խածնենք
Մանուկներուն ակռաներուն մակերեսին վրայի ակօսները շատ յստակ են եւ խորունկ: Այս ակօսները, որոնք կ՛օգնեն ուտելիքները տրորելու, նուազ խորունկ են չափահասներուն մաշած ակռաներուն վրայ: Հետեւաբար, երբ պզտիկ մը սառէ պաղպաղակ մը կը խածնէ, ան կառչած կը մնայ այդ ակօսներուն մէջ: Պաղը կը թափանցէ ակռային ընդմէջէն եւ ապա կը հասնի անոր ջիղերուն: Այս պատճառով մենք ցաւ կը զգանք:
Ո՞վ Գտած Է Քարիւղը
Քարիւղը մարդոց ծանօթ է շատ հին ժամանակներէ: Աշխարհի կարգ մը շրջաններու մէջ, ինչպէս` Մերձաւոր Արեւելքի մէջ, անիկա կը հոսի գետնին մակերեսին վրայ եւ, հետեւաբար, դիւրին է զայն գտնելը: Հին ժամանակներու ժողովուրդները քարիւղը կը գործածէին լուսաւորելու կամ նաւերուն մարմինը ծեփելու համար:
Ինչո՞ւ Կրակը Կը Տաքցնէ
Երբ մենք լուցկի մը կը քսենք քերթիչին վրայ, անիկա կը բռնկի: Ջերմաստիճանը այնքան բարձր է, որ լուցկիին փայտը կրակ կ՛առնէ: Այս քիմիական հակազդեցութիւնը` կիզամը, կ՛արտադրէ շատ մեծ տաքութիւն: Անիկա կը յառաջանայ փայտի հիւլէներու փճացումէն արձակուած ուժանիւթէն: Կրակ առած փայտը կ՛անցնի հաստատուն վիճակէն` փլազմայի վիճակի:
Ինչպէ՞ս Կրնան Կէտերը Երկար Ժամանակ Ջուրին Տակ Մնալ
Կէտերը մեզի նման թոքեր ունին: Հետեւաբար անոնք պէտք է միշտ ջուրին մակերեսը բարձրանան շնչելու համար: Սապատաւոր կէտ մը կրնայ մինչեւ երեսուն վայրկեան ջուրին մէջ մնալ` առանց շնչելու, մինչ կիտաժանին` մօտաւորապէս երկու ժամ: Այդ կէտերը կարելիութիւնը ունին իրենց մկաններուն մէջ մեզմէ տասը անգամ աւելի թթուածին ամբարելու:
Ինչո՞ւ Հնդկաստանի Բնակիչները Կը Լուացուին Գանգէս Գետին Մէջ
Գանգէս օրհնեալ գետ մըն է, որ մեծ կարեւորութիւն ունի հնդիկներուն գլխաւոր կրօնին (հինտու) մէջ: Ամէն տարի միլիոնաւոր հինտուներ ուխտագնացութեան կու գան աղօթելու եւ Գանգէսի մէջ լուացուելու համար: Անոնք գետին ջուրերուն մէջ կը թաթխուին իրենց մարմինը եւ հոգին մաքրելու համար:
Ինչո՞ւ Խխունջը Կը Լորձնոտի
Խխունջին լորձունքը անոր կը ծառայէ գետնին եւ բոյսերուն վրայ սահելու: Սակայն որովհետեւ ան նոյն ատեն քիչ մը կպչուն է, ան խխունջին կարելիութիւնը կու տայ պատի մը վրայ մագլցելու եւ տերեւի վրայ կենալու:
Ան նաեւ խխունջին անհրաժեշտ է իր խեցին շինելու եւ նորոգելու համար: Վերջապէս, լորձունքը խեցիին մէջ փոքրիկ ներքին «ծով» մը կը կազմէ: Անիկա արգելք կ՛ըլլայ, որ խխունջին թոյլ մարմինը չորնայ:
Ժամանց



