Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
Այս շաբաթ մենք պիտի երթանք հազարաւոր քիլոմեթրեր հեռու` տեսնելու համար, թէ ինչպէ՛ս կ՛անցնի պզտիկ աշակերտի մը դպրոցական օրը Ճափոնի մէջ:
«Եոքոսօ», բարի եկաք Թաքայամա` Ճափոնի կեդրոնը պզտիկ քաղաք մը: Մենք պիտի այցելենք Նիշի դպրոցի նախակրթարանը: Մէկ ամսուան արձակուրդէ ետք, աշակերտները դպրոց վերադարձան 4 սեպտեմբերին: Անոնց համար դպրոցական տարեշրջանը սկսած է ապրիլին: Ճափոնի մէջ նախակրթարանի դպրոցները 6 աստիճան ունին` առաջին դասարանէն մինչեւ 6-րդ, եւ կ՛ընդունին 6-12 տարեկան աշակերտներ: Իւրաքանչիւր դասարանի մէջ կայ 34 աշակերտ:
* * *
– Առտուն
Ժամը 8:00-ն է: Աշակերտները իրենց կօշիկները կը հանեն շէնք մտնելէ առաջ, ապա, անոնք կը հագուին տան մէջի յատուկ կօշիկներ: Այս ձեւով դասարանները եւ անցքերը նուազ կ՛աղտոտին:
Առտուն աշակերտները յաճախ կը սկսին ճափոներէնի դասով ճափոնական գրութիւնը բաղկացած է մեր այբուբենէն տարբեր նկարագիրերէ` Քանճիները եւ քանաները: Աշակերտները կը սորվին կարդալ եւ գրել վերէն վար եւ աջէն ձախ: Երբ նախակրթարանը աւարտեն, աշակերտները սորված կ՛ըլլան մօտաւորապէս հազար քանճի եւ քանա: Հետագային անոնք պէտք է տիրապետեն երկու հազարի:
– Զբօսանք
Զանգը կը հնչէ, եւ բոլոր աշակերտները բակ կ՛իջնեն: Ամէնէն աւելի սիրուած խաղերը օրօրոցները եւ մէկ անիւով հեծիկներն են:
Զբօսանքի աւարտին աշակերտները կը հաւաքուին մուտքի դրան առջեւ: Անոնք կը շարուին ետեւ-ետեւի, շաբթուան շարքը պատասխանատուին առջեւ: Անոնք իրարու միջեւ պէտք է ձգեն թեւի երկարութեամբ պարապութիւն, ապա աշակերտները դասարան կը վերադառնան: Դասընթացքը կը շարունակուի:
Երբեմն գիտութեան դասերը կը տրուին դպրոցին պարտէզին մէջ, ուր աշակերտները հատիկներ կը ցանեն: Ամէն շաբաթ անոնք պիտի վերադառնան` ուսումնասիրելու հատիկներուն աճը: Իւրաքանչիւր աշակերտ բոյսի մը պատասխանատու է. ան այդ բոյսը պէտք է խնամէ դպրոցական ամբողջ տարեշրջանին ընթացքին:
– Կէսօր
Ճաշի ժամանակն է: Ճափոնի մէջ աշակերտները ճաշասրահ չեն երթար: Հինգ վայրկեանէն անոնք իրենց դասարանը ճաշասրահի կը վերածեն: Անոնք իրենց սեղանները կը տեղափոխեն եւ զանոնք երեք երկար սեղաններու կը վերածեն: Ապա իւրաքանչիւր աշակերտ իր առջեւ կը դնէ ափսէ եւ զայն գունաւոր կերպասով մը կը ծածկէ: Ամէն ինչ պատրաստ է: Ապա անոնք ուտելէ առաջ քաղաքավարական յատուկ ձեւ մը կ՛ընեն. անոնք իրենց ձեռքերը իրարու կը միացնեն եւ կ՛ըսեն` «Իթատաքիմասու»: Այս բանաձեւը կը նշանակէ` «Կը ստանամ, շնորհակալութիւն»:
Ամէն շաբաթ խումբ մը աշակերտներ կը զբաղին ճաշով: Կարգ մը աշակերտներ փայտէ ցպիկները եւ կաթը մինչ այդ միւսները ճաշին կը սպասեն գիրքեր կարդալով:
Չափահասները կը բերեն ճաշերը, ապա փոքրիկ մատուցողները զանոնք իրենց ընկերներուն կը բաժնեն: Կարգ մը աշակերտներ իրենց բերանին առջեւ յատուկ դիմակ մը կը դնեն մանրէներ չսփռելու համար, երբ իրենք հիւանդ են. իսկ անոնք, որոնք ալերժիներ ունին, այս ձեւով փոշի չեն շնչեր:
Ճաշէն ետք աշակերտները կը հաւաքեն իրենց ափսէները եւ իրենց ակռաները կը խոզանակեն երկու վայրկեանի ընթացքին: (Խոզանակելու համար անոնք խոզանակելէ պէտք չէ դադրին մինչեւ աւազի ժամացոյցին մէջի աւազը ամբողջովին վարը հաւաքուի:
– Կէսօրէ ետք
Այսօր, կէսօրէ ետքի առաջին պահը գեղագրութեան դասն է, ճափոներէն` «շոտօ»: Ասիկա աւանդական կրթութեան նիւթ մըն է: Աշակերտները կը սորվին գրել ճափոներէնի մէջ գործածուած նկարագիրերը: Ուսուցչուհին նախ նկարագիրը գրատախտակին վրայ կաւիճով կը գրէ, նոյն ժամանակ աշակերտները այդ նկարագիրը իրենց ձեւով կը կրկնեն օդին մէջ: Երբ անոնք այդ ձեւին կը տիրապետեն, կրնան վրձինը առնել:
Գեղագրութեան համար աշակերտները կը գործածեն` բարակ վրձին մը, հաստ վրձին մը, չինական մելան եւ «սուզուրի» կոչուած մելանի աման մը: Անիկա կազմուած է երկու բաժինէ. «ծովը» կոչուած փոսիկէ մը, ուր մելանը կը դրուի, եւ` «բլուր կոչուած բարձր բաժինով մը, ուր վրձինին ծայրը կը քսուի աւելորդ մելանը հանելու համար:
Մինչ 6-րդ դասարանի աշակերտները կ՛ամփոփուին չինական մելանով` չաղտոտելու համար իրենց գեղագրութեան դասի յատուկ տարազը, առաջին դասարանը կը սկսի իր մարզանքի պահը: Մինչ ուսուցչուհին վազքուղին կը պատրաստէ, աշակերտներէն մէկը իր ընկերներուն կատարել կու տայ մկանները տաքցնելու վարժանքներ: Բոլոր աշակերտները մեծ հաճոյքով կը հետեւին մարզանքներուն: Անոնք կը սորվին աթլեթիզմ, ֆութպոլ եւ պէյսպոլ:
Կէսօրէ ետք, ժամը 4:00-ին դպրոցը կը վերջանայ: Աշակերտները կը դնեն իրենց դպրոցին պաշտօնական գլխարկը, կ՛առնեն իրենց պայուսակները եւ կ՛ուղղուին տուն: «Սայոնարա», մնաք բարով:
* * *
Գիտէի՞ր, թէ…
Ճափոնի մէջ գոյութիւն ունին տարբեր «այբուբեններ»:
Քանճի: Ասիկա սերած է չինարենէն. անոր նկարագիրերը կը ներկայացնեն բառեր: Գոյութիւն ունին աւելի քան տասը հազար քանճիներ:
Հերականա եւ քաթաքունա: Այս նկարագիրերը վանկերը կը կազմեն: Քառասունվեց հիրակաները ունին աւելի կլոր ձեւեր, եւ քառասունվեց քաթաքաները` ուղիղ գիծեր:
Նախադասութեան մը մէջ կարելի է գործածել տարբեր «այբուբեններ»:
Հետաքրքրական
Ճափոնական բոլոր դպրոցներուն մէջ կը գտնուի Քինիժիրօ Նինոմիայի արձանը: Այս փոքրիկ տղան ապրած է 18-րդ դարուն: Ան ամբողջ իր ժամանակը կ՛անցընէր սորվելով, նոյնիսկ երբ կ՛երթար փայտ հաւաքելու: Ան դարձած է խորհրդանիշ մը, որ կը նշանակէ` «կարելի է սորվիլ որեւէ ժամանակ»:
Ճափոնի Մասին
- Ճափոնը միակ երկիրն է, որ ունի կայսր մը եւ կայսրուհի մը:
- «Ճափոն» բառին ճափոներէնը «Նեփփոն» է, որ կը նշանակէ «Արեւի ծագումը»:
- Ճափոնի մէջ դպրոցները կը սկսին ապրիլին, երբ կեռասի ծառերը ծաղկին:
- Աւելի քան 127 միլիոն անձեր կը բնակին Ճափոնի մէջ. անոնցմէ մօտաւորապէս 12,7 միլիոնը կը բնակի մայրաքաղաք Թոքիոյի մէջ:
- Բրինձը այնքան կարեւոր տեղ ունի ճափոնական խոհանոցին մէջ, որ ճափոներէն «բրինձ» բառը` «կոհան» միաժամանակ կը նշանակէ «ճաշ»:
- Ճափոնի ամէնէն բարձր լեռը եւ հրաբուխը` Ֆուճի լեռը կազմուած է իրարու վրայ կազմուած երեք հրաբուխներէ:
Ժամանց



