Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ստամոքսը` Մեր Երկրորդ Ուղեղը

November 4, 2017
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Մարդկային մարմինը բազմաթիւ գաղտնիքներ ունի: Ճիշդ է, որ ան դիւրաբեկ կը թուի, սակայն իրականութեան մէջ ան հզօր մեքենայ մըն է, որ կազմուած է բազմաթիւ մեքենական դրութիւններէ: Ասիկա յատկապէս նշմարելի է մարդկային մարմնին ամէնէն կարեւոր շրջաններէն` ստամոքսին պարագային: Ստամոքսը ուտելիքներու մարսողութեան էական գործիքն է: Այս գործարանը ունի բազմաթիւ գաղտնիքներ եւ կարողութիւններ:

Բարդ Գործարան Մը

Երբ մենք կը խօսինք ստամոքսին մասին, կը մտածենք փորին մասին: Ճիշդ է, որ ստամոքսը զետեղուած է այդ ընդարձակ շրջանին մէջ: Սակայն աւելի ճշգրիտ ըլլալու համար պէտք է նշել, թէ ստամոքսը գրպան մըն է, որ զետեղուած է որովայնին վերը, դէպի բերան ելլող խողովակին որկորին տակը:

Չափահասի մը մօտ ստամոքսին հասակը մօտաւորապէս 25 սմ է, լայնքը` 12 սմ, իսկ տրամագիծը` 10 սմ: Անոր վարի ծայրը կապուած է աղիքին, որուն երկարութիւնը կրնայ հասնիլ մինչեւ եօթը մեթրի, այսինքն` մօտաւորապէս թենիսի դաշտի մը լայնքին: Աղիքը, ուղեղին նման, ունի նեւրոններ, այս յատուկ բջիջները անոր կարելիութիւնը կու տան հաղորդակցելու ուղեղին հետ: Այս «նամակաբաշխերը» ուղեղին անդադար լուր կու տան մեր անօթութեան վիճակին մասին, ինչպէս նաեւ` մեր տրամադրութեան եւ մեր յոգնութեան մասին, շնորհիւ սերոթոնինին, քունի հորմոնին մեծ արտադրութեան շնորհիւ:

Երեւակայեցէք ճեպուղի մը, որ կը միացնէ բարձրագոյն ջղային դրութեան կեդրոնը` ուղեղը որովայնային ջղային դրութեան, այսինքն` մեր փորին: Այս ձեւով, այս երկու ուղեղները իրարու հետ կը հաղորդակցին եւ կը բանին: Բնաւ պատահած չէ՞, որ փորդ ցաւի, երբ դուն տխուր կամ մտահոգ ես: Գոյութիւն ունին բազմաթիւ միջոցներ անձկութենէն եւ նեղութիւններէն ձերբազատելու` ուղղակիօրէն փորին վրայ աշխատելով: Անոնցմէ մէկն է աքիւփոնքթիւրը. մասնագէտը շատ բարակ ասեղներ կը խրէ փորին մորթին մակերեսին` մեր զգացական վիճակին վրայ ազդելու համար: Գոյութիւն ունի նաեւ ճափոնական շիաթցուի բուժումը: Այս պարագային մասնագէտը, առանց ասեղներ գործածելու, թեթեւ ճնշումներ կը բանեցնէ իր մատներով` փորի յատուկ կէտերու վրայ: Ճափոնցիները փորը կ՛անուանեն «հարա»: Անոնց համար ստամոքսը մարդ արարածին կեդրոնն է, եւ անոր օգնելով կարելի է հանդարտիլ եւ աւելի ուրախ ըլլալ:

Խելացի Մանրէներ

Ներկայիս արհեստագիտութիւնը մեզի կ՛օգնէ` հասկնալու մեր փորին կարողութիւնները: Գիտէի՞ր, որ գոյութիւն ունին հարիւր հազար միլիառ մանրէներ մեր մարսողական խողովակին մէջ: Մօտաւորապէս երկու քիլօ կշռող մանրէներու այս խումբը, որ կը կրէ մայքրոպայոթ անունը, կրնայ վախնալիք թուիլ, սակայն անիկա անհրաժեշտ է: Այս մանր մանրէներն են, որոնք կը մարսեն այն ուտելիքները, որ մեր մարմինը չի կրնար մարսել:

Մուկերու վրայ կատարուած ուսումնասիրութիւն մը փաստած է, որ երբ անասունը այդ մանրէները չունի իր մարմնին մէջ, ան կը խուսափի իր առողջութեան համար վտանգաւոր թուացող ուտելիքներէն: Հետեւաբար մեր ստամոքսին մէջի մանրէները կ՛ազդեն մեր վերաբերումին եւ վարքին վրայ` մեզ պահպանելու համար: Ասիկա վստահաբար շատ լաւ նշան է: Այժմ գիտնականները կ՛աշխատին գտնելու միջոցներ, որոնք կարելիութիւնը պիտի տան մեր ապագայ հիւանդութիւնները գտնելու մեր աղտոտութիւններուն քննութիւններուն ընդմէջէն: Մենք գիտենք արդէն, որ նորածինի մը ծանրութիւնը կրնայ օգնել` նախատեսելու չափահաս տարիքին հիւանդ ըլլալու հաւանականութիւնները իր մօրը փորին մէջ մանուկին ստացած սնունդը կրնայ մեծ ազդեցութիւն ունենալ ապագային անոր առողջութեան վրայ:

* * *

Ամէն պարագայի, լաւ վիճակի մէջ գտնուելու համար կարեւոր է ստամոքսին հոգ տանիլ` անոր հայթայթելով տեսակաւոր սնունդ, պտուղներ, բանջարեղէններ, ձուկ, հացահատիկ, նշայոտ ուտելիքներ եւ քիչ մը միս… եւ անշուշտ` շատ ջուր խմել:

Անհաւատալի Բայց Իրաւ

–  Գիտէի՞ր, որ կարելի է փիցցայի համով պաղպաղակ գնել Ամերիկայի Ֆիլատելֆիա նահանգին մէջ:

–  Թի. Ռեքս հոյամողէսը կրնար մէկ անգամէն կլլել մինչեւ 45,4 քիլօ միս:

–  Կարգ մը անձրեւի կաթիլներ համպըրկըրի հացի ձեւ կրնան ունենալ:

–  Անթարքթիքան միակ ցամաքամասն է, ուր թոռնետոներ չեն արձանագրուած: Սակայն գիտնականներ կ՛ըսեն, թէ ոչինչ կ՛արգիլէ, որ նման բան մը հոն ալ պատահի:

–  Գետնառիւծը իր մարմնին գոյնը կը փոխէ մօտաւորապէս 20 երկվայրկեանէն:

–  Կապոյտ ապակիով արեւու ակնոցներ գործածելը մեզի նուազ անօթի կը զգացնէ:

–  Տաք ջուրը քիչ մը աւելի կը կշռէ, քան` պաղ ջուրը:

–  Ուղտ մը կը սկսի քրտնիլ միայն այն ատեն, երբ անոր մարմնին ջերմութիւնը կը հասնի 41 աստիճանի:

–  Հրատ մոլորակին վրայ գոյութիւն ունի հրաբուխ մը, որ էվերեսթէն երեք անգամ աւելի բարձր է:

–  Մեր կեանքին ընթացքին մեր արտադրած լորձունքը կրնայ լեցնել մօտաւորապէս 30 հազար ջուրի շիշեր:

–  Մենք որքան կեդրոնանանք, այնքան նուազ կը թարթենք:

–  Մարդկային ուղեղը կրնայ մինչեւ 1000 բառ կարդալ մէկ վայրկեանին մէջ: Սակայն ընդհանրապէս մարդոց մեծ մասը կը կարդայ մօտաւորապէս 200 բառ:

Ժամանց

Կրնա՞ս գտնել երկու կերպարներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող 10 տարբերութիւնները:
Կրնա՞ս գիտնալ, թէ Անին իբրեւ ի՛նչ ծպտուած է ընկերուհիին հաւաքոյթին համար: Հաւաքոյթին նիւթը «Ովկիանոս» էր: Ան ո՛չ կրկնակօշիկներ հագուեցաւ, ո՛չ ալ` տան մէջ հագուելիք կօշիկներ: Ան հագուեցաւ հագուստ, բայց հագուստին վրայ կէտեր չկային: Ան գլխուն վրայ բան մը դրաւ, բայց ատիկա գլխարկ չէր: Ան վզին շուրջ դրաւ բան մը, բայց` ոչ վզկապ: Ան հետը առաւ առարկայ մը, որ հովանոց չէր:
Կրնա՞ս գտնել այս տան մէջ գտնուող 16 արտասովոր մանրամասնութիւնները:
Նախորդը

50 Տարի Առաջ (4 Նոյեմբեր 1967)

Յաջորդը

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Պէյրութի Մասնաճիւղի 2016-2017 Տարեշրջանի Տարեկան Բանակում

RelatedPosts

Հալոուինի Սովորութեան Ծագումը
Մանկապատանեկան

Հալոուինի Սովորութեան Ծագումը

October 31, 2026
Նոր Ձեւ Մը` Կերպընկալներուն Դէմ Պայքարելու Համար
Մանկապատանեկան

Նոր Ձեւ Մը` Կերպընկալներուն Դէմ Պայքարելու Համար

October 24, 2026
Սեւ Ծաղիկ Մը, Որ  Առանց Լոյսի Կ՛ապրի…
Մանկապատանեկան

Սեւ Ծաղիկ Մը, Որ Առանց Լոյսի Կ՛ապրի…

October 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.