Թոքիոյի 2021 Ողիմպիական Խաղերը
Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Ամէն երկու տարին անգամ մը տեղի կ՛ունենան աշխարհի ամէնէն մեծ մարզանքի «տօնը»` Ողիմպիական խաղերը: Այս տարի կարգն է ամառնային Ողիմպիական խաղերուն, որոնք տեղի պիտի ունենան Թոքիոյի մէջ 23 յուլիսէն 8 օգոստոս: Այս խաղերը պիտի կատարուէին 2020-ի ամրան, սակայն պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով անոնք մէկ տարիով յետաձգուեցան: Բայց «Քորոնա»-ի համաճարակին պատճառով կազմակերպիչ յանձնախումբը որոշեց, որ խաղերը տեղի...




















