Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տաբատի Միջազգային Օ՞ր

Յունուար 15, 2022
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Մենք չենք գիտեր, թէ ան ինչի՛ կրնայ ծառայել… սակայն, այո՛, գոյութիւն ունի Տաբատի միջազգային օր մը: Անիկա տեղի կ՛ունենայ 13 յունուարին: Աշխարհին շուրջ մօտաւորապէս վաթսուն քաղաքներէ բազմաթիւ անձեր կը մասնակցին այս օրուան:

***

– Ո՞ւր ծնած է տաբատը

Մեզի ծանօթ աշխարհի ամէնէն հին տաբատը գտնուած է Չինաստանի մէջ: Անիկա 3000 տարուան է: Այս զգեստը սկիզբը յղացուած է երկար ժամանակ ձիու վրայ կարենալ մնալու համար: Կամաց-կամաց աշխարհի շուրջ մարտիկները զայն որդեգրած են, ապա 17-րդ դարուն անգլիացի նաւաստիներն են, որոնք կը սկսին տաբատ հագուիլ:

– Երկար ժամանակ` կիներուն արգիլուած

19-րդ դարուն տաբատը կը ստանայ այժմ մեզի ծանօթ ձեւը, եւ ան յատկացուած է միայն այր մարդոց: Այն կիները, որոնք կը համարձակին տաբատ հագուիլ, տուգանքի կ՛ենթարկուին: Կամաց-կամաց կարգ մը մարզիկ կիներ կը համարձակին բացայայտօրէն այս զգեստը հագուիլ: Ապա կարգը կու գայ շարժապատկերի դերասանուհիներուն: Համաշխարհային Բ. պատերազմէն ետք (1939-1945) կիներու տաբատ հագուելու գաղափարը կ՛ընդունուի պարտիզպանութեան կամ ժամանցներու ընթացքին: 1960-ական թուականներուն Իվ Սեն Լորան կը ներկայացնէ կիներու սմոքինկը (տաբատ եւ բաճկոնակ):

– Քանի՞ հատ տաբատ` մեր պահարաններուն մէջ

Ըստ ուսումնասիրութեան մը, անձ մը միջին հաշուով 10 տաբատ ունի: Այդ տաբատները յատկապէս ճինզեր են: Այս տեսակի տաբատը հնարուած է յատկապէս Միացեալ Նահանգներու մէջ, 19-րդ դարու վերջաւորութեան, Քալիֆորնիոյ մէջ ոսկի փնտռողներուն համար: Ապա ան կ՛որդեգրուի երկրագործներուն եւ բանուորներուն կողմէ: Այս շատ տոկուն կապոյտ կերպասը աշխարհը կը նուաճէ:

– Տաբատի միջազգային օր

Տաբատի միջազգային օրը «կը տօնուի» 13 յունուարին: Այդ օրը այս «տօնակատարութեան» մասնակցողները կը շրջին իրենց ներքնազգեստով, կարծէք բնական ըլլար առանց տաբատի, փէշի, կամ շորթի պտտիլը…

Այս արարքին նպատակը ցնցելը կամ վիրաւորելը չէ, այլ ազատ զգալ եւ զբաղիլ` տեսնելով այս դէպքին անծանօթ մարդոց հակազդեցութիւնները:

Գիտէի՞ր, Թէ

Նորաձեւութիւն

1960-ական թուականներուն աշխարհը կը ծանօթանար մէկ անգամ գործածուող եւ թափուող առարկաներուն եւ ապրանքներուն: Մարդիկ շատ ուրախ էին` ուտելէ ետք թափելով իրենց պնակներուն դգալ-պատառաքաղները… Հետեւաբար, ինչո՞ւ նոյնը կարելի պիտի չըլլար հագուստներու պարագային:

1966 թուականին «Սքոթ փէյփըր քոմփանի» ընկերութիւնը մարդոց ներկայացուց թուղթէ հագուստը: Ասիկա պարզ առեւտրական ծանուցումի անցողիկ միջոց մըն էր: Սակայն թուղթէ հագուստները յանկարծ շատ մեծ խանդավառութիւն յառաջացուցին: Երբ անոնք կը պատռուէին, կարելի էր պզտիկ կպչուն երիզով մը նորոգել, իսկ երբ անոնք աղտոտուէին, անոնք պարզապէս աղբը կը նետուէին…

«Սքոթ փէյփըր քոմփանի»-ն բնաւ չէր երեւակայեր, որ նման պարզ գաղափար մը կրնար այդքան մեծ հետաքրքրութիւն յառաջացնել: Առաջին վեց ամիսներուն ան ծախեց աւելի քան կէս միլիոն թուղթէ հագուստ:

Սակայն 1960-ական թուականներուն այս հետաքրքրութիւնը նուազեցաւ: Ժամանակները կը փոխուէին, եւ մարդիկ սկսած էին մտածել մոլորակին «առողջութեան» մասին եւ աւելի զգուշ էին կենսոլորտի ապականումի հարցով, փնտռելով կայուն միջոցներ իրենց ապրելակերպին մէջ, խուսափելով մէկ անգամ գործածուող եւ սպառուող ապրանքներէն:

Չինաստան

Մեծ Մաքրութիւն

Չինաստանի մէջ Փեքին մայրաքաղաքը ամէնէն մեծ թիւով միլիառատէրեր ունեցող քաղաքն է: Հոն գոյութիւն ունի նոր տեսակի դպրոց մը: Այդ դպրոցը յաճախողները կը սորվին ինչպէս դառնալ կատարեալ օգնական մը, որ պիտի կարենայ տարբեր տեսակի ծառայութիւններ մատուցել քաղաքի հարուստ բնակիչներուն. այս ուսանողները պահարանները մաքրելու եւ առարկաները դասաւորելու համար մասնագէտներ կը դառնան:

Այս դասընթացքին կը մասնակցին 50 ուսանողներ. ան կը տեւէ 10 օր, եւ անոր գինը մօտաւորապէս 4000 տոլար է: Ուսանողները հոն կը սորվին հիմնական օրէնքներ, ինչպէս, օրինակի համար, նուազ արժէք ունեցող առարկաները ետեւը դնել, իսկ կօշիկները շարել ըստ գոյնի:

Շրջանաւարտները կը դառնան «Զատել, ծալել, շարել»-ու արհեստավարժներ եւ կրնան ամսական շահիլ մինչեւ 5000 տոլար:

Հնդկաստան

 Հնդկաստանի Մէջ Դպրոցները Փակ Են
Օդի Ապականումին Պատճառով

Մէկ ու կէս տարիէ ի վեր մենք յաճախ կը լսենք, որ դպրոցները ստիպողական կերպով կը փակուին «Քորոնա» ժահրին պատճառով: Սակայն այս շրջանին Հնդկաստանի մէջ դպրոցներուն փակման պատճառը տարբեր է:

* * *

Տելհի Հնդկաստանի մեծ քաղաքներէն մէկն է: Անոր սահմաններուն մէջ կը գտնուի Նիւ Տելհին` երկրին մայրաքաղաքը: 14 նոյեմբերին մայրաքաղաքին բոլոր դպրոցները փակուեցան օդի ապականումին պատճառով: Երկու շաբաթ ետք անոնք տակաւին փակ կը մնային: Նոյնիսկ քաղաքին բնակիչներուն կը թելադրուի տուները մնալ, որովհետեւ այդ ապականումը վնասակար է առողջութեան:

Այս եղանակին օդի ապականումը շատ կը բարձրանայ, որովհետեւ երկրագործները Տելհիի շուրջ դաշտերուն մէջ կրակներ կը վառեն հողը մշակելու պատրաստելու համար:

Անշուշտ այս ապականումը կը ծանրանայ գործարաններուն, ինքնաշարժներուն, ջեռուցումի դրութեան պատճառով:

Միացեալ Նահանգներ

 Երկինքէն Ինկող Ձուկեր

Քանի մը օր առաջ Միացեալ Նահանգներու հիւսիսը գտնուող Թեքսաքարնա քաղաքին բնակիչները ականատես եղան տարօրինակ երեւոյթի մը` մօտաւորապէս 15 սմ մեծութեամբ ձուկերու «անձրեւի» մը:

Նման դէպք մը հազուադէպ է բնութեան մէջ: Անիկա կը պատահի, երբ փոթորոկի պատճառով պտուտահողմ  կը յառաջանայ: Ջուրին վրայէն անցնելով` այս պտուտահողմը օդ կը բարձրացնէ ձուկերը, ապա քիչ  ետք ան զանոնք «կը ձգէ», երբ կը հանդարտի:

Ժամանց
Կրնա՞ս գտնել 2 պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող 7 տարբերութիւնները:
Կրնա՞ս օգնել իւրաքանչիւր փոքրիկի` գտնելու իր տան ճամբան:
Կրնա՞ս 3-3 խմբել (վզկապ, ձեռնոց, գլխարկ) նոյն զարդերը ունեցող առարկաները:
Կրնա՞ս գտնել պատկերին մէջ պահուած առարկաները:
Նախորդը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` ՀՄԸՄ Պէյրութ – Անիպալ Զահլէ

Յաջորդը

Սոնիա Նիկոլեան (Ը.) Խիզախ Լրագրողը

RelatedPosts

Ամառ Է.  Տաքէն Պաշտպանուինք
Մանկապատանեկան

Ամառ Է. Տաքէն Պաշտպանուինք

Յուլիս 5, 2025
Հսկայական Կէտ Մը… Լոնտոնի Մէջ
Մանկապատանեկան

Հսկայական Կէտ Մը… Լոնտոնի Մէջ

Յունիս 28, 2025
Տարուան Ամէնէն Երկար Ցերեկի Օրը` Ամառնային Արեւադարձի Օրը
Մանկապատանեկան

Տարուան Ամէնէն Երկար Ցերեկի Օրը` Ամառնային Արեւադարձի Օրը

Յունիս 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?