Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արեւուն Ազդեցութիւնը Մեր Տրամադրութեան Վրայ

Հոկտեմբեր 16, 2021
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Այս օրերուն արեւը պիտի սկսի կամաց կամաց ծածկուիլ աշնանային ամպերով: Հաւանաբար դուք պիտի նշմարէք, թէ ինչպէ՛ս ձեր տրամադրութիւնը միշտ աւելի լաւ պիտի ըլլայ, երբ օդը պայծառ է, եւ արեւը կը փայլի:

Ասիկա պարզ տպաւորութիւն մը չէ: Արեւը իսկական ազդեցութիւններ ունի մեր մարմնին եւ ընդհանուր էութեան վրայ: Սակայն, ինչպէս բոլոր լաւ բաներուն պարագային, պէտք չէ այս երեւոյթը չարաշահել:

***

Ճիշդ է, որ արեւուն տաքութիւնը մեծ դեր կը խաղայ, սակայն արեւուն լոյսն է, որ յատկապէս կ՛ազդէ մեր տրամադրութեան վրայ: Այս լոյսը կը թափանցէ մեր մարմնին մէջ աչքերուն ընդմէջէն, կը դրդէ մեր մարմնին մէջ բնականօրէն գոյութիւն ունեցող հորմոնները` անտորֆինները եւ սերոթոնինը, որոնք կը կոչուին նաեւ «երջանկութեան հորմոններ»:

Անտորֆինները կ՛արտադրուին ուղեղին կողմէ, յատկապէս` սթրեսի կամ ֆիզիքական աշխատանքի պարագային, երբ անոնք 30 վայրկեանէն աւելի կը տեւեն: Այս հորմոններուն արտադրութիւնը կը նուազեցնէ ցաւի տպաւորութիւնը, մեր ուղեղը կը հանդարտեցնէ` յատկապէս նուազեցնելով սթրեսը, կը դիւրացնէ քունի անցնիլը, եւ յատկապէս մեզի կը հայթայթեն դրական զգացում մը:

Սերոթոնինը հորմոն մըն է, սակայն նոյն ատեն ան ջղային հաղորդիչ մըն է նաեւ: Ան կարելիութիւնը կու տայ տարբեր տեղեկութիւններու փոխանցումը ջղային բջիջներուն միջեւ: Ան կ՛օգնէ կառավարելու եւ կանոնաւորելու մեր տրամադրութիւնը, որպէսզի ան ծայրայեղ վիճակէ մը (մեծ տխրութիւն) ուրիշ ծայրայեղ վիճակի չանցնի (մեծ ուրախութիւն) անդադար: Ասիկա շատ յոգնեցուցիչ կրնայ դառնալ…

Երբ արեւը կը հասնի մեր ուղեղին, ան հետագային կ՛արտադրէ նաեւ մելաթոնինը` քունի հորմոնը: Այս հորմոնն է, որ մեզի կարելիութիւնը կու տայ հաւասարակշռութիւն մը գտնելու զարթնումի եւ քունի միջեւ, աւելի շուտ քնանալու եւ դիւրին քունի անցնելու… Ան կը կանոնաւորէ մեր ներքին ժամացոյցը: Եւ ամէն մարդ գիտէ, որ մեր տրամադրութիւնը շատ լաւ կ՛ըլլայ առտուն, լաւ քունէ մը ետք:

***

Տէ կենսանիւթին կարեւորութիւնը

Հիմա մենք կը հասկնանք, թէ ինչո՛ւ արեւը մեզի այդքան լաւութիւն կ՛ընէ: Սակայն ասիկա անոր միակ դրական ազդեցութիւնը չէ: Արեւը մեծ դեր ունի նաեւ Տէ կենսանիւթին արտադրութեան վրայ. այս կենսանիւթը էական է մեր մարմնի լաւ աշխատանքին համար:

Այս կենսանիւթը կը նպաստէ մեր մարմնի դիմադրականութեան (հիւանդութիւններուն եւ վարակումներուն դէմ պայքարելու կարողութեան) ամրացումին, կ՛օգնէ մեր ոսկորներուն աճումին եւ առողջութեան: Ան մեզի կարելիութիւնը կու տայ նաեւ պայքարելու սթրեսին եւ տարիներու ընթացքին յայտնուող ծերութեան նշաններուն դէմ (կնճիռներ, աչքի տակ կապտաւուն ծիրեր…):

Երբ արեւուն ճառագայթները կը թափանցեն մեր մորթին մէջ, անոնք մեր մարմնին մէջ բնականօրէն գոյութիւն ունեցող մասնիկ մը կը փոխեն Տէ կենսանիւթի: Շաբաթը երկու անգամ 15-30 վայրկեան արեւուն տակ անցընելը արդէն բաւարար է Տէ կենսանիւթի պահեստը ամբողջացնելու համար:

Արեւէն պէտք է միշտ պաշտպանուիլ

Անշուշտ արեւը շատ դրական ազդեցութիւններ ունի մեր մարմնին եւ տրամադրութեան վրայ: Սակայն մենք ուշադիր պէտք է ըլլանք եւ նոյն ատեն պաշտպանուինք, որովհետեւ այլապէս ան կրնայ մեծ վնասներ հասցնել: Արեւը կրնայ մեր մորթը կանուխէն ծերացնել եւ կրնայ քաղցկեղներ (ծանր հիւանդութիւններ) յառաջացնել: Այս պատճառով շատ կարեւոր է մեր մարմինը պաշտպանել արեւու լաւ քրեմով մը, մեր մարմինը ծածկել հագուստներով եւ խուսափիլ արեւուն տակ ըլլալէ օրուան ամէնէն տաք ժամերուն, կէսօրուան ժամը 12:00-էն կէսօրէ ետք ժամը 4:00:

Լոյսը Ինչպէ՞ս Կը Հասնի Մինչեւ Մեր Ուղեղը

Աչքը կազմուած է բազմաթիւ բաժիններէ, որոնց կարգին է ցանցենին: Ան զետեղուած է աչքին խորքը. ան է, որ կը բռնէ լոյսը` շնորհիւ զայն նկարներու փոխակերպելու իր յատուկ բջիջներուն: Այս յատուկ բջիջները կապուած են ջղային բջիջներուն եւ կարելիութիւնը կու տան տեղեկութիւնները հաղորդելու ուղեղին:

Հետաքրքրական

 Ի՞նչ Է Պիթքոյնը

Բնաւ լսա՞ծ ես պիթքոյնի մասին: Ան վիրթուըլ դրամ մըն է, որ գոյութիւն ունի միայն համացանցին վրայ: Իր յայտնուելէն ի վեր, 2003 թուականին, ան ժամանակի ընթացքին միշտ աւելի սկսաւ գործածուիլ: Ան նոյնիսկ ճանչցուեցաւ իբրեւ պաշտօնական դրամ` Կեդրոնական Ամերիկայի Սալվատոր երկրին մէջ:

Ճիշդ է, որ ան շօշափելի դրամ մը չէ, սակայն տոլարի եւ եւրոյի նման դրամ մըն է: Ինչպէս միւս բոլոր դրամները, ան կը գործածուի իբրեւ չափման միաւոր` ապրանքներու գինը արժեւորելու համար: Ան կը գործածուի նաեւ իբրեւ վճարումի միջոց, այսինքն կարելի է պիթքոյնը փոխարինել այն ապրանքներով, զոր մենք կ՛ուզենք գնել: Սակայն ան ուրիշ դրամներու նման չէ: Ան ձեռքի մէջ շօշափելի կերպով գոյութիւն չունի, այլ` միայն համացանցին վրայ: Հետեւաբար մենք պէտք չունինք ո՛չ մետաղադրամներու, ո՛չ ալ թղթադրամներու: Ան գոյութիւն ունի քոտի թիւերու ձեւի տակ. կարելի է զայն գնել եւ պահել համացանցին վրայ:  Այս դրամ ներկայացնող քոտերը կրնան փոխանակուիլ, ինչպէս, օրինակ, կը փոխանակուին ե-նամակները, այս ձեւով առիթը տալով համացանցին վրայ գնումներ կատարելու արագօրէն եւ անանուն կերպով:

Պիթքոյնը ուրիշ դրամներու նման պետութեան մը կողմէ չէ ստեղծուած, այլ` համակարգիչի մասնագէտներու կողմէ, 2009 թուականին: Հետեւաբար ո՛չ մէկ պետութիւն կրնայ զայն ղեկավարել եւ խաղալ անոր արժէքին հետ, որ զօրաւոր կերպով կ՛ազդուի ըստ պիթքոյնի գնելու պահանջին:

Այս վերջին տարիներուն պիթքոյնի արժէքը մէկ անգամէն շատ բարձրացաւ, որովհետեւ միշտ աւելի մեծ թիւով մարդիկ ուզեցին ունենալ այս դրամէն: Ասիկա շատ լաւ արդիւնք ունեցաւ բոլոր անոնց համար, որոնք սկզբնական շրջանին շատ աժանի գնած էին պիթքոյն եւ պիտի կարենան իրենց այդ պիթքոյնները շատ սուղ ծախել:

Սակայն անշուշտ ուշադիր պէտք է ըլլալ պատահական վտանգներուն: Եթէ օր մը այդ դրամին պահանջը նուազի, անոր արժէքը պիտի իջնէ, եւ խնայողութիւնները պիտի անհետանան: Ասոր կողքին, պէտք չէ մոռնալ համակարգիչի «ծովահէնները», որոնք կրնան համացանցին վրայ գողութիւններ կատարել: Հետեւաբար կարեւոր է լաւ մտածել շօշափելի դրամները պիթքոյնի վերածելէ առաջ:

Ժամանց
Կրնա՞ս գտնել 2 պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող 7 տարբերութիւնները:
Կրնա՞ս գտնել ելքի ճամբան:
Կրնա՞ս ամբողջացնել թիւերու տախտակը:
Կրնա՞ս գտնել պատկերին մէջ պահուած ձեւերը:

 

Նախորդը

Յայտարարութիւններ ( 15 Հոկտեմբեր 2021)

Յաջորդը

Վարսենիկ Ճանսըզեանի Մահուան Քառասունքին Առիթով. Հաւատաւոր ԼՕԽ-ական

RelatedPosts

Արհեստական Բանականութիւնը Կրնա՞յ Խօսիլ
Մանկապատանեկան

Արհեստական Բանականութիւնը Կրնա՞յ Խօսիլ

Հոկտեմբեր 11, 2025
Կրակներու Խաղեր Աշունը Տօնելու Համար
Մանկապատանեկան

Կրակներու Խաղեր Աշունը Տօնելու Համար

Հոկտեմբեր 4, 2025
Կրթութիւն Ստանալու Իրաւունքը
Մանկապատանեկան

Կրթութիւն Ստանալու Իրաւունքը

Սեպտեմբեր 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?