Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
Անջրպետին Մէջ` Հսկայական
Տիեզերանաւ Մը
Ան տակաւին ծրագիրի փուլին մէջ է: Չինաստան մտադրած է շինել մէկ քիլոմեթր երկարութեամբ հսկայական տիեզերանաւ մը: Սակայն անկարելի է նման շինութիւն մը դէպի անջրպետ ղրկել ամբողջական վիճակին մէջ: Ան շատ ծանր պիտի ըլլայ: Անջրպետի միջազգային կեդրոնը 110 մեթր է եւ կը կշռէ մօտաւորապէս 2800 թոն, եւ անոր տարբեր բաժինները կազմուած են անջրպետին մէջ: Ծանօթ է, որ ամէնէն հզօր հրթիռը կրնայ «միայն» 63 թոն ապրանք փոխադրել: Հետեւաբար այս հսկայ տիեզերանաւը պէտք է շինուի փուլերով:
Սակայն ան ինչի՞ պիտի ծառայէ: Առաջին հերթին, վստահաբար, ընդունելու` աստղանաւորդներ, կատարելու գիտական փորձեր, սակայն հաւանաբար նաեւ` ուսումնասիրելու անջրպետը, նոյնիսկ արեւուն շնորհիւ արտադրելու ուժանիւթ, որ կրնայ ղրկուիլ դէպի երկրագունդ: Սակայն կան տակաւին լուծուելիք կարգ մը հարցեր. ինչպէ՞ս առաջնորդել այս հսկայական տիեզերանաւը: Ուրկէ՞ գտնել դրամը` անոր շինութեան համար: Անջրպետի միջազգային կեդրոնին շինութիւնը կարօտած է 150 միլիառ տոլարի, իսկ ամէն տարի ան պէտք ունի 3 միլիառ տոլարի` զանազան աշխատանքներու համար:
Դերասանուհի Մը` Անջրպետին Մէջ
Երեքշաբթի, Ռուսիայէն եկած 2 անձեր, որոնք աստղանաւորդ չեն, հասան Անջրպետի միջազգային կեդրոն: Այս փոքրիկ խմբակը բաղկացած է շարժանկարիչէ մը եւ դերասանուհիէ մը: Անոնք անջրպետի կեդրոնին մէջ պիտի անցընեն 12 օր` շարժապատկերի մը համար տեսարաններ նկարելու համար:
Այդ շարժապատկերին նիւթը կեդրոնացած է վիրաբուժ բժշկուհիի մը պատմութեան վրայ, փրկել աստղանաւորդ մը: Առաջին անգամ ըլլալով ո՛չ վաւերագրական շարժապատկեր մը կը նկարուի անջրպետի կեդրոնին մէջ, ուր վաւերագրական ժապաւէններ արդէն նկարուած են:
Աշխարհի Վրայ Փայտէ
Ամէնէն Մեծ Շինութիւններէն
Այս փայտէ շէնքը Շուէտի Սքելեֆթի քաղաքին նոր մշակութային կեդրոնն է:
Շուէտը Եւրոպայի ամէնէն շատ անտառներ ունեցող երկիրն է: Հոն ամէն տեղ մենք կը հանդիպինք փայտէ տնակներու, շալէներու… Իսկ Սքելեֆթիի մէջ քաղաքի կեդրոնի շինութիւնները երկար ժամանակ փայտէ եղած են, հետագային այժմէականացուելէ առաջ:
Այս փայտէ նոր շէնքին մեծ մասը շինուած է խաչաձեւ կերպով իրարու փակցուած գերաններէ: Շինարարական այս ձեւը, պողպատին եւ շաղախին նման, կրնայ տոկալ փոթորկոտ օդին, երկրաշարժերուն, հրդեհներուն… Աշխարհի մէջ մարդիկ սկսած են յաճախ գործածել այս ձեւը` 50 մեթր բարձրութիւն ունեցող շինութիւններուն պարագային:
Փայտէ այս խաչաձեւ գերանները սկիզբէն կը շինուին: Մշակութային կեդրոնին պարագային, անոնք պատրաստուած են Սքելեֆթիէն 50 քմ հեռու գտնուող սղոցարանի մը մէջ: Ապա անոնք պտուտակներով իրարու միացուած եւ կազմուած են տեղւոյն վրայ:
Մշակութային կեդրոնին շինարարներուն նպատակն էր նաեւ երկրագունդին «առողջութիւնը» պահպանել: Շինութեան փայտը կու գայ շրջանին մէջ գտնուող յատուկ անտառներէ: Այս ձեւով ապրանքներուն փոխադրութիւնը սահմանափակ եղած է, եւ` նուազ օդի ապականում պատճառած:
Գիտէի՞ր, Թէ…
Շինութիւններ
Ճարտարապետներ յղացած են 65 յարկանի «Գետնաքերի» մը ծրագիրը` Մեքսիքօ Սիթիի համար: Շէնքը դէպի երկինք բարձրանալու փոխարէն` 300 մեթր պիտի իջնէ գետնին տակ:
Հնդկաստանի Թաժ Մահալի շինութիւնը տեւեց 22 տարի եւ պահանջեց 20 հազար աշխատաւորներու ճիգերը:
Թիպեթի Փոթալա պալատը կը գտնուի 3048 մեթր բարձրութեան վրայ. ան ունի մօտաւորապէս 100 սենեակ եւ եղած է թագաւորներու եւ վանականներու բնակավայրը 1300 տարիներու ընթացքին: Սակայն Տալայ Լաման հոն չէ վերադարձած բնակելու` 1939-ի իր աքսորէն ետք:
Մալեզիոյ Քուալա Լամփուր քաղաքին մէջ 452 մեթր բարձրութիւն ունեցող «Փեթրոնաս Թաուրզ» շէնքերուն շինութիւնը աւարտեցաւ 1998 թուականին: Անոնք դարձան առաջին երկնաքերները, որոնք Միացեալ Նահանգներու մէջ գտնուող որեւէ երկնաքերէ աւելի բարձր էին:
Գետնայարկի կառատունէն մինչեւ 88-րդ յարկը հասցնող «Փեթրոնա թաուրզ»-ի վերելակի «Թռիչքը» կը տեւէ 90 երկվայրկեան:
Մալաուիի մէջ ճարտարապետ մը շինած է ֆութպոլի գնդակի մը ձեւով քառայարկ տուն մը:
Ժամանց