Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արդեօք Մենք Անասուններէն Աւելի Խելացի՞ Ենք

Փետրուար 5, 2022
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Գիտէի՞ր, թէ 6 փետրուարը Անասուններու խելացութեան միջազգային օր յայտարարուած է: Մենք սովորութիւն ունինք հաստատելու, որ մարդ արարածը միւս բոլոր կենդանի էակներէն եւ յատկապէս անասուններէն աւելի խելացի է:

Ճիշդ է, որ մարդկային ուղեղը գոյութիւն ունեցող միւս էակներու ուղեղներէն ամէնէն մեծերէն է, սակայն արդեօք ասիկա կը նշանակէ՞, թէ մենք իսկապէս «սուփըր» խելացի ենք: Մտածենք քիչ մը… Կան բազմաթիւ անասուններ, որոնք անհաւատալի բաներ կ՛ընեն: Օրինակի համար, հովիւներու շուները կրնան ամբողջ հօտեր մարդոցմէ աւելի լաւ ղեկավարել…

* * *

Սակայն ի՞նչ է խելացութիւնը: Մասնագէտները այսպէս կը բացատրեն: Խելացութիւնը հարցեր լուծելու համար էակի մը վարքագիծներու ամբողջութիւնն է: Օրինակի համար, ուտելիք գտնելու պարագային, յարձակողներու դէմ պաշտպանուելու համար, ճամբան գտնելու համար… եւ կարգ մը պարագաներու, անասունները մարդոցմէ աւելի «խելացի» են: Հետեւաբար ճիշդ չէ որ մարդ արարածը ամէնէն խելացի կենդանի էակն է:

* * *

Օրինակները շատ են: Այս ձեւով, գիտէի՞ր, թէ Սահարայի մրջիւնները կրնան 400-500 մեթր տեղափոխուիլ: Այս հեռաւորութիւնը, մարդոց համեմատելով, կը համապատասխանէ աթլեթիզմի դաշտի մը շրջանը: Այսինքն շատ մեծ հեռաւորութիւն մը: Եւ երբ անոնք կը գտնեն իրենց ուտելիքը, անշուշտ զիկզակ ձեւով կտրելով այդ տարածքները` տուն վերադառնալու համար աւելի կարճ ճամբայ մը կը գտնեն, անոնք ուղիղ գիծի մը կը հետեւին: Կարծէք անոնք Ճի. Փի. Էս. գործիք մը ունենային իրենց փոքրիկ ուղեղին մէջ: Մինչ մենք, եթէ գտնուինք անապատի մը կեդրոնը, անկարող պիտի ըլլանք մեր ճամբան գտնելու` ի տարբերութիւն մրջիւնի:

* * *

Մարդ արարածը անպայման անասուններէն աւելի խելացի չէ: Կարգ մը անասուններ նոյնիսկ մեզմէ աւելի խելացի են: Նոյնիսկ եթէ անոնք մրջիւններուն նման մանր գլուխ մը ունին…

Ճի՞շդ Թէ Սխալ

 Փիղերը Կրնան Իրենց Ոտքերով «Խօսիլ»

Ճիշդ է, որ փիղերը իրենց մեծ ականջները կը գործածեն լսելու համար: Սակայն գիտէի՞ր, թէ անոնք նաեւ կրնան «լսել» իրենց ոտքերով եւ կնճիթներով:

Անոնք այս ձեւով «կը լսեն»` զգալով գետնին տակէն ճամբորդող, երբեմն շատ երկար հեռաւորութիւններ, թրթռոցները: Գիտնականները կ՛ըսեն, որ փիղերը կը զգան գետնին նուազագոյն թրթռացումները իրենց ոտքի մատներու ոսկորներուն միջոցով: Մասնագէտները նշմարած են, որ անոնք իրենց մէկ ոտքին մատներուն ծայրը գետին կը դնեն այդ թրթռացումները աւելի լաւ ստանալու համար. այդ նշանները «կը ճամբորդեն» մատի ոսկորներէն մինչեւ ականջ:

Փիղին կնճիթին ծայրը եւ անոր ոտքերուն ներբանները օժտուած են յատուկ բջիջներով, որոնք կ՛օգնեն արձանագրելու երկրագունդին խանգարումները: Փիղերը կրնան բացատրել այդ թրթռացումներուն իմաստը, ինչպէս, օրինակ, «կ՛անձրեւէ», «յարձակող անասուն մը», եւ թէ անոնք ո՛ր կողմէն կու գան, նոյնիսկ` քիլոմեթրեր հեռուէն: Ասիկա շատ գործնական է, երբ անոնք կը փորձեն ջուր գտնել, կամ խուսափիլ սպառնացող գազաններէ, ինչպէս` առիւծները:

* * *

Սակայն, գիտէի՞ր, թէ բացի փիղերէն` ուրիշ անասուններ ալ կրնան հաղորդակցիլ գետնի թրթռացումներուն միջոցով, միջատները, սարդերը, գորտերը… Մասնագէտները նշմարած են, որ փիղերը կը սառչին, երբ կը զգան այդ նշանները` հաւանաբար զանոնք բացատրելու եւ իրենց առնելիք յաջորդ քայլին մասին մտածելու համար: Անոնք իրենց կնճիթն ալ կը դնեն գետին եւ իրենց մարմինին դիրքը կը փոխեն այդ նշանները աւելի լաւ ստանալու համար:

Գիտէի՞ր Թէ

Ուղեղին Մասին

– Մեր ուղեղը ելեկտրականութիւն կ՛արտադրէ: Այդ արտադրուած ելեկտրականութիւնը լամբ մը վառելու չափ ուժ ունի:

– Մարզանքը կրնայ մեր ուղեղը աւելի աշխուժ դարձնել:

– Ամէն վայրկեան մօտաւորապէս 3 գաւաթ` 750 միլլիլիթր արիւն կ՛անցնի մեր ուղեղին մէջէն:

– Գիտնականները տակաւին լաւ չեն հասկցած, թէ ինչո՞ւ մարդիկ կը յօրանջեն: Սակայն անոնք կը հաւատան, որ այս աւելորդ օդը ուղեղը կը զովացնէ:

– Երբ մենք մեզ կը խտղտացնենք, մեզի համար անկարելի կ՛ըլլայ խնդալ, որովհետեւ մեր ուղեղէն բաժին մը կը նախատեսէ մեր շարժումը:

– Տարբեր լեզուներով շրջապատի մը մէջ մեծցած մանուկներուն ուղեղները տարբեր կապակցութիւններով կ՛օժտուին, եւ անոնք կրնան աւելի լաւ արդիւնքներ արձանագրել դպրոցին մէջ:

– Տուրմ ուտելը մեր ուղեղին մէջ կ՛արտադրէ ուրախ տրամադրութիւն պատճառող քիմիական նիւթեր:

– Մեր թեւերը խաչաձեւելը մեր մարմինին մէջքի ցաւը կրնայ նուազեցնել` մեր ուղեղին մէջ ձախ կողմի եւ աջ կողմի նշանները իրարու հետ շփոթելով:

– Մօտաւորապէս 3000 տարի պիտի տեւէ հաշուելու համար մեր ուղեղին մէջ գոյութիւն ունեցող ջղային բջիջները:

Ժամանց
Կրնա՞ս գտնել 2 պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող 7 տարբերութիւնները:
Կրնա՞ս օգնել այս ձիուն` գտնելու համար ծաղիկներու դաշտ հասցնող ճամբան:
Կրնա՞ս գտնել, թէ ո՛ր ճամբան կարելիութիւնը պիտի տայ այս ձիաւորին հաւաքելու 100 կէտ:
Կրնա՞ս գտնել պատկերին մէջ պահուած առարկաները:

 

 

 

Նախորդը

Յայտարարութիւններ (4 Փետրուար 2022)

Յաջորդը

Ի՞նչ Կ՛ընենք… Եւ Ի՞նչ Ընել Կ՛ուզենք

RelatedPosts

Ի՞նչ Է Ալկորիթմը
Մանկապատանեկան

Ի՞նչ Է Ալկորիթմը

Մայիս 10, 2025
Եութուպը (YouTube) 20 Տարեկան Է
Մանկապատանեկան

Եութուպը (YouTube) 20 Տարեկան Է

Մայիս 3, 2025
Ձեռային Աշխատանք.  Զատկուան Պատրաստութիւններ
Մանկապատանեկան

Ձեռային Աշխատանք. Զատկուան Պատրաստութիւններ

Ապրիլ 12, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?