Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լեկոյէ Ձեռք Մը Եւ Թեւ Մը

Նոյեմբեր 13, 2021
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Տէյվիտ 22 տարեկան երիտասարդ մըն է, որ ծնած է առանց աջ թեւի ծայրամասի բաժինին: Սակայն 9 տարեկանին ան կրցած է իրեն համար լեկոյով շինել փոխարինող ձեռք մը` իբրեւ փրոթեզ: Եւ ահա 12 տարիներէ ի վեր ան կը շարունակէ բարելաւել ու կատարելագործել իր այս գիւտը, եւ ան սկսած է նոյնիսկ փրոթեզներ շինել ուրիշ անձերու համար:

***

Երբ Տէյվիտ ծնած էր 22 տարի առաջ, ան միայն մէկ ամբողջական թեւ մը ունէր: Մինչ այս կողմը անոր կը պակսէր թեւին կէսը եւ անշուշտ` ձեռքը: 5 տարեկանին ան կը ծանօթանայ լեկոյի խաղին եւ չորս տարի ետք, 9 տարեկանին ան կը շինէ իր առաջին փոխարինող թեւը` փրոթեզը, գունաւոր լեկոյի կտորներով:

Ժամանակի ընթացքին Տէյվիտ շարունակեց երեւակայել, բարելաւել ու իր կեղծ թեւէն տարբերակներ ստեղծել: Եւ որովհետեւ դպրոցի ընկերները իր վրայ կը խնդային, ան ընդհանրապէս իր ժամանակը կ՛անցընէր առանձին խաղալով, երեւակայելով, ստեղծելով, շինելով…

17 տարեկանին ան կը կարենայ շինել շատ ճշգրիտ եւ տոկուն փրոթեզ մը, որով կրնայ հրումներ (փուշ-ափներ) ընել երկու ձեռքերով… միշտ լեկոյի կտորներով շինուած կեղծ թեւով մը: Այժմ ան կը գործածէ իր կեղծ թեւին հինգերորդ տարբերակը` անոր կապոյտ ձողերով, որոնք իբրեւ մատ կը ծառայեն, եւ զոր ինք կրնայ շարժիլ:

***

Տէյվիտ շուրջիններուն ուշադրութիւնը կը գրաւէ: Անոր մասին կը սկսի խօսուիլ լուրերուն մէջ, թերթերուն մէջ, պատկերասփիւռէն, համացանցին վրայ… Երբ ան տակաւին ուսանող էր, կը հրատարակէ գիրք մը, կու տայ դասախօսութիւններ, կը մասնակցի «Լեկօ մասթըրզ» յայտագիրին եւ նոյնիսկ կը հրաւիրուի ՆԱՍԱ-ի կողմէ` խօսելու համար այդ նոր արհեստագիտութեան մասին: Ան կը ստեղծէ Եութուպի վրայ իր անձնական էջը, ուր ինքզինք կը ներկայացնէ իբրեւ «Հենտ Սոլօ»` ներշնչուելով «Սթար Ուորզ»-ի ժապաւէններու հերոսներէն` Հան Սոլոյի կերպարէն («Հենտ» անգլերէնով կը նշանակէ ձեռք):

Քանի մը ամիսներ առաջ Ղազախստանէն կին մը իրեն կը գրէ իր 8 տարեկան տղուն մասին` Պեքնութ, որ առանց թեւի ծնած է: Անոր առաջարկուած կեղծ թեւերը շատ մեծ են, կամ` շատ ծանր: Օգոստոսի վերջաւորութեան փոքրիկ տղան եւ իր մայրը կ՛երթան Անտոր, որ Ֆրանսայի եւ Սպանիոյ միջեւ փոքրիկ շրջան մըն է, փորձելու համար կեղծ թեւը, որ Տէյվիտ շինած է անոր համար: Այս կեղծ թեւը թեթեւ է եւ ունի աքցանի նման ծայր մը, զոր Պեքնուր կրնայ ղեկավարել իր ձախ ոտքին կապուած պարանի մը միջոցով:

Այժմ Պեքնուր կրնայ իրեր բռնել, գնդակ մը նետել կամ նոյնիսկ համակարգիչը գործածել:

Այս դէպքը մտածել կու տայ Տէյվիտի: Եթէ ինք կրցաւ Պեքնուրի համար շինել այս փրոթեզը, արգելք չկայ, որ փորձէ ուրիշ տղու մը կամ աղջկան մը համար շինել նոյնիսկ կեղծ ոտք մը:

Ձախլի՞կ, Թէ՞ Աջլիկ

Ձախլիկ կամ աջլիկ ըլլալը կախեալ է մեր ուղեղէն:

Ձախլիկ անձը կը նախընտրէ գործածել իր ձախ ձեռքը` աշխատանքներ կատարելու ընթացքին: Ձախլիկին ամբողջովին հակառակը աջլիկ անձն է: Այս երեւոյթը կապուած է ուղեղին հետ: Մեր ուղեղը կազմուած է կիսագունդերէ` ձախ եւ աջ բաժինները. իսկ տարօրինակը այն է, որ իւրաքանչիւր բաժին կը ղեկավարէ մարմնին հակառակ կողմը: Այս ձեւով, օրինակի համար, ուղեղին ձախ կիսագունդը կը կառավարէ մեր մարմնին աջ կողմը: Արդ, ուղեղին այս ձախ կողմի կիսագունդին մէջն է, որ կը գտնուի լեզուն: Եւ որովհետեւ մարդ արարածը շատ լաւ զարգացուցած է ձախ կիսագունդին մէջ գտնուող լեզուն, իր մարմնին աջ կողմի, եւ հետեւաբար աջ ձեռքին, որ գրելու կը ծառայէ, ճարտարութիւնը աւելի զարգացած է: Այս ձեւով է, որ մարդոց մեծամասնութիւնը աջլիկ է:

Սակայն մասնագէտները յստակօրէն չեն գիտեր, թէ ինչո՞ւ ամբողջ մարդկութիւնը աջլիկ չէ: Իսկ նոյն ատեն փաստուած է, որ բոլոր աշխատանքներուն պարագային աջլիկ ըլլալը հազուադէպ է: Այս ձեւով, օրինակի համար, կարելի է աջլիկ ըլլալ ձեռքի պարագային, ձախլիկ` ոտքի, եւ աջլիկ` աչքի պարագային:

Ուղեղին երկու բաժինները իրարու նման են: Երկուքն ալ ունին նոյն բաժանմունքները, որոնք յատուկ պաշտօններ ունին (լսողութիւն, տեսողութիւն…): Կարելի չէ հաստատել, որ անձ մը ձախլիկ կը ծնի, կամ ժամանակի ընթացքին ձախլիկ կը դառնայ: Վստահաբար ծինային ժառանգութիւնը ունի իր դերը այս հարցին մէջ: Այս ձեւով մենք մեր ընտանիքի անդամներէն կը ժառանգենք ձախլիկ ըլլալու դրութիւնը: Սակայն ինչպէ՞ս կարելի է այս երեւոյթը ստուգել: Մասնագէտները հետաքրքրուած են զոյգերու պարագաներով: Անշուշտ գոյութիւն ունին իսկական զոյգեր եւ կեղծ զոյգեր: Երբ զոյգերէն մէկը ձախլիկ է, արդեօ՞ք միւս զոյգն ալ ձախլիկ է: Այս երեւոյթը շատ աւելի տարածուած է իսկական զոյգերու պարագային (որոնք մէկ ձուիկէ սերած են), քան` կեղծ զոյգերու պարագային (որոնք երկու տարբեր ձուիկներէ սերած են): Հետեւաբար ծինային ժառանգութիւնը դեր մը կը խաղայ: Սակայն միայն ասիկա չէ, որ կ՛ազդէ մեզ հետաքրքրող երեւոյթին վրայ: Վարժութիւնն ալ մեծ դեր կը խաղայ. եթէ երեխայ մը տեսնէ իր ծնողները, որոնք ձախ ձեռքը կը գործածեն, ան իր ծնողներուն նման ընելու հակումը կ՛ունենայ:

***

Դժբախտաբար ամբողջ ընկերութիւնը  մտածուած է եւ կազմակերպուած միայն աջլիկներուն մասին մտածելով: Սակայն կան փայլուն անձեր ալ, որոնք ձախլիկ են: Անոնք ստիպուած են աւելի մեծ ճիգ թափելու` պատշաճելու համար, եւ հետեւաբար անոնք շատ աւելի «աջ-ձախ» կապեր կ՛ունենան իրենց ուղեղին մէջ: Մենք գիտենք, որ լեզուն կեդրոնացած է ուղեղին ձախ կիսագունդին մէջ: Հաւանաբար երեւակայութիւնը եւ երեւակայականը կը գտնուին աջ բաժինին մէջ: Հետեւաբար զարմանալի չէ, որ ձախլիկի մը պարագային, գեղարուեստական եւ տեսողական յատկութիւնները աւելի զարգացած ըլլան: Հետեւաբար շատ կարեւոր է, որ ձախլիկ մը չստիպուի հրաժարիլ իր ձախ ձեռքը գործածելու բնական հակումէն… Ան կրնայ շատ աւելի արդիւնաւէտ ըլլալ իր կատարած աշխատանքներուն մէջ:

Չորս Գոյնով Շքեղ Գրիչ Մը

Վստահաբար այս գրիչը իր տեղը պիտի չգտնէ մեր գրչատուփերուն մէջ… Ան աշխարհի ամէնէն սուղ «Պիք» չոր մելանով գրիչն է, ան կ՛արժէ աւելի քան 25 հազար տոլար:

Այս գրիչը ստեղծած է ֆրանսացի գոհարավաճառ մը: Չորս գոյներով այս գրիչը մասամբ մը շինուած է ոսկիով եւ զարդարուած է 202 ադամանդներով: Այս գրիչէն շինուած են միայն 8 օրինակներ: Իւրաքանչիւր գրիչի շինութիւնը կարօտած է 500 ժամ աշխատանքի: Մինչ նոյն օրինակէն աւելի նուազ արժող մետաղով մը` պղինձէ օրինակ մը կը ծախուի մօտաւորապէս 450 տոլարի: Սակայն նոյնիսկ այս տարբերակը աշակերտի մը գրչատուփին համար շատ սուղ է: Այս գրիչները կը գտնուին հաւաքածոներ կազմողներու կողմէ, որոնք այս առարկաները կը նկատեն արուեստի գործեր:

Ժամանց
Կրնա՞ս գտնել մարդամեքենային հասցնող ճամբան:
Կրնա՞ս գտնել երկու պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող 10 տարբերութիւնները:
Կրնա՞ս գտնել մարդամեքենային համապատասխանող շուքը:
Կրնա՞ս գտնել պատկերին մէջ պահուած առարկաները:

 

Նախորդը

Յայտարարութիւններ ( 12 Նոյեմբեր 2021)

Յաջորդը

Զմմառու Ս. Միքայէլ Ընծայարանի Անուանակոչութեան Տօնն Ու Սահակ Կիս. Քէշիշեանի Սարկաւագական Ձեռնադրութիւնը

RelatedPosts

Արհեստական Բանականութիւնը Կրնա՞յ Խօսիլ
Մանկապատանեկան

Արհեստական Բանականութիւնը Կրնա՞յ Խօսիլ

Հոկտեմբեր 11, 2025
Կրակներու Խաղեր Աշունը Տօնելու Համար
Մանկապատանեկան

Կրակներու Խաղեր Աշունը Տօնելու Համար

Հոկտեմբեր 4, 2025
Կրթութիւն Ստանալու Իրաւունքը
Մանկապատանեկան

Կրթութիւն Ստանալու Իրաւունքը

Սեպտեմբեր 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?