Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
Ձմրան ցուրտին շատերը անհամբեր կը սպասեն ձիւնին լեռներուն վրայ դահուկելու համար: Դահոյկը շատ մեծ տեղ կը գրաւէ նաեւ ձմեռնային ողիմպիական խաղերուն մէջ: Սակայն ո՞վ յղացած է այդ գաղափարը` ցուրտ օդին ձիւնին վրայ սահիլ: Այս գաղափարը ծնած է… Նախապատմական շրջանին: Այդ հին ժամանակներուն արդէն մարդիկ կը սահէին ձիւնին վրայէն իրենց հօտերուն հետեւելու համար: Ապա դահուկելու սովորութիւնը կը շարունակուի հիւսիսային երկիրներուն մէջ:
19-րդ դարուն նորվեկիացի մը` Սոնտրէ Նորհայմ, զայն իսկական մարզաձեւի կը վերածէ: Զառիվայրները իջնելու եւ շատ արագ դառնալու համար ան աւելի կարճ եւ կեդրոնը աւելի նեղ դահոյկներ կը շինէ: Ան նոյնիսկ կը շահի աշխարհի առաջին դահոյկի մրցումը, 1869 թուականին:
Կարճ ժամանակ ետք ուրիշ նորվեկիացի մը` Ֆրիտժոֆ Նանսեն դահոյկով 500 քմ կը կտրէ Կրինլէնտի մէջ: Անոր այս իրագործումը այս մարզաձեւը հռչակաւոր կը դարձնէ:
* * *
Առաջին ձմեռնային Ողիմպիական խաղերը տեղի կ՛ունենան 1924 թուականին, Ալպեան լեռներու ֆրանսական բաժինին մէջ, դահոյկը այդ մրցաշարքերուն աստղն է: 1990 թուականներու շուրջ սիրողական դահուկելը կը զարգանայ. ձմեռնային մարզանքի բազմաթիւ կեդրոններ կը շինուին: Այժմ այդ կեդրոնները մեծ յաջողութիւն ունին յատկապէս Միացեալ Նահանգներու, Աւստրիոյ եւ Ֆրանսայի մէջ:
Փետրուար ամսուն, ամէն երկու տարին անգամ մը, Ալպեան դահուկելու աշխարհի ախոյեանութիւնը կը կազմակերպուի:
Ձմեռնային Ողիմպիական Խաղերը
Փեքինի Մէջ
2022 թուականի ձմեռնային Ողիմպիական խաղերը սկսան 4 փետրուարին, Փեքինի մէջ վերջ պիտի գտնեն 20 փետրուարին: Անոնց պիտի հետեւին փարա-ողիմպիական խաղերը, 4-13 մարտին:
ԳԻՏԷ՞ԻՐ, ԹԷ…
Փեքին 2008 թուականին կազմակերպած էր Ամառնային Ողիմպիական խաղերը:
Փեքին աշխարհի ամէնէն շատ բնակիչ ունեցող քաղաքներէն մէկն է, ան ունի աւելի քան 20 միլիոն բնակիչ:
Փեքին 2022 Ողիմպիական խաղերուն ընթացքին տեղի պիտի ունենան 109 մրցաշարքեր, 15 տարբեր մարզաձեւերով:
Աւելի քան 2800 մարզիկներ պիտի մասնակցին այս խաղերուն:
Բացման հանդիսութիւը տեղի ունեցաւ Փեքինի ազգային մարզադաշտին մէջ, որ ծանօթ է նաեւ «Թռչունի բոյնի» անունով:
Բոլոր մասնակցողները խստօրէն պիտի յարգեն քովիտ-19 ժահրին դէմ պայքարելու միջոցները:
Ո՛չ մէկ հանդիսատես ներկայ պիտի գտնուի այս մրցաշարքերուն:
Բազմաթիւ մրցաշարքեր տեղի պիտի ունենան Փեքինէն տասնեակաւոր քիլոմեթրեր հեռու լեռներուն վրայ: Կլիմային տաքնալուն պատճառով բաւարար ձիւն չկայ այդ լեռներուն վրայ: Այս պատճառով արհեստական ձիւն պիտի սփռուի: Սակայն այս արհեստական ձիւնին պատրաստութիւնը մեծ քանակով ջուրի եւ ուժանիւթի կը կարօտի: Բնութիւնը պահպանողները դժգոհ են:
Չինաստանի եւ Լիբանանի մէջ 6 ժամ տարբերութիւն կայ: Երբ Չինաստանի մէջ առտուան ժամը 10:00-ն է, մեր մօտը առտուան ժամը 4:00-ը կ՛ըլլայ:
Լուրեր` Ցուրտէն
– Ձիւնի փաթիլներուն չափը կը նուազի, երբ օդը աւելի կը պաղի:
– Աշխարհի ամէնէն մեծ ձիւնեմարդը 10 յարկանի շէնքէ մը աւելի բարձր է:
– Աշխարհի ամէնէն մեծ ձիւնագնդակի խաղը տեղի ունեցաւ Քանատա, Սասքաչէսուն շրջանին մէջ, յունուար 2016¬ին: Անոր մասնակցեցան 7681 անձեր:
– 50,8 սմ ձիւն հաւասար է մօտաւորապէս 2,54 սմ ջուրի:
– Կարգ մը ձիւնահիւսեր (ուալանշ) կրնան յառաջանալ ժամական 161 քմ արագութեամբ:
– Հիմալայեան բառը կը նշանակէ «ձիւնի տուն»:
– Խորքին մէջ ձիւնը ճերմակ չէ, այլ կիսաթափանցիկ:
– Ձիւնին 90 առ հարիւրը օդ է:
– Անթարքթիքայի կարգ մը շրջաններուն մէջ չէ անձրեւած նուազագոյնը 800 հազար տարիներէ ի վեր:
– Հարիւր միլիոնաւոր տարիներ առաջ Անթարքթիքան կը գտնուէր հասարակածի մօտ:
– Անթարքթիքայի սառոյցներուն տակ գոյութիւն ունին մօտաւորապէս 70 լիճեր:
– Կարգ մը փենկուէններ (թեւատ) կրնան սուզուիլ մօտաւորապէս 304.8 մեթր խորութեամբ, այսինքն` 150 անգամ աւելի խորունկ, քան` ողիմպիական լողաւազան մը:
– Անթարքթիքայի մէջ հովերը կրնան փչել մինչեւ ժամական 322 քմ արագութեամբ, այսինքն` գրեթէ մրցումի ինքնաշարժներու արագութեամբ:
– Շուներուն ներկայութիւնը արգիլուած է Անթարքթիքայի մէջ:
– Հիւսիսային բեւեռը երկրագունդին առանցքին հիւսիսային ծայրն է եւ կը գտնուի Արքթիք ովկիանոսին մէջ:
– Հիւսիսային բեւեռին մէջ ցամաք գոյութիւն չունի: Հոն միայն ծփացող սառ կայ:
– Հիւսիսային բեւեռը աւելի տաք կ՛ընէ, քան` հարաւային բեւեռին մէջ, մօտաւորապէս 7 աստիճան ամրան եւ 20 աստիճան` ձմրան:
– Հիւսիսային բեւեռը կրնայ անդադար մինչեւ 24 ժամ լոյս ունենալ ամրան, եւ 24 ժամ մթութիւն` ձմրան:
– Հիւսիսային բեւեռը ո՛չ մէկ պետութեան կը պատկանի:
– 8850 մեթր բարձրութիւն ունեցող Էվերեսթը վրայ վրայի շարուած 29 Էյֆել աշտարակի բարձրութիւնը ունի:
– Օդին մէջ երեք անգամ աւելի թթուածին կայ ծովու մակարդակին վրայ, քան` Էվերեսթին գագաթը:
– Էվերեսթին գագաթը երեսդ կը սառի 5 վայրկեանէն:
– Առաջին անձերը, որոնք հասան Էվերեսթի գագաթը, ձիւնին մէջ պահեցին պիսքուիներ եւ պոնպոններ` իբրեւ նուիրատուութիւն պուտտայական աստուածներուն:
– Եթէ Էվերեսթը մխրճենք ամէնէն խորունկ ովկիանոսին մէջ, անոր գագաթը ջուրի մակերեսէն 1,6 քմ աւելի ցած պիտի գտնուի:
Ժամանց



