Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ինչո՞ւ Այդքան Կերպընկալ Կայ Ովկիանոսներուն Մէջ

Յունուար 22, 2022
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Ամէն տարի 10 միլիոն թոն կերպընկալէ աղբեր վերջաւորութեան կը թափուին ովկիանոսներուն մէջ: Այս պատճառով է, որ բազմաթիւ երկիրներ խիստ օրէնքներ հաստատած են կերպընկալէ առարկաներուն վերաբերեալ եւ կարգ մը պարագաներու նոյնիսկ արգիլած` անոնց գործածութիւնը:

– Ինչո՞ւ այդքան կերպընկալ կայ ովկիանոսներուն մէջ

Կերպընկալը կ՛արտադրուի թոներով` շինելու համար տարբեր տեսակի առարկաներ` տոպրակներ, շիշեր, տուփեր, որոնք շատ շուտ կը թափուին: Այս աղբերէն մաս մը կը լքուի ցամաքին վրայ, փողոցին կամ բնութեան մէջ: Կարգ մը երկիրներու մէջ, աղբաման նետուած կերպընկալները կը զետեղուին բացօթեայ աղբանոցներու մէջ, եւ այս աղբերը կը թռին… եւ կ՛իյնան ծովերուն մէջ, կամ նոյնիսկ` գետերու, որոնց ջուրերը վերջաւորութեան պիտի թափին ծովուն եւ ովկիանոսներուն մէջ: Ովկիանոսներուն կերպընկալի ապականումը աւելի նուազ ձեւով կը յառաջանայ նաեւ ձկնորսութենէն:

– Սակայն ինչո՞ւ ասիկա հարց կը ստեղծէ

Երբ կերպընկալը կը հասնի ջուրին մէջ, ան շատ փոքրիկ ապականող կտորներու կը բաժնուի… եւ անկարելի կ՛ըլլայ այդ միլիոնաւոր կտորները հաւաքելը: Միլիոնաւոր ծովային թռչուններ եւ անասուններ այդ կերպընկալի կտորները կը շփոթեն ուտելիքներու հետ, եւ զանոնք կլլելով` կա՛մ կը թունաւորուին, կա՛մ ալ կը խեղդուին: Ծովային փոքրիկ անասուններու կլլած կերպընկալի շատ մանր կտորները անոնց արգելք կ՛ըլլան լաւ աճելու եւ բազմանալու: Իսկ եթէ այս անասունները մեր պնակներուն մէջ հասնին, անոնք կրնան մեր առողջութեան համար ալ վտանգաւոր ըլլալ:

Սակայն մեզմէ իւրաքանչիւրը կրնայ պայքարիլ այս ապականումին դէմ: Առաջին հերթին, աղբերը զտելով, որպէսզի ամէնէն մեծ քանակով կերպընկալ վերամշակուի: Մենք կրնանք նաեւ նուազ կերպընկալ գործածել մեր առօրեայ կեանքին մէջ: Այս պատճառով է, որ մէկ անգամ գործածուող եւ թափուող կերպընկալէ առարկաները (դգալ, պատառաքաղ, գաւաթ…) արգիլուած են կարգ մը երկիրներու մէջ:

Գիտէի՞ր, Թէ
  • 5000 միլիառ կերպընկալի կտորներ արդէն կը ծփան ովկիանոսներուն մէջ:
  • Աշխարհին շուրջ, ծովափներուն վրայ գտնուած աղբերուն 73 առ հարիւրը կերպընկալէ է. ծխախոտի ծայրեր, շիշեր, կափարիչներ, ուտելիքի փաթթոց, տոպրակ, պայուսակ…
  • Կերպընկալի արտադրութիւնը աշխարհի մէջ ապրած է հսկայական աճ մը: 1950-ական թուականներուն ան 2,3 թոն էր, 1993 թուականին` 16,2 միլիոն թոն, իսկ 2015-ին` 448 միլիոն թոն:
  • 2015 թուականէն ի վեր 6,9 միլիառ թոն կերպընկալէ աղբ արտադրուած է: Անոնցմէ մօտաւորապէս 9 առ հարիւրը միայն մշակած են, 12 առ հարիւրը` այրուած, իսկ 79 առ հարիւրը` լքուած աղբանոցներուն կամ բնութեան մէջ:
  • Աշխարհի շուրջ մօտաւորապէս մէկ միլիոն կերպընկալէ շիշ կը ծախուի ամէն վայրկեան:
  • Կերպընկալի կեանքի երկարութեան հաւանականութիւնները 450 տարիէն մինչեւ յաւերժութիւն են:
  • Կերպընկալի արտադրութեան աւելի քան 40 առ հարիւրը միայն մէկ անգամ կը գործածուի թափուելէ առաջ:
  • Ամէն տարի 10 միլիոն թոն աղբ կը թափուի ծովերուն մէջ, որոնց 75 առ հարիւրը կերպընկալէ է:
Անգլիական Կղզի Մը
Կը Փնտռէ Իր Թագաւորը

Ո՞վ պատրաստ է վարելու Անգլիոյ հիւսիս-արեւմուտքը գտնուող Փիէլ փոքրիկ կղզին:

Մինչեւ անցած աշուն կղզիին գործերով կը զբաղէր սրճարանին պատասխանատուն: Իսկ ներկայիս անգլիական կառավարութիւնը զայն փոխարինող մը կը փնտռէ: Ըստ աւանդութեան, այս այր մարդը կամ կինը «Պիտի թագադրուի» իբրեւ կղզիին թագաւորը կամ թագուհին…

***

Հանդարտ Կղզի Մը

Փիէլ կղզիին մէջ կան փոքր թիւով ոչխարներ, քանի մը փոկեր, հազարաւոր թռչուններ եւ տասնեակ մը մարդ արարածներ: Օդը յաճախ հոն վատ է: Ասիկա կը նշանակէ, թէ անձ մը պէտք է համոզուած ըլլայ ամբողջ տարին հոն բնակելու համար: Ինչպէս, օրինակի համար, կղզիին փապին (սրճարան-ճաշարան) պատասխանատուն: Սակայն անոնք, որոնք լաւ ծանօթ են այդ շրջանին, կը գնահատեն տիրող հանդարտութիւնը, բացօթեայ կեանքը, գեղեցիկ մայրամուտները…

 

Փոքրիկ պանդոկին եւ անոր սրճարան-ճաշարանին կողքին, կղզիին վրայ գոյութիւն ունին ութ ձկնորսի հին տուներ եւ ամրոց մը: Ներկայիս ամրոցը կը պատկանի պետութեան, եւ կարելի է այցելել, սակայն սրճարանին պատասխանատուն է, որ կը հսկէ ամէն ինչի վրայ: Բարեբախտաբար կղզին բաւական հանդարտ է: Գիտնականներ կու գան անասունները ուսումնասիրելու, զբօսաշրջիկներ կը պտտին, եւ մարդիկ կու գան սրճարանը հաւաքոյթներու կամ բանակումներու մասնակցելու համար:

***

Իւրայատուկ Թագադրութիւն Մը

Երբ պաշտօնին թեկնածուն ընդունի պայմանագրութեան պայմանները եւ զայն ստորագրէ, ան իր գործը պիտի ստանձնէ տասը տարուան համար: Սակայն կը մնայ գլխաւոր հանգրուան մը` թագադրութիւնը:

Այս թագադրութեան արարողութիւնը ունի իրեն յատուկ ընթացքը: Կղզիին նոր պատասխանատուն պէտք է նստի փայտէ հին գահի մը վրայ, եւ շուրջինները անոր գլխուն վրայ մեծ դոյլերով գարեջուր պիտի թափեն: Այս «լոգանքը» վերակենդանացում մըն է հին պատահարի մը, Իրլանտայի Լամպըրտ Սիմնել կ՛ուզէր գահընկէց ընել Անգլիոյ թագաւորը, եւ ան ժամանակ անցուցած էր այս փոքրիկ կղզիին վրայ: Անոր ծրագիրը չէր յաջողած, եւ այս արարողութիւնը միջոց մըն էր ծաղրելու այդ փոքրիկ ազնուականը, որ կ՛ուզէր թագաւոր ըլլալ: Անշուշտ ասիկա յատկանշական օրինակ մըն է անգլիական նուրբ երգիծանքին:

Ժամանց
Կրնա՞ս գտնել երկու պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող 12 տարբերութիւնները:
Կրնա՞ս գտնել աղբամանին հասցնող ճամբան:
Կրնա՞ս ամբողջացնել տախտակը 1-9 թիւերով` ստանալու համար տուփիկին մէջի գումարումին պատասխանը:
Կրնա՞ս գտնել պատկերին մէջ պահուած առարկաները:

 

Նախորդը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ-Սաժես` 71-80

Յաջորդը

Ինչո՞ւ Է Գոհունակ Ազրպէյճանը Հայ-Թուրքական Մոսկովեան Բանակցութիւններից…

RelatedPosts

«Պատահմամբ» Գտնուած Նորութիւններ Անթարքթիքի Տակ
Մանկապատանեկան

«Պատահմամբ» Գտնուած Նորութիւններ Անթարքթիքի Տակ

Յուլիս 2, 2022
Կը Սիրե՞ս Երաժշտութիւն Ունկնդրել
Մանկապատանեկան

Կը Սիրե՞ս Երաժշտութիւն Ունկնդրել

Յունիս 25, 2022
Սենեկալ.   Աշակերտներ Ծառեր Կը Տնկեն Իրենց Դպրոցի Բակին Մէջ
Մանկապատանեկան

Սենեկալ. Աշակերտներ Ծառեր Կը Տնկեն Իրենց Դպրոցի Բակին Մէջ

Յունիս 18, 2022

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In