Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պարան Քաշելն Ալ Մարզանք Է…

Հոկտեմբեր 2, 2021
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Մենք յաճախ պարան քաշելու խաղը խաղցած ենք ընկերներով` որոշելու համար, թէ ո՛վ է ամէնէն զօրաւորը: Սակայն գիտէի՞ր, թէ գոյութիւն ունի պարան քաշելու աշխարհի ախոյեանութիւն մը: Այս տարի անիկա տեղի ունեցաւ սեպտեմբերի կէսերուն, Սպանիոյ մէջ:

Երկու խումբեր դէմ դիմաց կը շարուին մէկ գիծի վրայ, պարանի մը երկու կողմերը: Խաղին օրէնքը պարզ է. պէտք է փորձել դիմացի խումբին անդամները անցընել տալ մէջտեղի գիծէն դէպի հակառակորդին կողմը, կամ` զանոնք գետին տապալել` պարանը զօրաւոր քաշելով: Այս մրցումը ունի նոյնիսկ իր անձնական անունը` «Թակ օֆ Ուոր», քաշքշելու պատերազմ: Գոյութիւն ունին տարբեր դասակարգեր` աղջկանց, տղոց, խառն, տարիքով, խումբով եւ այլն:

* * *

Իւրաքանչիւր խումբի 8 մարզիկները պէտք է համադաս ըլլան եւ նոյն ժամանակ բանին: Քաշելու առաջին երկվայրկեանը շատ կարեւոր է: Այդ պահուն է, որ 2 խումբերը կը սկսին քաշել: Պարանը կը պրկուի, եւ հաւասարակշռութիւնը կը հաստատուի: Ապա պէտք է որ 8 մարզիկները նոյն ատեն շատ ուժգին ձեւով քաշեն: Խումբին մարզիչն է, որ պիտի տայ տարբեր հրահանգներ` տեսնելու համար, թէ հակառակորդ խումբը ինչպէս կը հակազդէ, կամ` անոր հաւասարակշռութիւնը խախտելու համար:

Գոյութիւն ունի խաղի յատուկ թեքնիքներ: Օրինակի համար, խաղցողը որքան յետոյքը դէպի գետին իջեցնէ, այնքան աւելի ծանրութիւն կ՛ունենայ, եւ խաղը աւելի հետաքրքրական կը դառնայ: Սակայն նոյն ժամանակ այս գործողութիւնը որքան կրկնենք, այնքան գետին իյնալու վտանգի մէջ կը գտնուինք: Իւրաքանչիւր անդամ, ինչպէս նաեւ ամբողջ խումբը պէտք է հաւասարակշռութիւնը պահեն:

Շատ կարեւոր է նաեւ «խարիսխին» դերը: Ան պարանին ետեւի ծայրը գտնուող անձն է: Ան շատ կարեւոր է ամբողջ խումբին համար: Անոր պարտականութիւնն է միշտ ամէնէն բարձր կանգուն մնացողը ըլլալը` միւս անդամները ոտքի պահելու համար:

Այս խաղը խաղալու համար կարեւոր է խմբային ոգի ունենալը` թէ՛ խմբակին մէջ, թէ՛ ալ խաղը վարելու կերպին մէջ: Սակայն, առաջին հերթին, այս խաղը միասին լաւ ժամանակ անցընելու մարզաձեւ մըն է:

Վերադա՞րձ Դէպի Ողիմպիական Խաղեր

1900-1920 թուականներու միջեւ պարան քաշելը կը գտնուէր Ողիմպիական խաղերու մարզաձեւերու ցանկին մէջ: Վերջին անգամ այդ մրցումը տեղի ունեցաւ 101 տարիներ առաջ, Պելճիքայի Ողիմպիական խաղերու ընթացքին:

Ոսկի մետալին արժանացաւ Անգլիոյ խումբը, Հոլանտան արծաթ մետալին, իսկ Պելճիքան` պրոնզ մետալին:

Արդեօք պարան քաշելը կրնա՞յ դարձեալ օր մը Ողիմպիական խաղ մը դառնալ:

Կ՛ուզե՞ս Սիրած
Ինքնաշարժներուդ Մէջ Քնանալ

Եթէ ինքնաշարժներու մեծ սիրահար մըն էք, կրնաք ձեր յաջորդ արձակուրդները անցընել Գերմանիոյ Պոպլինկեն քաղաքին «Վ8» պանդոկին մէջ:

Պանդոկը իր յաճախորդներուն կ՛առաջարկէ 26 սենեակներ` անոնցմէ իւրաքանչիւրը տրամադրուած երկրի մը ամէնէն նշանաւոր ինքնաշարժի վաճառանիշին: Իւրաքանչիւր սենեակ օժտուած է յատուկ այդ ինքնաշարժին իսկական կտորներով շինուած իւրայատուկ անկողին մը: Պանդոկը կը հայթայթէ նաեւ իր յաճախորդներուն 4 աստղանի պանդոկի մը սպասարկութիւն. մէկ գիշերուան կեցութիւնը մօտաւորապէս 200 տոլար է: Ասոր կողքին, ինքնաշարժներու սիրահար յաճախորդները առիթը պիտի ունենան նաեւ այցելելու պանդոկէն 30 վայրկեան հեռու գտնուող «Մերսետես-Պենզ» եւ «Փորշ» ինքնաշարժներու թանգարանները:

Այս ձեւով պանդոկին մէջ կեցութեան ընթացքին դուք ընտրութիւնը պիտի ունենաք կենալու Իտալիոյ սենեակին մէջ, անոր` 1970-ական թուականներու «Ալֆա Ռոմէօ» ինքնաշարժէ անկողինով, կամ Ֆրանսա սենեակին մէջ` «Սիթրոեն ՏՍ» անկողինով, կամ` «Մերսետես»-ի, «Փորշ»-ի, «Ճիփ»-ի, «ՊՄՎ» «Ճակուար» եւ բազմաթիւ ուրիշ ծանօթ ինքնաշարժներու յատկացուած սենեակներուն մէջ:

Գիտէի՞ր, Թէ…

 Ինքնաշարժներու Մասին

– Աշխարհի մէջ գոյութիւն ունին աւելի քան մէկ միլիառ ինքնաշարժներ, որոնք կը շրջին աշխարհին շուրջ:

– Ինքնաշարժ մը շինուած է մօտաւորապէս 30 հազար կտորներէ:

– Ճափոնի մէջ ամէն օր կը շինուին մօտաւորապէս 13.800 ինքնաշարժներ:

– Իտալական «Լամպորկինի» վաճառանիշի գործարանը կը շինէ պարզ վարումի ամէնէն սուղ ինքնաշարժը. անոր «Վենենօ Ռոտսթըր» տիպի ինքնաշարժը կ՛արժէ աւելի քան 4,5 միլիոն տոլար:

– Ինքնաշարժի մը շինութիւնը կը կարօտի մօտաւորապէս 18 ժամ աշխատանքի:

– Ռուսիոյ մէջ կարելի է տուգանքի ենթարկուիլ աղտոտ ինքնաշարժ մը վարելու համար:

– Լոս Անճելըսի մէջ, Միացեալ Նահանգներ, մարդոցմէ աւելի ինքնաշարժ գոյութիւն ունի:

– Ըստ ուսումնասիրութեան մը, քշողներուն առնուազն 56 առ հարիւրը կը խոստովանի, որ կ՛երգէ քշելու ընթացքին:

– Իսկ քշողներուն կէսը կը հաստատէ, որ իրենք կ՛ուտեն քշելու ընթացքին:

– Առաջին մարդատար ինքնաշարժը աշխատեցաւ 1801 թուականին, եւ ան կը բանէր շոգիի ուժով:

Ժամանց
Կրնա՞ս գտնել երկու պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող 8 տարբերութիւնները:
Կրնա՞ս գտնել շան տակը հասցնող ճամբան:
Կրնա՞ս գտնել պատկերին մէջ պահուած շունիկները եւ առարկաները:
Ներկէ հետեւելով երկրաչափական ձեւերուն:

 

 

Նախորդը

Յայտարարութիւններ ( 1 Հոկտեմբեր 2021)

Յաջորդը

Ո՞ւր Է Մեր «Լացի Պատ»-ը

RelatedPosts

Այժմէական.  Աշխարհի Ամէնէն Բարձր Կամուրջը
Մանկապատանեկան

Այժմէական. Աշխարհի Ամէնէն Բարձր Կամուրջը

Հոկտեմբեր 18, 2025
Արհեստական Բանականութիւնը Կրնա՞յ Խօսիլ
Մանկապատանեկան

Արհեստական Բանականութիւնը Կրնա՞յ Խօսիլ

Հոկտեմբեր 11, 2025
Կրակներու Խաղեր Աշունը Տօնելու Համար
Մանկապատանեկան

Կրակներու Խաղեր Աշունը Տօնելու Համար

Հոկտեմբեր 4, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?